ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան խօսելով «Սփութնիկ Արմենիա»ին, շատ կարեւոր տեղեկութիւններ յայտնած է այս օրերուն ամէն հայ քրիստոնեան մտահոգող հարցերուն մասին: Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք սահմանէն անդին մնացած են բազում քրիստոնէական կառոյցներ՝ վանքեր, եկեղեցիներ, աղօթավայրեր, խաչքարեր, հայ մարդուն հոգիին, սրտին եւ պատմութեան սերտ կապուած անուններ, որոնց կորուստին հետ տակաւին չէ հաշտուած ոչ ոք:

Մտահոգութիւնը մէկն է՝ արդեօք ի՞նչ ճակատագրի կ՚արժանանան այդ կոթողները: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ ատրպէյճանցիները հակուած չեն սրբօրէն պահպանելու ինչ որ հայկական է, հայկական հետք կը կրէ եւ մանաւանդ հայուն հոգեհարազատ է: Պատերազմի սկիզբին արդէն ականատես եղանք եկեղեցիներու հանդէպ թիրախային գործողութիւններու, իսկ պատերազմի աւարտէն ետք այդ արարքները բազմապատկուեցան…

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, ինչպէս կը տեղեկացնէ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան, պատերազմի սկիզբէն ի վեր իր ուշադրութեան տակ առած է այս հանգամանքը եւ բազմիցս հանդէս եկած յայտարարութեամբ, խնդիրը նաեւ ներկայացուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն, քոյր եկեղեցիներու հովուապետերուն ու զանազան կրօնապետերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական կառոյցներու ուշադրութեան։

«Ցաւօք, թէ՛ պատերազմի ընթացքին, թէ՛ յետպատերազմեան շրջանին մենք ականատեսը դարձանք համացանցին վրայ տարածուող մեր տաճարներու, խաչքարերու պղծման եւ անարգման տեսանիւթերուն։ Միջազգային հանրութիւնը տակաւին պիտի արձագանգէ այս բարբարոսութիւններուն: Որոշ նշաններ արդէն կը տեսնենք։ Այս գործը հայկական կողմէն միասնական շարունակական ջանքեր կը պահանջէ», իր մտահոգութիւնը յայտնելով ըսած է Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան եւ յայտնած է, որ նոյեմբեր 9-էն ետք հայոց եկեղեցին կանգնած է նոր իրողութեան առջեւ:

Ան տեղեկացուցած է, որ զաւթուած, ապա համատեղ յայտարարութեամբ յանձնուած տարածքներուն մէջ մնացած են Արցախի թեմի շուրջ 130 պատմական եւ նորակառոյց վանքեր եւ եկեղեցիներ, որոնց մէջ կան 4-7-րդ դարերուն թուագրուող նշանաւոր սրբավայրեր, հազարաւոր խաչքարեր։ Ան ցաւ յայտնած է, որ երբեմն նոյնիսկ կարելի չէ եղած դուրս հանել եկեղեցական պարագաները, սրբանկարները եւ այլ իրեր:

Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան մխիթարական կը նկատէ այն, որ նոյեմբեր 9-էն ետք Ռուսաստանի Դաշնութեան իշխանութիւնները եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութին մասնաւոր ուշադրութեան տակ կը պահեն սրբավայրերուն հարցը՝ համոզուած ըլլալով, թէ որքան կարեւոր եւ զգայուն է այդ հարցը մեր ժողովուրդին համար։ Նկատելի է, որ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ այս հարցը կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ։ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան կը վստահեցնէ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նոյնպէս զանազան խողովակներով ամէնօրեայ ջանքեր կը գործադրէ սահմանամերձ գօտիներէն ներս մեր վանքերու անվտանգութեան ապահովման եւ փոխանցուած տարածքներուն վրայ հայոց սրբատեղիներու անխաթար պահպանման ուղղութեամբ, այդ խնդիրները դրուած են օրեր առաջ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ՝ Արցախի թեմի նոր առաջնորդ նշանակուած Տ. Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեանին եւ Մայր Աթոռի նորաստեղծ գրասենեակին առջեւ: Այդ գրասենեակը, որ կը կոչուի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով գրասենեակ, պիտի զբաղի բացառապէս այս հարցերով, գրասենեակին պատասխանատուն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ․ Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան։ Գրասենեակը կը հաւաքագրէ բոլոր այն կառոյցներուն անունները, որոնք այսօր կը գտնուին Արցախի տարածքին եւ անցած են սահմանէն անդին, կը հետեւի անոնց պահպանութեան եւ կ՚արձանագրէ բոլոր անպատշաճ քայլերը, ոտնձգութիւնները, որոնք կ՚առնուին այդ կառոյցներուն դէմ: Պատրաստուած է կայքէջ մը, որ յառաջիկային պիտի ներկայացուի, հոն կարելի է գտնել յուշարձաններուն ցանկերն ու անոնց մասին ամբողջական եւ համակարգուած տեղեկութիւններ:

Միաժամանակ, Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ, որ առկայ են մտահոգիչ երեւոյթներ՝ փորձեր ատրպէյճանական կողմէն՝ խեղաթիւրելու Արցախի մեր սրբավայրերուն ինքնութեան եւ պատկանելութեան շուրջ պատմական եղելութիւնները եւ այդ առումով մեծ աշխատանք կայ տանելու, աշխարհին պէտք է ներկայացուի ճշմարտութիւնը:

ԴԱԴԻՎԱՆՔԸ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԵՂԱՆԻՆ

Երբ նոյեմբեր 9-ի համատեղ յայտարարութեամբ յստակ դարձաւ, թէ ո՛ր տարածքները պէտք է յանձնուէին Ատրպէյճեանին, ակնյայտ էր, որ մեր կարգ մը պատմական տաճարներուն հետ նոյն ճակատագրին պիտի արժանանար նաեւ ճիշդ սահմանին տեղակայուած Դադիվանքը՝ արցախահայութեան եւ ընդհանրապէս ողջ հայութեան համար կարեւորագոյն այս ուխտատեղին։ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան կը տեղեկացնէ, որ այս մտահոգութեամբ եւ գործող, բայց վտանգուած վանքը փրկելու նպատակով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այն ժամանակ դիմած է իր հոգեւոր եղբօր՝ Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին՝ վանքին հոգեւոր առաքելութեան պահպանման գործին մէջ զօրակցութիւն բերելու համար։ Այսպիսով՝ Դադիվանքը եւս դարձած է բանակցութիւններու առարկայ։ Քիրիլ Պատրիարքի միջնորդական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է արձանագրել պատմական Դադիվանքի այսօրուայ կարգավիճակը։

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի ցուցումով ռուսական խաղաղապահ ուժերու ղեկավարութեան կողմէ վանքին անվտանգութեան ապահովման նպատակով տեղակայուած է խաղաղապահներու առանձին յենակէտ։

«Ճիշդ է, որ անցնող ամիսներուն ընթացքին ատրպէյճանցիներուն կողմէ փորձեր կատարուած են խաթարելու վանքին անդորրը, սակայն ատոնք կասեցուած են ռուս խաղաղապահներուն եւ ռուս եկեղեցւոյ սպասաւորներուն ջանքերով։ Այսօր մեր եկեղեցականները, այդ ծանր պայմաններուն տակ, կը շարունակեն Դադիվանքէն ներս իրենց ծառայութիւնը՝ ապահովելով ամէնօրեայ աստուածպաշտութիւնը եւ յանուն ազգի ու հայրենիքի առ Աստուած մատուցուող աղօթքը», կը տեղեկացնէ Տ. Վահրամ Քահանայ Մելիքեան

Ան ուրախութեամբ կը նշէ, որ ձեռք ձգուած համաձայնութեամբ ամէն կիրակի ուխտաւորները, խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ հնարաւորութիւն ունին Ստեփանակերտէն այցելելու Դադիվանք եւ մասնակցելու Սուրբ Պատարագին, ինչպէս նաեւ կազմակերպելու իրենց ծիսական արարողութիւնները:

Այս առումով հայոց եկեղեցին բազմիցս իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնութեան իշխանութիւններուն եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հովուապետին՝ բազմադարեայ բարեկամութեան ոգիին համահունչ դրսեւորուած այս աջակցութեան համար։

ԳԱՆՁԱՍԱՐԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ

Պատերազմի ամենաթեժ օրերուն, երբ կը հրթիռակոծուէին Շուշիի Ղազանչեցոցը եւ այլ նշանաւոր հոգեւոր կառոյցներ, խումբ մը նուիրեալներու ջանքերով Գանձասարի Մատենադարանի բացառիկ հաւաքածոն անվնաս տեղափոխուած է Երեւան: Անշուշտ, Գանձասարը ապահովութեան առումով աւելի լաւ վիճակի մէջ էր, քան Արցախի միւս վայրերը, բայց պատերազմի իւրաքանչիւր օրը անկանխատեսելի էր, ուստի որոշում առնուեցաւ հնագոյն ձեռագրերը, միւս գանձերը հանել Գանձասարի Մատենադարանէն: Այժմ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի ցուցասրահները ժամանակաւոր հիւրընկալած են Արցախէն բերուած ձեռագրերը: Անոնք՝ հարիւրէ աւելի հնագոյն ձեռագրեր, գիրքեր եւ վաւերագրեր են, որոնց մէկ էջին կորուստը կամ վնասը մեծ հարուած պիտի ըլլար հայ մշակոյթին:

Արցախի գրչութեան կեդրոններուն մէջ ստեղծուած յոյժ բացառիկ այդ ձեռագրերը հայոց ձեռագրական արուեստին անբաժանելի մասն են: Գանձասարի վանքին յարակից տարածքին մէջ գործող Արցախեան Մատենադարանը վերջին տարիներուն հիմնուած հայկական մշակութային, հոգեւոր կեդրոններէն մէկն է, ուր պատերազմէն առաջ հինգ տարի անընդմէջ այցելուներուն հոսքը չէր դադրած: Մօտաւոր տուեալեներով, հինգ տարուայ մէջ 60 հազար հոգի այցելած է: Հնգամեակը համընկնեցաւ պատերազմի օրերուն եւ Գանձասարի Մատենադարանը նշեց իր առաջին նշանակալից, փոքր յոբելեանը:

Պատմական Հայաստանի Արցախ եւ Սիւնիք նահանգներուն մէջ գրչագրուած եզակի մատեանները, Արցախի պատմութեան առընչուող հազուագիւտ վաւերագրերուն բնագրերն ու ընդօրինակութիւնները, հնատիպ գիրքերը, ինչպէս նաեւ պատմական հանգամանքներու բերումով Արցախի վանքերուն եւ եկեղեցիներուն մէջ ուրիշ շրջաններէ բերուած կամ փրկագնուած ձեռագրերը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ հանգրուանած են ժամանակաւորապէս: Անոնք առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային կը վերադառնան Արցախ, տեղի կ՚ունենայ Գանձասարի Մատենադարանի վերաբացումը եւ կը յիշատակուի անոր հինգամեակը:

ԿՈՒՍԱՆԱՆՑ ԱՆԱՊԱՏ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը զանազան առիթներով անդրադարձած է Արցախի սահմանէն անդին մնացած հայկական վանքերուն եւ պատմական վայրերուն: Այս անգամ կը ներկայացնենք Ատրպէյճանին յանձնուած հոգեւոր կառոյց մը եւս՝ Կուսանաց անապատի եկեղեցին: Արցախի Հանրապետութեան Շահումեանի շրջանը, Թարթառ գետի աջ ափին գտնուող վանքը յայտնի է Սուրբ Աստուածածին անունով, կառուցուած է 12-17-րդ դարերուն: Վանքին մէջ գտնուող յուշարձանախումբը կ՚ընդգրկէ չորս շինութիւն, որոնք իրարու կից կ՚երկարին արեւելք-արեւմուտք ուղղութեամբ։ Շինութիւններէն երկուքը փոքր չափերու եկեղեցիներ են, մէկը սիւնասրահ է, իսկ միւսը՝ սիւնասրահին կից գաւիթ։ Գաւիթէն զատ միւս երեքը կանգուն են։ Բոլոր շինութիւնները կառուցուած են անմշակ քարերով, կրաշաղախով, իսկ ներսէն նոյնպէս կիրով պատուած են:

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն 12-13 մեթր դէպի հարաւ կը գտնուին աւելի ուշ ժամանակներուն կառուցուած շինութիւններ, որոնք նոյնպէս կանգուն են։ Ասոնց մէջ կեդրոնական տեղ զբաղեցնող եկեղեցին եռանաւ թաղածածկ է։

Յուշարձանախումբին հարաւային եզրին միաբանութեան շինութիւններու աւերակներն են, իսկ հարաւ-արեւմտեան հատուածին վրայ պահպանուած է 12-13-րդ դարերու մատուռ մը:

Կուսանաց անապատի հնագոյն եկեղեցին կը թուագրուի 1174-ին։ Այս մասին կը վկայէ շինութեան արեւմտեան պատին փորագրուած արձանագրութիւնը։ Այս եկեղեցին, ինչպէս Արցախի բոլոր եկեղեցիները, խորհրդային տարիներուն գտնուելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տիրապետութեան տակ, վնասուածքներ կրած է: Յուշարձանը մեծապէս տուժած է այդ տարիներուն, մանաւանդ փորձ կատարուած է վերացնել հայկական հետքը՝ զայն աղուանական ներկայացնելու նպատակով։ 1993 թուականի ապրիլին, շրջանին ազատագրումէն ետք, այդ խաչքարերը չկային, սակայն վիմագէտներուն յայտնի են ատոնց վրայ կատարուած արձանագրութիւնները։

Այժմ հայկական կողմը հնարաւորութիւն չունի գիտնալու, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են այս պատերազմէն ետք միւս կողմը մնացած հայկական վանքերն ու եկեղեցիները: Ատրպէյճանը տեղեկութիւններ չի ներկայացներ, ինչպէս նաեւ չ՚արտօներ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ներկայացուցիչներուն՝ այցելել Արցախ:

ԻՒՆԷՍՔՕ-էն յայտնած են, որ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան առաքելութեամբ փորձագէտները Արցախ ղրկելու համար կը սպասեն Ատրպէյճանի պատասխանին։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարած է, թէ հարցը կը քաղաքականացուի։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը վստահ է, որ մամուլի համար կատարուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը «չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի ու ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համագործակցութեան ոգիին»։ Անոնք նշած են նաեւ, որ համագործակցութիւնը պէտք է կառուցուի անդամ երկիրներու ինքնավարութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը յարգելու հիման վրայ:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021