ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԵՌՈՒԶԵՌ
Անմոռանալի նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակը միշտ վառ կը պահուի իր հարազատներուն կողմէ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սալերիի զաւակները հիմնած են համանուն հիմնարկ մը, որ վերջին տարիներուն հետեւողականօրէն ձեռնարկներ կը կազմակերպէ անոր ի յիշատակ։ Վերջերս կազմակերպուեցաւ Քրիստին Սալերիի յիշատակին ձօնուած չորրորդ միջվարժարանային նկարչութեան մրցոյթը։ Այս նախաձեռնութիւնը վերջին տարիներուն Քրիստին Սալերին ոգեկոչելու համար նախատեսուած հիմնական ծրագրերու շարքին կը դասուի։ Այս տարի կազմակերպուած չորրորդ մրցոյթի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեան, Քրիստին Սալերիի հարազատները, մրցոյթի մասնակից վարժարաններէն տնօրէններ եւ նկարչութեան ուսուցիչներ, մասնակից աշակերտներու ծնողները եւ հիւրեր։
Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Քրիստին Սալերիի դուստրը՝ Ռեհան Սարըպայ, որ վերյիշումներ ըրաւ ոգեկոչեալ նկարչուհիին մասին։ Արտայայտուեցաւ նաեւ նկարչուհիի որդին՝ Կարօ Նանսէն Սալերի, որ դիտել տուաւ, թէ Քրիստին Սալերին ծնած էր 1915 թուականին, հետեւաբար այս տարուան մրցոյթը կը զուգադիպէր անոր ծննդեան 100-ամեայ յոբելեանին։ Կարօ Նանսէն Սալերի միեւնոյն ժամանակ ներկայացուց, թէ Գալիֆորնիոյ մէջ յաջորդ տարուան Փետրուար-Մայիս ամիսներու ժամանակաշրջանին մեծ ցուցահանդէս մը նախատեսուած է Քրիստին Սալերիի յոբելեանին առթիւ։
Այս ելոյթներէն վերջ Ռեհան Սարըպայի հանդիսավարութեամբ սկսաւ մրցանակաբաշխութեան փուլը։ Կազմակերպիչները այս առթիւ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեցին Մխիթարեան վարժարանին եւ սանուց միութեան, որոնց հետ անմիջական համագործակցութեան մէջ են վերջին տարիներուն։
Առաջին-չորրորդ դասարաններու խմբաւորման առաջինը հանդիսացաւ Արտաշէս Աղպուլութ (Տատեան վարժարան), որուն յաջորդեցին Հայկ Չալըշ (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Իզապէլ Արզուման (Սահակեան-Նունեան վարժարան)։ Մանսիոնի արժանացան՝ Սելին Պէպէք (Մխիթարեան վարժարան), Թոփրաք Թաշճը (Գալֆաեան վարժարան), Նայիրա Մկրտիչեան (Թարգամանչաց վարժարան) եւ Լեթիսիա Շարքլը (Պէզճեան Մայր վարժարան)։
Հինգերորդ-ութերորդ դասարաններու դասաւորման մէջ առաջնութիւնը նուաճեց Տէօնիս Թուղրաք (Թարգմանչաց վարժարան), որուն յաջորդեցին Մարինա Արզումանովա (Հրանդ Տինք վարժարան) եւ Շանթ Զընկըք (Արամեան-Ունճեան վարժարան)։ Մանսիոնի արժանացան՝ Ասլին Չէրքէզօղլու (Թարգմանչաց վարժարան) եւ Կապրիելա Ազնիւ Սարրաֆ (Արամեան-Ունճեան վարժարան)։
Իններորդ-տասներկրորդ դասարաններու խմբաւորման մէջ առաջինը հանդիսացաւ Արթուն Ճան Չըլպըյըքօղլու (Կեդրոնական վարժարան), որուն հետեւեցան Սերինա Մէյտան (Մխիթարեան վարժարան) եւ Ռոպէն Տիվարճը (Սուրբ Խաչ դպրեվանք)։ Մանսիոնի արժանացան՝ Նաթալի Սարըասլան (Էսաեան վարժարան), Իմելտա Գույումճու (Սահակեան-Նունեան վարժարան) եւ Յարութ Աճուեան (Սահակեան-Նունեան վարժարան)։
Մրցանակաբաշխումէն վերջ հաւաքոյթը շարու-նակուեցաւ ընդունելութեան ձեւաչափին մէջ, մինչ ներկաները շնորհաւորեցին կազմակերպիչներն ու դափնեկիրները, նաեւ բոլոր մասնակիցները։ Հարկ է նշել, որ մրցոյթի դատակազմին մէջ էին Արշօ Գասպարեան, Մառլէն Թէքիրտաղլըճան, Ռեհան Սարըպայ, Մայտա Սարիս եւ Արթին Տէմիրճի։