ԻՆՉՊԷ՛Ս Կ՚ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՐ ԱՏԱՆԱՑԻՆ

1909 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ հրապարակախօս, բանասէր եւ դեղագործ Յակոբ Թէրզեանի գրած մէկ գիրքը՝ «Ատանայի կեանքը» խորագրով: Մինչ այդ Յակոբ Թէրզեան հրատարակած էր «Արուեստ լուսանկարչութեան» գրքոյկը, որուն մէջ սկսնակներու համար տեղեկութիւններ հաւաքած էր լուսանկարչութեան արուեստի մասին:

«Ատանայի կեանքը» գիրքէն ետք Յակոբ Թէրզեան ուրիշ գիրքեր գրած է՝ նուիրուած Կիլիկիոյ աղէտին, Հաճնոյ գաւառաբարբառին, իսկ Ատանային վերաբերող գիրքին մէջ մանրամասն նկարագրած է իր ծննդավայրի եկեղեցական, կրթական, վաճառականական վիճակը, Ատանան Սահմանադրութենէն առաջ եւ ետք, կուսակցութիւնները, թրքերէն լրագիրները եւ այլ հետաքրքրական եւ ուշագրաւ դրուագներ, մանրամասնութիւններ, որոնք ապրած է անձամբ:

Կը ներկայացնենք Ատանայի մէջ նշանախօսութեան, ամուսնութեան եւ հարսնիքի նկարագրութիւնը, ըստ Յակոբ Թէրզեանի: Հեղինակը կը նկարագրէ նաեւ տեղամասին կլիման եւ ապրուստը:

ԿԼԻՄԱՅ

Ատանայի կլիման Եգիպտոսի նման տաք է, սակայն Սիհուն գետին ջուրը շատ մաքուր եւ առատ ըլլալուն, առողջութեան տեսակէտով բնական մեծ բարիք մը եղած է Ատանայի եւ շրջակայից համար:

Մայիսէն կը սկսի տաքը եւ ամառուան մէջ մանաւանդ յուլիս եւ օգոստոս ամիսները ջերմաչափը՝ մինչեւ 35-38 աստիճան կը բարձրանայ շուքին մէջ: Ահա այս տաքին շնորհիւն է որ Ատանայի արգասաբեր հողը կը հասցնէ բամպակ, շուշմայ, արմաւենիի պէս տաք երկիրներու յատուկ պտուղներ: Իսկ ձմեռը առանց ձիւնի եւ քիչ անձրեւով չոր եւ խիստ ցուրտ մը կը տիրէ: Ատանայի մէջ ձիւն շատ քիչ անգամ տեղացած է, հազիւ երեք-չորս տարին անգամ մը մի քանի սանթիմի չափ կը տեղայ, զոր ալիւրի պէս կը ժողվեն տեղացիները եւ կը պահեն օրերով:

Ատանա քաղաքը շրջապատուած է շատ գեղեցիկ պարտէզներով ու ծառերով եւ ունի բազմաթիւ այգիներ, որոնց կոկիկ ու ճերմակ տուները սքանչելի տեսարան մը կը կազմեն: Նոյնպէս շրջակաները կը գտնուին մեծ ու պզտիկ բազմաթիւ չիֆթլիքներ, այսինքն մեծ երկրագործներուն ընդարձակ ագարակներու ցանուքաղի բանուորի տուներ: Ամառուան եղանակին մանաւանդ գիշերները սոսկալի տաքին հետ թունախայթ մժեղներն ալ անտանելի են:

ԱՊՐՈՒՍՏ

Ատանայի ժողովուրդին երկսեռ աղքատիկ դասակարգը ամառուան տաքին Ատանայի շրջակայ գիւղերը եւ ագարակները երթալով բամպակի շերամները կը ժողվէին, որուն իբրեւ վարձք կ՚առնէին ըստ սովորութեան իրենց ժողվածին մէկ ութերորդ կամ տասներորդը, զոր ծախելով կը ճարէին շատեր իրենց տուներուն վարձքը, վճարելու համար տան տիրոջ նոյեմբեր 1-ին: Իսկ ձմեռը կիները գիշեր ցորեկ կ՚աշխատէին, շերամին բամպակը կեղեւէն քաշելով ու զատելով, որուն կ՚ըսեն տեղացիք «գօզա շիֆլէմէք» եւ ասոր ի վարձ կ՚առնէին իւրաքանչիւր չէքիի (40 օխա) համար 2-3 դահեկան: Շատ ընտանիքներ, մանաւանդ այրի կիներ իրենց ապրուստը կը հոգային սոյն աշխատութիւնով:

Ատանացիք դարերէ ի վեր երկրագործ եղած են ընդարձակ ագարակներու ժառանգութեամբ սերունդէ սերունդ, եւ երկրագործութեան կը պարտէր Ատանան իր յառաջդիմութիւնը: Երկրագործ դասակարգը ամառը կ՚աշխատէր եւ ձմեռը գրեթէ հանգիստ կ՚ընէր: Հարուստներէ զատ միջին եւ ստորին դասակարգէն շատ քիչեր իրենց անձնական տուները ունէին, մեծամասնութեամբ վարձքով եւ այն ալ սուղ վարձքով կը նստէին: Ահա այս պատճառով էր, որ մէկ տունի մէջ շատ անգամ երկու, երեք, մինչեւ չորս եւ աւելի ընտանիքներ կը նստէին։ Տուները ունէին ընդարձակ բակեր, շատ անգամ հինգ տասը տուն մէկէն մէկ բակի մէջ կը գտնուէին եւ այս պատճառով նաեւ աղքատիկ կաթնավաճառներու թաղերու մէջ կապած կովերուն ներկայութեամբը երբեմն թաղեր մեծ գիւղի մը տպաւորութիւնը կու տային: Ահա այսպէս Ատանան շնորհիւ յառաջդիմութեան թէ՛ մեծ ու աննման քաղաք մըն էր եւ թէ՛ երկրագործութեամբ մեծ գիւղ մը:

Ատանայի ժողովուրդը շատ ժրաջան էր, ամառը այն ամենասոսկալի կիզիչ արեւին դէմ ագարակներու մէջ մրջիւններու պէս կ՚աշխատէին եւ ձմեռն ալ ընդհակառակը մեծ մասով հանգիստ կ՚ընէին: Աշխատութեան մասին շատ ճշդապահ էին, ժամանակին կ՚աշխատէին եւ ժամանակին հանգիստ կ՚ընէին: Երկրագործները ամառը կ՚աշխատէին եւ ձմեռը կ՚ուտէին, իսկ արհեստաւորներն ու պանդուխտները ցորեկը ոգի ի բռին կ՚աշխատէին իրենց օրականը շտկելու համար եւ իրիկունը կը տեսնուէր որ իրենց հաճոյքին ու զուարճութեան մէջ թաղուած էին: Հոս տեղն է յիշել մսավաճառ մեր սիրելի Միսաքը, որ իր հսկայ կազմուածքով ու գեղեցիկ դիմագիծերով եւ մանաւանդ հազուագիւտ ուժովը մեծ համարում կը վայելէր: Ատանայի հայութիւնը կը գուրգուրար գասապ Միսաքին վրայ, որուն ներկայութիւնը ծակէ ծակ կը փախցնէր թուրք եւ հայ գապատայի չարագործները: Իրիկունները միշտ գլուխը տաքցուցած պատուոյ սահմանին մէջ կը դողացնէր շուկաներն ու թատրոնները. «Գասապ Միսաքը եկաւ» լուրը կը բաւէր որ ամէն մարդ պատիւն ճանչնար եւ իր պատեանին մէջ քաշուէր եւ այս պատճառով էր, որ թատրոնի տէրերը մասնաւոր վարձքով իրիկունները Միսաքը կը հրաւիրէին իրենց քով: Մեր անմահ Միսաքը չափազանց պատուախնդիր էր, ընդհանուրին պատիւին պաշտպանութանը համար ամէն վտանգ աչքի կ՚առնէր: Ահա այսպէս ատանացիք ընդհանրապէս իրենց ճակտին քրտինքովը հանգիստ ու կանոնաւոր կեանք մը կը վայելէին:

ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Ատանայի երիտասարդ այրերն սովորաբար քսանեւհինգէն երեսուն, իսկ աղջիկներն տասնութէն քսանեւհինգ տարեկանին մէջ կ՚ամուսնանան:

Ամուսնութեան տարիքը հասած երիտասարդի մը նշանախօսութիւնը ծնողքը կ՚որոշէ եւ երիտասարդին կամքը կ՚ուզէ յարմար ազգական կամ բարեկամի մը միջոցաւ: Երիտասարդին հաւանութիւնը առնելէ ետքը, մայրը կ՚ընտրէ աղջիկը եւ իր ամուսնոյն կը հաղորդէ, հայրը իր մասին աղջկան ձիրքերէն աւելի հօրը կամ ազգականներուն յատկութիւնները նկատի կ՚առնէ եւ որոշումը տրուելէ ետքը երիտասարդին կը հաղորդուի կրկին նոյն ազգականին միջոցով: Երիտասարդը՝ իր ծնողացը յարմար դատածին համար ընդհանրապէս, մեծ «Այո»ն կ՚ըսէ եւ անմիջապէս նշանի պատրաստութեան կը ձեռնարկուի: Իրենց կարողութեան համեմատ ապարանջան, օղ եւ այլն պատրաստուելէ ետքը, ազգական կամ բարեկամ մէկ երկու մարդիկ աղջկան հօրը քովը կը ղրկուի «խօսք կապ»ի: Աղջկան հայրը արդէն կռահած անցուդարձը եւ եկողներուն նպատակը, կատարեալ անտարբերութիւն մը ցոյց կու տայ: Զարմանքով եւ բռնի տխրութիւնով մտիկ կ՚ընէ յանձնակատարներուն առաջարկը եւ առանց տատամսելու, անմիջապէս աղջկան պզտիկութիւնը մէջբերելով առաջարկը կը մերժէ, ինքզինքը միշտ ծանրէն ծախելով: Եւ վերջապէս եկողներն կ՚աղաչեն որ գոնէ մտածելու խօսք տայ եւ «մտածելու» խօսք առնելով կու գան: Մէկ երկու օր ետքը նորէն միեւնոյն մարդիկը եւ քահանայ մը մատանի մը առնելով կ՚երթան եւ հիւսիսէն ու հարաւէն խօսելէ ետքը, խօսքը կը բերեն նպատակին եւ նորէն աղջկան հայրը շատ հազով նազերէ ետքը, քահանան ոտքի կ՚ելլէ եւ աղջիկը ներս կանչելով «Պահպանիչ»ը կ՚ըսէ ու մատանին կ՚անցունէ աղջկան մատը: Հետեւեալ իրիկունը երիտասարդին ամբողջ ծանօթներն ու ազգականները հրաւիրուելով «շէրպէթ խմելու» կամ «շաքար ուտելու» կ՚երթան աղջկան տունը մօտ ազգականներն իրենց հետ տանելով արժէքաւոր նուէրներ: Աղջկան տունէն վերադառնալով երիտասարդին տունը կու գան, ուր զուարճութիւններ ու խրախճանութիւններ կը կատարուին: Հին սովորութեամբ մինչեւ պսակին օրը նշանուած տղան՝ չէր կրնար տեսնել իր նշանածին երեսը եւ սակայն հիմա ամենէն առաջ տղան կը տեսնէր…

ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ

Ամուսնական պայմանները Պոլսոյ հակառակն էր: Պոլսեցի երիտասարդներէն ոմանք՝ կեանքի ընկեր առնելիք օրիորդէն իբրեւ առաջին ձիրք դրամօժիտ կը պահանջեն, իսկ ատանացի երիտասարդը ընդհակառակը ինք դրամօժիտ կը վճարէ աղջկան: Ամենէն հարուստէն մինչեւ յետին մուրացիկը ամուսնութեան ձեռնարկած ատեն պարտաւոր է պատրաստ ունենալ աստիճանաբար ապարանջան՝ ոսկի կամ արծաթ, օղ, ժամացոյց, հինգ մէկնոց ոսկի, պռոշ եւ շարունակելի իր հարստութեան համեմատ: Կնմջ թեւին վրայ գտնուած ոսկի ապարանջան (պուրմա) եւ ուրիշ զարդոսկիներէն կը հասկցուէր պատկանած ընտանիքին հարստութեան աստիճանը, որով Ատանայի կիներէն շատերը իրենց ամուսինէն աւելի հարուստ կ՚ըլլային. (երանի՜ թէ այդպէս չըլլար եւ հիմա գողերու կոկորդը չանցնէր…): Շատ կիներ, երիտասարդ եւ տարիքոտ, իրենց թեւերուն վրայ կը կրէին 5-6 զոյգ հաստ պուրմա ոսկի ապարանջաններ (որոնցմէ մէկ զոյգը միայն 20-30 ոսկի է): Աղջիկ մը հինգ տարեկանէն կը սկսէր ոսկի զարդերով զարդարուիլ հօրը կողմէ եւ վերջն ալ ամուսնոյն նուէրներն ալ վրան աւելնալով ոսկիներու ծանր բեռի մը տակ կը մնար եւ այդ բեռին ծանրութեան աստիճանով խրոխտ ու հպարտ կ՚ըլլար Օրիորդը կամ Տիկինը:

Ամուսնութեան հանդէսները Ատանայի մէջ խիստ փայլուն կ՚ըլլար եւ մեծամեծ ծախքերու դուռ կը բանար, այնպէս որ ամուսնանալու պատրաստուող երիտասարդ մը ապագայ ապրուստէն աւելի հարսանեկան ծախքերը կը մտածէր եւ որով շատեր հարսանեկան ծախքերու չափազանցութենէն չէին կրնար ամուսնանալ: Բարեբախտաբար վերջին տարիներս, շնորհիւ Տ. Մուշեղ Սրբազանի ջանքերուն, ծախքերն բաւական թեթեւացած էին:

ՀԱՐՍՆԻՔ

Ատանայի մէջ նշանախօսութեան եւ պսակի մէջ շատ կարճ միջոց մը կը թողուն: Նշանախօսութենէն մինչեւ ութ օր կամ շատ շատ տասնեւհինգ օրէն պսակը կը կատարուի: Աղջկան օժիտներն արդէն շատերուն պատրաստ կ՚ըլլայ, տեղական սովորութեամբ 5-10 ձեռք զգեստ, մեծ հայելի, դարակ, անկողին, գորգ եւ այլն, որոնք պսակէն օր մը առաջ փառաւոր կառքերով կը ղրկուին երիտասարդին տունը:

Պսակները ընդհանրապէս երկուշաբթի եւ քիչ անգամ հինգշաբթի օրերը կը կատարուին: Պսակի օրը առտուն երիտասարդին քոյրը եւ կամ ազգական հարսեր եւ աղջիկներ հարսի զգեստն առնելով կ՚երթան հարսնուցին տունը «մազերը հիւսելու», ուր հարսնցուն մէջտեղ բերելով, երգերով կը գովեն եւ կը յուզեն աղջիկը եւ կը հիւսեն մազերը:

Նոր հարսի զգեստը հագցնելով ամուսնութեան քօղը կը նետեն գլուխը եւ ուրախ զուարթ կը վերադառնան տուն, աւետելով հարսին պատրաստ ըլլալն:

Կէսօրուան մօտ փեսացուն, ամուրի երիտասարդներ շրջապատած, զգեստը կը հագցունեն երգերով եւ հազար ու մէկ զուարճաբանութիւններով, որուն միջոցին ամուսնացեալներուն համար արգիլեալ է փեսին սենեակը մտնել: «Խորհուրդ խորհին» երգելով փեսան կը բերեն քահանային առջեւ եւ օրհնութիւններով կը հագուեցնեն փեսութեան զգեստը:

Կէսօրին արդէն հրաւիրեալները հասած ճամբայ կ՚ելլեն երթալու համար հարսին տունը: Ժամանակին այլազան նուագներով եւ աղմուկներով կ՚երթային, սակայն վերջին տարիներս նուագի ներկայութիւնը բոլորովին արգիլուեցաւ Առաջնորդարանի կողմէ: Իսկ վերջերս հարսենական թափօրը փողոցներէն կ՚անցնէր լուռ ու մունջ: Հարսնցուին տունը մի քանի վայրկեան սպասելով սուրճ մը խմելէ ետքը հարսը կ՚առնեն եւ հարսին քոյրերը կամ ազգականները թեւերը մտած փեսին ետեւէն կ՚առաջնորդեն պատկանած եկեղեցին, ուր արդէն քահանաները զգեստաւորեալ պատրաստ կը սպասեն եւ որով անմիջապէս կը կատարուի Ս. Պսակի արարողութիւնը:

Շատ անգամներ տասնեակներով պսակներ իրարու քով կեցած մէկ աղօթքով կը կատարուին՝ ազատելով քահանաները երկար յոգնութիւններէ…

Եկեղեցիէն վերջը հարսին թեւը կը մտնէ երիտասարդին քոյրը կամ մօտ մէկ ազգականուհին եւ կամ օրուան նորութեան հետեւողները՝ փեսին թեւը կու տան նորապսակ հարսը եւ թափօրը կ՚առաջնորդուի փեսին տունը: Թափօրին փողոցներէն անցած ատեն, փեսին ծանօթներուն կողմէ մեծամեծ պատիւներ կը շռայլուին, հոտեղէններ, դրամներ եւ շաքարներ սփռուելով: Իսկ ջրկիր թուրք եւ հայ լաճեր, շահու համար ջուրի կոյժեր կը կոտրեն փեսին ոտքին տակ, պոռալով «Ալլահ խայըրլը էյլէսին, կէօրիւպ կէօրէճէկին պու օլսուն»: Ասոր փոխարէն փեսին պարագաներուն կողմէ կը վճարուի դրամական նուէրներ: Փեսին դրան առջեւ եւս մսավաճառներու կամ հարսնետան կողմէ նոր հարս ու փեսին ոտքերուն տակ կը մորթուի մատաղ ոչխարներ եւ կը բաշխուի աղքատներու: Հրաւիրեալներուն իբրեւ պատիւ կը բաշխուի գոյնզգոյն ծրարիկներով շաքարներ, որոնք առնելէ վերջ իրենց բաժինները կը շնորհաւորեն հարսնետէրը եւ նոր փեսան, կրկնելով միշտ «Կէօրիւպ կէօրէճէկին պու օսլուն» - «Տեսած եւ տեսնելիքդ այս ըլլայ»ի բանաձեւը եւ կը մեկնին:

Իրիկուան դէմ փեսին կողմէ ձմերուկ մը կը ղրկուի աղջկան ծնողքին տունը իբրեւ հրաւէր, որուն ի պատասխանք փեսին տունը կու գան նոր հարսին եղբայրը եւ ուրիշ ազգական երիտասարդներ պտուղներով բեռցուած, որոնք եւս բաւական զուարճութիւններ վայելելէ ետքը «Տեսած եւ տեսնելիքդ այս ըլլայ» բանաձեւի մաղթանքներով կը մեկնին:

Հարսնիքէն ութ օր ետքը տեղական բառով «Գարշը փազար»ի շնորհաւորութեան կու գան աղջկան ծնողքն ու ազգականները հարսնետունը, ուր երիտասարդին ալ ազգականները հրաւիրելով զուարճութիւններ ու կերուխումեր կը կատարուին: Ասկէ ութ օր ետքն ալ հարսը՝ ծնողքին տունը կը տանին, հոն եւս բաւական կերուխումներէն ետքը հարսն ու փեսան տուն կ՚առնեն եւ մի քանի օր մնալէ ետքը թէ՛ նոր փեսան եւ թէ՛ հարսը նորանոր նուէրներ առած, փեսին ոսկի ժամացոյց եւ հարսին արժէքաւոր անօթ մը տրուած կը դառնան իրենց տունը եւ կը նետուին կեանքի պայքարին ասպարէզը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2023