ՅԻՇԵԼՈՎ ԶԱՊՈՆ

Հոգերու տակ կքած ծերունի մայրը, աւելի քան տասն տարի առաջ, դեկտեմբերի 13-ին ստացաւ ուղեղի կաթուած: Աւա՜ղ ստոյգ թուականը չեմ յիշեր: Վիճակը այնքան ծանր էր, որ բժիշկները հիւանդանոց փոխադրելու անհրաժեշտութիւն չտեսան: Շաբաթ մը, տանը անկողինին գամուած մնալէ վերջ Արզիկ հաքուն աւանդեց հոգին: Ծով բնաւորութեամբ, կանաչաչուեայ, միշտ բարի ու հեզ մայրը, մեծ մայրը համալրեց հրեշտակներու շարքերը:

Կորուստի ցաւը մեծ էր բոլորիս համար, Զապոյի համար առաւել եւս: Ա՜խր ան ինչպէս կրնար համակերպիլ իր սիրելի մօր, ընկերուհիի, իր հոգւոյն երկրորդ կէսի բաժանումին հետ. պարզապէս անկարելի էր:

Յոգնատանջ մարմինը հողին յանձնելէ վերջ, ամէն Աստուծոյ օր Զապոն՝ ձեռքին քանի մը ծաղիկ կ՚այցելէր իրենց տան հարեւանութեամբ գտնուող մօր գերեզմանը: Գերեզմանատունը դարձած էր անոր երկրորդ տունը, օրուայ մի մասը կ՚անցընէր այնտեղ: Ծաղիկներ կը խոնարհէր, արցունք կը թափէր, մօր հետ երկար ու բարակ, անպատասխան կը զրուցէր: «Մա՛մ, ինչո՞ւ զիս լքեցիր: Առանց քեզ ի՞նչ պիտի ընեմ... Առաջին անգամն է, որ դուն քովս չես: Առանց քեզ ես կը նմանիմ առանց ջուրի մնացած ծաղիկի մը: Ես առանց քեզ պիտի ապրիմ առանց արեւի... առանց քեզ մինակ մնամ երեւի: Այլեւս քեզ ամպերու մէջ պէտք է փնտռեմ, անհամբեր կը սպասեմ մեր հանդիպումին...»:

Յիրաւի Զապոն սկսաւ նմանիլ առանց ջուրի մնացած ծաղիկի մը: Օրէ օր թառամելու սկսաւ: Մօր կորուստէն որոշ ժամանակ անց տաբատ կրելու սկսաւ: Այլեւս չունէր նախկին խնամուած, կոկիկ ու մաքուր տեսքը: Նուրբ ու բարակ ձեռքերը կորսնցուցած էին նախկին փափկութիւնը: Կենսուրախ աղջկայ դէմքէն պակսած էր ժպիտը: Եղունգներու տակը կը սեւնար: Այլեւս Զապոն անկարելի էր տեսնել մաքուր հագուստով, կոկիկ ու խնամուած: Հօրաքոյր Արզիկի նախկին իւրայատուկ արքայադուստրը կը վերածուէր մոխրոտիկի մը: Որոշ ժամանակ անց նոյնիսկ գլխարկ չէր կրեր, գեղեցիկ զգեստները փոխարինուած էին անհասկնալի ու անճաշակ հագուելիքներով: Զապոն մեր աչքի առջեւ կ՚ըլլար հալումաշ, կը կործանուէր, մուրացիկի մը կը նմանէր, իսկ մենք բոլորս պարզապէս կը ցաւէինք փորձելով օգտակար ըլլալ՝ հրամցնելով կուշտ փոր մը հաց: Աւելին տալու ոչ մէկը ի վիճակի էր:

Չնայած այս բոլորին՝ Զապոն կը շարունակէր երազել: Կը փափաքէր ամուսնանալ, զաւակներ ունենալ: Նոյնիսկ կը պատկերացնէր իր հարսանիքը՝ ճերմակ ինքնաշարժով: Ինքնաշարժի առջեւի հատուածին հարսի հագուստով պուպրիկ մը, քանի մը հատ փչուկ ու վերջ: Այսքանը անոր կը բաւէր լիարժէք երջանիկ ըլլալու համար:

Սկզբնական շրջանին ան կը գտնուէր հարբեցեալ եղբօր խնամքին տակ: Օր մը քաղցած, օր մը կուշտ կ՚անցնէին օրերը: Յաճախ զիրար չէին հասկնար, անհամաձայնութիւնն ալ կը վերածուէր կռիւի: Այնուհետեւ Զապոյի խնամքը ստանձնեց քոյրը՝ Անժելան: Մեզի այցելութեան եկած օրերուն տեսքն աւելի մաքուր էր, քրոջ հետ զինքը կը զգար աւելի լաւ:

Այսպէս անցան ամիսներ ու քանի մը տարի: Օր մըն ալ իմացանք, թէ Զապոն ունի առողջական խնդիրներ, իսկ ոչ երկար ժամանակ անց առինք անոր մահուան գոյժը: Ինծի համար շատ ծանր էր համակերպիլ անոր մահուան մտքին հետ: Անդադար կը յիշէի անոր անհոգ ժպիտը, մաքուր ու անկեղծ վերաբերմունքը շուրջիններուն նկատմամբ:

Արզիկ հաքույի վախճանէն երեք-չորս տարի անց Զապոն յաւերժ միացաւ իր սիրասուն մօրը: Այլեւս ոչ մէկը կրնար բաժնել զանոնք: Յուղարկաւորութեանը շատ մարդ չկար:

Այսօր ան առանց շիրմաքարի յաւերժ կը ննջէ իր հօր ու մօր կողքին: Գերեզմանը մատնուած է մոռացութեան՝ նոյնիսկ իւր մահուան օրը յիշող չկայ:

Թէ ինչո՞ւ յիշեցի Զապոն, ես ալ չեմ գիտեր, միայն գիտեմ, որ երբեք ալ չեմ մոռցած զինքը:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ մեր արեւաշող...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

•շար. 2 եւ վերջ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020