ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆԻ «ՀԱՅ ԱՂԲՐՏԻՔ»ԷՆ

Պոլսահայ նշանաւոր երգիծաբան Նշան Ն. Պէշիկթաշլեանի ստեղծած երեսունէ աւելի հաւաքական գրական դիմանկարները տեղ գտած են հայ երգիծագրութեան վարպետին «Հայ աղբրտիք», «Մեր պարտէզէն», «Մեր դրախտէն» ժողովածոներուն մէջ:

Հայուն այլազան կերպարները, որոնք նուրբ կսմիթներով կը ներկայացնէ Պէշիկթաշլեան, ընդհանրական են. անոնց նկարագրութիւնները նոյնքան նուրբ ժպիտ կը յառաջացնեն մեր դէմքին: Պէշիկթաշլեան չէ ծաղրած, չէ ոչնչացուցած, ոչ ալ հեգնած է, այլ գողտրիկ լարերով խաղացած է ամէն մարդու հոգիին հետ: Անոր նկարագրած կերպարներուն մէջ բոլորս կանք, աշխարհի որեւէ ծայրը ապրող հայը Պէշիկթաշլեանի երգիծական գրականութեան մէջ անպայման կը գտնէ ինքզինքէն մաս մը:

Այս անգամ «Հայ աղբրտիք»էն կը ներկայացնենք՝ «Վանեցին», «Պարտիզակցին» ու «Տարօնցին».

ՎԱՆԵՑԻՆ

Աստուած, երկու Հրեայ, մէկ ամբողջ Հայ եւ կէս Քիւրտ իրար խառնելով, ստեղծած է Վանեցին։

Ստեղծած է՝ գլուխը տափակ ու միտքը սուր։

Տէրը երգիչ ստեղծած է Վանեցին, սակայն, փոխանակ անոր կոկորդին մէջ սոխակ մը դնելու, սխալմամբ ագռաւ մը խոթած է։ Վանեցին իր կոկորդի ագռաւը իբր սոխակ յաջողած է ծախել, քանի մը անգամ։ Այդ պատճառով ալ Աստուած իր սխալը չէ դարմանած։

Երկնաւոր հայրը Վանեցիին առոգանութեան տուած է եզական բան մը. Վանեցին խօսած ատեն, կարծես ունի բերնին մէջ տառեխ ձուկ մը, իսկ իր կոկորդին մէջ՝ ճանկրտող կատու մը։

Երբ կը խօսի բարկացած, կարծես Վանայ ծովն է, որ փոթորկած է ու կլլած Աղթամար կղզին, վանքովը ու հաւերովը միասին։ Վանեցին ամէն բան կրնայ կեղծել, սակայն ոչ ուրիշին առոգանութիւնը։ Ոչ ոք ալ չի կրնար կեղծել Վանեցիին առոգանութիւնը։

Ապուշ Վանեցի մը (հազիւ մէկ քանի հատ ծնած) կրնայ խաբել հարիւր սատանայ։ Խելացի Վանեցի մը կրնայ սառոյցը իբրեւ կրակ ծախել։ Տակաւին չէ ծնած Վանեցի մը, սակայն, որ կարենայ խաբել… հայրենակից մը։

Վանեցիին սիրտը ոսկի, հոգին ոսկի, աստուածը ոսկի է։ Ան կը բանի կամ ոսկիի տակ, կամ ոսկիի վրայ։

Վանեցիին քսակը գոց է, սակայն, սեղանը՝ բաց։ Ձեռքը գոց է, բերանը՝ բաց։ Գլուխը գոց է, ճակատը՝ բաց։ Վանեցիին ականջը գոց է, սակայն, աչքը շատ բաց։

Վանեցին առեւտրական է, խոհարար է, ոսկերիչ է, խաչավաճառ է։ Ամէն Վանեցի, սակայն, կամ յեղափոխական է եւ կամ մտաւորական։ Յաճախ՝ երկուքը միասին։ Իւրաքանչիւր յեղափոխական հերոս է, իւրաքանչիւր մտաւորական ալ՝ գրող։

Վանեցին գրելու համար երբ ծածկանուն գործածէ, գրեթէ անպայման «Վան» բառը կամ վանկը կը դնէ իր ստորագրութեան մէջ։ Օրինակներ. Սօս Վանի, Վահան Վանիկ, Արտաշէս Վանարեան, Ոստանիկ Վանիտէ, Վարդան Վաննօ, Աշոտ Վանդար, Խորէն Սիրվան, Նշան Վանդակունի, Մարգար Վանեանց, Հայկ Վանատուր, Աւետիս Վանակն, Գարեգին Վանթրը, Սահակ Վանօ, Պօղոս Վանթէ, Պետրոս Վանթուզ, Վրոյր Վանթիլաթէոր, Աբրահամ Վաներէց, Արշամ Վանումեանց, Սարգիս Վանողեան, Գուրգէն Վանթրըպլէօ, Վահրամ Վանթրիւքիւլ, Նշան Վանթրիլոկ, Աւետիս Վանթրիւ, Վահան Վանթրույիէ, Վարազդատ Վանտալ, Հայ Վանական։

Վանեցի գերդաստանի մը մէջ յաճախ մէկ հոգի դաշնակցական է, մէկ հոգի՝ ռամկավար, մէկ հոգի՝ հնչակեան, մէկ հոգի ալ՝ համայնավար։ Դաշնակցականը կ՚ըլլայ թթու, համայնավարը՝ կծու, հնչակեանը՝ կծկուած ու ռամկավարը՝ թթուած։ Իսկ մէկ հոգի ալ անպատճառ չէզոք է՝ նոր կուսակցութիւն մը կազմուելու պարագային մէջը խոթելու համար իր ուժեղ քիթը։

Ամէն կուսակցութիւն տկարակազմ է առանց Վանեցիին։ Այս պատճառով է, որ Խ. Հայաստանի մէջ կան բազմաթիւ համայնավար Վանեցիներ, արտասահմանի մէջ ալ՝ շատ Դաշնակցական Վանեցիներ։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ Վանեցին է, որ իր զօրութիւնը կ՚առնէ կազմակերպութենէ։ Մէկ բան բացարձակ է, որ Վանեցին ուժեղ ազգային մըն է, փոյթ չէ, թէ ուրկէ կը մատակարարէ իր ոյժը, աջէ՞ն, թէ ձախէն, վերէ՞ն, թէ վարէն, քաւարանէ՞ն, թէ դժոխքէն, ներսէ՞ն, թէ դուրսէն եւ կամ ամէն կողմէն։

Վանեցին ծնունդ տուած է երկու մեծ կազմակերպութիւններու. առաջին՝ արմէնօ-հրէական միութեան, երկրորդ՝ արմէնօ-հայկական եղբայրակցութեան։

Մինչ Սամսոնցիները կ՚ուզեն հիմնել սամսոնականութիւնը, Կեսարացիները կ՚ուզեն ստեղծել կեսարականութիւնը, Ակնցիները կ՚ուզեն վերականգնել ակնընդականութիւնը եւ Տարօնցիները կը ճգնին առաջ բերել տարօնականութիւնը, Վանեցիները, ընդհակառակն, կ՚ուզեն քանդել… վանականութիւնը։

Վանեցին որբ հայութեան տուած է Հայրիկ մը։ Հայութիւնը, սակայն, որբ Վանեցիին մայրիկ մը չտալէ զատ, կնիկ մը տալն իսկ յաճախ շատ կը տեսնէ։

Պոլսեցին, եթէ շոգենաւով Պաթումի առջեւէն անցնի, կը սկսի խօսիլ ռուսահայերէն։ Վանեցին, սակայն, եթէ նայուածքով մը Պաթումի քարտէսին վրայէն անցնի, կը սկսի ճառել ռուսահայերէն։

Վանեցին նաթիւրալիզէ ռուսահայ է։

Վանեցին անձուլելի, անպատուաստելի, անբաղադրելի է, սակայն, իբրեւ Հայ։ Եթէ օր մը բոլոր Հայերը օտարանան, Վանեցին է, որ Հայ պիտի մնայ յաւիտեան ու կենդանի պիտի պահէ հայութիւնը։

Այս պարագան Վանեցին ինքն ալ գիտէ լռելեայն։ Այս պատճառով քիթը մեծ է։ Աստուած միայն գիտէ, թէ այդ քիթը ո՛ւր կը սկսի եւ ո՛ւր կը վերջանայ։

Վանեցիին քիթին վրայ արեւը մարը չի մտներ։

ՊԱՐՏԻԶԱԿՑԻՆ

ԺԵ. դարուն վերջերը հոգեւոր հովիւ մը Բիւթանիոյ մէկ գիւղը կը մտնէ՝ տեղացի Հայերը հեթանոսութենէ քրիստոնէութեան դարձնելու համար։ Հոգեւոր հովիւը՝ Ամբրոսիոս Վրդ. Ինգնատիոսեան, քանի մը շաբաթուան ընթացքին տեղացիները խորապէս ուսումնասիրելէ յետոյ, կ՚ըսէ գեղջուկներուն եւ գեղջկուհիներուն.

-Ձեր շէնին կնքահայրը կ՚ըլլամ ու կ՚անուանեմ ձեր գիւղը Պարտիզակ։

- Ի՞նչու համար այդ անունը կը դնէք մեր գիւղին, - կը հարցնեն։

Ու հոգեւոր հովիւը կը պատասխանէ.

-Ամէնքդ ալ մէյ մէկ ծաղիկ էք։ Այսքան բարի ծաղիկ պարունակող գիւղ մը, բնականաբար, պէտք է կոչուի Պարտիզակ։

Պարտիզակցիները Ամբրոսիոս Վրդ.ի օրով, փոխանակ քրիստոնեայ ըլլալու, կը դառնան մահմետական։

*

Պարտիզակցի այրերը կատաղի ծաղիկներ են՝ ո՛ր կուսակցութեան ալ պատկանին։ Իսկ կիները կատաղի են, եթէ նոյնիսկ որեւէ կուսակցութեան չպատկանին։

Պարտիզակի կէսին ամէն մարդ զմայլած է, միւս կէսին ալ թող Պարտիզակցին ինք զմայլի։

Պարտիզակցին ծնած օրէն սիրահար է։ Անխոնջ կերպով կը խաղայ սիրահարի դերեր, Րոմէոյէն մինչեւ Աշըք Քէրէմ։

Բարեգործութեան հիմնադիրը, անտարակոյս, Պարտիզակցին եղած է։

Պարտիզակցիները օգնութեան հասնողներ, փրկութեան վազողներ եւ կրակ մարողներ են։ Անշուշտ, բազմաթիւ են նաեւ կրակ վառողները իրենց մէջ։

Պարտիզակցիէն ելած են շատ մը հոգեւորականներ։ Ելած են նաեւ մտաւորականներ։ Մարմնաւորականներ ալ շատ ելած են։ Ելածին տեղ, սակայն, մտած են նոյնքան եւ, թերեւս աւելի, մտաւորականներ ու հոգեւորականներ, որով Պարտիզակցիէն բան չէ պակսած։

Պարտիզակցին համակրելի է՝ ըլլալով մարդամօտ եւ մարդասէր։

Պարտիզակցին կ՚երգէ, երբ բերանը բանայ, կը հայհոյէ, երբ կիսաբաց թողու բերանը ու կը ստէ, երբ բերանը փակէ։

Պարտիզակցին, ծաղիկ ըլլալով, խիստ զգայուն է։ Անթառամ ծաղիկն է ան, որ կրնայ շէնցնել խորան մը, բեմ մը կամ խուց մը։

ՏԱՐՕՆՑԻՆ

Ահաւասիկ Հայը։

Ոչ միայն անպակաս ու անխառն, այլ՝ յորդազեղ։

Ահա հարազատ Հայաստանցին, որուն մօտենալով՝ կը զգաս, թէ կը մատչիս հայրենի լեռան մը։

Կարծես Քաջ Վարդանի թոռն է ան, Մեսրոպի աշակերտը եւ Սասունցի Դաւիթին աղբօր տղան։

Իր հոգիին ամէն կողմը բռունցք է՝ ուղղուած աշխարհի անիրաւութեան դէմ, եւ իր մարմնոյն ամէն կողմը սիրտ է՝ բաբախող հայ ազգէն եկող ապերախտութեան դէմ։

-Ազգի համար մեռանք, կորանք, ազգը մեզ մոռցաւ։

Ո՛չ։ Տարօնցին անմոռանալի է, եթէ նոյնիսկ բոլոր մարդերուն ապերախտութիւնը ազգը ծախու առնէ ու թխմէ իր մէջ։

Եւ, սակայն, ո՞վ է սա «ազգ»ը։ «Ազգ»ը Տարօնցին է նախ։ Դժբախտաբար, մեր մէջ ազգը դրամն է։ Աւելի ճիշդ, դրամի տէր եղողներն են, որ կազմած են ազգը։

Ազգը ոգի է նիւթ ըլլալէ առաջ։ Ու Տարօնցիին շունչին մէջ կը զգաս այդ ոգիին ջերմութիւնը, բոյրը, շարժը։

Հայուն ազգային դիմագիծերը գտնելու համար պէտք է մօտենալ Տարօնցիին։

Մանկութեանս Պոլսոյ մէջ առիթը ունեցած էի տեսնելու հազար տեղէ եկած Հայեր։ Տղու բնազդս, սակայն, իրական Հայաստանցին կ՚ընդունէր Տարօնցին։

Ինծի այնպէս կը թուէր, թէ այդ միամիտ, յամառ, քաղցր ու կտրիճ Տարօնցիին կուրծքին տակ կ՚ապրի արծիւ մը, որ թշնամին է բոլոր օձերուն։

Մանկութենէս մինչեւ հիմա յուսախաբութեան չար քամին ինչե՜ր թափեց գիտակցութեանս առջեւ։ Տարօնցին զիս յուսախաբ չըրաւ։ Ընդհակառակն, որքան ճանչցայ զինքը, ան աւելի բարձրացաւ։ Իր պատմութիւնով, իր դիւցազնավէպերով, իր երգ ու պարով, իր ձայնով եւ, իբր հարազատ հայկական ծառ, պահած աւանդապաշտութեամբ, իր արմատներուն կենսունակութիւնը, իր տոհմական ոճը, իր հայրենի աւիշը, իր որդան կարմիրը եւ մշտադալար կանանչութիւնը։

Շնորհալի գիժն է Տարօնցին՝ վարձատրուած Ս. Կարապետէն։ Իր միակ լարախաղացութիւնը սուրբին անունով կ՚ընէ։

Յամառ է Տարօնցին։ Ադամանդը կը փշրուի՝ իր յամառութեան զարնուելով։

Փեթակի մը կը նմանի։ Անզգուշ շարժում մը ու կը խայթուիս, եւ սակայն, աւելի մօտենալով, կը գտնես անմահական մեղր։

Իր հոգիին մէջ խօսքեր կան, այդ խօսքերէն դուրս ոչ մէկ խօսք չի լսեր։ Իր հոգիին մէջ պատկերներ կան, այդ պատկերներէն դուրս ոչ մէկ պատկեր չի տեսներ։ Իր էութեան մէջ տարածուած է Տարօնը։ Անկէ դուրս հայրենիք դժուարին կուգայ ըմբռնել։ Ան կ՚ըսէ.

-Ա՜հ, մըր սարեր, մըր հողեր, մըր քարեր, մըր աշխարհ…

Անիկա կ՚ըսէ նաեւ, նոր օրերու ուխտով մը.

-Զիմ հայ անուն կ՚ուզիմ պահիմ, էնով ապրիմ, էնով լէ մեռնիմ։

Վա՜յ անոր, որ փետուրի մը շուքով կը դպի իր ազգային սրբութեան։ Տարօնցին կ՚ալեկոծի՝ իբր ծով դիւրաբորբոք եւ ապառաժները կը սկսի աղալ։

Տարօնցիին լեզուն լեռները պատմուճանող ծաղիկներն են, որուն մէջ մարդ արբեցումէ արբեցում կը թաւալի։ Տարօնցիին պարը այդ ծաղկաստանին հովն է, իր երգը՝ Աստղիկի բերնէն առնուած սրինգն է։

Անշուշտ, Տարօնցին անթերի էակ մը չէ։

Ունի նեղութիւններ իր հոգիին մէջ։

Իր մտքին մէջ՝ նեղութիւնը ազգութեան գաղափարապատկերին։

Իր կուրծքին տակ նեղութիւնը հայրենիքի քարտէսին։

Ու նեղութենէն՝ խաղերը «Տարօն» բառին վերջաւորութեան. Տարօնական, Տարօնականութիւն։

Եւ նեղութենէն ամլութիւնը՝ տալու արծուիկներ, նոր սերունդին մէջ։

Այս ընթացքով օր մը Ազգն է, որ կրնայ ըսել.

-Լաօ, Տարօնցիին համար մեռանք, կորանք, ու Տարօնցին մեզ մոռցաւ։

Իրաւացի պիտի ըլլայ այս դատապարտութիւնը, քանզի ազգապահպանումին խորքին մէջ մեծ մասով տարօնապահպանումը կայ։ Մեր պահել ուզած գիրն ու լեզուն, պատմութիւնն ու հէքեաթը, երգն ու պարը եւ ուխտն ու հոգին Տարօնցիինն է առաւելապէս։

Ան է հնօրեայ գանձապահը դարերէն եկող մեր հարստութեան։

Թող լայն ըլլայ իր արիւնին կանանչը մեր մէջ։

-Եա Մշոյ Սուլթան Սըբ Կարապետ։

(Տարօնցի կարճօրէն ըսելով՝ նկատի ունեցած ենք Տարօն-Տուրուբերանի եւ Սալնոյ Ձորի մեր ամբողջ հայրենակիցները)։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 27, 2020