ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ (ՍԵՂԲՈՍԵԱՆ) (1869-1951) ՄԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՍԵՌԻ ՆԱՀԱՊԵՏԸ

Այդ տարի, վերամուտին, Հալէպի Ազգային ճեմարանի նորեկ աշակերտներէն էի, ու գեղեցիկ զուգադիպութեան մը իբրեւ արդար հետեւանք՝ շրջանի Համազգայինն ալ կը պատրաստուէր յառաջիկայ գարնան մշակութասէր հանրութեան ներկայացնել Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին» եւ կը փնտռէր թէ՛ տարիքով եւ թէ՛ հասակով յարմար «դերասանցու» տղաք:

Եւ ահա իմ բարի բախտէս, հայոց լեզուի ուսուցիչս՝ Զուլալ Գազանճեան, իբրեւ յարմարագոյն դերասան՝ անունս ալ առաջարկած էր:

Դարձեալ իմ բարի բախտէս, այս անգամ ուսուցիչս էր, որ ինծի «պայման» կը դնէր, որ պէտք էր ես նախ մօտէն «ծանօթանայի» Շանթին եւ իր թատերական վաստակին:

Թէեւ երկար ժամերս պիտի խլէին, սակայն թատրոնին մաս կազմելու մարմաջէն մըղ-ուած, առանց վարանելու, ընդունեցի ուսուցիչիս այս նախապայմանը: Շաբաթ մը վերջ Համազգայինը, ինծի հասակակից քանի մը «դերասաններ» ալ գտած էր ու հինգ ամիս ետք, չեմ յիշեր՝ ո՞ր դերով, բեմ բարձրացայ:

Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց էր: Իսկ հիմա… մեր Շանթը, Լեւոն Շանթը:

Տարիներ առաջ ինծի բաւական «ծանօթ» եղած էր այս անունը: Ու գրեթէ «գոց» գիտէի, որ հայ ստեղծագործ այս միտքը Պոլիս ծնած էր եւ ապա Գերմանիա ուսանած եւ իբրեւ «պաշար»՝ Եւրոպան իր հետ բերած էր մինչեւ Կովկաս, յետոյ ալ ապրած եւ ստեղծագործած՝ Երեւանի եւ Թիֆլիզի մէջ ու վերջը, քաղաքական պայմաններու բերումով, Միջին Արեւելք անցած եւ հոն ալ իր մահկանացուն կնքած էր:

Ահա իր պատմութիւնը, որ ինծի համար հայոց պատմութիւն ալ էր:

Ահա նաեւ՝ յարատեւ աշխատանքի հաւատացող մեծ հայ տաղանդ մը, որուն շնորհիւ իր գրականութիւնը հասցուցած էր նախանձելի բարձրութեան:

Աշակերտական առաջին տարիներու դասագիրքիս՝ «Մանկական աշխարհ»ի հեղինակ Լեւոն Շանթի կեանքին եւ գործերուն վերեւ յիշած գեղեցիկ պատահականութեան շնորհիւ էր, որ փոքր տարիքէս հարստացուած էր միտքս: Ուրախ էի եւ հպարտ:

Անոր համար, եթէ փորձեմ Շանթի ստեղծագործութիւնները մասնաւորել, կրնամ յըս-տակօրէն ըսել, թէ խորքին մէջ գրող եւ քաղաքական գործիչ Շանթի գրիչէն արտացոլացած էին գրական երեք իրարմէ տարբեր սեռեր՝ բանաստեղծութիւն, վէպ եւ թատրերգութիւն:

Իբրեւ բանաստեղծ՝ ան արուեստագէտ հեղինակ մըն էր, իրական եւ անմիջական, առանց զարդարանքի բառերու շարքով եւ տողերով:

Իբրեւ վիպագիր՝ մեր կեանքի գաղափարներու արձագանգողն էր: Հայելի մը, գրական նկարներով եւ մարդկային ապրումներով եւ մտահոգութիւններով լեցուն:

Եւ վերջապէս՝ իբրեւ մեծ թատերագիր մը, ան ազգային եւ համամարդկային պիտակով իր նիւթերը վերցուցած էր մեր պատմական անցեալի փառքերէն:

Ահա, թէ ո՛վ էր բանաստեղծ, վիպագիր եւ թատերագիր Շանթը եւ մանկութեանս հայոց լեզուի դասագիրքիս եւ այլ դասագիրքերու հեղինակը եւ տակաւին՝ «Եսի մարդը»ուն, «Շղթայուած»ին, «Հին աստուածներ»ուն, «Կայսրը»ին, «Օշին Պայլ»ին եւ «Հոգիները ծարաւի»ին հեղինակը:

Ու տակաւին շարքը կ՚երկարի:

Իր ստեղծագործութիւններու գլխաւոր կիզակէտը կամ, աւելի ճիշդ, գլխաւոր նպատակը եղած էր թատերագրական իր նորութիւնով եւ մանաւանդ հզօր ելոյթներով վերականգնել ազգային մեր ոգին եւ շունչը:

Թղթատեցէք իր էջերը: Կարդացէ՛ք Շանթի հատորները՝ բանաստեղծութիւն, վէպ եւ կամ թատրերգութիւն, ո՛ր մէկը որ կ՚ուզէք… եւ պիտի հաստատէ՛ք:

Վերջապէս իր այս պատկառելի վաստակով, ան՝ իբրեւ մեծ երազող գրող մը, խորանալով մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան ծիրերէն ներս, հաստատօրէն դարձաւ մեր գրականութեան թատերական սեռի արժանի նահապետը:

Հպարտ երեւոյթ:

Իբրեւ Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն»ի յարգելի անդամներէն մէկը՝ ան իր անուրանալի տաղանդով, գրեթէ իր բոլոր ստեղծագործած վէպերուն մէջ իսկ յայտնած էր թատերագիրի իր շունչն ու գրիչը:

Պէտք է անպայման յիշեմ, որ Սեղբոսեան Լեւոն՝ այս ուսուցիչն ու մանկավարժը, իր կեանքի վերջին տարիներուն նաեւ վարած էր Պէյրութի Հայ ճեմարանի տեսուչի պաշտօնը: Անկասկած, որ իր բոլոր կենսագրական գիծերը կամ նկարագրականները ունեցած էին որոշ եւ յստակ ձիրք եւ շնորհ:

Թատերագիր եւ ան ալ՝ նահապետ, շեշտեցի, որովհետեւ ինքն էր, իր հանճարեղ մտածողութեամբ օրին եւ պատշաճօրէն ճանչցած էր թատրոնի պահանջները եւ անոր զուգահեռ՝ առատօրէն «արտադրած»: Պատմական եւ ռոմանթիկ վիպագրի գրիչով եւ ոճով ան՝ իբրեւ իրապաշտ ստեղծագործական շինանիւթ, կողք-կողքի շարած էր մեր կեանքն ու պատմութիւնը, մեր պատ-մական շարժումներն ու անոնց հետաքրքրական ընթացքն ու մանաւանդ այս բոլորով իր էջերը գեղեցկացուցած էր իր խոհուն եւ հայրենասիրական վրձինով:

Լեւոն Շանթ: Մեծ մը, հայ գրիչի մեծերէն:

Վերջապէս գրիչ մը, որ ամէն առիթով ոչ միայն գրեց, այլ նաեւ կազմեց համաձայն իր տեսիլքներուն եւ լուսաւորեց իր բոլոր ընթերցողներուն միտքերը: Բայց այսքանով չգոհանալով՝ ան մեր պատմութեան տագնապները ներկայացուց իր լեզուով, որ տիրական արժանիք մըն էր:

Մեսրոպեան սքանչելի հանճարին եւ տեսիլքին արդիւնք եղող եւ մեր տառերուն մեծ սքանչացողն ու ծափահարողն էր նուիրական այս հայ ուսուցիչն ու հայերէնի զանազան դասագիրքերու հեղինակը, որ Կովկասէն մինչեւ Պոլիս, մինչեւ Եգիպտոս ու Պէյրութ վայելած էր հայու մեծ ու անկեղծ զմայլանքն ու գնահատանքը՝ ամէն ատեն:

Ուստի ինք ուրիշ մըն էր: Տարբեր մէկը: Ուրիշ մը: Միւսներէն՝ իր շրջապատի մեր գրական պարտէզի միւս մշակներէն տարբեր, որ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին համբերութեամբ դիտեց, սիրեց, զննեց եւ վերլուծեց իւրաքանչիւր երեւոյթ, դէպք եւ դէմք ու պատահար ու այս բոլորը իբրեւ իր մէջ իմացականութեան նոր ալիք՝ մեզի հրամցուց իր հազարաւոր ստեղծագործ էջերով:

Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ այս մարդը, սովորական եւ անսովոր այս հայը, հանդարտ ուսուցիչը, որուն անսովոր ակնոցին ետին լողացող հլուն աչքերովը ամբողջ տեսանելի կեանք մը պահած էր: Կեանք մը, որ ամբողջութեամբ մաս կազմած էր իր ժողովուրդին եւ մանաւանդ դաստիարակած նոյն այս ժողովուրդի նոր սերունդի զաւակները՝ համեստօրէն եւ նոյնքան ալ անսակարկ:

Քիչ մը պոլսեցի քիչ մըն ալ կովկասահայ, բայց վերջապէս՝ սփիւռքահայ, նուրբ եւ ամփոփ գիծերով այս հայ գրողը մեր գրականութեան պատմութեան լայն պողոտան առաջնորդող այն վիպագիրն է, որուն այս տարի ծննդեան մէկուկէս դարու յոբելեանը պիտի տօնակատարուի ամէն տեղ՝ պատշաճօրէն եւ յարգալիր:

Բիւր յարգանք իր գրիչին ու անոր ընկերացող գրական իր վաստակին եւ խոնջէնքին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2019