ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՏԱՐԻՔ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ

«Հայ միասնութան խաչ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար եւ Մաչանեան տան հիմնադիր-նախագահ Գրիգոր Մաչանենց-Բաբախանեանի հետ վերջերս ունեցանք տեսակցութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր զրոյցին սղագրութիւնը։

*

-Ոեւէ մէկը երբ Մաչանենց տուն մտնէ, առաջին տպաւորութիւնը որ կ՚ունենայ այն է, թէ այս հաստատութեան ակունքներուն մէջ եղող անձը անցեալով ապրող, ներկան արժեւորող եւ ապագայի նկատմամբ տեսլական ունեցող անձնաւորութիւն մըն է. մէկ խօսքով անցեալը, ներկան եւ ապագան Մաչանենց տունէն ներս եռամիասնութիւն մըն են եւ այդ եռամիասնութեամբ է, որ այս հաստատութիւնը իր առաքելութիւնը կը կատարէ: Ի՞նչ տեսլական, ի՞նչ նպատակ ունեցած էք, կամքի գործօնը ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցած է ձեր այս գործունէութեան մէջ, որով 17 տարեկան պատանի-երիտասարդ Գրիգորը սկիզբ դրած է «Հայ միասնութեան խաչ» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան եւ չբաւարարուելով, տարիներու ընթացքին ընդարձակած է իր գործունէութեան ծաւալը հասնելու համար անոր՝ ինչ որ այսօր գոյ է:

-Առաջին հերթին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այս հարցազրոյցին համար, ինծի հարազատ օրաթերթի մը ներկայացուցիչին կողմէ, որովհետեւ շուրջ տասնհինգ տարիներ առաջ երբ Պոլիսի մէջ, Պատրիարքարանի շրջափակէն ներս Մաչանենցի գորգերը ցուցահանդէսով կը ներկայացնէինք, առիթ ունեցայ գտնուելու ձեր խմբագրութենէն ներս՝ հիւրընկալուելով պրն. Արային եւ տիկին Նատիային կողմէ ու հարցազրոյց մըն ալ տուի այդ ժամանակ: Շատ ուրախ եմ, որ դուք Հայաստանի մէջ հաստատուած էք եւ ուրախ եմ այս հարցազրոյցին համար:

Ձեր կատարած ակնարկը այդ երեք ժամանակներու միացութեամբ զիս շատ հետաքրքրեց, որով մեր կապը անցեալին հետ զօրաւոր է, ներկան մեր բոլոր բջիջներով կը զգանք եւ համարձակութիւն ունինք տեսլական, հաւատք եւ վճռականութիւն ունենալու ապագային նկատմամբ: Կը կարծեմ, թէ իւրաքանչիւր մարդ իր կեանքը պէտք է եռաշերտ ծիածանի մը նմանցնէ. այդ եռաշերտութեան մէկ շերտը ներկան է, մէկ շերտը անցեալն է, մէկ շերտն ալ ապագան, ու մենք այդ շերտերը իրարմէ բաժնելով երբեք չենք կրնար ներդաշնակ ծիածան ունենալ, ինչ որ կրնայ մեր կեանքի յաջողութիւններուն խորհրդանիշը դառնալ, կամ խարիսխը քու հայերնի հողիդ վրայ. որովհետեւ առանց անցեալի նման ես ծառի մը, որ արմատ չունի. առանց ներկայի նման ես ծառի մը, որ արմատ ունի՝ բայց բունը տապալած է, իսկ եթէ արմատը՝ անցեալը ունիս, ներկան՝ բունը ունիս, բայց ծառրերը բերք չեն տար, տերեւներ չեն աճիր ծառերուդ վրայ, կը նշանակէ, թէ սխալ բան մը կայ եւ բնականաբար ապագայ չկայ, եւ հետեւաբար չկայ այդ ծառը, քանի որ այդ ծառը միայն զարդարիչ երեւոյթ կը դառնայ եւ ոչ պտղաբեր:

Մեր կազմակերպութիւնը, որ 1987-ին հիմնադրուած է, մէկ գաղափար ունեցած է՝ ազատութիւնը դիտարկել որպէս բարձրագոյն արժէք: Այդ ժամանակ ես 17 տարեկան էի եւ տակաւին Խորհրդային Միութիւնը կար, ես ինծի համար ազատութիւնը բարձրագոյն արժէք նկատած եմ: Ազատութեան համար՝ ծովին մէջ ազատ ըլլալու համար պէտք է անձնական նաւ ունենաս. եթէ անձնական նաւ չունիս, ուրեմն դուն պիտի ենթարկուիս ուղղութեան այն նաւի՝ որուն վրայ կը գտնուիս, որովհետեւ դուն ղեկէն շատ հեռու ես. այդ գաղափարն է, որ զիս եւ իմ ընկերներս մղեց, որպէսզի մենք մեր նաւը, մեր տապանը կառուցենք, թէեւ աննշան գիտակցութեամբ, թէ մենք հարուստներու տղաներ չէինք, եւ քաղաքական կամ որեւէ մէկ այլ հովանաւորութիւն չունէինք՝ որպէսզի մեզի թեւեր տային թռչելու համար, կամ մեծ նաւ տային նաւարկելու համար, ամէն պարագայի մենք այդ ճանապարհով ընթացանք. ընթացանք՝ թէեւ փոքրիկ, բայց անձնական թեւերու միջոցով թռչելով, մերժելով մեզի նուիրուած, վարձքով տրուած՝ նոյնիսկ ոսկեայ թեւերը, որոնք որեւէ պահի կրնային մեզ կրկին անգամ վերցնել, որով մենք մեր ազատութիւնը կը կորսնցնէինք: Մենք բաց ծով դուրս եկանք ու մեր նաւարկութիւնը 34-35 տարի առաջ սկսաւ:

Նշեցի, թէ մենք ոչինչ ունէինք. որու որ կ՚ըսեմ, չեն հաւատար, կ՚ըսեն, թէ գեղեցիկ պատմութիւն յօրինած եմ, բայց իրականին մէջ ոչինչ ունեցած ենք: Մենք գիւղի մէջ կ՚ապրէինք եւ այստեղ՝ Էջմիածինի մէջ մէկ մեթր հող ունենալը՝ Սուրբ Ղազար կղզին ունենալու նման էր: Մխիթար Սեբաստացին հող, դրամ ունէ՞ր. ո՛չ հող եւ ո՛չ ալ դրամ ունէր: 22 տարեկան երիտասարդ տղան Հռոմի Պապը ինչպէ՞ս համոզեց, որպէսզի այդ բորոտներու կղզին իրեն տայ ու ան բորոտներու կղզին առնելով բուժարանի, դրախտավայրի վերածեց: Այս բոլորը կամքի եւ կրքոտ երազելու հարց է. չեմ կրնար ըսել լաւ երազել, չեմ կրնար ըսել պինդ երազել, այլ՝ պէտք է կրքոտ երազես ու գիտակից ըլլաս, որ ամուսնութեամբ աւարտի հարցը: Ամուսնութիւն՝ երազներուդ հետ: Սիրոյ ամուսնութիւնը լաւ պտուղներ կու տայ: Աւելին ըսեմ. մենք չենք ունեցած կարկառուն հովանաւորներ, որուն արձանը դրուած ու գրուած ըլլար թէ այսինչ այսինչեանի դրամով իրագործուած է: Մեր սկիզբի պատմութիւնը այս է, ուրիշ գաղտնիք կամ ծածկուած բան չկայ. ստուերին տակ դրուած բան չկայ, ամէն ինչ արեւին տակ դրուած է:

Ու այսպէս, արդէն 35 տարի է, որ կեանքի այս փոթորկոտ ծովին մէջ ենք ու գիտենք, թէ մեր փարոսը ո՛ւր է. քանի որ, առանց փարոսի նաւերը ինչքան ալ շքեղ ըլլան, նպատակ չունեցող նաւեր կը մնան։ Այդ նաւերը կրնայ ըլլալ որ շատ աւելի արագ ճողփեն ջուրը, սակայն յայտնի չէ եւ չեն գիտեր, թէ ի՞նչ ուղղութեամբ կ՚երթան. իսկ աւելի փոքրիկ նաւը, անձնական տապանդ, -սեփականատիրական գաղափարի մասին չէ խօսքս-, ազատութեան տապանը, ձեռքերովդ կառուցած տապանը, որ կառուցելու ժամանակ յառաջացած բազմաթիւ վէրքերուն ու սպիներուն հետքերը մնացած են վրադ եւ միշտ կը յիշեցնեն քեզի որոշումիդ ու անսասանութեան մասին՝ յստակ ուղիով կ՚ընթանայ: Դուն կը նաւարկես՝ գիտակցելով, թէ փարոսդ ո՛ւր է, նոյնիսկ եթէ ան շօշափելի կերպով չ՚երեւիր, բայց դուն գիտես, որ պատին միւս կողմը յաջողութիւնդ է. նոյնն է պարագան, երբ դուն կը հաւատաս Աստուծոյ, բայց չես շօշափեր: Եթէ զԱստուած պիտի շօշափես եւ նոր հաւատաս, այդ պարագային հմայք մը՝ հաւատքի հմայքը կը կորսուի, առարկայական կը դառնայ, շօշափեմ ու նոր հաւատամ Քեզի…: Շա՜տ հետաքրքիր բառ է որ կ՚ըսեմ՝ հմայք. հաւատքին հետ հմայք: Հաւատքին հմայքը կը կորսուի: Ընդհանրապէս մարդուն երեւակայական խորհրդանիշ, երեւակայական երեւոյթ ըլլալու հանգամանքը կը կորսուի, պարզապէս հաշուիչ մեքենայի կը վերածուինք. տեսա՞յ Քեզ՝ հաւատացի, չտեսա՞յ՝ չեմ հաւատար. ուր մնաց ուրեմն զգացողութիւնը, ուր մնաց հեռատեսութիւնը, ուր մնաց զգալու կարողութիւնը, չտեսնելու՝ բայց զգալու կարողութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի ձեր միւս ըսածին՝ կամքին, թէ ձեր կամքը ինչպէ՞ս բաւարարեց, որ այս բոլոր յաջողութիւններուն հասաք. բնականաբար առանց կամքի ընթացք չկայ, առանց կամքի դժուարութիւնները խաղի վերածելու հեգնանք չկայ, որովհետեւ երբ դուն ունիս հզօր, երկաթէ, պողպատէ կամք, կեանքին դժուարութիւնները խաղի կանոններու կը վերածուին, կամ գրուած, կամ չգրուած կանոններ, բայց ատոնք ամէն պարագայի կեանքդ հետաքրքրական կը դարձնեն: Տարբեր առիթներով յաճախ կ՚ըսեմ, թէ դժուարութիւնները հաճոյք կը պատճառեն ինծի. դժբախտութիւններ մի՛ տար ինծի Աստուած, դժուարութիւններ՝ ինչքան կ՚ուզես տուր, քանի որ ես դժուարութիւն յաղթահարելով է, որ կը զգամ, թէ ես ինչ որ բան կը ներկայացնեմ ինձմէ, քանի որ փափուկ եւ հարթ ճանապարհը զիս քաղքենի, ծոյլ, յոյլ կը դարձնէ, իսկ այդպէս ապրիլ հետաքրքրական չէ, պարզապէս հետաքրքրական չէ: Եթէ դուն լեռ չբարձրանաս, չյաղթահարես այդ լեռը, որու ետին պահուըտած է երջանկութեանդ թալիսմանը, թոքերուդ տեղն անգամ չես իմանար, որովհետեւ թոքերդ բարձրացած ժամանակ է, որ իրենց առագաստները կը բանան. երբ դուն զանոնք քիչ մը ճնշումի տակ դնես, այդ առագաստները կը բացուին ու քամին իր գիրկին մէջ կ՚առնէ եւ արագութիւնդ կը տասնապատկուի:

-Մէկ խօսքով յուսահատութեան դիմաց Ձեր դուռը չէ՛ք բացած:

-Օրերս հետեւեալը գրած եմ. «Յուսահատութիւնը երկու անգամ այցելեց ինծի, եւ տեսնելով որ ուշադրութիւն չեմ դարձներ իրեն, հրաժարեցաւ այլեւս ինծի այցելելէ»: Յուսահատ մարդը շա՜տ վտանգաւոր վիճակի մէջ կը յայտնուի, այն աստիճան որ մէկը կը կախուի, միւսը կեանքը անիմաստ կը համարէ, իսկ երբ կեանքիդ մէջ անիմաստութեան սերմը իյնայ, այդ սերմը մոլախոտի նման կը բազմանայ, եւ օրին մէկն ալ կը նկատես, որ նոյնիսկ արթննալ չես ուզեր, իմաստ չես տեսներ եւ Աստուծոյ քեզի տուած ամէնօրեայ լոյսը այլեւս չուրախացներ քեզ, բայց երէկ՝ տակաւին կ՚ուրախացնէր, եւ այլեւս քեզի համար առաւօտը, ցերեկը եւ գիշերը խաւար կը դառնան, ու այս վիճակը քեզ յաւերժական խաւարին կը տանի ու դուն կ՚որոշես, որ այս կեանքին մէջ անպիտան ես, աւելորդ ես, եւ այլն, եւ քեզ առաստաղէն կախուած կը գտնեն… Կախուիլը դիւրին բան չէ. ի՞նչ կամք պէտք է. այդ քայլին գացողը փաստօրէն դուրս եկած է հոգեկան հաւասարակշռութենէն, իսկ ի՞նչ բանը ատոր կը հասցնէ, դատարկութիւնը: Յուսահատութիւնը դատարկութեան կը վերածուի: Դատարկութիւնը սարսափելի բան է: Յուսահատութիւնը դատարկութեան սկիզբն է, կնքահայրն է: Յուսահատութիւնը կնքահայր կը կանգնի ու դատարկութիւնը կը յառաջանայ, իսկ դատարկութիւնը կ՚ըսէ քեզի, ինչո՞ւ համար այստեղ կը մնաս, անիմաստ օրեր կ՚անցընես, այսպէս կամ այնպէս ո՛չ ոք ուշադրութիւն պիտի դարձնէ քեզի, ո՛չ ոք պիտի փառաբանէ քեզ, ո՛չ ոք շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ քեզի… Բայց ինչո՞ւ համար պէտք է փառաբանեն: Կը պատկերացնէ՞ք, իւրաքանչիւր մարդ սպասէ, որ փառաբանեն զինք. ո՛չ մէկէն ոչինչ պիտի ակնկալես՝ կայունանալու ամենէն զօրաւոր ձեւը այդ է: Ես զգացած եմ, որ զօրացած եմ այն պահին, երբ հասկցած եմ, որ ես ո՛չ մէկէն ոչինչ կ՚ուզեմ…, ցուպը վերցուցի եւ սկսայ առաջ երթալ:

-Անդրադարձաք ձեր ունեցած փորձին ու անցած ճանապարհին, արդեօք այդ փորձը երիտասարդութեան կը փոխանցէ՞ք, որովհետեւ այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ վերածուած ենք ծեր մարմինի մը եւ դժուարութիւն ունինք երիտասարդներուն հետ շփուելու, անոնց ներուժը օգտագործելու: Յատկապէս, մեծ սերունդը, լուրջ դժուարութիւն ունի ղեկը յանձնելու եւ տաք-տաք տեղաւորուած է իր աթոռին վրայ եւ չ՚ուզեր ղեկը փոխանցել…: Հարցումիս երկրորդ բաժինը, երբ Մաչանենց տուն կը մտնենք, ամէն կողմէ երիտասարդ մը դուրս կու գայ ժպիտը դէմքին՝ ի դէպ իւրայատուկ ժպիտով։ Պրն. Մաչանենցը կը ժպտայ ու կ՚ըսէ՝ «ի՜նչ լաւ գնահատական է»-, կը մօտենան, ազնուութեամբ կը բարեւեն, օգնութիւն կ՚առաջարկեն «այստեղ Պրն. Բաբախանեանը ժպտալով կ՚ըսէ՝ «լաւ նկատած էք»-, ի՞նչն է այս բոլորին գաղտնիքը, ինչպէ՞ս յաջողած էք սիրաշահիլ երիտասարդները:

-Հարցումին սկիզբէն անդրադառնամ, որպէսզի բացթողում չունենանք, որովհետեւ ճիշդ այսպէս ալ կ՚ապրի Մաչանենց տունը՝ «Հայ միասնութեան խաչ» մայր կառոյցին հետ, որ միշտ կը փորձէ ո՛չ մէկ հարց անպատասխան չձգել, ու կը կարծեմ այստեղէն կը սկսին մեր սկիբզն ու յաջողութիւնները:

Ինչ կը վերաբերի, թէ ես իմ փորձս կու տա՞մ կամ ոչ, անշուշտ կը փոխանցեմ, որովհետեւ մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք Նարեկացիի ըսած այն խօսքին, թէ «ո՜վ մարդ, գոռոզ մի՛ ըլլար, մեծամիտ մի՛ ըլլար, քանի որ նոյնիսկ քու շնչառութեանդ տէրը չես», այսինքն՝ Աստուած կրնայ իւրաքանչիւր վայրկեանի մեր շունչը առնել:

Երկու տարի առաջ յիսուն տարիս ամբողջացուցի, որոշեցի, թէ կէս դարը բաւական է, որ կեանքիդ գլխաւոր խնդիրները՝ չեմ ըսեր բոլորը, այլ՝ գլխաւոր խնդիրները լուծելու: Ես ինծի կը խօսէի. հապա Մեծարենցը, Դուրեանը, Վարուժանը, Գրգիգոր Զօհրապն ու միւս վաղամեռիկ մարդիկ ի՞նչ ընեն. յիսուն տարուան ընթացքին ինչ որ պէտք էր ընէի՝ կը կարծեմ կատարեցի ու առաջին հատորս փակեցի: Ի՞նչ ընեմ, որ տակաւին չեմ մեռած, տակաւին կ՚ապրիմ: Հիմա, յիսուն տարեկանէս ետք ինչ որ պիտի ընեմ՝ յաւելեալ արժէք պիտի ըլլայ, յաւելելալ արդիւնք պիտի ըլլայ: Եթէ մինչեւ յիսուն տարեկանս ապրած եմ ինծի, իմ ընտանիքիս համար՝ եօթանասուն կամ յիսուն տոկոսով, ու միւս յիսուն տոկոսով հանրութեան համար, ուրեմն յիսունէն ետք տեղերը պէտք է փոխուին, եւ աւելի շատ պէտք է հանրութեան տաս, քանի որ ընտանիքիդ խնդիրը արդէն իսկ լուծած ես եւ ընտանիքիդ անդամները ինքնուրոյն մարդիկ են այլեւս: Յիսուն տարեկանս ամբողջացնելէ ետք, մենք շատ արագ սերնդափոխութեան գործընթացին սկսանք. նախագահը 24 տարեկան երիտասարդ մը նշանակուեցաւ, օգնականը՝ 16 տարեկան. ինչքա՜ն փոքրացուցած ենք նիշը: Եթէ մարդը պատրաստ է՝ ինչու ոչ: Մակեդոնացին, օրինակի համար, 9 տարեկանին Պարսկաստանի դեսպան ըլլալ ընդունեց, 9 տարեկանին պատասխանատուութիւն վերցուց, որովհետեւ, ըստ իս, իր մօտ բնածին էր այդ յատկութիւնը: Արիստոտէլը ըլլալով իր ուսուցիչը յղկեց Մակեդոնացիին կարողութիւնները: Զաւակս՝ 16 տարեկան տղան, որ քիչ առաջ տեսաք, եթէ ինք պատրաստ է այս տարիքին աշխարհին հետ պատերազմի, միտքի պատերազմի մէջ մտնելու, ինչո՞ւ յետաձգենք այդ մէկը, փոխարէնը խղճանք, փափուկ պահենք: Ազգին սայլը կ՚ընթանայ արդէն, ազգին գնացքը կ՚երթայ արդէն, ետ մնացած ենք, ժամանակէն ետ մնացած ենք: Մեղքս ո՞րն է, որ իր տարիքի տղաները տարբեր պատերազմներու ընթացքին զոհուած են, եթէ իր տարիքը չէր բաւարարեր, որպէսզի պատերազմի երթար. բայց միտքի պատերազմը տարիք չի ճանչնար, չէ՞: Ուրիշ բան մըն ալ. մշակութային պատերազմը զինադադար կը ճանչնա՞յ, ո՛չ. մենք ամէն օր պատերազմի մէջ ենք: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր երեխան խնամէ, յետոյ ի՞նչ: Երկու աղջիկ զաւակներուս ամուսինները ամբողջ պատերազմի ընթացքին պատերազմի դաշտն էին, ու ամէն օր հրաշքի պէս էր, որ կը լսէինք, թէ չեն զոհուած: Եթէ մերը չերթայ, եթէ մեր երեխաներուն ուսին ծանր բեռ չդնենք ու ըսենք տար, որո՞ւն պիտի ըսենք, որո՞ւն պիտի սպասենք: Այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ վայելելու ժամանակ Հայաստանը բոլորինն է, իսկ Հայաստանը պահելու ժամանակ՝ միայն տասը տոկոսի՞նն է: Այսպէս մինչեւ ե՞րբ. մինչեւ աւելի կարեւոր բանե՞ր կորսնցնենք:

Տակաւին, մարզային հանդիպումներու կ՚երթամ եւ մարզերէն ներս՝ յատկապէս երիտասարդութեան կենսափորձիս, անցած ճանապարհիս մասինկը պատմեմ: Եւ ինչպէս ըսի քիչ առաջ, մեր մօտ սերնդափոխութիւնը երկու տարի առաջ սկսաւ, եւ շա՜տ կտրուկ: Մինչեւ այդ ժամանակ ալ երիտասարդներ կ՚ընդունէինք ու «կ՚եփէինք», կը յղկէինք, կը կռէինք, սակայն երկու տարի առաջ սկսանք անոնց աւելի պատասխանատու աշխատանքներ ու պաշտօններ վստահիլ: 

Ինչ կը վերաբերի երէց սերունդին, որոնք տեղաւորուած են իրենց աթոռներուն վրայ եւ չեն ուզեր ղեկը յանձնել… ա՜ այնպէս ալ կը տեղաւորուին, կը տեղաւորուին, եւ անիմաստ տեղ յատուկ սննդակարգի կը հետեւին՝ որ չ՚օգներ իրենց, քանի որ աթոռին կառչած մարդը փոր պէտք է ունենայ, իսկ շարժուող մարդը փոր չունի. այնպէս որ երբ կը կառչին ու կը նստին աթոռին, կը մնան, կը մնան, կը մնան, եւ կը նկատես, որ այլեւս դժուարութեամբ կը շարժին, դժուարութեամբ կը շնչեն եւ ի վերջոյ դժուար ալ կ՚երազեն, քանի որ ճարպը երազելու համար վնաս է, ճարպը կը խանգարէ երազելուն: Երազո՞ղ ես, դուն պէտք է ժողովուրդին մէջ ըլլաս, հողին հետ ըլլաս, նուազագոյնը ամէն օր կէս ժամ ձեռքդ հողին մէջ պէտք է մտցնես, որպէսզի հողիդ սէրը զգաս՝ հողիդ սէրը երակներովդ զգաս: Այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ աթոռին վրայ նստիլ ու ժողովուրդին ցաւերը բուժել: Աթոռին վրայէն ցաւեր չեն բուժեր:Միւս կողմէ, մեծերուն հետ այդ դժուարութիւնները՝ սերունդներուն բախումը միշտ ալ եղած է, միշտ կայ եւ միշտ ալ պիտի ըլլայ: Գալով մեզի, մենք տարիքով չենք դատեր: Այսպիսի ասացուածք մը ունիմ. «Իմաստութիւնը տարիք չի ճանչնար»: Եւ եթէ նկատեցիք զիս շրջապատող երիտասարդները, որոնք պատասխանատու պաշտօններու վրայ են, 16, 21, 24 տարեկան են, բայց իրենց մէջ իմաստութեան նշմարներ կը տեսնեմ, եւ արդարեւ տարիքը ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ: Փորձառութիւնը տարբեր բան է. փորձառութիւնը տարիքը կը բերէ, բայց ըստ իս իմաստութիւնը ի բնէ է, ի ծնէ է, մարդու տեսակի հարց է: Մարդ կայ կը մեծնայ, մազերը կը ճերմկին, բայց ամէն ճերմկած մազ իմաստութեան նշան չէ: Մեր մօտ անցումը շատ դիւրին կ՚ըլլայ, ես եւ մեր կազմակերպութեան աւագները շատ դիւրութեամբ կը կտրուինք ու փոխանցումը շատ հեզասահ կ՚ընթանայ: Բայց Այնըշթայնը կ՚ըսէ. «Երբ կը ծիծաղին գաղափարներուդ վրայ, այդ գաղափարներուն ետեւէն գնա՛: Իսկ երբ գաղափարներուդ մասին լաւ բաներ կ՚ըսեն, հետեւաբար ատոնցմէ հրաժարէ՛». այսինքն մարդիկ այդ գափարներուն մէջ վտանգ չեն տեսներ, այդ պատճառով ալ կը շողոքորթեն: Արդարեւ, երբ ձեր գաղափարներէն մէկուն համար կը հեգնեն ձեզի, իմացէք, որ արդէն ուժ կը ներկայացնէք, կը նշանակէ, թէ նոր խօսք կը բերէք: Եւ եթէ ձեր բախտը բերէ ու հանդիպիք մեր նման աւագներու, որոնք հանդուրժողականութեամբ կը մօտենան, ուրեմն գիտցէք, որ բախտաւոր էք: Միաժամանակ ձեր ըսածը անշուշտ կայ, քանի որ կան մեծեր, որոնք հիւանդագին կերպով կ՚ընդունին այդ փոխանցումը. իրենք կը մտածեն, թէ իրենք այդ գահին յաւերժական տիրակալն են. ո՛չ, եւ այն մտայնութիւնը որ ունին, թէ իրենցմէ ետք դատարկութիւն պիտի ըլլայ, այդ ալ ճիշդ չէ, որովհետեւ դատարկ տեղ չի՛ մնար, դատարկութիւնը միշտ կը լեցուի:

-Մաչանենց տունէն ներս մտնողը չի կրնար չանդրադառնալ արուեստի տիրական ներակայութեան: Այս մասին ի՞նչ կ՚ըսէք:

-Իմ կարծիքով, արուեստը լաւագոյն առողջարանն է, եթէ իրեն համար յարմար տարածք գտնէ: Առողջարաններուն առողջարանը այն վայրն է, ուր արուեստ կայ: Եթէ ուշադրութեամբ վերլուծենք, կը նկատենք, որ աշխարհի ամենէն հզօր զօրավարները, նոյնիսկ դաժան զօրավարները, արուեստի նկատմամբ թուլութիւն ունեցած են: Ոմանք Ներոնն ալ կը դասեն այդ զօրավարներու շարքին, բայց ինծի համար Ներոնը արուեստի նկատմամբ թուլութիւն չէ՛ ունեցած, որովհետեւ ինք թիւրիմացութիւն մը եղած է: Ներոնը ինքն իրմով տարուած մարդ մը եղած է, ինք ո՛չ թէ այդքան արուեստագէտ էր, այլ՝ ինք արուեստը որպէս փառքի ճանապարհ կ՚ընկալէր. ինք կ՚ուզէր, որ զինք միայն ծափահարեն. իսկ որպէսզի զինք ծափահարեն՝բացի կայսր ըլլալու հանգամանքէն, պէտք էր որ բան մը գրէր, ապուշութիւն մը պէտք էր գրէր. բայց ո՞վ կը համարձակէր ըսել անոր, թէ գրածդ միջակութիւն է: Սակայն, տեսնելով որ ո՛չ մէկ բանէ կը ներշնչուի, ըսաւ քաղաքը այրեցէք, թերեւս ներշնչուիմ: Ներոնին կերպարը ինծի համար յիմարութեան գագաթնակէտն է: Ու միշտ երբ զգացած եմ, որ սատանան զիս կը մղէ յիմարութիւն մը ընելու, մտածած եմ ու ըսած՝ յանկարծ Ներոն չդառնա՛ս՝ Գրիգոր, զգոյշ եղիր: Ներոնը ինծի համար հզօր օրինակ է յիմարութիւններ չընելու: Մարդ պէտք է ժխտական օրինակներ ալ ունենայ աչքին առջեւ, միայն լաւ օրինակներով պէտք չէ բաւարարուի:

Գալով արուեստով տարուած զօրավարներուն, Հիթլերով սկսած, Ստալինով, Չըրչիլով, Տիգրան Մեծով, ուր ուզես կրնաս հասնիլ, թատրոնին դիմաց խոնարհում ունեցած են, նկարիչները յատուկ յարգանքի արժանացուցած են, ո՛չ միայն որպէսզի զիրենք նկարեն ու պատմութեան մէջ անմահացնեն, այլ յատուկ յարգանք ունեցած են անոնց գործին ու արուեստին նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ ինծի համար արուեստի տարածքը այն տարածքն է, ուր կրնաս հոգիդ խաղաղեցնել, իսկ դուն լաւագոյնս կը սաւառնիս, երբ հոգիդ խաղաղ է: Կը թուի, թէ սաւառնելու համար հոգիդ պէտք է փոթորկի եւ նոր միայն սաւառնիս, բայց ես հակառակ դիտանկիւնէն կը նայիմ. եթէ կ՚ուզես կայուն եւ ուժեղ ճախրանք ունենալ, ապա հոգիդ պէտք է խաղաղի: Փոթորիկը ուրիշ բան է. կրնաս երբեմն երկինքին մէջ հրեշտակներուն հետ փոթորիկ ընես, եւ այդ մէկը հաճելի է, երբ կանգառներու ժամանակ կ՚ըլլայ, իսկ ընթացքի ժամանակ դուն քեզ պէտք է խաղաղ ու կայուն պահես:

Ինծի համար արուեստը այս է: Աւելի՛ն, արուեստը ինծի համար կրօնքին զարմիկն է, այն աստիճան մօտիկ է, այն աստիճան կարեւոր է: Ինչքանով որ կրօնքը ինծի համար կարեւոր է, որ հաւատքին ձեւակերպուած վիճակն է: Կրօնքը ի՞նչ է. ձեւակերպում. հաւատքն է չէ՞, որ ձեւակերպած են ու անունը կրօնք դրած, այդպիսով արուեստը ինծի համար՝ զայն կրօնքին զարմիկը համարելով, հաւատքի երկրորդ ոտքն է: Եթէ հաւատքը երկու ոտք ունի, ապա ինծի համար մէկ ոտքը արուեստն է -կը կարծեմ Աստուած այս մտածումիս համար զիս չի՛ պատժեր-: Խօսքը զտարիւն արուեստի մասին է: Այլապէս, հոգեւորականները ինչո՞ւ կը ստեղծագործեն. ինչ որ բանի պակասութիւն կը զգան, չէ՞. այդ թապուներէն կ՚ուզեն դուրս գալ, կ՚ուզեն ըսել, որ ես ալ կը թռչիմ. Աստուած, ինծի ազատութիւն տուած ես, որպէսզի թռչիմ, ո՛չ թէ զիս ոսկիէ վանդակին մէջ դնես ու զիս ծէսի ծառայ դարձնես: Ահաւասիկ ատոր համար է, որ Մաչանենց տան ամբողջ տարածքը արուեստով համեմուած է եւ այդ ալ հանգամանքներէն մէկն է, որ մարդիկ՝ թէ՛ զբօսաշրջիկներ եւ թէ հայաստանցիներ կու գան մեր մօտ: Վերջերս ուրախ եմ, որ հայաստանցիները շատ աւելի սկսած են գալ, քանի որ հայաստանցիներուն նման տարածքներ շա՜տ անհրաժեշտ են, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդին ութսուն տոկոսը նիւթական օրակարգի մէջ է. իսկ այդ նիւթական օրակարգը քաղքենիներ կը ծնի, կը բուծէ: Եւ ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ մենք ստեղծած ենք մեծ բուծարան մը քաղքենիներու, որոնք հասարակութիւնը արժէքներէն կ՚ապակողմնորոշեն:

Հետեւաբար, մենք արուեստով բազմաթիւ հարցեր կրնանք լուծել: Արուեստով շատ աւելի արագ կը յաջողինք ներթափանցել մարդու երակին մէջ: Իսկ եթէ մենք երիտասարդները կ՚ուզենք աւելի հայրենասէր, ո՛չ թէ նիւթապաշտ տեսնել -նիւթապէս կայուն, հարստութիւնը վատ բան չէ-, պէտք է այնպէս ընենք, որպէսզի նիւթին ու նիւթականին գերին չդառնան, իսկ արուեստը լաւագոյն միջոցներէն մէկն է մարդու ընկալումներն ու մտայնութիւնը նիւթէն եւ նիւթականէն բարձր պահելու: Հարուստ ըլլալը շատ կարեւոր է. ինչո՞ւ համար արուեստագէտը պէտք է հարուստի գրպանին նայի. ատիկա փարոս չէ՝ ուր ես պէտք է նայիմ. ես ընդհանրապէս կը մտածեմ, որ արուեստագէտը հմտութիւններ պէտք է ունենայ ունեցածը իւրացնելու, վաճառելու:  

-Պրն. Գրիգոր, կը թուի թէ այն քիչերէն էք, որ ձեր խօսքը կեանքի կը վերածէք. որովհետեւ այսօր շատերն են, որոնք ամպագոռգոռ ձեւով կը խօսին, հայրենասիրութիւն, բարոյականութիւն, հաւատք, արուեստ, մշակոյթ եւ այլնի մասին կը քարոզեն, բայց իրականին մէջ այդ արժէքներով չեն ապրիր, չեն կրեր իրենց մէջ. ի՞նչ կ՚ըսէք այդ մասին:

-Ես հինգ գիրքի հեղինակ եմ եւ հիմա վեցերորդ գիրքիս վրայ կ՚աշխատիմ, որ «Կենսափորձի քննութիւն» կը կոչուի: Առաջին հինգ ստեղծագործութիւններս բանաստեղծութիւններ են: Մարդիկ գիրքեր կը գրեն. կը գրեն՝ «ինչպէ՞ս դառնալ յաջողակ մարդ», գեղեցիկ վերնագիր կը դնեն, խայծը կազմին վրայ կը դնեն, ընթերցողը կուլ կու տայ այդ խայծը, կ՚առնէ եւ եթէ քսան տոկոսը խայծը կուլ տայ ու առնէ, գիրքը ծախուեցաւ արդէն… Ես ալ յաճախ խաբուած եմ. գիրքը կը վերցնեմ, կը բանամ ու կը կարդամ, եւ կը հասկնամ որ ամբողջութեամբ տարբեր նիւթերու հաւաքագրութիւն է. գիրք կազմողին կենսագրութիւնը կը նայիմ, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին ո՛չ մէկ արդիւնք տուած է բացի այդ գիրքէն, հետեւաբար կը նշանակէ, թէ ինք միայն միտքեր հաւաքած ու շարադրած է, գիրք կազմած ու հրապարակած է: Ես չեմ հաւատար այս ոճին, որովհետեւ ինք չէ՛ ապրած այդ բոլորը. իսկ հերոսներուն անուններն ալ Ճոն, Ճէյմս, եւ այլն, ամերիկեան, եւրոպական ու արեւելեան՝ Չինաստանի փորձ, եւ այլն, բայց չէ՞ որ մտածողութեան տարբերութիւն կայ: Նոյն դեղը կրնայ ձեզի օգտակար ըլլալ, բայց ինծի՝ ոչ: Պէտք է ախտորոշումը ճիշդ կատարենք: Ազգին հիւանդութիւնը պէտք է ախտորոշենք, ոչ թէ ամերիկացիին օգտակար եղած դեղը բերենք եւ ուղղակիօրէն ներարկենք մեր մարմինին մէջ: Այդ պատճառով, վեցերորդ գիրքս որ «Կենսափորձի քննութիւն» կը կոչուի, ուղղակի անցած 35 տարուան ճանապարհս է, անցած ուղիս, որով կ՚ուզեմ մարդիկ կարդան եւ օգտուին. իսկ երիտասարդներուն համար դառնայ յաջողութեան ձեռնարկ, քանի որ միշտ չեմ հասկցած այն վարպետները, որոնք իրենց գաղտնիքները նոր սերունդին չեն փոխանցեր. եսապաշտութեան, եսասիրութեան աւելի մեծ դրսեւորում, քանի այս երեւոյթը ինծի ծանօթ չէ: Իսկ գիրքս ինչո՞ւ յիշեցի, որովհետեւ պատերազմէն ետք այսպիսի բան մը գրած եմ հրապարակախօսական յօդուածներէս մէկուն մէջ, թէ՝ «ժամանակն է, որ գոնէ կարճ ժամանակահատուածով մը հայ ազգի 90 տոկոսին լեզուները կտրել», որովհետեւ ազգին 90 տոկոսը շատ կը խօսի, մեծ-մեծ կը խօսի, թիթիզ-թիթիզ կը խօսի, ամբարտաւան կը խօսի, իսկ երբ յետոյ խօսողի անցեալին կը նայիս, բացի իր վրայի մէկ հատ հաստ ոսկիէ շղթայէն, փայլուն կօշիկներէն եւ ընկերոջմէն վերցուցած, կամ վարձած, կամ վարկով առած ճոխ ինքնաշարժէն, բան չկայ…, մինչ իր երեխան անօթի է. աւելին, երեխային կրթութիւն չի տար, բայց իր կարծիքով որպէսզի ինք մարդ երեւայ, հասարակութեան մէջ զինք նկատի ունենան, ինք պէտք է անպայման ճոխ ինքնաշարժ քշէ. բայց ինքնաշարժին արժէք տուողը վարորդն է, ո՛չ թէ ինքնաշարժն է վարորդին արժէք տուողը: Մենք, մեր հիմնած հեռուստաընկերութեամբ՝ «Նուռ»ով, եւ «Արմա» մարզային ալիքով, ծրագիր մը սկսած ենք իրականացնել՝ հասարակութեան հիւանդութիւնները ախտորոշող հոլովակներ պատրաստելով. ցոյց կու տանք խնդիրը եւ միաժամանակ ցոյց կու տանք լուծումը՝ առանց սուր անկիւններու, առանց միջավայրը գրգռելու: Միջավայրը, հասարակութիւնը արդէն իսկ գերգրգռուած են: Մենք պէտք է խաղաղեցնենք ջուրերը, թոյլ չտանք, որ աւելի պղտորին, որովհետեւ պղտոր ջուրին մէջ որսորդները կը շատնան եւ դուն չես գիտեր, թէ պղտոր ջուրէն ինչ դուրս կու գայ:

Թերեւս լեզու կտրելը շատ սուր ըսի քիչ մը, կլոր անկիւն չեմ ըրած, ներողամիտ թող ըլլայ ընթերցողը, բայց ստիպուած եմ, քանի որ իրավիճակներ կան երբ խնդիրը պէտք է վիրահատական միջամտութեամբ լուծուի, որովհետեւ դեղն ալ այլեւս օգուտ չի տար: Դեղ չկայ, բալասան չկայ, ուղղակի պէտք է մկրատը առնենք ու համարձակութիւն ունենանք աւելորդ մասը կտրելու: Լեզուի գործօնը եթէ նուազի, մարդը ստիպուած կը սկսի գործել, իսկ երբ լեզուն է դերակատարը՝ շա՜տ դիւրին գործ է հայրենասէր երեւիլ լեզուով, քննադաել՝ լեզուով, փնովել լեզուով, բամբասել՝ լեզուով:

Ես քաղաքականութեան հետ սէր չունիմ, այլապէս հաստատ թեկնածութիւնս կը դնէի, քանի որ երբ մարզեր այցելութեան կ՚երթամ, կը նկատեմ, թէ ինչքան մարդ կու գայ Մաչանենցին հանդիպելու, ու մարդիկ կատակով կ՚ըսեն նախըտնրական քարոզարշաւի՞ սկսած ես. բնականաբար ո՛չ, ես քաղաքականութիւն ընդհանրապէս չեմ սիրած, չեմ սիրեր, չեմ կրնար, քանի որ իմս չէ, ես չեմ կրնար սրիկա բաներ ընել. իսկ քաղաքականութեան մէջ մաքուր ըլլալ այն է, որ քաղաքականութեան մէջ դառնաս սպիտակ ագռաւ, որուն առաջին իսկ հանդիպած որսորդը կը սպաննէ, իսկ ես չեմ ուզեր քաւութեան նոխազ դառնալ. աւելի լաւ է, որ ես իմ գործս ընեմ: Իսկ եթէ քաղաքականութիւնը սիրէի, գոնէ ազնիւ քաղաքանութիւն կը վարէի: Վազգէն Սարգսեանը կ՚ըսէր, «ես հակառակ եմ այն միտքին, որ քաղաքականութեան մէջ բարոյականութիւն չկայ», այդ պատճառով ալ Վազգէնը խփեցին. ինք կը փորձէր մաքուր քաղաքականութիւն վարել: Երբ իր կեանքի գիտակցումը քիչ մը հասունացման տարիքին հասաւ, -անձամբ ճանչցած եմ Վազգէնը-, ինք շա՜տ ուրիշ բաներ կ՚ուզէր, շատ այլ կերպ կ՚ուզէր փոխել վիճակը դէպի լաւը: Ինք հանդուրժողականութեան գնաց, Տեմիրճեանին հետ հաշտուեցաւ, միւսին հետ հաշտուեցաւ. զօրաւոր մարդ էր ե՛ւ տեսակով, ե՛ւ միտքով, ե՛ւ բռունցքով, ու իր մէջ կար այդ ներդաշնակութիւնը, բայց թշնամին հասկցաւ, թէ պէտք է կանխէ մեր յաջողութեան սլացքը…, եւ կանխեց: Եւ պարզուեցաւ, որ քաղաքականութեան մէջ իսկապէս բարոյականութիւն չկայ:

Ներկայիս քաղաքականութեամբ զբաղողները գոնէ քիչ թէ շատ մաքուր ըլլան, քիչ թէ շատ ժողովուրդին նկատմամբ ազնիւ ըլլան. այդ պատճառով կ՚ըսեմ, եթէ ես քաղաքականութիւն սիրէի ու մտնէի անոր մէջ, հետաքրքրական օրէնքներ կը մշակէի. բամբասանքը կը քրէականացնէի. փաստուեցա՞ւ որ դուն բամբասած ես, զրպարտած ես, ուղղակի Պարսկաստանի նման ձեռքը չէի կտրեր, քանի որ այդ ձեռքը տակաւին ազգին պէտք է, պիտի աշխատի, բայց այնպիսի տուգանքներ կը դնէի, որ մարդ նախքան բամբասելը մտածէր հետեւեանքներուն մասին. թերեւս չափազանցուած կ՚ըսեմ, բայց լուծումներ կան: Կ՚արգիլէի հայերնի հողին վրայ թքելը. փողոցին կանգնած իւրաքանչիւր չորրորդ երիտասարդ, կը թքէ իր հայրենի սուրբ հողին վրայ. հայը կը թքէ իր սուրբ հողին վրայ, այլազգէն ի՞նչ կ՚ուզէ… Թքելու համար տուգանք, եւ այլ բազմաթիւ նմանատիպ օրէնքներ: Տակաւին, կը ստեղծեմ կաճառ մը, որուն առաքելութիւնն է՝ ազգային առաքեալներու պատրաստութեան կաճառ: Չկարծէք, թէ եւրոպացիին գիտակցութիւնը բարձր է, այլ՝ Եւրոպայի մէջ օրէնքները խիստ են, գրպանին կը դպնան, իսկ գրպանը մարդուն ամենէն թոյլ եւ զգայուն տեղն է: Տպաւորութիւն է, որ մարդուն գրպանը հոգիին մէջ է, հոգին գրպանին մէջ պահուած է, այդքան զգայուն է:

Մենք արդէն մէկ տարիէ ի վեր մեր տարածքէն ներս ունինք դպրոց մը, որ կը կոչուի՝ «Հայ միտքի դպրոց», ուր գրաբար, արեւմտահայերէն կը դասաւանդենք, ազգային երգ ու պար կը սորվեցնենք, ազգագրութիւն, ազգային նախշերու բացատրութիւններ կը ներկայացնենք ու կը սորվեցնենք, ինչպէս նաեւ ամփոփ ձեւով Հայոց Պատմութիւն կը դասաւանդենք, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ գոնէ նուազագոյն տեղեկութիւններ ունենայ իր ազգի մասին. օրինակ՝ ի՞նչ է Սարդարապատը, Սարդարապատի իմաստը. ի՞նչ է Աւարայրը, Աւարայրի իմաստը. հայը պէտք չէ՞ գիտնայ Արարատ լերան բարձրութիւնը, Սեւանայ լիճին խորութիւնը, որոնք պատահական թիւեր չեն: Ահա այս ձեւերով է, որ մենք մեր խօսքը կը փորձենք կեանքով թարգմանել:

-Պրն. Բաբախանեանի ընտանիքը: Ձեր ու ձեր կողակիցը՝ տիկին Նարինէն ի՞նչ դերակատարութիւն ունեցած էք ձեր զաւակներու որդեգրած այսօրուան ուղիին մէջ:

-Տղաս՝ Գէորգը, 16 տարեկան, նշանակուած է նախագահի օգնականի ծանր պաշտօնին, շատ ծանր պաշտօն է, որովհետեւ 16 տարեկան տղան pub կ՚ուզէ, 16 տարեկան տղան հայրիկին ինքնաշարժը կ՚ուզէ, իսկ հիմա ինք՝ 16 տարեկան հասակին այնպիսի բեռի տակ մտած է, ուր պէտք է իրմէ տարիքով մեծ աշխատողներ ղեկավարէ, մօտաւորապէս 400 աշակերտներու հոգերը պէտք է կրէ ու հայթայթէ միջոցներ, որովհետեւ այդ աշակերտներուն շուրջ ութսուն տոկոսը անապահով ընտանիքներու զաւակներ են եւ անվճար կը սորվին. ծանր աշխատանք վերցուցած է, բայց ուրախ եմ: Բնականաբար այս բոլորին մէջ մեր դերն ալ կայ. մենք իրենց կ՚ըսենք, մօտեցի՛ր ղեկին, մի՛ վախնար. մօտեցիր այս նաւի ղեկին, գազան չէ, չի՛ խածներ, վախնալիք չէ, քանի որ օր մը անպայման դուն այդ ղեկին պիտի մօտենաս, ու քեզի վստահուած պիտի ըլլայ այս նաւին ուղղութիւնը որոշել. մանաւանդ զաւակս ըլլալով, ինք խոյս տալու տեղ չունի, ինք իր կեանքը փափուկ ձեւով չի՛ կրնար ապրիլ:

Իմ բոլոր զաւակներս 15 տարեկանէն սկսած են աշխատիլ եւ կարեւոր կէտը այն է, որ մենք գաղափարական կապ ունինք, բոլորն ալ այստեղ են, երեքն ալ այստեղ են: Աղջիկս՝ Արփինէն կեանքով լեցուն եւ իր կեանքը դրած է այս կազմակերպութեան համար: Մեծ աղջիկս ալ այստեղ կը դասաւանդէ համակարգչային կեդրոնէն ներս: Երկու փեսաներս ալ այստեղ են. մէկը Մաչանենց գինիի արտադրութիւնը, միւսը՝ կաւագործութեան ու Մաչանենց սերամիքի արտադրութիւնը կը ղեկավարեն:

-Այս բոլորէն մեկնելով, կրնա՞նք ըսել, որ ձեր ընտանիքը աւանդական ընտանիք է եւ զայն կրնա՞նք որպէս նահապետական ընտանինքերու իրաւայաջորդ համարել:

-Մեր ընտանիքը՝ չեմ գովեր, բայց զարմանալի տիպար-օրինակ է: Լիարժէ՛ք կրնանք այդպիսի համարել: Լիարժէք, որովհետեւ եթէ հիմա տարածքին մէջ շրջիք, կը հանդիպիք 75 տարեկան մօրս՝ ճերմակ մազերով, տարածքին մէջ նստած՝ հիւրերուն հետ կը խօսի, յարաբերութիւններ կը ստեղծէ, կապեր կը հաստատէ: Թոռնիկներս ալ այստեղ են, ճիշդ է որ չորս եւ երկու տարեկան են, բայց կապ չունի. իրենք այս թթուածինը կը շնչեն, իսկ այս թթուածինին մէջ կարեւոր չափաբաժին կայ հայրենասիրութեան, մարդասիրութեան, եւ այլն:

-Վերջին իրադարձութիւնները Հայաստանէն ու Արցախէն ներս իւրաքանչիւր հայորդիի համար մտահոգիչ են: Մթնոլորտը որ կը տիրէ ժողովուրդին մօտ, յատկապէս մտածելու, տրամաբանելու առումով որպէս պարզապէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, բազմաթիւ հարցադրումներու դուռ կը բանայ, քանի որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին Հայաստանի մարզերու գիւղերէն մէկուն մէջ նստած, կը մտածէ ու աշխարհը կը դիտէ որպէս սպանացի, կամ ամերիկացի, եւ այլն: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը այս մասին:

-Այս բոլոր երեւոյթներուն առաջքը առնելու համար մենք պէտք է ազգային մտածողութիւնը զօրացնենք, որովհետեւ միայն այդ միջոցով է, որ պիտի յաջողինք հակադարձել կամ հակահարուած հասցնել տիրող հոսանքին: Սակայն, եթէ այդ մէկը շատ ընդգծուած ձեւով ընենք, ատոր անունը ազգայնամոլութիւն կը դնեն, եւ մենք կը հանդիպինք որոշակի հակազդեցութիւններու՝ որոնք պէտք չեն մեզի: Իսկ եթէ մենք այդ մէկը չընենք ու մեր ազգային դիմագիծը կորսնցնենք՝ որ ո՛չ մէկ ձեւով թոյլատրելի է մեզի. այլապէս, մենք Արմաւիր մարզի Մարգարա գիւղին մէջ կ՚ապրինք, սակայն Ամսթերտամի մէջ ապրող՝ մազերը կարմիր գոյնով ներկած տղու նման կը մտածենք: Այդ պատճառով՝ դարձեալ կը կրկնեմ, մեզի անհրաժեշտ են շատ հմուտ ազգային գործիչներ, մեզի Փանջունիներ պէտք չեն, Պարոնեանի հերոսները՝ մեծապատիւ մուրացկաններ պէտք չեն մեզի, կարճամիտ կուսակցականներ պէտք չեն, -կուսակցութիւններու անուններ չեմ տար. բոլոր կուսակցութիւնները լաւ եւ վատ կողմեր ունին-, կարճամիտ քաղաքական գործիչներ պէտք չեն մեզի, մեզի պէտք են խորագէտ՝ օձի խորագիտութիւն, աղաւնիի մաքրութիւն ունեցող ազգային գործիչներ: Ազգային գործիչի կաճառը որ իրականութիւն դառնայ, զայն ղեկավարողները ինձմէ շատ աւելի լաւ ուղղութիւններուն մասին կը խօսին ու կը բացատրեն: Իսկ իմ համեստ պատասխանս հետեւեալն է. ազգային մտածողութեան ուժեղացում եւ կուռ ազգային արժեհամակարգի կազմում. որովհետեւ տակաւին թուղթին չէ՛ յանձնուած ազգային հայեցակարգը, մեր Ազգային Խորհրդարանով հաստատուած չէ եւ բոլոր կուսակցութիւնները, կազմակերպութիւններն ու միաւորումները անոր տակ չեն ստորագրած, կը նշանակէ ուրեմն, որ մենք նաւ մըն ենք, որ ուղղութիւն չունի: Բնականաբար կրնան տարաձայնութիւններ ըլլալ, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է որ բոլորն ալ ստորագրեն. ազգային հայեցակարգին մէջ այնպիսի կէտեր պէտք է ըլլան սակայն, որ եթէ մարդը «եան» մականունը կը կրէ ու ինքզինք հայ կը համարէ, չի՛ կրնար չհամաձայնիլ ու չստորագրել այդ հայեցակարգին տակ, որուն բաղկացուցիչ տարրերը շատ պարզ բաներ են.

- Պահպանել լեզուն,

- Ազգը պառակտող բոլոր սեպերը գոյքագրել, ու այդ սեպերը ազգին մարմինէն հատիկ-հատիկ հեռացնել:

Այսպիսով, կը կարծեմ որ ամբողջական մարմինի կը վերածուինք՝ արեւմտահայ, արեւելահայ, լեզուամտածողութեան բոլոր սղումները, բոլոր խզումները, որոնք ազգին միասնութեան կոկորդին մէջ կան՝ կը յաջողինք կանխել: Որովհետեւ ի՞նչ բանն է պատճառը, որ ձեր [ոեւէ սփիւռքահայու] խօսքը, այստեղ՝ հայաստանցին չի հասկնար, նոյնն է պարագան հայաստանցիին երբ սփիւռքահայ որեւէ գաղութ այցելէ, այնտեղ հայստանցիին չեն հասկնար ու խեթ կը նային անոր: 51 պետութիւններու մէջ եղած մարդս, այդ բոլորը մաշկիս վրայ զգացած եմ. հետեւաբար ըսածներս ենթադրութիւններ չեն, այլ՝ իրական կեանքի փորձառութիւններ, մաշկիս վրայ զգացած, մաշկիս վրայ հետքեր ձգած իրավիճակներ են. եւ այս բոլոր երեւոյթները կանխելու միակ ճանապարհը ընդհանուր լեզուամտածողութեան շտապ ձեւաւորումն է, որ բնականաբար մէկ օրուան հարց չէ. հակառակ պարագային Մովսէս մարգարէն այդքան յիմար չէր, որ ժողովուրդը քառասուն տարի անապատ տարաւ. ան հասկցաւ, որ խնդիրը ամպիոններէն պիտի չլուծուի, պէտք է ժողովուրդը անապատ տանի՝ սերունդ փոխէ, միաժամանակ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարէ: Այդ ձեւը շատ հետաքրքրական է ու կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ այդ ձեւը չենք կիրառեր: Հրեաները գիտէ՞ք ինչ բանով մեզմէ խելացի են, -ես համաձայն չեմ, որ կ՚ըսեն, թէ հրեաները մեզմէ խելօք են. հրեաները մեզմէ խելօք չեն, հրեաները մեզմէ խելացի են: Սկզբունքօրէն իրարմէ տարբեր բառեր են խելօքն ու խելացին-. անոնք խելացի են, որովհետեւ անոնք հայու խելօքութենէն կ՚օգտուին, ու կը դարձնեն իրենցը: Եկէք մենք ալ տեսնենք իրե՛նք, չինացիները, միւսները ինչ լաւ բան ունին ու այդ լաւ բանը վերցնենք: Այսքան ինքնավստահ եւ գոռոզ կարելի չէ ըլլալ՝ մենք ենք եւ վե՛րջ: Այդ է, որ մեզ անդունդին եզրով կը տանի…, եւ տակաւին եզրով կ՚երթանք. հիմա մենք պէտք է մեզ ետ քաշենք անդունդին եզրէն, որպէսզի գահավիժումը չկայանայ՝ տեղի չունենայ, ու այդ պատճառով է, որ նմանատիպ յօդուածներ ու հարցազրոյցներ պէտք է շատ ըլլան: Կը կարծեմ, որ այս հարցազրոյցը կարելի է որակել որպէս քրիստոմատեական:

-Գալով Հայաստան-սփիւռք կապին: Այսօր Հայաստան-սփիւռք կապը ամուր չէ, հակառակ այն ջանքերուն ամէն ինչը փայլուն ներկայացնելու, ինչ-որ տեղ սխալ բան մը կայ այս կապին մէջ: Ի՞նչ է Ձեր կարծիքը:

-Մեծ սխալ մը կայ, եւ այդ մեծ սխալը օր առաջ պէտք է ուղղել, քանի որ ինչքան կը հիննայ, այդքան կը խորանայ ու մենք այդ պարանին վրայ նստած ենք եւ երթալով այդ պարանը կը նեղնայ, բայց տակաւին չէ կտրուած, հակառակ գոյ եղող վտանգին: Իսկ վտանգը հնարաւոր չէ անտեսել, ըսելով թէ այդ պարանը կտրուող պարան չէ: Ամէն պարան կտրուելու յատկութիւն ունի. չկտրուող պարաններ պարզապէս չկան: Ժամանակի պարանը կը կտրուի, ուր մնաց ինչ-որ մէկուն դրած պարանը: Արդարեւ, ներկայիս եղած համագործակցութիւնը մեզ չի՛ բաւարարեր, որ յարգելի պրն. Զարեհ Սինանեանը դանդաղ կրիայ է, ինք չի՛ բաւարարեր այդ աշխատանքը. ես անձամբ ո՛չինչ ունիմ իր նկատմամբ, բայց իրենց կատարած աշխատանքը բաւարար չէ: Այսպիսով, Հայաստան-սփիւռք կամուրջաշինութիւնը այլ եռանդ, այլ որակներու կարիք ունի, այլ թափանցիկութիւն կ՚ուզէ, եւ այդ մէկը իրագործելու համար պէտք է ազգային գործիչներու դպրոց ստեղծել: Բաւարար է տեղեկատուական արուեստագիտութեան մասնագէտներ, բժիշկներ, իրաւաբաններ ու փաստաբաններ պատրաստենք. ժամանակն է եւ անհրաժեշտ է, որ մենք ազգային առաքեալներ պատրաստող դպրոց մը ստեղծենք՝ Եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան հովանիին ներքոյ:

Ես ունիմ այն մտածումը, որ ազգին համար գրեթէ ոչինչ ըրած երիտասարադները, պէտք չէ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնեն: Եթէ հակառակին ինծի, ըսելով, հիմա ի՞նչ ընենք, եթէ այս տղան ազգին համար ո՛չ պատերազմի գացած է, ո՛չ կռուած է, պատերազմի ժամանակ ո՛չ մէկ գործունէութիւն ցուցաբերած է, մէկ խօսքով՝ ասֆալթէն այն կողմ ոչինչ տեսած է, իր հայրենի լեռներուն, բերդերուն տեղն անգամ չի գիտեր, բայց ինք՝ օրինակի համար, լաւ փաստաբան է, ու ինք պէտք է արդարադատութեան կամ արտաքին գործոց նախարար ըլլայ. շատ բարի, մասնագէ՞տ է, թող աշխատի՝ բայց որպէս տեղակալ: Առաջնորդները պէտք է հայու՝ առիւծի հոգի ունենան. առաջին դէմքերը պէտք է առիւծները՝ ոգիով առիւծները ըլլան: Առաջնորդի կարեւորագոյն յատկանիշներէն մէկը վարակելու, հիւանդացնելու յատկութիւնը պէտք է ըլլայ. հիւանդացնել՝ սիրով, միայն վարակուիլը չի՛ բաւեր, այլ՝ պէտք է սիրով հիւանդանալ ազգին համար: Պէտք է այսպիսի համակարգ մը ստեղծուի, որովհետեւ մեզի այդպիսի խումբ մը հիւանդներ պէտք են՝ ազգային ոգիով լեցուն, ազնիւ, պատրաստակամ:

Հետեւաբար, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեան կայունացումը պէտք է Մետաքսի ճանապարհի նման արժէք ունեցող ճանապարհ դառնայ:

-Եզրակացնելով, ի՞նչ կը մտածէք ներգաղթի մասին եւ ի՞նչ խօսք ունիք ուղղելու սփիւռքահայութեան, ի մասնաւորի պոլսահայութեան:

-Ընտանիքի կերպարի մասին խօսեցանք: Դուք նկատեցիք Բաբախանեան ընտանիքին՝ մեր ընտանիքի կերպարի մասին ուշադրութիւն դարձուցիք, սփիւռքահայութեան, պոլսահայութեան ի՞նչ կ՚ըսեմ.

- Ժողովուրդ ջան, մենք մեր յարաբերութիւնները՝ պատերու տակի խօսակցութիւններու՝ այլ խօսքով բամբասանքի մակարդակով չընենք, ինչ որ մեզ միայն կ՚օտարացնէ իրարմէ: Շփուելու համար մեզի անհրաժեշտ է բաց հարթակ. ոեւէ մէկդ նուիրատուութիւն կատարած է ու կ՚ըսէ, թէ այդ նուիրատուութիւնը տեղ չէ հասած, այդ նուիրատուութիւնը գողցան, եւ այլն, կամ հայաստանցիները գող են… Ներողութիւն, ես հայաստանցի եմ. թող մէկը փաստերով ըսէ, թէ ես գող եմ. փոքր ալ չեմ արդէն՝ կէս դարական եմ, կէս դարը ամբողջացուցած մարդ եմ, ու այդ կէս դարը ես շատ թեթեւութեամբ գլորած եմ որպէս գնդակ, որովհետեւ անցած ուղիիս մէջ թաքուն կամ գաղտնի տեղ չկայ: Դարձեալ կ՚ըսեմ, եթէ մարդը կը բամբասեն, մարդ անզօր է իմանալու, թէ այդ բամբասանքները ուրկէ կու գան, որովհետեւ այդ բամբասանքները անտես ակունքներով քամիներ են. քամիներ որոնց ակունքը չես գտներ, իսկ եթէ չես գտներ, ատոր պատասխանը ինչպէ՞ս տաս:

Ի վերջոյ, իմ կարճ երեւակայութեամբ, ինծի կը թուի, թէ հայ ազգը խառնելու լաւագոյն ձեւը կայ՝ որով մէկ ուրիշ խումբ մը որ չ՚ուզեր, որ հայ ազգը զարգանայ, կ՚ըսեն այնպէս ընենք, որ հայերը իրար բամբասեն…, իրար ուտեն, թերեւս ալ այդպէս իրավիճակ կը ստեղծեն: Բամբասանքի անառողջ մթնոլորտին մէջ չենք կրնար զիրար սիրել, ինչ բանի պատճառով օտարութեան սառոյցը կը յառաջանայ, եւ այդ սառոյցով՝ ինչպէս վերը ըսի, թերեւս շահագրգռուած խումբեր կան, ինծի կը թուի ուրիշ ազգերէ, կամ մեր ազգի դաւաճաններէն -առանց դաւաճանի ազգ չ՚ըլլար, ինչպէս առանց ոսկորի միս չ՚ըլլար-, որոնք այս սառոյցը կը հաստացնեն, որովհետեւ բոլոր հայութեան՝ աշխարհի հայութեան միասնութիւնը, աշխարհի մէջ կը յանգեցնէ նոյնիսկ -երեւակայականօրէն կ՚ըսեմ- կլիմայի տաքացման, կամ հակառակը, այլ խօսքով այդ միասնութիւնը գերերեւոյթ մը յառաջ կը բերէ: Դուք կը պատկերացնէ՞ք տասն միլիոն միասնական հայութիւն. իսկ ո՞վ է ըսողը, թէ անկարելի բաներ կան աշխարհի վրայ, իւրաքանչիւր վիճակէ դուրս գալու համար նուազագոյնը հազար ելք կայ:

Սիրելի՛ սփիւռքահայեր ջան, պոլսահայութիւն ջան, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի սիրելի խմբագրապետ՝ պրն. Արա եւ տիկին Նատիա, որ զիս հիւրընկալած էք ձեր մօտ, ժամանակն է, որպէսզի հասկնանք, թէ գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք չեն ուզեր մեր ազգին միասնականութիւնը, եւ իւրաքանչիւրս մեր հերթին, մեր լեզուները պէտք է խիստ հսկողութեան տակ դնենք՝ որեւէ բառ արտաբերելու ժամանակ, բոլորս շա՜տ զգոյշ պէտք է ըլլանք, հասկնանք, որ մէկ հայը մեզի համար անքննարկելի թանկ «դրամագլուխ» է, արժէք է, ինչպէս նաեւ գիտակցինք այն ճշմարտութեան, որ միակ տեղը ուր կրնանք հաւաքուիլ եւ մեր ուժերը կողք-կողքի բերենք, ա՛յդ վայրը Հայրենիքն է: Ես արհեստական ներգաղթի մասին չէ, որ կը խօսիմ. ներգաղթը պէտք է շարունակական ու շատ եռանդուն շարժում ըլլայ: Իսկ պետութիւնը յատուկ ուժեր, յատուկ նիւթական միջոցներ պէտք է տրամադրէ ներգաղթը խթանելու համար: Մենք մեր կառավարութենէն իւրաքանչիւր ամիս հաշուետուութիւն պէտք է ստանանք. յարգելի կառավարութիւն, լսէ՛ք Գրիգոր Մաչանենցի խօսքը, դուք պէտք է իւրաքանչիւր ամիս ըսէք, թէ քանի՞ հոգի մուտքի արտօնագիր ստացած է հաստատուելու համար Հայաստանի մէջ, ո՛չ թէ որպէս զբօսաշրջիկ սեփական Հայրենիքէն ներս, այլ՝ հաստատուելու: Եթէ ամսական կտրուածքով ձեր ներկայացուցած թիւերը կը գոհացնեն մեզ, կը հասկնանք, որ դուք ազգային կառավարութիւն էք՝ ներկաներ, նախկիններ ու յետագային գալիքներ: Այլապէս, ես անձնապէս կը բարկանամ ու կուսակցութիւն կը ստեղծեմ… Հրաշալի երիտասարդներ կան կողքիս կանգնած… [կատակելով՝ բայց լուրջ տրամադրութեամբ աւարտեց իր խօսքը մեր զրուցակիցը]:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 28, 2021