ԶՕՀՐԱՊ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Հայ անուանի գրող, հայ գրականութեան «նորավէպի իշխան», մեծահռչակ խորհրդարանական, քաղաքագէտ, փաստաբան եւ բարեգործ Գրիգոր Զօհրապ գրած է բանաստեղծութիւններ, նորավէպեր, ակնարկներ, վէպեր եւ այլ տեսակի գրութիւններ։ Իր գեղարուեստական գործերուն հետ արժէքաւոր են նաեւ հրապարակախօսական գրութիւնները: 1880-ականներու սկիզբը մուտք գործելով հրապարակախօսական ասպարէզ` Զօհրապ կը դառնայ իր օրերուն գրական շարժման մասնակիցներէն եւ արդիւնաւէտ գործիչներէն մէկը: 2000-ականներուն Երեւանի մէջ լոյս տեսած են անոր յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու հատորները, որոնցմէ կու տանք յօդուածներ՝ ազգային կեանքի վերաբերեալ:

ԱՒԵԼԸ

Տանտիկին հասարակութիւն մըն ենք. աւելը, լուացքը, տախտակ սրբելը կը սիրենք։

Մաքրութեան այս սէրը, զոր շատ անգամ երեսնուս զարկած են, ընտանեկան յարկէն անդին անցած չէ սակայն. այնպէս որ մեր հանրային ասպարէզները փոշիով գէթ, եթէ ոչ ուրիշ աղտեղութեամբ, լեցուն են միշտ։

Եւ տարիներ անցնելով այնքան թանձրացած է խաւը, որ ամենէն տոկուն մարդն իսկ աւելը ձեռքը առնելէ առաջ իրաւունք ունի վարանելու։

Տախտակամածէն վեր ելլելիք փոշին այնքան հեղձուցիչ բան մը ըլլալ կը խոստանայ, որ անոր մէջ կուրնալու կամ շնչասպառ մնալու վախը ինքնին կ՚արդարանայ։ Ընդհանուր վարանումին մէջ, Օրագրութեան կ՚իյնայ նորէն օրինակը տալ, եւ քաջալերուելով այն համակրութիւններէն որոնք իր անշահախնդիր ջանքերը կ՚ողջունեն, ինքը մատնանիշ պիտի ընէ հանրային ուշադրութեան՝ այն մութ անկիւնները, ուրկէ պէտք է սկսիլ, առողջապահիկ կանոնները ի գործ դնելու։

***

Մեր առաջին մտածումը չի կրնար հարկաւ մեր ողորմելի դպրոցական գործունէութենէն զատ բանի մը դառնալ։

Այն կուրացումին մէջ, որ առհասարակ ինքզինքնին հաւնող ամէն մարդու եւ յատկապէս մերին պատուհասը եղած է, չենք տեսած կամ չենք ուզած տեսնել որ հայրենակից ուրիշ հասարակութիւններ ո՜րքան արագաքայլ կը յառաջդիմեն կրթութեան մէջ։

Մեր թուրք հայրենակիցներուն այս շաւղին մէջ կտրած ճամբան այնքան մեծ է որ հիացումով միայն կրնանք զայն գնահատել։

Նախնական, բարձրագոյն կրթութեան ու մասնագիտական ուսուցման հաստատութիւնները ամէն տարի շարունակ դուրս կը բերեն կարգ մը զարգացած երիտասարդներ, որոնք ամէն ասարէզներու մէջ իրենց արժանիքը կը հաստատեն։

Թուրք օրագրութեան վրայ պզտիկ ակնարկ մը կը բաւէ ըմբռնելու համար այն հզօր գործունէութիւնը, որ իրենց գրական ասպարէզին մէջ ամէն առթիւ կը տեսնուի։

Ասոր դէմ, մեր կիսակատար սերտողութիւններով կցկտուր բառերով, թութակօրէն միտք պահուած բացատրութիւններով միայն պարծենցող պատանիներու, երիտասարդներու շարք մը, որոնց տգիտութեան անեզրութիւնը՝ իրօք ապշեցուցիչ է։

Եւ ասոնք իրօ՞ք զաւակներն են այս աշխատասէր, ուշիմ ու խելացի տոհմին որ Տաճկաստանի մէջ յառաջդիմութեան տարր մը ըլլալուն այնքան փայլուն ապացոյցները տուած էր միշտ։

Ապաքէն այս նուաստացումը դժուար չէ գուշակել. ազգին կրթական հաստատութիւնները մի առ մի չքացած, ուսուցչական մարմինը՝ խոտորած ու պարտականութեանցը… ստորոտը ինկած պահուն՝ մեր տղոց կրթութենէն ակնկալելիք բան մը մնացած չէր։

Եւ երբ մեր հասարակութիւնը Ժողովներու, Խորհուրդներու, Կուսակցութիւններու սին վէճերովը կը հետաքրքրուէր, երբ դպրոցները թաղականի, հոգաբարձուի, տնօրէնի նախանձընդդէմ պայքարներովը կը լեցուէին, անդին ուրիշները, առանց աղմուկի, ուսանելու կը պարապէին, փոխանակ մեզի պէս պարապութեամբ ուսանելու։

***

Յորմէ յետէ Կեդրոնական վարժարանի ուսումնական վիճակը խանգարուեցաւ, կրնանք ըսել որ ոչ իսկ նախակրթարան մը ունինք այսօր. լաւ հասկցէք ասիկա, ոչ իսկ Ծաղկոց մը։

Ու մի՛ խաբուիք Ուսումնական Խորհուրդէն երբոր կ՚ելլէ վարժապետանոց մը հիմնելու պէս խօսքեր կ՚ընէ, այս այլանդակ գաղափարին իրաւամբ զլացուած հանրային յօժարութիւնը շարունակ պահանջելով։

Խորհուրդի մը խորհուրդ մը տալը դժուար է միշտ, բայց չպիտի քաշուիմ՝ թաղական խորհուրդներուն, ասակ երեւակայական վարժապետանոցի մը կամ կրթական տեսուչներու անունով ուզուած դրամը մերժելու խորուրդը տալէ։

Ի՞նչ պիտի ըսէինք այն մարդուն, որ կռնակը շապիկ մը չանցուցած Միւռէն կամ Պօթէռէն հագուստ ապսպրելու կ՚ելլէ։

Ո՛չ, այս հէք հասարակութիւնը շռայլելու դրամ չունի։

Ուսումնական Խորհուրդը արդէն իր խղճին վրայ ունի՝ ամէն օր մէյ մէկ ուսուցչի վկայականով փողոցները թափած ողորմելիներու երկար շարքը, զորս անգործ թողուլը պաշտօնի մը դնելէ աւելի օգտակար կը համարինք ազգին համար։

***

Եւ եթէ կ՚ուզէ զմեզ երախտապարտ ձգել ու իրական ծառայութին մը մատուցանել, թող Աւելը ձեռքը առնէ, Աւելը՝ որուն ծայրն ալ, կոթն ալ գործածելու տեղ կայ, եւ մաքրէ մեզի չորս գործողութիւն չգիտցող թուաբաններէ եւ ուղղագրութիւն չսորվող հայկաբաններէ, որոնց ճակատը փակցուցած ուսուցչի տիտղոսը շատ չանցած ճշմարիտ անարգանքի մը հոմանիշը պիտի դառնայ։

ԱՒԵԼԷՆ ԵՏՔԸ

Թէ որ մէկը ելլէր մեր մէջ եւ բժիշկ ու երկրաչափ հասցնելու համար Պոլսոյ մէջ Բժշկական ու Երկրաչափական ազգային վարժարաններ հաստատելու առաջարկութիւնը ընէր, հարկաւ ամենքս ալ խնդալէ պիտի մարէինք։

Գաղափարը այնքան տարօրինակ պիտի երեւար որ չպիտի մտածէինք անգամ որ Պոլսոյ մէջ, եթէ ոչ պահանջելի ամէն պայմաններով օժտուած, բայց գոնէ պէտք եղած դասերը ըստ կարի աւանդելու կարող մասնագէտներ ունիք. այդ պզտիկ օժանդակութիւնը, ատանկ մեծ գաղափարի մը իրականացումին քով, շատ չնչին սատար մը պիտի համարուէր։

Ու երբոր Վարժապետանոց հիմնելու առաջարկութիւնը կ՚ըլլուի, կը տեսնեմ որ շատ մը մարդիկ, զորս մեծապէս կը յարգեմ, ահա լրջութեամբ ասոր իրականացումին ետեւէն են եւ ասով ահա լրջութեամբ ասոր իրականացումին ետեւէն են եւ ասով ժամավաճառ կ՚ըլլան, նիստ ու ժողով կը գումարեն, կարծիք կը փոխանակեն, խորհրդակցութիւններ կ՚ընեն, ծրագիր պատրաստելու համաճարակ ախտէն կը բռնուին։

Կը տեսնեմ ու հաւատալս չի գար։

***

Կը կարծե՞ն արդեօք որ Ուսուցչութիւնը աւելի՞ պզտիկ մասնագիտութիւն մըն է քան թէ Բժշկութիւն կամ Երկրաչափութիւնը։

Աւելի՞ քիչ ատենի, նուա՞զ անգտանելի վարդապետներու, եւ պակա՞ս ծախքի կը կարօտի միթէ։

Մեր ըմբռնումովը, - որ կրնայ Ուսումնական Խորհրդինը չըլլայ, բայց չի դադարիր բոլոր լուսաւորեալ աշխարհին ըմբռնումը մնալէ, - ուսուցչութիւնը ոեւէ մասնագիտութենէ աւելի բան մըն է, ինքնիրմէ դուրս ընդհանուր զարգացումի մը կարօտ ասպարէզ է։

Ոչ միայն սորվելու բան մըն է ան, այլ նաեւ զարգացումի յատուկ մթնոլորտի մը, բարոյական ու իմացական մասնաւոր միջաւայրի մը անհրաժեշտ ենթական։

Այնպէս որ, եթէ նոյն իսկ իբրեւ մասնագիտութին մը զայն հոս ձեռք բերել կարելի իսկ ըլլար, - ինչ որ բացարձակ կերպով անհնար է, քանի որ ամէն բանէ առաջ Վարժապետանոցի համար կարող ուսուցիչ չունինք - ես դարձեալ պիտի պահանջէի որ մէկդի ձգենք այդ գաղափարը վասն զի մեր մէջ պէտք եղած իմացական մթնոլորտն ալ կը ակսի կարծեմ։

Եւ ուրկէ կը հետեւի թէ աւելի հեշտ ու հնարաւոր է մեզի համար այստեղ Բժշկական կամ Երկրաչափական դպրոց մը հիմնել քան թէ Վարժապետանոց մը։

***

Տեսնե՛նք՝ արտորնօք տրուած որոշումներու, անհաշիւ առուտուրներու վերջ տանք. ուրիշ տեղ մը ըսի որ նոր շրջանի մը սկիզբն ենք ու ջանանք նոր մարդերու պէս շարժիլ. մոռնանք, Աստուծո՛յ սիրուն, առաջուց ի վեր յեղյեղուած յանկերգները որոնք այս ժամանակինը չեն. թողունք որ անոնք Պատրիարքարանի արձանագրութեանց մէջ մնան, իբրեւ իրենց ատենին նշանակները։

Մի՛ ըսէք ինծի որ ձեր ծրագրած Վարժապետանոցը՝ այն չէ ինչ որ ես, եւ հարկաւ դուք ալ, կը փափաքինք, այլ նախապատրաստական ուսուցիչներ հասցնելիք համեստուկ դպրոց մը. այս սահմանափակումները չեմ հասկնար. վարժապետութիւնը՝ այն միակ բանն է որուն է՛ն ստորին, է՛ն նախնական աստիճաններուն վրայ պէտք է փնտռել բարձրագոյն արժանիքը։

Վարժապետանոց կամ Ոչինչ. մէջտեղ չի կայ ասոր։

***

Ի՞նչ ընելու է ուրեմն։

Պարզապէս այն՝ ինչ որ խիստ բնական կը գտնենք երբոր մէկը բժիշկ կամ երկրաչափ ըլլալու կը պատրաստուի։ Ինչ որ անհատները այնքան դիւրութեամբ կ՚ընեն ու կը յաջողին, անիկա ընենք մենք ալ՝ երբ ազգին համար ուսուցչի պէտք ունինք եւ ինչ որ մինչեւ հիմա երբեք փորձած չենք։

Ի՞նչ աւելի դիւրին բան կայ, քան ամէն տարի 4 կամ 5 պատանիներ զատելով արժանաւորներէն, - ու երբ արժանաւոր կ՚ըսեմ, կը հասկնանք որ սըւոր պաշտպանութիւնը, յանձնարարութեանը կամ եղբօրորդիութեանը վրայ չէ խօսքս, այլ մրցումով ապացուցուած արժանիքի, - Գերմանիա կամ ուրիշ յարմար տեղ մը խրկել, որպէսզի պէտք եղած ուսումը եւ զարգացումը առնեն։

Կը կարծեմ որ չորս տարուան շրջան մը կը բաւէ ասոր, եւ այստեղ փորձուելիք ամուլ ջանքերը այնտեղէն սպասուած ապահով ճշմարիտ օգուտներուն հետ բաղդատութեան անգամ չեն կրնար դրուիլ։

Ծախքի խնդիրը հոս թէ հոն միեւնոյն պիտի ըլլայ, վասն զի նախակրթարաններ կան մեր մէջ որ 500էն 1000 ոսկիի տարեկան պիւտճէ ունին եւ կ՚ենթադրեմ որ Վարժապետանոցը, որքան ալ համեստ ըլլայ, միշտ նախակրթարանէ մը աւելի ծախքի կը կարօտի, մինչդեռ Եւրոպա խրկուելիք ուսանողի մը տարեկան ծախքը 60 ոսկիէն անդին չ՚անցնիր։

***

Երբոր ասկէ չորս տարի վերջը ճիշդ 16 ուսանող ունենանք հոն, ասոնց ծախքը՝ որ ուսանողներուն թիւին աւելնալուն համեմատ կրնայ պակսիլ, տարեկան 1000 ոսկիով պիտի գոցուի։

Կրնա՞ք խօսք տալ որ այսչափ դրամով միեւնոյն արդիւնքը կարող էք ձեռք բերել հոս, եթէ ասոր տասապատիկն ալ ծախսէք։

Մանաւանդ որ, երբ կանոնաւոր կազմակերպութիւն մը առնէ, երբ վստահութիւն մը ներշնչէ այս գործը, չի պիտի պակսին հարուստներ որոնք սիրով մէկ կամ աւելի ուսանողի ծախքը պիտի հոգան, ինչպէս որ ցարդ հոգացած են անհատական դիմումներու վրայ եւ որոնք, եթէ փափաքին իսկ այսօր նպաստ մը տալ բարեգորրծական նպատակով, չեն գիտեր թէ ի՛նչ ընելու են կամ որի՛ն հարցնելու են։

Թաղային վարժարաններէն՝ այցելու կամ տանուտէր տնօրէններու համար ստակ պահանջելէ բանաւոր է կարծեմ ասանկ առաջարկութեան մը օգտին անոնց պիւտճէներէն մաս մը յատկացնել տալ, օրինակի համար, հարիւրին տասը. եւ կը հաւաստեմ որ Պատրիարքարաններէն խրկուած տեսուչներու դանկ մը չէ երբոր իրենց տղոց ուսուցիչներ պատրաստելու առաջարկութիւնը՝ լուրջ բանի մը, հաւատալի ձեռնարկի մը վերածուի։

Հիմա որ այս կրթական գործին ապրելու պայմանները ճշդեցինք, ուրիշ բան մը չի մնար մեզի բայց միայն արտասուել անոր վրայ եթէ դարձեալ կեանքը զլացուի իրեն։ Դուրեանին ըսածին պէս.

Եւ մահամերձն ալ կը խնդրէ երկու բան,
Նախ՝ կեանքը ու յետոյ լացող մ՚իր վրան։

ՑԱՒԵՐ, ԴԱՐՄԱՆՆԵՐ

Հիւանդանոցին Հոգաբարձութիւն մը կազմելու համար ի գործ դրուած ջանքերուն ապարդիւն մնալը ուշագրաւ երեւոյթ մըն է, որուն կ՚արժէ որ պատճառները փնտռուին։

Մեր ազգայիններուն գթութիւնը պակսա՞ծ է այնքան, որ իր դժբաղդ ճակատագրին թողուլ ուզեն թշուառութեան այս յարգը։

Կամ թէ Հիւանդանոցը կարգի կանոնի բերելու գործը բոլորովին անհնա՞ր դարձած է արդեօք, որ ամէն ոք իր ոյժէն ու կարողութենէն վեր համարէ պատասխանատուութեամբ լեցուն այս պաշտօնը։

Եւ կամ թէ վերջին Հոգաբարձուներու հրաժարականին Ազգ. Վարչութեան կողմէն, առանց պատճառները գէթ հարցուելու, յօժարափոյթ ընդունուի՞լն է, որ անարդար վարմունքի մը - եթէ ոչ անյարգանքի մը - ներգործութիւնը թողած է բոլոր այս պարկեշտ, անխօս ու գործունեայ դասին վրայ՝ ուրկէ վարժուած ենք Հիւանդանոցի Հոգաբարձուները ընտրել եւ որոնք խիստ բնական համերաշխութեան մը ապացոյցը կուտան հիմա՝ հաւաքական մերժմամբ մը պատասխանելով Պատրիարքարանի կոչումներուն։

***

Ասոնցմէ որն որ ալ ըլլայ բուն պատճառը, սա ստոյգ է որ Հիւանդանոցին հիմակուան խեղճութիւնը իր ծայրագոյն սահմանին հասած է։

Եթէ կատարեալ սով մը չի տիրեր հոն, գէթ անօթութիւնը դուռը ձեռք առած է. նիւթական պատսպարումը անգամ անհնար է դարձած այն իրական կամ կեղակար կարօտեալներուն համար, զոր անհեռատես պաշտպանութեան մը ոգին ամէն օր հոս յուղարկելէ չի քաշուիր, աղերս մը մերժած չըլլալու քաղաքականութեամբ։ Այսպէս է որ այսօր այս Գթութեան Յարկին մէջ պատսպարուելու անարժանները հիմա հոն - փոքրամասնութիւն մը արդարեւ - բայց յարգելի փոքրամասնութիւն մը կազմեն։

Իմացայ որ տունի, տեղի, զաւկի տէր կիներ կան հոն՝ որոնց տղաքը իրենց մայրը ազգին ողորմութեան վրայ ծանրացնելու չեն խղճացեր. ամէն դասէ ու ամէն հասակէ դատարկապորտներ, աշխատութեան փախստականներ կան որոնք աղքատներուն հացը բերներնուն յափշտակելու տխուր արիութիւնն ունին. պարզապէս հիւրընկալուելու կամ երբեմն ալ պատիժ մը կրելու համար հոն ղրկուած եկեղեցականներ կան, որոնց դուրս ելլելը՝ երկբայելի զգաստութիւն մը ձեռք բերելով առաջնորդ ընտրուելնուն կը նայի։

Ահա առաջին կարգը, զոր ուժով մաքրողական մը ստիպողաբար պէտք է դուրս վանէ Հիւանդանոցի բազմակարօտ յարկէն։

***

Ասկէ վերջը, ամենէն ստիպողական բանն է Որբանոցը զատել, բոլորովին զատել, բայց անմիջական կերպով զատել հիւանդանոցէն, յատուկ տեղ եւ յատուկ Խնամակալութիւն մը հաստատելով որբերուն համար։

Այն անիմաստ կարգադրութեանց երկար շարքին մէջ, որ Հիւանդանոցին պատմութիւնը կը ձեւացնէ, ապահովապէս ամենէն անիմաստը՝ որբերը հիւանդներու մօտ պահելն է։

Տղայութիւնը՝ թշուառութեան քովը, իմ աչքիս՝ գերեզմանի մը վրայ նետուած ծաղիկի մը նմանի, եւ ասկէ աւելի տխուր բան մը չեմ երեւկայեր։

Ուրեմն որբերուն համար շո՛ւտ տեղ գտնելու ու անջատ Խնամակալութիւն մը կազմելու գործը յապաղում չ՚ընդունիր. այդ Խնամակալութիւնը՝ եթէ կազմուի, կը հաւատանք որ դիւրաւ պիտի յաջողի ասոնց պատսպարութեան համար պէտք եղած ծախքերը ճարելու գործին մէջ, առանց բեռ ըլլալու Հիւանդանոցի կարի անձուկ պիւտճէին վրայ։

Որբանոցը՝ Արհեստանոցի վերածելու փորձերը, որոնք բաւական յուսատու են, այս կերպով աւելի եւս կրնան արդիւնաւորուիլ եւ նոյն իսկ հասոյթի աղբիւր մը ըլլալ այս Հաստատութեան համար։

***

Իսկ ազգին կարօտ անկեալներուն համար ալ, նոյնպէս անհրաժեշտ կը կարծեմ, Հիւանդանոցէն անջատ հաստատութիւն մը հիմնել, եւ այդ կարգի աղքատներուն մուտքի պայմանները եւ գլխաւորաբար ասոնց թիւը յատուկ կանոնագրութեան մը ճշդելով, այս հաստատութեան համար հասոյթի զատ աղբիւրներ փնտռել ու գտնել։

Այս տեսակ բարեգործական ձեռնարկութեանց սկիզբը միշտ առաջ նետուելով յաջողութիւնը կ՚ապահովուի. եռանդով ու հաւատքով պէտք է գործել եւ ոչ թէ վարանումով։

Ամէն պարագայի մէջ ի՞նչ կը կորսնցնենք եթէ իրարմէ զատենք այս երեք բոլորովին տարբեր հիմնարկութիւնները, որոնք իրարու հետ ոեւէ առանչութիւն չունին արդէն։

Եթէ նոր նոր հասոյթներ չստեղծուին, վիճակը նոյնը կը մնայ՝ ինչ որ արդէն այսօր, եւ այս պայմաններուն մէջ ամէն կերպով ողբալի վիճակ մը նախադաս է այն զոր կը պահանջենք ահա մեր բոլոր ոյժովը։

Այն ատեն, եւ ա՛յն ատեն միայն, Հիւանդանոցը կարող պիտի ըլլայ իրապէս բժշկութեան տուն մը դառնալ. եւ իրմէ ակնկալուած օգուտը ընծայել, փոխանակ ծոյլերու ապաստարան կամ պատժային գաղութ մը ըլլալու՝ ինչպէս որ է այժմ։

Հիւանդանոցի համար տրուելիք մաքրողականը հարկ է որ ազդէ նաեւ անոր որջացեալ պաշտօնեաներուն երամին վրայ, զոր խմբովին - առանց եւ ոչ մէկին համար բացառութիւն մը ընելու - ճամբելը, բարեկարգութեան առաջին գործը կը դաւանինք։

***

Այս առաջարկութիւնները քիչ օրէն ընդունած տեսնելու միամտութիւնը չունինք. պաշտօնական նկատառումը ձեւակերպութեանց ենթակայ չեղող լրագրական կարծիքները, ափսո՛ս, հանրային խղճմտանքի միայն գոհացում տալու փառասիրութենէն աւելի բանի մը գիտենք որ չեն կրնար տենչալ։

Բայց փոյթ չէ. եւ վերջապէս չէինք կրնար ականջնիս խցել, երբոր այնքան սաստիկ կերպով կը բարձրանայ թշուառներուն ձայնը, այդ հեռաւոր ու լքուած անկիւնէն՝ ու ազգին հիւանդները մնալու դատապարտուեցան քանի մը մարդոց կամակորութեամբը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024