ԱՆՑԵԱԼԻ ԲԱՑԹՈՂՈՒՄՆԵՐԸ…

«Իմ կեանքը կը փոխուէր, եթէ ես բաց չթողէի այս կամ այն հնարաւորութիւնը»…

Կան հնարաւորութիւններ, որոնք կու գան մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին, անոնցմէ ոմանք կը բռնենք, ոմանք կը փախցնենք: Արդեօք ինչո՞ւ կը մտածենք այդպէս, երբ բաց կը թողենք հնարաւորութիւնը:

Երբ կը մտածենք՝ «եթէ այս պահը բաց չթողէի, ամէն ինչ ուրիշ ձեւ կ՚ունենար», կրնանք ունենալ ճանաչողական սխալներ։ Սա մեզ կը ստիպէ մտածել, որ կրնանք կանխատեսել իրադարձութիւններու արդիւնքը: Սա մեզ կը մղէ չափազանցնել մեր բաց թողած հնարաւորութեան արժէքը: Համապատասխանաբար, կը նայինք անցեալի իրադարձութիւններուն եւ կը մտածենք մեր սեփական կանխատեսումներու մասին եւ այդ կանխատեսումները չափազանցուած են: Օրինակ՝ «Եթէ ես կայքէջ մը բանայի, երբ մտքէս անցաւ առցանց ապրանք մը վաճառելու գաղափարը, ես հիմա հարուստ կ՚ըլլայի»։ Կը ստեղծենք մեր սեփական բեմագրութիւնը եւ անոր մէջ հաստատ յաջողած կ՚ըլլանք։

Մենք կը սիրենք վերահսկողութիւն, այնպէս չէ՞: Հնարաւորութիւն մը բաց թողելը, ըստ այս մտածողութեան, կը նշանակէ, որ մենք կորսնցուցած ենք վերահսկողութիւնը։ Սա կրնայ մեզ ստիպել հաւատալ, թէ այդ հնարաւորութիւնը կրնար արմատապէս փոխել մեր կեանքը: Օրինակ՝ եթէ հաւատանք, որ կրնանք ձեւով մը վերահսկել մեր շուրջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւնները, առաջին հերթին մենք մեզ կը մեղադրենք կեանքի ընթացքին մեզի պատահած իւրաքանչիւր անցանկալի իրադարձութեան համար: Բայց, վերահսկողութիւնը պատրանք է. կեանքի իրադարձութիւններու այն մասնաբաժինը, որոնց վրայ մենք կը վերահսկենք, իրականութեան մէջ չափազանց փոքր է: Այստեղ միշտ երկու սխալ մտածում կայ։ Անոնք որոնք կը խելագարուին՝ մտածելով, որ պէտք է վերահսկեն բոլոր իրադարձութիւնները եւ անոնք, որոնք կ՚ընթանան հոսանքին համապատասխան՝ ոչինչ ըսելով կամ ընելով։ Կեանքի մէջ պէտք է դիրքաւորուիլ այս երկուքի միջեւ:

Ափսոսանքը ուժեղ յոյզ մըն է՝ կապուած բաց թողուած հնարաւորութիւններու հետ։ Երբ մտածենք՝ «երանի՜ այս կամ այն ​​բանը ընէի» ըսելով, կը պատկերացնենք, որ այլընտրանքային ապագային կրնանք աւելի լաւը ըլլալ։ Սա կրնայ յանգեցնել մեզ ուռճացնելու բաց թողուած հնարաւորութիւնները: Ցանկութեան եւ ափսոսանքի այս բոլոր մտածումները կապուած են մեր երեւակայութեան հետ։ Օրինակ՝ «եթէ համալսարանի քննութենէն աւելի բարձր նիշ ստանայի, կրնայի իրաւաբանութիւն սորվիլ եւ դառնալ յաջող իրաւաբան մը»։ Այս նախադասութիւնը լրիւ տրամաբանական սխալ է։ Օրինակ՝ յայտնի չէ, որ արդեօք կ՚ընդունուի՞ք իրաւաբանական դպրոց, նոյնիսկ եթէ աւելի բարձր նիշ ստանանք, հաստատ չէ, որ այնտեղ լաւ կրթութիւն կը ստանանք եւ յաջողութեամբ կ՚աւարտենք, պարզ չէ, թէ արդեօք կը կարողանա՞ք զբաղիլ մեր մասնագիտութեամբ։ Ի վերջոյ, յաջող իրաւաբան դառնալը լիովին մեր երազանքը կրնայ ըլլալ: Հիմա մտածենք սոյն նախադասութիւններու մասին։

Արդարեւ, երբ նայինք ուրիշներու կեանքին, ապա կրնանք սկսիլ աւելի շատ հոգ տանիլ մեր բաց թողած հնարաւորութիւններու մասին: Մենք կը սկսինք մտածել. «Այսինչը ստացաւ այս հնարաւորութիւնը եւ անոր կեանքը փոխուեցաւ, այդ հնարաւորութեան ես ալ կրնայի տիրանալ»: Օրինակ՝ մեր դասընկերներէն մին հարուստ ամուսին մը ունի եւ հիմա շատ հարուստ է, բայց սա ալ այն բեմագրութիւնն է, ինչ որ մենք կը յօրինենք։ Այդ հարստութիւնը կրնայ արժել մեր դասընկերոջ ամբողջ կեանքն ու անհատականութիւնը եւ կրնայ օրական քանի մը անգամ ծեծի ենթարկուիլ: Այսինքն՝ մեզ շրջապատող մարդոց թուացեալ երջանիկ կեանքը կրնայ ամենեւին այդպէս չըլլալ։

Վերջապէս, բոլորս կ՚ուզենք հաւատալ, որ մեր կեանքը իմաստ մը ունի: Հնարաւորութիւն մը բաց թողելը ցոյց կու տայ, թէ մեր կեանքը ունի ուղղութիւն եւ այդ մէկը կրնայ փոխուիլ: Սա կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք գերագնահատենք կամ չափազանցենք բաց թողուած հնարաւորութիւններու կարեւորութիւնը: Սա աւելի լաւ հասկնալու համար մտածենք այս մասին։ Երբեմն կ՚որոշենք տեղ մը երթալ՝ ուղղութիւն ցոյց տուող կայքի մը միջոցաւ, բայց իրականութեան մէջ այդ փողոցը կրնայ փակ ըլլալ երթեւեկութեան համար։ Այդ պարագային պէտք է բանալ աչքերը եւ ընտրել այլ երթուղի։ Կեանքի մէջ միշտ կը հանդիպինք նոր հնարաւորութիւններու։ Էապէս, նոյնիսկ եթէ բաց թողենք այդ հնարաւորութիւնը, կեանքը կը շարունակուի եւ նոր դռներ միշտ կը բացուին։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023