ԴԱՐՁԵԱԼ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԸ

«Քորոնան ո՞ւմ շունն է», ըսելով հասանք այս օրին։ Հայաստանի մէջ վարակեալներու թիւը օրէ օր ոչ թէ կը կրկնապատկուի, կ՚եռապատկուի, այլ կ՚աւելնայ ճիշդ հագապատիկ։ Զօր օրինակ, արտակարգ իրավիճակի պայմաններուն, օրական հիւանդներու թիւը կ՚ըլլար քառասունն անց, իսկ մայիսէն սկսեալ կը գերազանցէ երկու հարիւրը։ Մահերու թիւը նոյնպէս աճած է։

Հեռուստացոյցի լուրերն ու իրականութիւնը իրարու հետ ոչ մէկ կապակցութիւն ունին։ Ամէն օր, հանդերձ ընտանեօք, կը հետեւինք լուրերու թողարկումին։ Յաջորդ օր փողոց դուրս կու գանք ու կ՚առերեսուինք հակառակ պատկերով։ Մարդիկ անլուրջ ու թերահաւատօրէն կը մօտենան բոլոր աշխարհը ծունկի բերած ժահրին։ Է՜հ, շատեր Աստուծոյ չեն հաւատար, ուր մնաց ժահրին. յետոյ ի՞նչ, անունը «քորոնա» է, այսինքն՝ թագ։

Բաց աստի, նոյն այդ մարդիկ կը խուսափին դիմակ ու ձեռնոցներ կրելէ։ Պէտք է խոստովանիլ, որ տաք եղանակին բաւական դժուար է օգտուիլ պաշտպանիչ միջոցներէ։ Թիւրըմբռման պատճառաւ կարծեցինք, թէ զբօսանքի ատեն ալ պէտք է դիմակ կրենք։ Անմիջապէս խուճապի մատնուեցանք. «Ինչպէ՞ս, անկարելի է այս տաքուն դիմակ կրել… ի՞նչ պիտի ընենք… իսկ եթէ չկրենք, ապա կը տուգանուինք բաւական կլորիկ գումարով։ Աւելի լաւ է տունը նստինք, փողոց չելլենք»։ Այնուհետեւ պարետը յստակեցուց, թէ պաշտպանիչ միջոցներէ օգտուիլը պարտադիր է փակ տարածքներու մէջ, իսկ բացօթեայ վայրերու մէջ դիմակը կրնաս պահել գրպանդ կամ պայուսակդ, որպէսզի ոստիկան մը մօտեցած ատեն ցոյց տաս, հակառակ պարագային, պիտի տուգանուիս։ Իսկ թէ ինչո՞ւ բացօթեայ վայրերու մէջ անպայման գրպանդ պէտք է ունենաս՝ մարդ ես, հապճեպ կրնաս մտնել ուզել խանութ կամ ուրիշ տեղ մը։ Ինչեւէ, սա քորոնաժահրը կատակ բան չէ…

Քանի մը օր, հանրախանութներէն մին խստագոյնս հետեւած էր պաշտպանիչ միջոցներու առկայութեան։ Առանց դիմակի ոչ մէկուն թոյլ կու տային հատել խանութի տարածքը։ Սա իրավիճակը մեզ բաւական ուրախացուց։ Սակայն դժգոհներու բանակը աւելի մեծ էր։

Խանութի անվտանգութեան պաշտօնեան ստիպուած, օրը քանի մը հազար անգամ, կը կրկնէր նոյն նախադասութիւնը. «Յագելի յաճախորդ, առանց դիմակի չէք կրնար յառաջանալ», եւ կը փորձէր պատասխանել բարկացած յաճախորդներու անթիւ ու անհամար նոյնաբնոյթ հարցերուն։

-Տղայ ճան, պիտի չմտնեմ խանութ, պարզապէս մուտքէն ծխախոտ մը կ՚ուզեմ գնել։

-Յարգելիս, չի կարելի։ Գացէ՛ք, դեղարան դիմակ առէք, եկէք,- որերորդի՞ն համբերատար կը բացատրէ անվտանգութեան աշխատակիցը։

Յաճախորդը քթի տակ փնթփնթալով կը հեռանայ։

Նոյն նախադասութիւնը կրկեց նաեւ յաղթանդամ տղամարդու մը համար, իսկ վերջինս ալ՝ թէ ես հիւանդ չեմ, գացէ՛ք վարակակիրներուն հորդորէք։

Այ մարդ, ի՞նչ գիտես, գուցէ դուն ես վարակակիրը։ Կամ՝ շատ բարի, տեսքէդ կ՚երեւի՝ քաջառողջ ես։ Խանութի տնօրէնութիւնն ալ կ՚ուզէ, որ պահես առողջութիւնդ, քանզի չի գիտեր, թէ հանրախանութի մէջ, ո՞ր ապրանքի վրայ քանի մը ժամով պատսպարուած է անզէն չարաճճին։ Կամ այցելուներէն ո՞րը վարակակիր է, որը՝ ոչ։

Թերեւս անվտանգութեան պաշտօնեայի գլուխը օրուայ աւարտին ուռած կ՚ըլլար։ Կծու եւ քաղցր համեմունքներով համեմուած, զաւեշտալի դէպքերով լի օրեր ունեցած է։

Օր մը առեւտուրի ելանք եւ նոյնպէս մեզի արգելեցին առանց դիմակի յառաջանալ։ Բախտի բերմամբ իմ պայուսակի մէջ քանի մը հատ դիմակ կար։ Մինչ մեր  դիմակները կը դնէինք, երեք երիտասարդ եկան։ Անոնց դէմքէն յայտնի էր, թէ մտքերով խառն էին ու փորձեցին շուտափոյթ հատել խանութի շեմը։

-Ներողութիւն, առանց դիմակի մուտքը խստիւ արգիլուած է,- զգուշացուց նոյն պաշտօնեան։

Այս խօսքի վրայ երիտասարդները ա՛լ աւելի սրտեղութեան նշաններ ցոյց տուին։

-Ի՞նչ ընենք, այս նեղ պահուն ուրկէ՞ դիմակ գտնենք,- խուճապահար արձագանգեց անոնցմէ մին։

-Ընկեր ճան, վերցուր իմ դիմակը, գնա՛ հանգիստ առեւտուրդ ըրէ,- առաջարկեց երիտասարդներէն մին ու հանեց դիմակը։

Մարդ չի գիտեր, խնդա՞յ, թէ՝ արտասուէ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020