ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան այժմ կը նմանի արգելակները կորսնցուցած հանրաշարժի մը, որ մեծ արագութեան տակ կը սլանայ դէպի... Դէպի մահ, դէպի խաւար, դէպի ինքնաոչնչացում:

Ուղեւորներուն մեծամասնութիւնը գոհ է իր կեանքէն: Հատուած մըն ալ՝ աչքերը գոց, խոշոր ականջակալներն ալ ականջներուն դրած բարձրաձայն երաժշտութեան ելեւէջներուն համահունչ, կը շարժէ իր մարմինն ու գլուխը: Մնացեալներն ալ գիտակցելով վերահասու աղէտը՝ կը փորձեն սթափեցնել շուրջինները, սակայն ապարդիւն: Անոնց խօսքը մտիկ ընող, անոնց ահազանգին հաւատացող չկայ: Ոչ մէկ կերպով կը հաւատան, թէ հանրաշարժի արգելակները խափանուած են: Աւա՜ղ: Այդ ընթացքին, ընդամէնը մէկ-երկու հոգի ի խորոց սրտէ կը զրուցէ Տիրոջ հետ, կ՚աղօթէ: Փրկութեան համար այս թիւը քիչ է: Սակայն փրկութեան յոյսը չէ մեռած, կ՚ապրի՝ դառնալով զօրեղ մե՛րթ թոյլ կամ ուժեղ:

Գոհ ու անտարբեր հատուածը հաւատացած է, թէ բարձր արագութեան տակ սլանալը, թէկուզ առանց արգելակներու, օգտակար է իրեն համար: Այսպէս, արագ կը սլանայ դէպի պանծալի աշխարհ: Աշխարհէն կտրուած կը միանայ վերջապէս աշխարհին: Շուտով պիտի դառնայ մեծ աշխարհի մասնիկ մը՝ գերժամանակակից մարդիկ ու երկիր պիտի ըլլան՝ ազատ ու անկախ: Թող փլին սահմանները, թող խլանան զէնքերը, թող ըլլայ աշխարհ մը ու մարդկութիւն: Թող կորսուին ազգերը. ազգեր գոյութիւն չունին: Անոնց մօտ երջանկութեան չափաբաժինը հասած է գագաթնակէտին: Հետաքրքրական է՝ առաջի՞ն անգամ է, որ հայութիւնը այսպէս ուրախ կը սլանայ դէպի ինքնակործանում, թէ այս անգամ նոյնպէս, պատմութեան հերթական կրկնութիւնն է:

Սթափութեան կոչեր հնչեցնողներու կոկորդները չորցան պոռալէն. յոգնեցան խեղճերը: Թող ըլլայ այն, ինչ որ պիտի ըլլայ... ասիկայ յոգնածութեան ձայնն էր, որ օգտուելով պատեհ առիթէն՝ լսելի դարցուց իր ձայնը: Յոյսը անմիջապէս խլացուց զայն. «Քիչ մը հանգչեցէք: Խնայեցէք ձեր ուժերը, ապարդիւն մի վատնէք»։ Խօսեցաւ յոյսը:

Աղմուկ-աղաղակը շատ է: Աստուծոյ ներկայութիւնը ոչ մէկը կը զգայ: Մէկ-երկու աղօթողները կը շարունակեն ապաշխարիլ: Կարծես վերջիններուս շարքերը համալրել ցանկացողներ կան: Ահաւասիկ գոհացուցիչ լուր մը:

Ես նոյնպէս յոգնեցայ, սակայն չյուսահատեցայ: Զիս կը տխրեցնէ մարդոց կուրօրէն սէրը չարի նկատմամբ: Ժողովուրդը արբեցած է մեղքով: Կը վայելէ, հաճոյք կը ստանայ մեղանչելէ: Հարկաւ բթացած գիտակցութիւնը զայն կը մատուցէ՝ որպէս ճշմարտութիւնը: Նոյն բանն է, թէ խոզի մսի փոխարէն մատուցես ոչխարի միս եւ բոլորը հաւատան:

Գիշերային Երեւանը կորսնցուցած է իր երբեմնի շքեղութիւնը: Հին ու բարի բնակիչները կորսուած են զբօսաշրջիկներու հոծ խումբերու մէջ: Ոմանց սիրտը կը փառաւորուի այս տեսարանէն՝ հայութեան մայրաքաղաքը վերածուած է աշխարհի մայրաքաղաքի:

Կեղծ օրակարգ ու փուճ ուրախութիւն: Ինչքա՞ն կարելի է վէրքի վրայ թռվռալ... Ինչքա՞ն կարելի է պաշտել սուտը, կեղծիքը: Ինչքա՞ն կարելի է ապրիլ առանց Աստուծոյ: Կը բաւէ:

Օրը կու գայ՝ բարին ալ հետը: Եթէ նայինք այսօրուայ պատկերին, յուսադրող ոչինչ կայ: Սակայն, այս բոլորին հետ, պէտք չէ մոռնալ Տիրոջ անսահման բարութիւնն ու ողորմութիւնը: Թէպէտ արժանի չենք ներումի, թէպէտ ազգովի կ՚ընենք ոչինչ Աստուծոյ ողորմութեան արժանանալու համար, սակայն Աստուած ողորմած է: Ահաւասիկ յոյսը, որ միշտ կ՚ապրի:

Ինծի բաժին հասած յոյսն ու հաւատքը անդադար կը ստիպեն զիս՝ նայելու իմ հոգիի խորքը, տնտղելու իմ ներաշխարհը, փորձելու նախեւառաջ ճանչնալ ինքզինքս: Այդ ճանապարհին յաճախ կը վշտանամ, երբեմն ալ կը գոհանամ: Առերեսուելով իմ բոլոր թերութիւններուն ու բացթողումներուն հետ՝ կը վշտանամ: Բացայայտելով որեւէ դրական գիծ մը կամ հրաժարում մը նախկին մեղքէ՝ կը փառաւորեն իմ սիրտը: Մեծագոյն ցաւը կը պատճառէ՝ որեւէ մեղքէ հրաժարելու անկարողութիւնը: Սա տանջանք մըն է. «Տէր իմ, օգնէ զիս այսքան շատ չսիրել մեղքը»: Յաճախ կը մրմնջեմ այս աղօթքը:

Ժամացոյցի սլաքները կը շտապեն առաջ, իսկ մենք ազգովի՝ դէպի անյայտութիւն: Յայտնի չէ, թէ ո՞ւր պիտի ըլլայ մեր սերունդի վերջին կանգառը։ Արդեօք արժանի պիտի ըլլա՞նք մեր կեանքի մայրամուտը հայոց հողի վրայ ապրելու, Հայաստանի մէջ գերեզման ունենալու՝ մշուշոտ է: Արցախ... Արայի ցախը դարձաւ ցաւ: Ո՞վ պիտի բուժէ զայն... Մե՞նք, թէ մեր երեխաները: Արդեօք արցախցին կրնա՞յ ապրիլ առանց Արցախի... Այս բոլոր հարցումներու պատասխանները քօղարկուած են մշուշի տակ: Հապա պետականութի՞ւնը, պիտի ունենա՞նք... Ան նոյնպէս վտանգուած է: Նորանոր, ահասարսուռ վտանգները ճանապարհին են: Իսկ գուցէ այս բոլոր տանջանքներն ու տառապանքները կոչուած են յղկելու, կոփելու մեր սրտերն ու հոգիները: Ժամանակը պիտի ցուցնէ: Այժմ մտիկ ընենք մեր ներքին ձայնը եւ քիչ մը հանգչինք: Վերականգնենք մեր ուժերը եւ պատրաստուինք տէր ըլլալու մեր երկրին: Եկէք-ձգեցէք, որպէսզի Քրիստոս Աստուած առաջնորդէ մեր կեանքերն ու երկիրը: Իսկ մենք աչալուրջ ըլլանք Տիրոջ պատգամներուն համար: 

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յուլիս 28, 2022