ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ՝ ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Հանդիսատեսները կը դիտեն «Արշակ Բ.»ի օփերան: Գրեթէ սփիւռքահայ են ներկաները: Օփերայի վարագոյրին բացումէն առաջ, երեք լեզուով կը յայտարարուի լուսանկարչական գործիքներու գործածութեան անթոյլատրելի ըլլալը:

Երեք սփիւռքահայ բարեկամներ ուշացումով ներս կը մտնեն ու մութին մէջ հազիւ օթեակին մութ տեղերը կրնան տեղաւորուիլ: Խանդավառուած, հրճուած այս եռեակը, կը փափաքի պահուն յաւերժացում մը տալ ու անոնցմէ մէկը հանելով իր առձեռնը կը լուսանկարէ Օլիմփիային ու Բառանձեմին երկխօսութիւնը պատկերող բեմը:

Ազդարարութիւնը չ՚ուշանար սակայն, օթեակին բերանը կեցող սրահի կազմակերպիչ անդամներէն մին կը մօտենայ ու՝

-Կը խնդրենք, որ վերցնէք էդ սարքերը, չէք կարող նկարել:

Կ՚ըսէ ու կը հեռանայ քաղաքավարօրէն:

Քովը նստող բարեկամը, պատմութենէն տեղեկութիւններ ունենալու համար կը վառէ իր առձեռնին լոյսը ու կը կարդայ յայտագիրը, որուն վրայ հակիրճ տեղեկութիւններ արձանագրուած են «Արշակ Բ.» օփերային մասին: Ահաւասիկ կամաց-կամաց ան երբ կ՚ընտելանայ ու բեմին վրայ տեսածը կը սկսի հասկնալ, կը հմայուի Արշակ Բ.-ի ու Տիրիթի տեսարանով, ուր դաւաճան Տիրիթին ծրագիրները կը բացայայտէ հայոց արքան ու աղեղը ձեռքին կը նետահարէ դաւաճանը: Է՛, եկուր ալ զսպէ աս սփիւռքահայը, որ հրճուած, մոռցած նաեւ քիչ առաջ-ւան պատահածը, առձեռնով նկար մը կը քաշէ տեսարանէն՝

-Քանի՞ անգամ եմ ասելու, որ հնարաւոր չէ նկարել, եթէ էդ սարքը չվերցնէք ես եմ վերցնելու:

Իսկոյն կու գայ քիչ առաջուան տիկինը ու ուսուցչուհիի մը պէս կ՚ազդարարէ օտար հանդիսատեսը: Ա. արարէն ետք, երեք ուշացած սփիւռքահայերը կը լքեն օփերային դահլիճը:

ՎԱՐՁՈՒՈՐՆ ՈՒ ՏԱՆՏԷՐԸ

Համացանցային միջոցներով մէկ ամսուան համար տուն մը վարձած սփիւռքահայ բարեկամներ կը ժամանեն Երեւան: Տունը բաւական մաքուր, կոկիկ կահաւորումով օժտուած հանգստութեամբ մը կը համակէ սփիւռքահայը, որ իսկոյն տան պատուհանները կը զննէ ու երբ անոնցմէ մէկէն կը տեսնէ զոյգ գագաթները, երկիւղածութեամբ պատուած փառք կու տայ Բարձրեալին, որ ամիս մը պիտի կարենայ այս հիասքանչ տեսարանը վայելել:

Կարգը կու գայ խոհանոցին ու երբ հոն պահարանը կը բանայ ու միայն մէկ-երկուքական պնակ ու սուրճի ու ջուրի գաւաթ կը տեսնէ, մանաւանդ երբ չի գտներ սրճեփ մը սուրճ եփել ու խմելու, կը հեռաձայնէ տանտիրոջ ու՝

-Բարեւ ձեզ, այստեղ ամէն ինչ շատ լաւ է, բայց կը խնդրեմ, եթէ կարելի է մեծ սրճեփ մը բերէք, քանի բաւական հիւրեր պիտի ունենամ ու սուրճ հրամցնել պիտի ուզեմ:

-Մեծ սրճեփ չունեմ, իմ ունեցածը մի խոշոր ճազվէ է, կը լինի՞ դա բերեմ:

Մեծ սրճեփին ու խոշոր ճազվէին տարբերութիւնը կ՚որոնէ սփիւռքահայը մտքին մէջ:

ՍՈՐՎԻՆՔ ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԷՆ

-Wow, oh my God, so beautiful, honey, isn’t it?

-Yes, my dear, it is. Yerevan is so beautiful. I’m so happy to be here in this vacation.

Սփիւռքահայ զոյգ մը հմայուած հայրենիքի գեղեցկութեամբ այսպէս կը զրուցէ, ու՝

-Մա՛մ, պա՛պ, մենք ո՞ւր ենք:

-We are in Armenia honey, Yerevan, the capital of it.

-Ok մա՛մ, ուրախ եմ որ գիտէք:

-Why honey?

-Քանի որ եթէ գիտէք, կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ անգլերէն կը խօսիք:

Այ քեզ բա՜ն:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018