«ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ. ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈԻԹԻՒՆ»

Պատմաբան, հասարակական, քաղաքական գործիչ եւ դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» աշխատութիւնը՝ նուիրուած հայ-թրքական հարցերուն, արդէն ընթերցողի սեղանին է: Ինչպէս կը տեղեկանանք հեղինակի նախաբանէն՝ այս հատորը առաջինն է յառաջիկայ երկու տարիներուն հրատարակուելիք հինգ հատորներ ընդգրկող շարքի մը, ուր ընթերցողը պիտի գտնէ Ժիրայր Լիպարիտեանի հեղինակած՝ հրատարակուած եւ անտիպ յօդուածներու, ինչպէս նաեւ՝ հարցազրոյցներու ընտրանի մը:

Հայաստան-Թուրքիա եւ ընդհանրապէս հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին նիւթերը հատորի մը մէջ ի մի բերելն ու հրատարակելը կը ծառայեն քանի մը նպատակներու: Ժիրայր Լիպարիտեան հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանէ այդ նպատակները.

Առաջին. հրատարակել նախապէս անտիպ նիւթեր:

Երկրորդ. անոնց միացնել նոյն թեմային պատկանող արդէն հրատարակուած նիւթեր, որոնց տարածումը եղած է սահմանափակ:

Երրորդ. այս նիւթերու մեծ մասի բնագիրը եղած է անգլերէն. հայերէն թարգմանութեամբ զանոնք ներկայացնելով մատչելի դարձնել աւելի լայն շրջանակներու: Եւ, վերջապէս, ի մի բերել նիւթեր, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն՝ պարզաբանելով այն արժէքներն ու սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած են իմ մտածելակերպը, գիտական ոլորտի աշխատանքները եւ քաղաքական ու դիւանագիտական գործունէութիւնները:

Հատորի մէջ հաւաքուած նիւթերու մեծ մասին աւելցուցած եմ ներածական գրութիւն մը՝ ընթերցողին ծանօթացնելու համար այն պարագաներուն, որոնք առիթ տուին կամ պատճառ դարձան այդ նիւթի շարադրման ու ներկայացման: Երբեմն ալ աւելցուցած եմ Յետ Գրութիւն մը՝ արձանագրելու համար այդ նիւթի կապակցութեամբ զարգացումներ եւ արձագանգներ: Կը կարծեմ, որ այդ յաւելումները կեանքի կը կոչեն այդ նիւթերը՝ ընթերցողին ծանօթացնելով անոնց գիտական ու քաղաքական համաթեքսթերուն:

Ընթերցողը պիտի նկատէ, որ այստեղ հաւաքուած նիւթերու մեծ մասը գրուած է մինչեւ 1991 թուական կամ 1998 թուականէն վերջ: Գլխաւոր պատճառը այն է, որ այդ տարիներուն զբաղուած էի դիւանագիտական աշխատանքով, ներառեալ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերող գործունէութեամբ եւ դրական վերլուծութինները քիչ էին: Թերեւս այդ տարիներու նիւթերը, յուշերուս եւ յարակից այլ անտիպ յօդ-ւածներու հետ, առանձին հրատարակութեան արժանանան: Ընթերցողը պիտի տեսնէ նաեւ, որ նիւթերը ներկայացուած են թէ՛ արեւելահայերէնով, թէ՛ արեւմտահայերէնով: Այս որոշման նպատակը պարզ է. զարկ տալ մեր սքանչելի լեզուի երկու ճիւղերուն ալ, մանաւանդ արեւմտահայերէնին, որ նուազ կ՚օգտագործուի պատմագիտական եւ քաղաքական նիւթերու քննարկման համար:

…Գրուած՝ աւելի քան երեք տասնամեակներու ընթացքին, այստեղ հաւաքուած նիւթերը կը ներկայացնեն, մէկ կողմէն, հեղինակի մտածողութեան զարգացումն ու հետեւողականութիւնը, իսկ միս կողմէն՝ զարգացող դէպքերու հետ այդ երկուքի առընչութիւնը:

Հատորը կը պարունակէ 23 նիւթ՝ հաւաքուած վեց բաժիններու մէջ: Առաջին բաժնին մէջ կան երեք յօդուածներ, որոնց կեդրոնական նիւթը Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններն են:

Երկրորդ բաժնի ութ յօդուածները կը վերաբերին երկու ժողովուրդներու պատմութեան եւ պատմութեան տարբեր պատկերացումներուն, ներառեալ հայոց ցեղասպանութեան իմ մեկնաբանութեան:

Պատմագրութեան մէջ ցեղասպանութեան մասին վէճը կը քննարկուի երրորդ բաժնի երեք յօդուածներուն մէջ:

Չորրորդ բաժնի մէջ մէկտեղուած են ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականացման եւ միջազգայնացման մասին չորս յօդուածներ:

Մեր ժամանակներուն հայ-թրքական յարաբերութիւններու համար իւրայատուկ դէմք մըն էր Հրանդ Տինքը, որուն մասին է հինգերորդ բաժնի միակ յօդուածը: Իսկ գիրքի վեցերորդ բաժնի վերջը կցուած է եւ կը բաղկանայ մէկ յօդուածէ եւ այդ յօդուածի առիթով տրուած երկու հարցազրոյցներէ: Այս երեք յաւելումները կը վերաբերին Ղարաբաղի վերջին պատերազմին (սեպտեմբեր-նոյեմբեր, 2020 թուական) անմիջապէս նախորդող փոխասացութեան մը:

Նախաբանին մէջ Ժիրայր Լիպարիտեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին գիրքի պատրաստութեան որպէս խմբագիրներ, թարգմանիչներ եւ այլ աշխատանքներ կատարողներ՝ Կարինէ Յարութիւնեանին, Սեդա Հաքիմեանին, Յասմիկ Յարութիւնեանին, Վահէ Սահակեանին, Յարութ Տէր-Դաւիթեանին, Խաչիկ Տէրտէրեանին եւ Ասպետ Քոչիկեանին:

Շնորհակալութիւն կը յայտնէ նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին, համեստ մեկենասի մը, Հերրի Բարսեղեանին, «Ապաւէն» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Ղազարեանին եւ «Անտարես» հրատարակչութեան, որոնց օժանդակութեամբ կարելի դարձաւ այս եւ յառաջիկայ հատորներու հրատարակութիւնը:

Գիրքը կը նուիրուի անոնց, որոնք 1988 թուականին Հայաստանի մէջ ծագած ժողովրդական շարժումը ղեկավարելով հայ քաղաքական միտքին տուին նոր թռիչք:

Ժիրայր Լիպարիտեան միաժամանակ ընթերցողին կը յուշէ, որ ան «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» հատորին մէջ պիտի գտնէ հայ-թրքական եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն վերաբերող պատմութեան մասնիկներ, պատմութեան համար փաստարկներ: Պիտի գտնէ նաեւ այս նիւթի հետ առընչուող քաղաքականութեան եւ քաղաքական միտքի վերլուծում, որ նաեւ հեղինակին պարտադրած է դիմել հոգեբանական ու մարդաբանական ոլորտներէն փոխառնուած հասկացութիւններու:

Այստեղ կան մանաւանդ այս կապակցութեամբ մեր հաւաքականութեան ու պետականութեան վերաբերող արմատական հարցադրումներ ու անոնցմէ բխող մտահոգութիւններ:

Այս հատորին մէջ կարեւոր եւ շարունակական եղած է պատմութեան ու քաղաքականութեան ստեղծած խառն իրավիճակները հասկնալու փորձը: Փորձ, որու նպատակը եղած է անոնց պատճառած զգացումներու եւ միտքերու անվերջ բախումներէն կազմակերպել ինչ-որ տրամաբանական պատում մը: Իսկ այդ իրագործելու համար անհրաժեշտ է տալ ճիշդ հարցումները: Որովհետեւ, ինչպէս այլ տեղ նշած եմ, սխալ հարցումը չի կրնար ճիշդ պատասխան ունենալ. սակայն ճիշդ հարցումի սխա՛լ պատասխանը նոյնիսկ կրնայ օգտակար ըլլալ:

Պարզ է, որ այս յօդուածները եւ հարցազրոյցները կը վերաբերին հայութեան ու Հայաստանի համար հիմնական կարեւորութիւն ունեցող թեմայի մը՝ մեր մտածողութեան ու հասարակական հոգեբանութեան մէջ Թուրքիոյ եւ «թուրք»ի դերին: Այդ դերին պատճառով մեր պետականութեան ու ժողովուրդին առջեւ գրեթէ ամէն օր նոր մարտահրաւէրներ կը ծնին կամ հիները կը վերադառնան նոր անուններով ու ձեւերով, եւ անոնց կապակցութեամբ որոշումներ կ՚առնուին յանուն հայութեան եւ (կամ) Հայաստանին ու Արցախին», կը գրէ Լիպարիտեան, նշելով, որ այս թեմային շուրջ գիրքին մէջ հաւաքուած նիւթերը կարելի է ընկալել վեց յարակից չափումներով (dimensions).

1. Անկախ Հայաստա՞ն

2. Հայկական հարցի միջազգայնացո՞ւմ

3. Վախը՝ որպէս ռազմավարութիւն

4. Պատմականն ու քաղաքականը

5. Խօսի՞լ հակառակորդի հետ, հասկնա՞լ հակառակորդը, թէ՞ անոր հայհոյել:

6. Յարափոփոխ հարց։

Ինչպէս այս բազմաթիւ, թէեւ յարակից չափումները ցոյց կու տան, այս հատորին նիւթը կ՚առընչուի մեր պատմութեան ու ժամանակակից կեանքի շատ մը երեսներուն. պետականութիւն եւ սփիւռքութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ եւ ներքին կառուցային հարցեր: Թուրքիան ու թուրքը մեր մտայնութեան ու հոգեբանութեան մէջ այնքան կարեւոր դեր են ստանձնած՝ մասամբ առարկայական պատճառներով, սա-կայն բաւականին չափով նաեւ այդ գործօններու՝ մեր ընկալման ձեւերու պատճառով: Զոհի հոգեբանութիւնը, մարտիրոսութիւնը որպէս հերոսութիւն պատմելը, գաղութատիրութեան հրամցուցած՝ գաղութայնացածի հոգեբանութիւնը որդեգրելը եղած են մեր որոշումները: Լաւագոյն պարագային այդ բոլոր յատկանիշերը ընդունած ենք առանց իսկապէս մտածելու:

Սակայն մեր պատմութիւնը եւ ներկան ցոյց տուած են, թէ եղած են պահեր, եւ դարձած ենք ժողովուրդ, որ կարողացած է փշրել մեր ներքին շղթաները եւ մեզի համար կառուցել նորը եւ աւելի լաւը: Սխալած չեմ ըլլար, կը կարծեմ, որ որքան ալ փորձեր կ՚ըլլան վերադառնալու աւելի հանգիստ, բայց աւելի գաղութացուած զանգուածի, այդ ազատագրման գործընթացին հաւատացողները եւ ձգտողները չեն յուսալքուած կամ անտարբեր դարձած: Հեղինակը աւելի քան գոհացած պիտի զգայ, եթէ այս հատորը սնուցանէ այդ մարդկանց յոյսերը՝ ցոյց տալով ինչպէս եւ ինչու ճակատագրապաշտութիւնը, այն կարծիքը, որ մենք այլընտրանք չունինք՝ բացի վախէն, այնքա՛ն հարազատ դարձած՝ այնքա՛ն մարդոց համար եւ այնքա՛ն ժամանակ, պէտք է փոխարինուի եւ կրնայ փոխարինուիլ աւելի մշակուած հոգեբանութեամբ եւ ներգործուն ռազմավարութեամբ: Անոնք, որոնք թերահաւատ են նման կարելիութեան նկատմամբ, կա՛մ ծանօթ չեն, կա՛մ չեն ուզեր գիտակցիլ Երրորդ Հանրապետութեան առաջին եօթնամեակի պատմութեան: Իսկ այդ մասին՝ յաջորդ հատորով:

Ժիրայր Լիպարիտեանի նախաձեռնած այս շարքի յաջորդ հատորներու թեմաներն են. Երրորդ Հանրապետութիւնը, Ղարաբաղեան հարցը. (Անտարես, 2021) Armenian-Turkish Relations, The Third Republic, The Karabakh Conflict. (Antares, 2021) Պատմագիտական նիւթեր. (Ա. Յովհաննիսեան հիմնարկ, 2022) Historical Essays. (Ա. Յովհաննիսեան հիմնարկ, 2022)։

«Ապագայի քաղաքականութիւնը ծրագրելու հիմնական երկու ճանապարհ ունինք: Մէկը՝ վախով ու երազանքներով պայմանաւորուած ճանապարհն է: Երկրորդը՝ հասանելի նպատակներու եւ իրապաշտ հաշուարկներու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնը: Երբ այդ ընտրութիւնը կատարենք, նկատի պէտք է ունենանք հետեւեալ երկու պարզ սկզբունքները. ա) փափաքելին, սակայն անկարելին հետապնդելով չկորսնցնենք ընդունելին եւ կարելին, բ) նախ՝ պէտք է լաւ ըլլանք, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք շատ լաւ ըլալու:

«Արդեօ՞ք այս անգամ ճիշդ դասը պիտի սորվինք պատմութենէն:

«Այստեղ վտանգներ, հակահայ տրամադրութիւններ, նոյնիսկ նպատակներ անտեսելու խնդիր չկայ: Սակայն մենք իրաւունք չունինք մեր ապագան ամբողջովին վստահիլ որեւէ առանձինն պետութեան կամ արտաքին ուժի: Պետութիւնները կը փոխուին, մեր բարեկամներն ու թշնամիները կը փոխուին, մենք կը փոխուինք: Մեր մտածելակերպը, քաղաքականութիւնն ու դիվանագիտութիւնը պէտք է ձգտին գոնէ նուազեցնելու այդ վտանգները: Կարելի չէ ապագայ կերտել միայն գէնքի, նահատակուող հերոսներու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու քաղաքականութեան վրայ:

«Այդ ընթացքին մեր դրացիները, բարեկամ թէ ոչ, դրացի ըլլալէ չեն դադրիր: Դրացի պետութիններու նկատմամբ մեր վախն ու ատելութինը պէտք չէ շփոթել ոազմավարութեան հետ: Եթէ այս վերջին պատերազմէն եւ պարտութենէն յետոյ ալ շարունակենք ռազմավարութիւն ճշդել զգացական ու գաւառական հիմքերու վրայ՝ առանց բոլոր կարելիութիւնները նկատի ունենալու եւ հաշուարկելու, մենք իրաւունք չունինք ակնկալելու, որ մեր քաղաքականութեան արդիւնքը տարբեր պիտի ըլլայ վերջին պատերազմի արդիւնքէն»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2021