ԲԱՐԻ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ ՎԱԽՃԱՆԸ

Ամէն բան ունի չափ ու սահման։

Բարութիւնն ալ ունի սահման եւ պէտք չէ զայն խախտել կամ անցնիլ։ Միեւնոյնն է, մարդիկ չեն կրնար չափել ձեր բարեացակամութեան չափը։ Ընդհակառակնը, ձեզմէ կը պահանջեն աւելին ու աւելին, մինչեւ վերջին կաթիլը։

Կարապետ Կարապետեան նոյնպէս չկրցաւ տեսնել սա սահմանը։ Շնորհիւ իր բարութեան, ան իր կամքով շրջապատուեցաւ շողոքորթներու, կեղծաւորներու, երկերեսներու հսկայական բանակով մը։ Անոնք վերջինս կ՚արժանացնէին մեծարանքի, փառք ու պատուի։ Իրենց քեֆ-ուրախութիւններու ժամանակ Կարապետ Կարապետեանին կը զիջէին ամենապատուաւոր տեղը՝ ճաշասեղանի ճակատային մասը։ Մինչեւ որ…

Կարապետ Կարապետեան բարութենէ կուրացած էր։ Միջին հասակի, նիհարակազմ, երեսունն անց սա տղամարդը օժտուած էր անսահման բարութեամբ։ Ան իր մանկութենէն կը սիրէր կատարել բարի գործեր։

Դպրոցահասակ տարիներուն միշտ կ՚օգնէր իր ընկերներուն։ Օր մը զբօսանքին շատ անօթի էր։ Պայուսակէն հանեց իր մայրիկի պատրաստած խմորեղէնները։ Երբ կը պատրաստուէր ախորժակով ըմբոշխնել անուշաբոյր ուտելիքերը, յանկարծ նշմարեց, թէ ինչպէս դասընկերը քաղցած հայեացքով կը նայի խմորեղէններուն։ Ան առանց վարանելու խմորեղէնները հրամցուց իր դասընկերոջ, իսկ ինքը անօթի փորիկով քանի մը դասաժամ եւս համբերեց, մինչեւ տուն հասնիլը։

Պարոն Կարապետեան երիտասարդ տարիքին լքեց հայրենի երկիրը ու հաստատուեցաւ Ռուսաստան։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին ան կրցաւ հասնիլ գործնական մեծ յաջողութիւններու։ Այնքան շատ դրամ կը շահէր, որ իր մերձաւորներուն պարտքով դրամ կու տար։ Երբ պարտքը վերադարձնելու օրն ու ժամը գար, ան պարզապէս կը հրաժարէր գումար ետ վերցնելէ։

Կեանքի հոլովոյթին արժանացած էր բազում օրհնութիւններու։ Անոր բարօրութեան ու առողջութեան համար շատեր աղօթած են։ Ան բոլորի տան ամենացանկալի ու սպսասուած հիւրն էր։

Երբ ամառնային արձակուրդներուն կու գար հայրենիք, բոլոր ընկերներն ու բարեկամները, դրացիները կը հաւաքուէին վերջինիս հօրենական տան երդիքին տակ։ Առտըունէ իրիկուն դէպի անոնց տուն չէր դադրեր հիւրերու հոսքը։ Մէկը կու գար, միւսը կ՚երթար…

Նորանկախ Հայաստանը հազիւ կը կանգնէր ոտքի։ Պատերազմի թողած հետքը տակաւին չէր սրբուած երկրէն։ Գործազրկութիւնն ու չքաւորութիւնը կը շարունակէին զբաղեցնել վերին սանդղակները։ Կարապետ Կարապետեան կը փորձէր հնարաւորինս օգնել իր հայրենակիցներուն, ան բարեգործութիւններ կատարելէ զատ, ամէն օր իրենց տանը կը կազմակերպէր խնջոյքներ, որոնց հրաւիրուած էին բոլորը։ Մարդիկ կու գային՝ կ՚ուտէին, կը խմէին ու աղուոր մը կը զուարճանային։ Յաճախ վերջինէս կը խնդրէին նիւթական օգնութիւն։ Ամէն մարդ ի սրտէ կը հրաւիրէր պարոն Կարապետեանը իրենց տուն՝ միասին կիսելու կտոր մը հաց։ Եթէ յանկարծ պարոնը ինչ-ինչ պատճառներով ստիպուած ըլլար մերժելու, դիմացինը շատ կը սրտնեղէր։ Իսկ երբ այցելութեան երթար՝ անպայման իր հետ կը տանէր ճոխ նուէրներ։

Այսպէս շարունակուեցան երկար տարիներ, մինչեւ որ, օր մը բախտը որոշեց երես թեքել Կարապետ Կարապետեանէն։ Գործերը հետզհետէ ձախողիլ սկսան։ Արդիւնքին՝ Կարապետեան յայտնուեցաւ սնանկացման եզրին։

Փառաշուք կեանքը լքեց զինք։ Ան ալ որոշեց հայրենադառնալ ու այնտեղ շարունակել իր կեանքի մայրամուտը։ «Շատ հաւատարիմ ընկերներ ու բարեկամներ ունիմ։ Անոնք անկասկած սա դժուար միջոցին ձեռք կը մեկնեն ինծի», այս խոկումով կը սփոփէր ինքզինքը։

Վերադարձաւ… սակայն հայրենակիցները զինք չընդունեցին գրկաբաց։ Գլուխը բարձրացուց եւ տեսաւ, թէ ինչպէս զինք շրջապատողներուն շարքերը կը նօսրանան։ Հազիւ տարի մը անցած էր, երբ իր քովը ընտանիքի անդամներէն զատ ոչ մէկը կար։ Նախապէս Կարապետ Կարապետեանին սրտատրոփ ու գրկագաց սպասողներուն դարպասները գոցուեցան վերջինիս առջեւ։

Յիրաւի, հանապազօրեայ հացը վաստակելու համար գտաւ աշխատանք մը։ Օրուան մէջ կ՚երթար գործի ու կու գար։ Այգեգործութեամբ կը զբաղէր։ Ինքն իրեն՝ տամուկ աչքերով կռիւ կու տար հողի հետ։ Կը փորձէր հասկնալ մարդոց անտարբերութիւնը, սակայն ապարդիւն… Մտքին մէջ պահած էր բազում անպատասխանի հարցեր։

Ծանօթները կը բարեւէին ու կը հեռանային առանց որպիսութիւնը հարցնելու։ Անոնց, որոնց ժամանակին օգնած էր, պարտքով դրամ տուած էր, այսօր հասած են որոշակի յաջողութիւններու։ Անոնք իրենց զաւակներուն համար կը տօնեն հարսանիքներ, կնունքներ ու տարեդարձներ՝ մոռնալով հրաւիրել իրենց վաղեմի բարեկամը։

Սկզբնական շրջանին Կարապետ Կարապետեան առերեսուելով մարդոց իրական դէմքէրուն հետ՝ սրդողեցաւ, ապրեցաւ մեծ ցաւ։ Սակայն ինչպէս կ՚ըսեն՝ ժամանակը կը բուժէ բոլոր վէրքերը։ Ան ինքնաբերաբար համակերպեցաւ դառն իրականութեան, սակայն չկորսնցուց իր մարդկային տեսակը, բարութիւնը։

Գլուխը կախ կը շարունակէր ապրիլ ու ձեռք մեկնել իրմէ օգնութիւն խնդրողներուն։ Անոր ծովածաւալ բարի սիրտը ունակ չէր մարդոց նոյն կերպով պատասխանելու։

«Լաւութիւն ըրէ, ջուրը նետէ։ Մարդիկ չգնահատեն ալ՝ Աստուած ամէն բան կը տեսնէ», սա կարգախօսով ան կը շարունակէր դաստիարակել իր զաւակները։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Փետրուար 27, 2020