ՅԵՏՊԱՏԵՐԱԶՄԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Պատերազմները մարդկային արհաւիրքներ են: Պատերազմ հրահրողները մարդկային խումբերն են՝ պետութիւնները: Զէնք վաճառելու, շատ դրամ վաստակելու, նոր տարածքներ ձեռք բերելու համար կը սկսին պատերազմներ: Պատերազմներու ժամանակ մարդկային կեանքերը արժէք չունին: Պատերազմներու հոլովոյթին կը զոհուին բոլորը, նոյնիսկ ողջ մնացածները:

Թէ ի՞նչ խլեց մեզմէ պատերազմը՝ յայտնի է. հայրենիք, բազում անմեղ ու մատղաշ կեանքեր: Մի ամբողջ սերունդ զոհաբերեցին յանուն ազգադաւութեան: Յետպատերազմեան Հայաստանը ծանր կը հեւայ, հոգեվարքի մէջ է: Սեփական անառակ որդիի դաւաճանութիւնը անսպասելի էր ու ցաւոտ:

Միեւնոյն ժամանակ պատերազմը մեզի շատ բան սորվեցուց. զոր օրինակ՝ խաղաղ պայմաններու մէջ օր մը, երբ անհոգ ու երջանիկ էինք, սակայն չէինք գնահատեր մեր ազատութիւնն ու ունեցածը, կը շարունակէինք տրտնջալ՝ վստահ էինք, թէ Հայաստանի մէջ կ՚ապրին միմիայն հայեր: Սակայն, եկուր ու տես, որ մեր հայրենիքի մէջ հայու տականքները կը գերազանցեն զտարիւն հայերը:

Ո՞վ է հայը:

Հայը ան է, որ կ՚ապրի Արցախի ցաւով: Հայը ան է, որու աչքերը Արցախ ըսած ատեն կը տամկանան, սրտի զարկերը կը շատնան: Հայը ան է, որ կը պահէ հայոց լեզուն, հայկական մշակոյթը, որ յուսահատութեան պահին փոխանակ իր երկիրը լքելու, կ՚որոշէ մնալ ու արարել: Իսկ այն տականքը, որ թքած ունի Արցախի ճակատագրի վրայ, որ կը ծաղրէ հայ գիւղացին ու անոր բարբառը, պարապ տակառ ըլլալով հանդերձ կ՚արհամարհէ մեր եկեղեցին, լեզուն ու մշակոյթը՝ հայ կոչուելու իրաւունք չունի:

Աւա՜ղ, այս պատերազմը բացաւ մեր աչքերը: Մենք մեր ձեռքով յայտնուեցանք կրակի մէջ: Հայու տականքները բերելով իշխանութեան՝ կորսնցուցինք մեր հայրենիքի մէկ քառորդը, նաեւ քանի մը մատղաշ սերունդ:

Եւ ինչպէ՞ս քիչ-քիչ սորվիլ մեռնիլ...

Յետպատերազմեան Հայաստանի մէջ հայերը բաժնուեցան նիկոլականներու ու հայրենասէրներներու: Առաջինները՝ այդ ճղճիմ ու տգէտ հատուածին բնաւ չի հետաքրքրեր Արցախի ու Հայաստանի ճակատագիրը: Կարեւորը Փաշինեանը մնայ իշխանութեան, «նախկիններն» ալ ետ չգան: Մարդկային այս կոյտը սկսած է քամահրանքով վերաբերիլ տառապեալ արցախահայութեան: Անոնք վերջիններուս փոխանակ նեցուկ ըլլալու, սկսան վիրաւորանքներ ու հայհոյանքներ հասցնել:

Մինչեւ պատերազմը ես չէի ուզեր հաւատալ, որ հայը կրնայ ատել Արցախն ու արցախցին: Մինչեւ պատերազմը ինձ անծանօթ էր դաւաճանութիւն, ազգադաւութիւն, հայոց վիշտ ըսուածները: Միայն գիրքերու մէջ ընթերցած էի եւ պահի ազդեցութեան տակ ողբացած ազգիս ճակատագիրը: Սակայն վստահ էի, որ հայը այլեւս չի բռներ գաղթի ուղին, որպէսզի Հայաստանէն թիզ մը չպակսի: Սակայն պատմութիւնը ունի կրկնուելու սովորութիւն: Երեսուն տարի անց հայու սիրտը կրկին արիւնեցաւ, աչքերը տամկացան, երկիրը փոքրացաւ՝ Եռաբլուրը մեծցաւ:

Մինչեւ պատերազմը՝ երբ հայոց պատմութիւնը կը սերտէի, երբ կը հանդիպէին դաւաճանութեան, կը բորբոքէին, պարզապէս չէին կրնար պատկերացնել, թէ մէկ հոգին ինչպէ՞ս կրնայ վաճառել հայրենիք մը... Կամ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ անպատիժ թողել դաւաճանները...

Պատերազմէն վերջ պատմութիւնը կրկնուեցաւ. մերօրեայ դաւաճանները մինչեւ այսօր մնացած են անպատիժ եւ կը շարունակեն կատարել իրենց մութ գործերը:

Պատերազմը ուսուցիչ մըն է: Այսօր իմ մեծագոյն ցաւը իմ ծննդավայր Արցախի կորուստը չէ. իմ ցաւը դաւաճանութիւնն է: Բան մը հասկցայ, դարերու ընթացքին պատմական Հայաստանի սահմանները փոքրացան ո՛չ թէ պատերազմներու ժամանակ կրած պարտութեան պատճառաւ, այլեւ՝ դաւաճանութեան: Եթէ չըլլային հայու տականքները, այսօր Հայաստանի սահմանները կ՚ըլլային ամբողջական: Անհանգիստ եմ, քանզի գիտեմ կորուստի պատճառը: 380 հազար քառակուսի քիլօմեթր Հայաստանէն այսօր մնացած է 32 հազար: Մինչդեռ ընդամէնը երէկ ունէինք 42 հազար 500 քիլօմեթր քառակուսի տարածք:

Այսօր Փաշինեանը վաճառեց իմ հայրենիքի մէկ քառորդը, վաղը մէկ ուրիշ դաւաճան կը յայտնուի ու յիսուն կամ հարիւր տարի անց կ՚որոշէ վաճառել եւս քառորդ մը: Այսպէս ապագային Հայաստանէն կը մնայ ոչինչ:

Միակ լաւ բանը, որ պատերազմը ինծի տուաւ՝ Աստուծոյ մօտենալն է, հաւատքով ապրիլը:

76 օր՝ քանի մը օր խախտումով, նոյեմբերի 6-էն մինչեւ յունուարի 20-ը ծոմ բռնեցի: Նախապէս մինչեւ երեկոյեան ժամը վեց իմ ծոմապահութիւնը նուիրուած էր պատերազմին կամաւոր մասնակից եղբօրս, այնուհետեւ իմ ծննդավայր՝ Արցախիս: Պատերազմէն վերջ ալ զայն շարունակեցի յանուն Արցախի եւ Հայաստանի, քանզի Հայաստանի գլուխին նոյնպէս կը կուտակուին սեւ ամպեր:

Եթէ մինչեւ պատերազմը եկեղեցի երթալու, սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու համար չէի կրնար ժամանակ գտնել, ապա նոյեմբերի իննէն սկսեալ ամէն կիրակի հանդերձ ընտանեօք եկեղեցին ենք: Եթէ մինչեւ պատերազմը, ամէն օր կ՚ըսէի, թէ վաղուընէ պիտի սկսիմ Աստուածաշունչ կարդալ, ապա պատերազմէն ի վեր առանց Սուրբ Գրքի ընթերցանութեան աչքերս չեմ գոցեր: Եթէ մինչեւ պատերազմ երբեմն կ՚աղօթէի, ապա պատերազմի առաջին իսկ օրուընէ սկսեալ աղօթքը շուրթերուս է՝ օրը քանի մը անգամ:

Սեպտեմբերի 27-էն սկսեալ կ՚ապրիմ ապաշխարհելով, հաւատքով ու յոյսով:

Պատերազմէն քաղած կարեւորագոյն դասերէն մին՝ թող Աստուծոյ կամքը ըլլայ Արցախի ու Հայաստանի ճակատագրերուն մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021