ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՊՈԼԻՍ

Օդանաւը վայրէջքի կը պատրաստուէր։ Փափուկ, ձիւնաճերմակ ամպերուն մէջէն սկսաւ երեւիլ Պոլիսը՝ ժամանակին հայկական խոշորագոյն հոգեւոր ու մշակութային խառնարաններէն մին։ Աշխարհի մէջ միակ գողտրիկ քաղաքը, ուր երկու աշխարհամասերը՝ Եւրոպան ու Ասիան իրարմէ կը բաժնուին Վոսփորի նեղուցով։ Դարերու խորքէն եկող հին ու յայտնի՝ ժամանակակից Պոլիսը խոշոր, քանի մը տասնեակ միլիոննոց քաղաք մըն է։ «Պոլիս» յունարէն բառ մըն է, որ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ քաղաք։ Կարգ մը աղբիւրներու համաձայն՝ Իսթանպուլ թարգմանաբար կը նշանակէ՝ «դէպի քաղաք»։

Օդը պաղ էր ու անձրեւոտ։ Մշուշի ու մառախուղներու մէջէն, երբեմն տեղ-տեղ կը նշմարուէր ծովուն կապոյտը։ Թռչունի բարձրութենէն աննկարագրելի զմայլեցուցիչ ու դիւթիչ էր Պոլիսը։ Վայրէջքի վերջին վայրկեաններուն՝ վերէն, ան քարսիրտն անգամ հմայելով իր գեղեցկութեամբ՝ կը գերէր ու կ՚առթէր երջանկութեան աննկարագրելի զգացումներ։ Օդանաւը արագընթաց սուրալով կը ճեղքէր մշուշները, որոնց մէջէն մե՛րթ կապտագոյն խաղաղ ծովը կ՚երեւէր, մերթ ալ՝ անհամաչափ, գոյնզգոյն շէնքերն ու շինութիւններրը։

Ահաւասիկ երկաթէ թռչունը բարեյաջող վայրէջք կատարեց «Աթաթիւրք» օդակայանը։ Առաջին անգամ կը ճամբորդէի Հայաստանի սահմաններէն դուրս։ Հիացական զգացումներս իրարու խառնուեցան։ Այստեղ ամէն ինչ ու ամէն բան նոր էր ինծի համար։ Առաջին անգամ այդքան խոշոր օդակայան ու անթիւ, անհամար մարդիկ կը տեսնէի՝ զանազան ազգութեամբ, գոյնով ու տեսքով։ Անհամաչափ խառնաշփոթ մը կը տիրէր օդակայանէն եւ առհասարակ քաղաքէն ներս։ Ամէն ոք տեղ մը կը շտապէր. թէ՛ գացողները, թէ եկողները անհասկնալի աճապարանքի մը մէջ էին։ Ամէնուր կը հնչէր տանտիրոջ լեզուն՝ թրքերէնը։

Մեր եօթ հոգինոց զբօսաշրջային խումբը՝ ուղեցոյցի ուղեկցութեամբ օդակայանէն շարժեցաւ դէպի պանդոկ, ուր պաշտօնեաները մեզ բարեհամբոյր դիմաւորեցին։ Քանի մը օր անոնք մեզ սիրով ու մեծ հոգատարութեամբ հիւրընկալեցին։ Անտեսելով եղանակային անբարենպաստ պայմանները, մենք՝ զբօսաշրջիկի յարիր անհամբերութեամբ ու հետաքրքրասիրութեամբ, բաց աստի՝ հաշուի առնելով ժամանակի սղութիւնը՝ ճամպրուկները ձգեցինք ու անմիջապէս դուրս վազեցինք։ Չէ՞ որ դուրսը մեզի կը սպասէր նոր աշխարհ՝ բազում արկածախնդրութիւններով ու բացայայտումներով լի։ Քանի մը օրուայ մէջ գրեթէ բոլոր Իսթանպուլը պտըտեցանք։ Այցելեցինք բիւզանդական ժամանակաշրջանէն կանգուն մնացած ու այսօր թանգարան-մզկիթի վերածուած Այա Սոֆիա տաճարը։ Ճիշդ Այա Սոֆիայի հարեւանութեամբ կարծես դէպի երկինք կը խոյանար ճարտարապետական գլուխ գործոց մը՝ հսկայական ու աննկարագրելի գեղեցկութեամբ կառուցուած Սուլթան Ահմէթ մզկիթը։ Հասանք մինչեւ՝ Օսմանեան կայսրութենէն մեր օրերուն հասած՝ Թոփգաբուի սուլթանական պալատը։ Թոփգաբուի պալատը թանգարան մըն է, ուր խնամքով կը պահուին օսմանեան սուլթաններու գանձերն ու հարստութիւնները։ Իրիկուան դէմ բարձրացանք Կալաթայի աշտարակը ու Իսթանպուլի ամենէն բարձր կէտերէն մէկուն վրայէն՝ մեր ափերուն մէջ ունենալով Պոլսոյ բոլոր համայնապատկերը, քանի մը վայրկեան զմայլեցանք քաղաքի շլացուցիչ գեղեցկութեամբ։ Նաւով անմոռանալի պտոյտ մը կատարեցինք Վոսփորի ողջ երկայնքով։

Ժամանակակից եւրոպական Պոլիսը առատ է բազում պատմամշակութային կեդրոններով, թանգարաններով, վիթխարի սուլթանական պալատներով, կոթողներով, հին ու արդի յուշարձաններով։ Այսօրուայ Իսթանպուլը բազմակեդրոն խոշոր քաղաք մըն է, համեմուած ժխորով ու աճապարանքով։ Առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ այն համայն մարդկութեան, կրօններու, մշակոյթներու, քաղաքակրթութեան ու սովորոյթներու կիզակէտ մըն է։ Այստեղ կեանքը գիշեր թէ ցերեկ կ՚եռայ։ Մարդիկ բարի են ու նրբանկատ։ Սրճարան եւ կամ ճաշարան մը մուտք գործած ատեն՝ բարեհամբոյր ու քաղաքավար հիւրընկալութենէն ու սպասարկումէն ինքզինքդ շոյուած կը զգաս։ Նմանատիպ վերաբերմունքի կ՚արժանանայիր նաեւ մեծ ու փոքր առեւտրական կեդրոններէ ներս։ Այս ժողովուրդը՝ տանտէրերը գիտեն ինչպէս պատուել հիւրերը։

Տակաւին քանի մը տարի առաջ չէի գիտեր՝ պատկերացում անգամ չունէի, թէ Թուրքիոյ մէջ հայ կ՚ապրի։ Ոչ միայն կ՚ապրի, այլեւ կը շարունակէ արարել ու զարգանալ. ունի ազգային մեծ հարստութիւն ու պատմամշակութային արժէքներ՝ դպրոցներ, եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, մամուլ, մշակութային զանազան հաստատութիւններ։ Ահաւասի՛կ, այսօր հոս ենք ու ինչպէս Պոլիս այցելող իւրաքանչիւր հայ, մենք եւս այստեղ սկսանք հայկական հետքեր փնտռել։ Այդ փնտըռ-տուքները մեզ հասցուցին նախկին հայաշատ Գումգաբու թաղամասը, ուր այցելեցինք Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին ու Հայոց Պատրիարքարանը։ Պատիւն ունեցանք տեսակցելու ու քանի մը հարց յղելու Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին։ Սրբազան հայրը իր թանկագին ժամանակէն գրեթէ ժամ մը յատկացուց մեզի։ Անմիջական ու ջերմ զրոյցի ընթացքին սրբազան հայրը մեզի հարցուց, թէ արդեօք մկրտուա՞ծ ենք։ Բացի մեր խումբի Աննայէն՝ ամէն մարդ «այո» պատասխանեց։ Աննան տարիքով մեզմէ պզտիկ համալսարանաւարտ երիտասարդուհի մըն է։ Ան յայտնեց, թէ իր փափաքն է Երուսաղէմի մէջ կնքուիլ։ Սրբազան հայրը բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ. «Աղջիկս եկու՛ր, քեզ այստեղ կնքենք, քու թոյլտուութեամբ՝ ես ալ կնքահայրդ կ՚ըլլամ։ Հայաստանի մէջ գրեթէ չորս տասնեակ սաներ ու սանուհիներ ունիմ»։ Աննան ու բոլորս անակնկալի եկանք՝ առաջարկը անսպասելի էր։ Ան շփոթութենէն չկրցաւ յստակ որոշում մը կայացնել. պարզապէս ժամանակ խնդրեց։ Առաջարկը գայթակղեցուցիչ էր, բաց աստի, երիտասարդուհին ունէր վաղեմի երազ։ Քանի մը ամիս վերջ Աննան Դիմատետրի վրայ մեր հերթական շփման ընթացքին գոհունակութեամբ յայտնեց, թէ մկրտուեցաւ ու կնքահայրն է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։

Գումգաբուէն ետք մեր յաջորդ կանգառը եղաւ՝ Գնալը կղզին։ Իշխանաց կղզիներուն առաջինը՝ Գնալը կղզին, ըստ իս, մեր պտըտած կղզիներէն ամենէն կոկիկն ու գեղեցիկն էր։ Ես մինչ օրս, անմնացորդ սիրահարուեցայ հայութեան պատառիկ մը իր մէջ կրող կղզիներու թագուհիին։ Ճամբորդութեան վերջին օրը այցելեցինք Պալեաններու կողմէ Վոսփորի ափին կառուցուած նրբաոճ ու շքեղ ճարտարապետական գլուխգործոցը՝ Տոլմապահչէի պալատը։ Տոլմապահչէի գեղեցկութիւնն ու շքեղութիւնը բառացի նկարագրելը անհնարին է. ունի կառուցողի երեւակայական թռիչքը։ Ան պէտք է տեսնել ու զգալ։ Երբ երազային, անիրական թուացող պալատը պտըտած ատեն երիտասարդ թրքուհի ուղեցոյցը փաստեց, թէ պալատը կառուցուած է հայազգի արքունի ճարտարապետներ Պալեաններու կողմէ, մենք այլեւս չկրցանք ինքզինքնիս զսպել ու միաձայն՝ հայերէն «այո» պոռացինք։ Յաղթական հայեացքով մէկզմէկու նայեցանք։ Արդեօք կրնա՞ք պատկերացնել այդ պահուն մեր յուզումն ու գոհունակութիւնը։

Ահա՛, այսպիսինն էր մեր անմոռանալի ու տպաւորիչ ճամբորդութիւնը դէպի պատմական Կոստանդնուպոլիս։ Պոլիսը լիաթոք վայելելու ու ճանչնալու համար մեր ունեցած ժամանակը՝ աւա՜ղ շատ կարճ էր։ Ամէն մարդ մայր Հայաստան վերադարձաւ կրկին Իսթանպուլ վերադառնալու ցանկութեամբ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2018