ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. «ՁԵՐ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻԶԵՑԷՔ ԵՐԿԻՆՔԻ ՄԷՋ»

Ղուկասի Աւետարանին 12-րդ գլուխին 13-21 համարներուն մէջ կը կարդանք մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակը, որ վերնագրուած է՝ «Անմիտ հարուստին առակը» անունով:

Ժողովուրդէն մէկը դիմելով Տէր Յիսուսի կը խնդրէ, որպէսզի միջնորդ ըլլայ եւ իր եղբօր ըսէ, որպէսզի իր հօրմէն մնացած իր բաժին ժառանգութիւնը տայ իրեն: Յիսուսի պատասխանը հետեւեալը կ՚ըլլայ.

«Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դատաւոր կամ իրաւունքի բաժնարար կարգեց ձեր վրայ:

Ապա դառնալով ժողովուրդին շարունակեց.

-Նայեցէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութեան բոլոր տեսակներէն, որովհետեւ մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն» (Ղկ 12.14-15):

«…Մարդու մը կեանքը կախեալ չէ՛ իր ամբարած հարստութենէն»…

Այսօրուան մարդուն համար ինչքա՜ն խօսուն եւ կարեւոր մատնանշում մըն է Տէր Յիսուսի ըսած այս նախադասութիւնը, մանաւանդ՝ երբ նկատի ունենաք այսօրուան մարդուն մնայուն վազքը դրամ շահելու, հարստութիւն ամբարելու, դիրքի եւ մեծութեան հասնելու: Վազք մը, որ շատ յաճախ ոտնակոխ կ՚ընէ մարդուն շրջապատը, կ՚արհամարհէ նոյնիսկ իր ամենէն մտերիմներուն թելադրութիւններն ու բարի կամեցողութիւնը, եւ ամենէն սարսափելին՝ կը վնասէ նոյնինքն այդ մարդուն առողջութիւնը ու կը վտանգէ իր կեանքը:

Այսօրուան մարդը, արդարեւ, դրամ ձեռք ձգելու համար ամէն ինչի ընդունակ դարձած է, բնական կամ անբնական միջոցներու կը դիմէ, յաճախ բարոյականութեան սահմանները կ՚անցնի, դիմացինին ազատութիւնը կը բռնաբարէ, կ՚արհամարհէ ամէն տեսակի մարդկային փոխյարաբերութիւն, եւ դրամը միջոցէ նպատակի վերածած աւերներ կը գործէ տիրանալու կամ հասնելու իրեն համար այդ «տենչալի» դրամին: Եւ ահա այդ տեսակի մարդոց համար այնքան ուսանելի է Տէր Յիսուսի պատմած՝ «Անմիտ հարուստին առակը»:

«Հարուստ մարդ մը կար, որուն արտերը առատ բերք տուին։ Անիկա կը մտածէր ու կ՚ըսէր. “Ի՞նչ ընելու եմ, որովհետեւ հունձքս ամբարելու համար շտեմարաններուս մէջ տեղ չմնաց։ Այո՛, գիտե՛մ ինչ պիտի ընեմ։ Պիտի քակեմ շտեմարաններս, աւելի ընդարձակները պիտի շինեմ եւ հոն ամբարեմ ցորենս եւ ամբողջ բերքերս։ Ապա ես ինծի պիտի ըսեմ. -Ով մարդ, քանի որ երկար տարիներու համար ամբարած հարստութիւն ունիս, հանգիստ ըրէ. կե՛ր, խմէ՛ եւ վայելէ՛”։ Բայց Աստուած ըսաւ իրեն. “Անմիտ մարդ, այս գիշեր իսկ հոգիդ քեզմէ պիտի առնեմ. որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ”» (Ղկ 12.16-20):

Այսօրուան մարդը, որ անյագուրդ կերպով դրամին ետեւէն կը վազէ, երբեւէ ինքն իրեն հարցուցա՞ծ է, թէ՝ «որո՞ւն պիտի մնայ պատրաստածդ»: Երբեւէ իր միտքէն անցուցա՞ծ է, որ դիզած հարստութենէն մազաչափ մ՚անգամ պիտի չկարենայ տանիլ իր հետ՝ երբ իր անշնչացած դիկաը փոսի մը մէջ դնեն եւ իր վրայ սառն հող լեցնեն: Երբեւէ մտաբերա՞ծ է, որ իր ձախորդութիւններուն եւ հիւանդութիւններուն պարագային, իր անմտութեամբ դիզած դրամը, հարստութիւնը շատ յաճախ ոչինչով օգտակար կրնան ըլլալ իրեն, որովհետեւ՝ «Դրամը՝ տգէտին, թուլամորթին, անպարկեշտին ձեռքին մէջ թո՛յն է, մինչ իմաստունին, առաքինիին եւ նախանձախնդիրին ձեռքին մէջ՝ դեղ ու դարման ցաւին հալածիչ եւ ուրախութեան շարժառիթ ու բարիքի ճամբայ» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս): Այո՛, դրամը կրնայ բարիքի ճամբայ ըլլալ, եթէ մարդ կարենայ ճիշդ կերպով օգտագործել զայն, եւ այդ օգտագործումով «Աստուծոյ աչքին հարստանայ» (հմմտ. Ղկ 12.21):

Անմտաբար դրամին ետեւէն վազողներն ու աննպատակ կերպով՝ ագահութեամբ հարստութիւն ամբարողները գէթ մէկ անգամ պէտք է հետեւեալը կարդան դրամի մասին, որ անյայտ հեղինակի մը գրիչին կը պատկանի.

«Դրամը կրնայ գնել…

Անկողին, բայց ո՛չ քուն:

Գիրք, բայց ո՛չ խելք:

Կերակուր, բայց ո՛չ ախորժակ:

Տուն, բայց ո՛չ ընտանեկան երջանկութիւն:

Դեղ, բայց ո՛չ առողջութիւն:

Զարդեղէններ, բայց ո՛չ գեղեցկութիւն:

Հաճոյք, բայց ո՛չ գոհունակութիւն:

Խաչ, բայց ո՛չ Փրկիչ:

Եկեղեցի, բայց ո՛չ երկինք:

Գերեզման, բայց ո՛չ յաւիտենական կեանք»:

Արդարեւ, մարդ երբ դրամը որպէս միջոց կը գործածէ, մեծամեծ բարիքներ կրնայ ձեռք ձգել այս անցողիկ կեանքին ընթացքին եւ այդ բարիքներուն ընդմէջէն դէպի յաւիտենականութիւն գացող ճանապարհը կը բռնէ, հակառակը սակայն, այս անցողիկ աշխարհին հաճոյքները «վայելելով» հանդերձեալին մէջ ինքն իրեն համար դժբախտութիւն եւ տանջանք կը դիզէ, որովհետեւ կ՚անտեսէ Տէր Յիսուսին թելադրութիւնը, որ կ՚ըսէ. «Ձեր հարստութիւնը մի՛ դիզէք երկրի վրայ, ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն եւ կամ գողերը պատդ քանդելով ներս կը մտնեն ու կը գողնան զայն: Այլ ձեր հարստութիւնը դիզեցէք երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատդ քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ: Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը ո՛ւր որ է, հոն կ՚ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):

Ի՞նչ կը նշանակէ երկինքի մէջ հարստութիւն դիզել, աւելին՝ ի՞նչ կը նշանակէ, թէ ո՛ւր որ է մեր հարստութիւնը, այնտեղ կ՚ըլլայ նաեւ մեր սիրտը: Այս հարցադրումներուն պատասխանները մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ տալ իր ապրելակերպով: Մեր սիրտը ի՞նչ բանի կապած ենք, այս անցաւոր աշխարհի՞ն, ապա աշխարհն է մեր բաժինը եւ մեր մտածումները այս աշխարհէն անդին չեն անցնիր, իսկ եթէ մեր միտքը, սիրտն ու հոգին կապած ենք երկինքին, այսինքն՝ Աստուծոյ, Անով կ՚ապրինք, Անոր համար կ՚ապրինք, ապա մեր «մեր բաժինը Աստուած Ի՛նք է», եւ երանի՜ անոր, որուն բաժինը Աստուած է:

Ծնողներ կան, որոնք ագահութեան ախտով, այլ խօսքով դրամասիրութեամբ եւ դրամադիզութեամբ կը տառապին, յաճախ իրենց այդ ախտը կը փորձեն արդարացնել՝ ըսելով, թէ այդ ամբողջը իրենց զաւակներուն համար կ՚ընեն, որպէսզի իրենց զաւակները բարօր եւ ապահով կեանք մը ապրին, դժուարութիւններ չունենան, եւ նման բազմաթիւ արդարացումներ կու տան: Այդպիսի ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը կ՚ըսէ. «Ծնողները պէտք չէ մտածեն այն մասին, թէ իրենց զաւակները ինչպէս հարստացնեն ոսկիով եւ արծաթով, այլ՝ այն մասին, թէ ինչպէս անոնք բոլորէն աւելի հարուստ ըլլան բարեպաշտութեամբ, իմաստութեամբ եւ առաքինութեան ինչքով»: Իսկ մեր Եկեղեցւոյ հայրերէն՝ Սարգիս Շնորհալի Վարդապետը, այսպէս կը գրէ. «Ինչ որ Աստուծմէ որպէս պարգեւ ստացար եւ ունիս, դարձեալ Աստուծոյ պիտի պարգեւես եւ տաս։ Որդիիդ բարեպաշտութեանդ փորձառութիւնը տուր եւ ո՛չ թէ մեծ ունեցուածք։ Աղքատներու բազմութեան նկատմամբ քու հոգածու գթութեամբ անոր ձգէ Աստուծոյ անսահման գթութիւնը եւ ո՛չ թէ տմարդութեան չարիքը։ Անոր սորվեցուր զԱստուա՛ծ պաշտել եւ ո՛չ թէ մամոնան։ Սորվեցո՛ւր անոր երկնայինը ցանկալ եւ ո՛չ թէ երկրայինը։ Սորվեցո՛ւր անոր վերին պատիւը սիրել եւ ո՛չ թէ այն ունայն կեանքի՝ ծաղիկի նման անցաւոր փառքը։ Սորվեցո՛ւր անոր սիրել՝ ո՛չ թէ համակ դառնութեամբ ու թշուառութեամբ լեցուն այս անցաւոր կարճ կեանքը, այլ կայունը, մնայունը եւ բիւրապատիկ հանգստութեամբ լեցուածը»:  Իմաստուն մեծահարուստի մը մասին ալ կը պատմուի, թէ «Ան իր զաւակները ցորենի դաշտ կը ղրկէ, որպէսզի աշխատին։ Ծանօթներէն ոմանք կը հարցնեն անոր.

-Դուն ցորեն մեծցնելու պէ՞տք ունիս, ղրկէ տղաքդ աւազան՝ իրենց ընկերներուն հետ թող խաղան։

Բարեկամներ, կը պատասխանէ մարդը,

-Ես ցորեն չէ որ կը մեծցնեմ, այլ՝ զաւակնե՛րս կը մեծցնեմ»։

Ծնողներ, հետեւեաբար, պարտաւոր են իրենց զաւակներուն բարեպաշտութիւն, մարդասիրութիւն, իմաստութիւն, առաքինութիւն, գթութիւն, աստուածպաշտութեան ոգի, երկնային փառքի ու վերի պատիւին փափաքող ըլլալ, ինչպէս նաեւ սիրել կայունը, մնայունը եւ բիւրապատիկ հանգստութեամբ լեցուածը:

Աստուած, մեր Տէրը, հակառակ չէ հարուստներուն եւ ո՛չ ալ հարստութեան, ընդհակառակը, մարդոց իմաստութիւն շնորհած է ճակտի արդար քրտինքով աշխատելու, հարստանալու եւ այդ հարստութեան բաժնեկից դարձնելու ո՛չ միայն ինքզինք, իր հարազատները, այլ՝ բոլորը: Աւելին, Աստուած կ՚ուզէ, որ մեր աշխարհիկ հարստութեամբ յաջողինք ժառանգակից դառնալ Արքայութեան, յաւիտենական կեանքին ու երանութեան, եւ ո՛չ թէ յաւիտենական տանջանքին ու դատապարտութեան:

Աւարտելով՝ կարդանք Պօղոս Առաքեալին յորդորը հարուստներուն ուղղուած եւ մտաբերելով զայն՝ մեր ունեցած քիչ կամ շատ հարստութեան բաժնեկից դարձնենք ուրիշները, որպէսզի երկինքին մէջ գանձեր դիզենք: Սրբազան Առաքեալը Տիմոթէոսին՝ իր աշակերտին կը թելադրէր ըսելով. «Այս աշխարհի հարուստներուն պատուիրէ որ շատ չհպարտանան եւ անկայուն հարստութեան չվստահին, այլ՝ վստահին Աստուծոյ, որ ամէն ինչ առատօրէն կու տայ մեզի, որպէսզի վայելենք։ Պատուիրէ որ բարիք գործեն, լաւ գործերով հարստանան, եւ ըլլան առատաձեռն, սիրալիր եւ իրենց ունեցածով ուրիշներուն օգնելու պատրաստ։ Այդպիսով իրենք իրենց համար կ՚ամբարեն գանձ մը՝ որով ամուր հիմ նետած կ՚ըլլան հանդերձեալին մէջ, ճշմարիտ կեանքը ձեռք ձգելու համար» (Ա. Տմ 6.17-19):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

23 նոյեմբեր 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021