ԱՄՊԵՐԸ

Մանուկը, առանց պատճառի, երկարօրէն խնդաց: Մայրը հետաքրքրութեամբ հարցուց.

-Ինչո՞ւ կը խնդաս:

Մանուկը ըսաւ.

-Գետը անունս գիտէ՞:

Մայրը պատասխանեց.

-Գետը չի խօսիր, ան գիտէ գորտերուն եւ ձուկերուն անունները:

Մանուկը վստահօրէն ըսաւ.

-Գետը գիտէ անունս եւ զիս կը սիրէ:

-Գետին մի՛ մօտենար: Ան կ՚առեւանգէ մանուկները:

Մանուկը շարժեց գլուխը կասկածանքով. ան նախապէս լսած էր, որ գետը իր անունը կը շշնջար գուրգուրանքով: Անոր ձայնը շատ զուլալ եւ մեղմ էր յասմիկին բոյրին պէս:

Մանուկը ակնթարթներ լուռ մնաց, ապա ըսաւ մօրը.

-Ամպ մը գողցայ:

Մայրը ըսաւ.

-Սուտը ամօթ է:

-Ես չեմ ստեր. ամպ մը գողցայ:

Եւ մանուկը ձեռքով վերը մատնանշեց, ուր ամպերը կուտակուած էին երկինքին մէջ եւ ըսաւ.

-Այս ամպերէն մէկը գողցայ:

-Ինչպէ՞ս: Ամպերը շատ բարձր են եւ դուն՝ փոքր:

-Ամպերուն ըսի. «Եկէք», եւ վերէն սահեցաւ:

Մանուկը երկարեց ափը, ուր կտոր մը ճերմակ բամպակ կար. մայրը խնդաց եւ ըսաւ.

-Ասիկա ա՞մպ է:

Մանուկը խանդավառութեամբ լի ձայնով ըսաւ.

-Չկրցայ գողնալ ամբողջ ամպը, քանի շատ մեծ էր, ու բաւարարուեցայ անկէ մաս մը առեւանգելով:

Հեքիաթը առնուած է՝

Զաքարիա Թամէրի «Կայծակը» գիրքէն (Դամասկոս, 1970):

ԶԱՔԱՐԻԱ ԹԱՄԷՐԻ ՄԱՍԻՆ

Սուրիացի գրագէտ, լրագրող, կարճ հեքիաթներու հեղինակ: Կը համարուի ժամանակակից հռչակաւոր արաբ հեքիաթագիրներէն: Ծնած է Դամասկոս 1931-ին, ստիպուած է կրթութիւնը անաւարտ թողուլ 1944-ին եւ գործարանի մը մէջ երկաթագործութեամբ զբաղիլ:

Աշխատանքին զուգահեռ կարճ պատումներ եւ խոհեր գրել սկսած է 1958-ին, իսկ մանկական հեքիաթներու յօրինման սկիզբը կը համարուի 1968 թուականը:

1981-էն ի վեր կը բնակի Անգլիոյ մէջ՝ Օքսֆորտ, մինչ այդ Սուրիոյ մէջ ունէր մեծ հեղինակութիւն, խմբագիրն էր «Արաբական կեցուածք», «Ուսամա» եւ «Գիտելիք» Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող թերթերուն, հիմնադիրն էր 1969-ի վերջաւորութեան հիմնուած «Արաբ գրողներու միութեան» Սուրիոյ մէջ: Օքսֆորտէն կ՚աշխատակցի աշխարհացրիւ այլազան արաբական թերթերու:

Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու, որոնք թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, իտալերէնի, պուլկարերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ չինարէնի:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021