«ԳՈՒՆԱՒՈՐ» ԴԱՍԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Խօսքս պիտի չերկարեմ: Անցեալ դարու 70-ականներու վերջին քառորդին, երբ ընտանեօք այս երկրի Տիթրոյիթ քաղաքը նոր հաստատուած եւ առաջին իսկ առիթով տէր եւ տիկին մօտիկ խանութը գնումի գացած էինք, հաւանաբար մեկնելով մորթիս գոյնէն, յանկարծ խանութի մուտքի դրամարկղին դիմաց կեցող տարիքոտ պաշտօնեայ տիկինը, շատ մտերմիկ հարցուցած էր, թէ ես «ուրկէ՞» էի:

-«Ֆրամ Ալէփփօ», պատասխանած էի հպարտօրէն:

-«Ուէր իզ Ալէփփօ», հարցուցած էր այս օտարը, քիչ մը անտարբեր ոճով, միաժամանակ շարունակելով իր գործը:

-«Ալէփփօ՛, Սիրիա՛», կրկնած էի արագ եւ աւելցուցած. «Եու տօնթ նօ», ըսած էի ձայնիս զարմանքի այնպիսի երանգ մըն ալ տալով, որ խորքին մէջ կար նաեւ՝ «տըմպօ՛, այս տարիքը հասած ես եւ տակաւին Հալէպին ուր ըլլալը չե՞ս գիտեր…», բաժինն ալ: Վայրկեանին, կինս միջամտելով բացատրած էր, թէ Հալէպը կը գտնուէր Սուրիոյ մէջ եւ թէ Սուրիան ալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ… եւ… եւ… Իսրայէլի հիւսիսը…:

Գիւտ մը: Այսչափ: Կինը, հազիւ Իսրայէլ բառը լսած, յանկարծ «ո՜հ» բացագանչած եւ գլուխը շարժած էր, իբրեւ հասկնալու նշան եւ իր աշխատանքը շարունակած, առանց նոյնիսկ շնորհակալութիւն յայտնելու, որ գոնէ այդ օր աշխարհագրութեան նոր «դաս» մը սորված էր: Ձրի նոր գիտելիք մը, եթէ կ՚ուզէք, ընդհանուր զարգացում:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, վայրկեանին այր եւ կին իրարու երես նայած էինք եւ լռելեայն ու մտովի մեկնաբանութիւններ կատարելով՝ հեռացած:

Բայց ինչո՞ւ այս օրինակը: Կը կարծեմ, որ դարձեալ նիւթէս շեղած էի:

-Հա՛, յիշեցի:

Եթէ վերը յուշերս նուագած էի հին լարերուս վրայ, այժմ պիտի փորձեմ «նորերուն» վրայ:

Այսպէս, դարձեալ անցեալ դարու 90-ականներուն, երբ ամերիկեան բանակը Քուէյթ եւ Իրաք մտած ու «նստած» էր, արդէն յաջորդող քանի մը ամիսներուն, ամբողջ աշխարհը գրեթէ գոց սորված էր, թէ ո՞ւր կը գտնուէին Քուէյթը, ապա Իրաքը ու մանաւանդ անոր մայրաքաղաք Պաղտատը, ապա՝ Քերքիւքն ու Պասրան, Մուսուլն ու այլ քաղաքները: Աւելին՝ աշխարհը նաեւ տեղեակ եղած էր, թէ ո՛վ էր քիւրտը կամ ի՛նչ էր տարբերութիւնը իսլամ «սիւննի»ին եւ իսլամ «շիի»ն: Ահա քեզի քաղաքականութիւն: Եկուր եւ հասկցիր:

Բայց կը կարծեմ, որ գոնէ այս անգամ, համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ ամերիկեան բանակին՝ Միջին Արեւելքի եւ Ծոցի ու յատկապէս Իրաքի մասին առատ եւ ձրիօրէն նման տեղեկութիւններ «բաշխելուն» համար: Տեղեկութիւններ, սակայն արիւնոտ եւ ցաւալի, որոնք միաժամանակ հազարաւոր անմեղ մարդկանց արիւնով շաղախուած էին:

Ահա հիմա, կը կարծեմ, որ վերջապէս գոնէ նիւթիս մօտեցած եմ:

Այս բոլորին վրայ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ասկէ շատ տարիներ առաջ, դարձեալ քաղաքականութիւն ըսուած խաղին շնորհիւ, աշխարհը շատ աւելի մօտէն ծանօթացաւ Սուրիոյ, ո՛չ միայն անոր մայրաքաղաք Դամասկոսին, այլեւ անոր գլխաւոր քաղաքներուն ալ: Իսկապէս որ՝ հիւանդագին եւ վտանգաւոր երեւոյթ: Համաճարակներու նման՝ վարակիչ: Հիւանդութիւններ, որոնց վախը աւելի զոհ կը խլէ, քան մանրէն:

Պռաւօ՛, կ՚ըսեմ այս «ուսուցիչներուն», որոնց տուած աշխարհագրութեան նոր եւ ձրի դասերուն համար համայն աշխարհը անպայման շնորհապարտ պէտք է ըլլայ:

Դասեր՝ օր ցերեկով եւ ան ալ համայն աշխարհի աչքին առջեւ:

Դասեր, որոնց համար շատ սուղ գին վճարած էր ի՛նք, տեղացի ժողովուրդը եւ նոյնիսկ մենք՝ իբրեւ այդ երկրի երկար տարիներու հաւատարիմ քաղաքացիներ:

Դասեր, որոնք տասնեակ հազարաւոր մարդոց կեանքերը խլած էին, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւորներ՝ անտէր եւ անտիրական դարձուցած, աւերակներու եւ փլատակներու վերածած անոնց բնակարանները: Այլ խօսքով՝ խառնաշփոթ քարտէս: Ու այս իրադարձութիւններէն մեկնած, այս օրերուն շատ դժուար է աշխարհի վիճակը բնորոշել: Իսկ եթէ այս վարկածը ճիշդ էր, հապա… հայութեա՞ն վիճակը:

Անոր համար եւ ամէն օր կ՚այպանենք այս 21-րդ դարը, որ դարձած է ամեհի եւ խստաբարոյ եւ որ ունի ջղային տրոփում: Հակասական եւ անհաւասար:

Ամէն ինչ բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի: Ո՛չ ոք գիտէ, թէ վաղուան լոյսին հետ ի՜նչ ուրուականներ պիտի ծնին: Աշխարհի մեծերու դէմքերուն վրայ դժոխքի կնիքը շատ յստակ տեսանելի է:

Անոր համար լուրջ եւ խոհեմ, առողջ մտածողութեամբ, գիտակից, հեռատես եւ արթուն ղեկավարութիւն է պէտք, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի մէջ: Բայց…

Վերջապէս, ի՞նչ կը նշանակէ այս բայցը… ի՞նչ ըսել կ՚ուզուի…

Վաղը, հաւանաբար քաղաքականութիւն «խաղացող» այդ մեծերը, որոնք մինչեւ հիմա տարբեր ձեւերով բեմ բարձրացած եւ մէջտեղ եկած էին, կրնան նոր քաղաքականութիւններ «ածել» ժողովուրդներու գլխուն: Նոր ու ծանր «խաղեր» կրնան խաղալ ու դարձեալ երկիրները արիւնով «լուալ»: Ասոնք նորութիւններ չեն. շատեր կ՚ըսեն՝ իրենց արեան մէջ են, կ՚աւելցնեն ուրիշներ:

Հետաքրքրական է սակայն գիտնալ, թէ ա՛յս անգամ որո՛ւն «քիթը» պիտի արիւնի: Հապա մենք: Ա՜խ, մե՛նք. այնպէս կ՚երեւի, թէ մենք հեռու ենք այս բոլորէն: Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նման «բաներ» լուրջի չենք առած: Կարծես տարբեր մոլորակի մէջ կ՚ապրինք: Ազգովին միշտ դժգոհ ենք իրարմէ: Զիրար չխաբենք: Բայց հիմա ատոր ժամանակը չէ, որովհետեւ վաղը, շատ հաւանաբար, երբ աշխարհը աշխարհագրութեան նոր դասեր ստանայ, մենք ո՞ւր կեցած պիտի ըլլանք: Արդեօք գիտե՞նք թէ ուր… Արդեօք պատրաստ պիտի ըլլա՞նք այդ «դասերուն»: Հարկ է մենք մեզի հարց տանք: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դիրքը, մեր կեցուածքը: Լաւ նայինք մեր շուրջը: Է՜հ, որքա՞ն է մեր ազգային գիտակցութեան չափանիշը: Արդեօք «բան» մը սորվա՞ծ ենք «Արաբական գարուն»էն:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2023