ՑԱՅԳԱԼՈՅՍԻ ԵՐԳԻՉԸ

Ընթացիկ տարին լրացաւ արեւմտահայ նշանաւոր գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, հասարակական, քաղաքական գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան 145-ամեակը: Տիգրանակերտի Զիվերեկ գաւառին մէջ ծնած գրագէտը, հազիւ երկու տարեկանին ընտանեօք կը փոխադրուի Խարբերդ, ուր կ՚անցընէ իր մանկութեան, պատանութեան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին շրջանը:

Զարդարեան իր կրթութիւնը կը ստանայ Խարբերդի ազգային դպրոցէն, ապա ամերիկեան հաստատութենէն եւ ի վերջոյ Թլկատինցիի վարժարանէն, ուր կը ձեւաւորուի անոր մտաւոր-բարոյական նկարագիրը: Թլկատինցիի ազդեցութիւնը յետագային պիտի արտայայտուէր նաեւ իր գրականութեան մէջ: Տասնութ տարեկանին հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ կը դառնայ նոյն վարժարանին մէջ, ապա Խարբերդի ֆրանսական վարժարանի երդիքին տակ: Զարդարեան պատանի տարիքէն կը գրէր, թղթակցական կապի մէջ էր Պոլսոյ եւ արտասահմանի գրագէտներուն հետ․արձակ բանաստեղծութիւններով, հեքիաթներով եւ պատմուածքներով կ՚աշխատակցէր Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ»ին:

1897-1903 թուականները կարեւոր տարիներ էին Զարդարեանի կեանքին մէջ, երբ կը վարէ Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը եւ իրեն գործակից կ՚ունենայ կարող ու նուիրուած ուսուցիչներու խումբ մը:

Իբր անդամ յեղափոխական կազմակերպութեան, 1903-ին կը բանտարկուի քանի մը ամիս: Բանտէն ելքին՝ կը հարկադրուի երկրէն մեկնիլ եւ ընտանեօք կը ստիպուի ապաստանիլ Պուլկարիա եւ հաստատուիլ Ֆիլիպէ քաղաքը, ուր կը հիմնէ «Ռազմիկ» եռօրեայ թերթը (1906): Ռուբէն Զարդարեան Ֆիլիպէէն Պոլիս վերադարձէն ետք սկսած է աշխատակցիլ Քասիմի նոր հիմնած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին: Զարդարեանի գրած յօդուածները միշտ դրուած են թերթին առաջին սիւնակներուն մէջ: Զարդարեանի աշխատակցութիւնը շարունակուած է մինչեւ «Ազատամարտ»ի հիմնադրումը (10 յունիս, 1909):

1904 թուականին, Զմիւռնիոյ ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան հրաւէրով, Զարդարեան ընտանիքով կը տեղափոխուի Զմիւռնիա, բայց արգելքի հանդիպելով կը ստանձնէ տնօրէնութիւնը մերձակայ Մանիսայի հայկական վարժարանին, ուր սակայն հազիւ տարի մը կրնայ մնալ:

Սահմանադրութեան հռչակման տաւրիներուն կը հաստատուի Պոլիս: 1909 թուականին կը դառնայ խմբագրապետը «Ազատամարտ» թերթին: Կը վարէ հանրային պատասխանատու պաշտօններ: Կը վերադառնայ նաեւ ուսուցչութեան Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ։ Այս շրջանին կը հրատարակէ դասագիրքեր, նոյն շրջանին կը կատարէ նաեւ շարք մը թարգմանութիւններ՝ յատկապէս ֆրանսական գրականութենէն:

1914 թուականի ամրան Զարդարեան յոյսերով ու ոգեւորութեամբ լի կը մասնակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Կարնոյ Ը. ընդհանուր ժողովին, բայց ժողովը դեռ չէր վերջացած, երբ կը սկսի Համաշխարհային պատերազմը եւ Զարդարեան ընկճուած կը շտապէ վերադառնալ Պոլիս: Կը սկսին մռայլ օրերը: Զարդարեան մինչեւ վերջ կը մնայ «Ազատամարտ»ի գլխուն եւ աքսորուելով, ինքն ալ մաս մը կազմէ նահատակ գրողներու փաղանգին:

Պոլսոյ մէջ՝ 1913 թուականին, Ռուբէն Զարդարեան կը մասնակցի Պոլսոյ նշանաւոր գրական ասուլիսներուն, զորս Էսաեան սանուց միութիւնը կազմակերպած էր մարտ-յունիս 1913 թուականներուն եւ գրական գործերու քննարկումներ սկսած: Ճիշդ է, որ շարքը կանուխ ընդհատուած է, բայց գրական ասուլիսները մտած են պատմութեան մէջ եւ իբրեւ եզակի եւ հոգեհարազատ ձեռնարկներու շարք՝ անցեալ դարասկզբին, երբ գրական հաւաքներու համար մթնոլորտը այնքան ալ բարենպաստ չէր, բայց մտաւորականութիւնը եւ մանաւանդ՝ մտաւորականութեան հատընտիր ներկայացուցիչները Պոլսոյ մէջ կը հաւաք-ւէին՝ մեծարելու եւ գնահատելու համար ապրող գրողները եւ ոչ թէ խօսելու կեանքէն հեռացածներուն մասին:

Այդ գրական ասուլիսներէն մէկը նուիրուած էր Ռուբէն Զարդարեանի «Ցայգալոյս» հատորին, որ 1910 թուականին հրատարակուած էր, ուր ամփոփուած գրական գործերը մեծ մասամբ գրուած էին նախքան անոր հրապարագրական գործունէութիւնը: Զարդարեանի «Ցայգալոյս»ին նուիրուած գրական ասուլիսը կը կայանայ 5 մայիս 1913 թուականին, Բերայի Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ, Կոմիտաս Վարդապետի նախագահութեամբ: Խօսք կ՚առնեն արեւմտահայ հոգեւոր շարժման ամենանուիրական անունները՝ Զապէլ Եսայեան, Եուանդ Սրմաքէշխանլեան (Երուխան), Կոմիտաս եւ ուրիշներ: Յակոբ Սիրունի, որ Էսաեան սանուց միութեան հիմնադիրներէն մէկն էր, կը ներկայացնէ Զարդարեանի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը, Զապէլ Եսայեան ու Երուանդ Սրմաքէշխանլեան կը վերլուծեն Զարդարեանին գործը, Սարգիս Մինասեան կը խօսի գաւառի գրականութեան եւ Զարդարեանի ստեղծագործութեան մասին եւ Կոմիտաս Վարդապետ իր փակման խօսքին մէջ կը ներկայացնէ գաւառի հոգին, անոր մօտենալու անհրաժեշտութիւնը:

Ռուբէն Զարդարեանի ծննդեան այս յոբելենական տարուան առթիւ կը ներկայացնենք Պոլսոյ գրական ասուլիսին ընթացքին Զապէլ Եսայեանի հնչեցուցած ճառը:

ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ճառ՝ ՏԻԿ. ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆի)

Տիկիններ եւ պարոններ,

Քիչ անգամ մեզի առիթը ընծայուած է զուտ գրական ձեռնարկի մը շուրջ հաւաքուիլ եւ քիչ անգամ նաեւ, գոնէ հաւաքաբար, յաջողած ենք մտահոգուելու գրական եւ գեղարուեստական հոգերով: Գլխաւոր պատճառը անշուշտ մեր ընկերական եւ քաղաքական անկայուն, յուզումնալի, վշտագին եւ յաճախ ալ աղէտալի կեանքն է, որ կը սպառէ մեծ մասամբ մեր հոգեկան եւ մտաւորական ուժերը. բայց նաեւ հաւատացած եմ որ աւելի հզօր, աւելի ներդաշնակ եւ աւելի գիտական կենսունակութեամբ լի մտաւորականութիւն մը պիտի յաղթահարէր դէպքերուն, պիտի կանգնէր ամէն բանէ վեր, պիտի սաւառնէր ամէն բանի վրայ, իբր անվախճան եւ անխոցելի ոգին, լուսեղէն եւ անբռնաբարելի իտէալը մեր ցեղին հաւաքական հանճարին:

Եւ երբ ահա առիթը կը ստեղծեն նայելու մեր ազգային այդ գերագոյն ինչքին, քննելու, գնահատելու, զայն բաղկացնող երեսները դարձնելու ժողովուրդին յուզուած հետաքրքրութեան, թող չկարծուի երբե՛ք թէ անժամանակ պերճանք մըն է ասիկա մեզի համար: Ամենէն կենսական, բաբախուն հարցերուն հաւասար կենսական է գիտնալ թէ գեղեցկագիտական ի՛նչ արժէք կը ներկայացնենք, որովհետեւ այդ արժէքն է անշուշտ որ սահմանուած է վերջապէս փրկելու մնացածը:

Բոլոր հին եւ իմաստուն ազգերը, որոնց աւանդութիւնները դեռ իբր հիմ մը կը ծառայեն այսօրուան քաղաքակրթութեան, գիտակցած են այս անառարկելի ճշմարտութեան եւ հաւասար իրենց ամենէն մեծ հերոսներուն պանծացուցած են իրենց մտքի աշխատաւորները, միայն մեր ժամանակներուն է որ մարդիկ սկսած են անջատել գեղեցիկը օգտակարէն, ու նոյն իսկ աւելորդ ու սնոտի համարել առաջինը, եթէ իր մէջ անմիջական եւ առօրեայ օգտակարութեան հանգամանք չունի: Նոյն իսկ այս բեմէն, այս ձեռնարկին առիթով արտասանուեցան խօսքեր, որոնք ինծի թոյլ տուին այս մէկ քանի դիտողութիւնները ընել բուն նիւթին անցնելէ առաջ:

Գեղեցկութիւնը ինքն իրմով կը գնահատուի. անիկա միջոց մըն է որ իր նպատակը իր մէջ ունի. կարելի չէ զայն իր փառաւոր եւ լուսեղէն ոլորտէն դուրս՝ օտար եւ խորթ ոլորտի մը մէջ արժեցնել. կարելի չէ հարցնել բնութեան թէ ինչո՞ւ գունագեղ ծաղիկներով կը զարդարուի եւ կարելի չէ հարցնել վարդին թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար իր բարդ բարդ ու դողդոջուն թերթիկները մայիսեան առաւօտ մը միայն, արեւին ամենանուրբ երանգներով կը վառին: Նոյնպէս կարելի չէ հարցնել գեղեցկապաշտ գրագէտին թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար գրած է այս ինչ էջը կամ այն ինչ հատորը. կարելի չէ իրմէ հաշիւ հարցնել թէ իր գրական կամ գեղարուեստական երկը կը համապատասխանէ՞ օրուան եւ ժամանակին պահանջներուն, դարման կը տանի՞ անոր թէ ոչ. ամէն մէկ էջ եւ ամէն մէկ գիրք որ հոգեկան կամ մտաւորական յուզում յառաջ կը բերէ, իր գոյութեան իրաւունքն ունի եւ եթէ նոյնիսկ անիկա համապատասխան չէ առօրեայ պահանջներու, անտարակուսելի է որ համապատասխան է գերագոյն շահի մը որ թերեւս անտեսանելի է մեզի եւ որուն ընդ առաջ գացած է սակայն հեղինակի հոգին. ահա թէ ինչո՞ւ գրական գործի մը գնահատումը կարելի է ընել միմիայն այն առաւել կամ նուազ յուզումի աստիճանէն զոր յառաջ բերելու սահմանուած է անիկա: Այս է պատճառը անշուշտ որ ճշմարիտ եւ գիտակից արուեստագէտները ամէն ժամանակի եւ ամէն երկրի մէջ խաղաղ անտարբերութեամբ մը նայած են արուեստին օտար քննադատներու սահմանումներուն եւ գնահատութիւններուն վրայ. անիկա սերմանողն է որ չի մտածեր հունձքին վրայ եւ ոչ ալ թէ ինչպէ՞ս եւ ո՞ր ժամանակ պիտի ըլլայ հունձքը. անիկա տեսանողն է որ կը խօսի եւ կը յուզուի այնպիսի տեսիլքներով զորս ամէնուն աչքերը չեն տեսներ եւ որոնց հաղորդակից կ՚ըլլան իր միջոցովը. անիկա այն մոգն է որ կը յայտնաբերէ ոտքի կոխան եղած գեղեցկութիւնները ու առօրեայ հոգերով կնճռոտուած մարդոց ներբաններուն ներքեւէն ժողվելով անոր անտեսուած բեկորները՝ կը ցուցնէ զանոնք զարմացած ուշադրութիւններու՝ իր փառքովը փառաւորելով զանոնք:

Արուեստը, ըլլայ գրական թէ ուրիշ ճիւղերու մէջ, գերագոյն արտայայտութիւնը ըլլալով ցեղին, կը կազմէ թերեւս նաեւ անոր գոյութեան գերագոյն իրաւունքը, եւ այսօր յայտնի ճշմարտութիւն մըն է թէ ա՛յն ցեղերը ամենէն մեծերը, ամենէն զօրաւորները եղած են որոնց գեղեցկութեան բագինը աւելի վառ, աւելի ճարճատուն եղած է. եւ մենք իսկ, կորսուած ափ մը ասիացի ժողովուրդ, նոյն իսկ հետքերը նախկին ժողովուրդի մը, յարատեւ ոտքի կոխան դարձած դէպի արեւմուտք արշաւող բարբարոսներու, ինչո՞վ եւ ի՞նչ հիման վրայ է որ կը պահանջենք մեր գոյութեան իրաւունքը. որովհետեւ մեծաբարբառ կարող ենք ըսել, հպարտութեամբ եւ բարձրագլուխ կրնանք ըսել թէ մեր նախնեաց վառած կրակը գեղեցկութեան, գերագոյն իտէալներու բագինին մէջ, թոյլ չենք տուած որ մարի, թէ աշխարհաւեր բարբարոսներու յառաջ բերած խաւարը չէ զօրած զայն մթագնելու եւ թէ անիկա երբեմն առկայծ, երբեմն նուաղուն, բայց միշտ կենդանի, վառած է, հետզհետէ աւելի արծարծուելով, հետզհետէ աւելի բոցավառուելով:

Ահա այդ բագինին ամենէն արժանաւոր, ամենէն տաղանդաւոր քուրմերէն մէկն է Ռուբէն Զարդարեանը, որուն բանաստեղծական եւ գեղեցկագիտական արժէքը գնահատելու կոչուած եմ այսօր:

Շատոնց է որ կը ճանչնանք իր տաղանդին հրապոյրը. անիկա մեր գրական սերունդին անդրանիկներէն եղած է եւ նոյն իսկ այն օրերուն, երբ իր ձայնը Խարբերդէն կու գար մեզի, անոր երիտասարդ եւ զօրեղ տաղանդը կը գծագրուէր այնպիսի ինքնայատուկ գիծերով, այնպիսի յանկուցիչ դաշնակութեամբ մը որ խոր տպաւորութիւն գործած էր մեր, նորեկներուս վրայ: Այդ տպաւորութիւնը կը համարձակիմ ըսելու թէ անջնջելի մնաց եւ չափազանցութիւն չպիտի ըլլար անշուշտ, եթէ ըսէի թէ մեզմէ ոմանց առաջին օրերու անհաւասար քայլերը զօրացան այդ բնաշխարհէն եկած ոգեւորիչ բանաստեղծական ազդեցութեամբը: Ռուբէն Զարդարեան ըլլալով ամէն պայմաններէ անկախօրէն, մեծապէս օժտուած գրագէտ մը, էր միանգամայն մեր գաւառի գրականութեան ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկը. անիկա Խարբերդն էր, այդ բազմաչարչար եւ կորովի հայ գաւառը, անիկա Խարբերդն էր, իր տառապանքին ներքեւ հզօր եւ նոյն իսկ իր տառապանքով հզօրացած, անիկա ոգին էր մեր ամենէն քաղցրօրէն տխուր բանաստեղծութեամբ մը օծուն հայ գաւառին որուն վշտագին բայց ժպտուն, հալածական բայց երազատես զաւակներուն ցաւի եւ ուրախութեան վանկերը, աչքերու հրայրքը, հոգիներու սարսուռները կը փոխանցէր մեզի իր գեղեցիկ եւ յանկուցիչ արուեստին միջոցաւ:

Անոր գրականութիւնը մեզի համար միշտ եղաւ գերագոյն բուրմունքը այն ժողովուրդի հոգիին որուն մէկ հարազատ զաւակն էր ինքը եւ իր միջոցաւ հաղորդակից եղանք հեռաւոր եւ մեզի անծանօթ արիւնակիցներու տուայտանքներուն, պզտիկ ուրախութեանց եւ մեծ վիշտերուն, ժպիտի եւ գոհունակութեան խուսափուկ պահերուն եւ յարատեւող թշուառութեան, մէկ խօսքով անոնց ամբողջական կեանքին յուզումներուն եւ յոյսերուն:

Եւ ահա այս պատճառներով, նաեւ իր առանձնապէս ունեցած յատկութիւններուն շնորհիւ Ռուբէն Զարդարեան թրքահայ գրականութեան մեր սերունդին ամենէն արդիւնաւոր, ամենէն համակրելի անդրանիկներէն մէկը եղաւ:

Իր գրութիւնները, տարիներէ ի վեր ցրուած են այլ եւ այլ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ, որոնցմէ ամենէն յատկանշական էջերը ամփոփուած են «Ցայգալոյս»ին մէջ: Ասկէ դուրս կը մնան սակայն, կարգ մը ուրիշներու հետ, «Դէպի սէր» բանաստեղծութիւնը եւ «Եօթը երգիչները» հոյակապ էջը՝ առաջինը 1902-ի «Ծաղիկ»ին եւ երկրորդը 1911-ի «Բագին»ին մէջ հրատարակուած:

Ռուբէն Զարդարեան թէ իր ոտանաւոր եւ թէ արձակ բանաստեղծութեանց մէջ քնարերգական շունչ մը ունի, այս բառին լայն իմաստովը, թէեւ իր գրութիւնները կարելի է երեք որոշ մասերու բաժնել, -հէքեաթները, բանաստեղծութիւնները, եւ բարքերու արտայայտութիւնները, - սակայն ամէնքն ալ ոգեւորուած են այն հզօր եւ բանաստեղծական շունչով որով ներկայացուած եղելութեան կամ անձին հոգին զգալի եւ իմանալի կը դառնայ եւ կը դադրի առարկայական ներկայացում մը ըլլալէ:

Սեւ հաւը կանչեց, Վա՜խ ես մեռնէի, Շուն մըն ալ պակաս. Տան սէրը ըլլալով հանդերձ գաւառի բարքերու յստակ պատկերներ, դուրս կ՚ելլեն իրենց շրջանակներէն, անոնց ներշնչուած կեանքը կը թեւաւորուի, անսահմանօրէն կ՚երկարա-ձըգւի, կ՚ստանայ երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան թելադրիչ տարտամութիւնը եւ դադրելով ըլլալէ այս ինչ մարդուն կամ այն ինչ դէպքին հոգեկան մեկին նկարագրութիւնը կ՚ըլլայ մարդուն եւ դէպքերուն անսահմանելի արտայայտութիւնը:

Բայց իր տաղանդը իր բարձրագոյն արժէքին կը հասնի իր բանաստեղծութեանց եւ մանաւանդ իր հէքեաթներուն մէջ որով անիկա մեզի կը ներկայանայ իբր ամենէն անխարդախ եւ ինքնուրոյն խորհրդանշանական բանաստեղծը: Այս բառը քիչ մը չարաչար գործածուած ըլլալով մեր մէջ չպիտի ուզէի սխալ կարծիք մը ներշնչել: Զարդարեան խորհրդանշանական գրող մը չէ ինչպէս Մալարմէ, Սթուար Միլ, Ռընէ Կիլ, Մէթէռլինկ եւ ուրիշներ. անիկա իր արուեստագիտական նուրբ բնազդը ունի իբր ներշնչման աղբիւր եւ եթէ այդ բնազդը իրեն կարելի դարձուցած է որ անիկա վայելէ եւրոպական գրականութեան հոսանքներուն արդիւնքները, ոչ մէկ կերպով չէ քալած անոնց օտար հետքերուն վրայէն: Իր հէքեաթները, ծնած բնաշխարհի ծոցէն, կը համադրեն իրենց մէջ բարոյական կարգէ հոսանքներու, ընդդիմամարտութեանց կամ դաշնակցութեանց աշխարհներ. անոնց ներշնչման աղբիւրը այն քարանձաւներուն, անդունդներուն, օձի պէս սողացող առուակներուն մէջ է որոնց վրայ կանգ առած է իր բանաստեղծի մանկութիւնը, որոնց սարսափովը կամ գեղեցկութիւնովը տոգորուած է իր հոգին, որոնցմէ բարձրացող ձայներովն է որ եղանակաւորուած իր հզօր, իր ոգեւորեղ կշռոյթը, թէ արձակին եւ թէ ոտանաւորին մէջ եւ որ երբեմն տարերային եւ անմեկնելի զօրութեան մը թափը ունի եւ երբեմն ալ քաղցր է ու ամոքիչ հեռաւոր աղբերակի մը մրմունջին կամ սրբազան անտառի մը սօսաւիւնին նման: Երկար եւ աւելորդ պիտի ըլլար հոս թուել իր հէքեաթներուն անունները. ամէնքն ալ հաւասարապէս գեղեցիկ են: Միայն անոնց ստեղծագործութիւնը կրնար արդէն նուիրագործել հեղինակին անունը:

Ցայգալոյս ինչպէս գիտէք կը խորհրդանշէ այն խուսափուկ եւ տժգոյն լոյսի պահերը, որոնք ցոլակներու պէս բացուեցան մթին, ամպամած եւ երկարատեւ խաւարին մէջ ու անհետացան իսկոյն: Բայց այն այգը որուն կ՚սպասէինք ծագա՞ծ է իրաւամբ: Այն այգը զոր կարծեցինք ողջունել, կրկներեւոյթ մըն էր պարզապէս, հանգրուան մը միայն, մեր ցաւագին անհամբերութեանց համար որ կազդուրելէ աւելի զարմացուց մեզ, որովհետեւ գիտէինք որ մեր Արեւելքը ուրիշ կողմ էր: Ու թեւակոխելէ առաջ ճշմարիտ եւ առաւօտին մէջ, իրաւունք չունի՞նք յուսալու որ ցայգալուսային պահերու քաղցր եւ տրտում երգիչը իր մեծագոյն երգը վերապահած ըլլայ մեծ առաւօտին համար: Ռուբէն Զարդարեան իր գեղեցիկ տաղանդը յայտնաբերելով համեմատաբար ցանցառ կերպով մը, մեծ եւ նուիրական խոստում մը կ՚ընէ մեզի եւ մեր բոլոր ցանկութիւնն է անշուշտ որ այդ խոստումը իրականանայ, որքան կարելի է մօտիկ եւ լուսաւոր ապագայի մէջ եւ անիկա շարունակէ ընթանալ, իր առջեւ բացուած ընդարձակ ասպարէզին մէջէն, հետեւելով իր սրբազան, իր փառաւոր ճակատագրին:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 28, 2019