ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՓՈՔՐԻԿ ՃԱՄԲՈՐԴԸ

​Կար ու չկար
Պճիկ-մճիկ,
Խիտ մազերով
Սեւաչք-կորքիթ,
Փոքրիկ մանչուկ մը կար։ Անունը՝ Վարդանիկ, տարիքն ալ՝ հինգ-վեց տարեկան։

Այս Վարդանիկը շատ կը սիրէր պատկերազարդ գիրքեր կարդալ։ Ննջասենեակի անկիւններէն մին իր ամենէն սիրելին էր՝ մանկական գրադարանը։ Ամէն գիշեր՝ քունէն առաջ, Վարդանիկ գրադարանի գիրքերէն մին կը թերթէր։

Օր մը, հերթական անգամ՝ խորասուզուած գիրքերու կախարդական ու գունաւոր աշխարհին մէջ, յանկարծակի՝ քնքոյշ փսփսուք մը իմացաւ.

-Հէ՜յ փոքրիկ։

Վարդանիկը համակ ուշադրութեամբ շուրջը զննեց, սակայն ոչ մէկ արտառոց բան տեսաւ ու լսեց։ Կարծեց, իրեն թուաց, թէ ձայն մը իմացաւ ու շարունակեց իր զբաղումը։ Քանի մը վայրկեան ետք նորէն նոյն ձայնը.

-Հէ՜յ փոքրիկ, ես այստեղ եմ։

-Հը՜մ, դուն ո՞վ ես,- հարցուց Վարդանիկ եւ սկսաւ չորս կողմը նայիլ։ Սենեակի մէջ ոչ մէկ կենդանի շունչ, միայն ինքը կար. արդեօք ուրկէ՞ կու գայ այդ խորհրդաւոր ձայնը։

-Ո՞վ ես դուն,- կրկին հարցուց Վարդանիկ։

-Դէպի ձախ նայէ, գրադարանիդ մէջ։

Փոքրիկը զարմացած մօտեցաւ գրադարանին ու այնտեղ շարժող բան մը նշմարեց. գիրք մըն էր։ Վարդանիկը զայն ձեռքը առաւ, բացաւ առաջին էջը եւ գիրքը սկսաւ իր հետ խօսիլ։

-Բարե՜ւ, ես ժամանակի ճամբորդն եմ, եթէ թերթես իմ էջերը, կրնաս դարէ դար, տասնամեակներու, նոյնիսկ հազարամեակներու միջեւ ճամբորդել։

-Բարեւ, ես Վարդանիկն եմ, շատ կը սիրեմ պատկերազարդ գիրքեր կարդալ։

-Գիտեմ Վարդանիկ, դուն իւրայատուկ ուշադրութեամբ ու խնամքով կը վերաբերիս բոլոր գիրքերուդ։ Այդ իսկ պատճառաւ ես որոշեցի քեզ անակնկալ մը ընել։

-Ի՞նչ անակնկալ,- աչուկները խոշոր բացած՝ ուրախ ու զուարթ հարցուց Վարդանիկ։

-Կ՚ուզե՞ս ինծի հետ ճամբորդել։

-Անշուշտ,

-Սակայն, մինչ այդ պէտք է ինծի խոստանաս, որ այս ճամբորդութիւնը մեր փոքրիկ գաղտնիքը պիտի ըլլայ։ Ո՛չ մէկը պիտի իմանայ։

-Կը խոստանամ,- ոգեւորուած ու յուզումնախառն շտապեց պատասխանելու փոքրիկը։

-Ուրեմն, թերթէ իմ բոլոր էջերը, այնուհետեւ ըսէ, թէ ո՛ր ժամանակաշրջանը կ՚ուզէիր այցելել։

-Ես գիտեմ,- առանց վարանելու ըսաւ Վարդանիկ։- Ես մայրիկիս մանկութեան տարիները կը փափաքիմ այցելել։

-Շատ բարի փոքրիկ հետաքրքրասէր, քու կամքդ ինծի համար օրէնք է։ Բա՛ց եօթներորդ էջը։ Երկու ձեռքերդ դիր էջին վրայ եւ մենք երկվայրկեաններ անց կը տեղափոխուինք մայրիկիդ մանկութեան տարիները։

Վարդանիկ կատարեց կախարդական գրքի բոլոր հրահանգները։ Վայրկեաններ անց ան յայտնուեցաւ իրեն բոլորովին անծանօթ միջավայրի մը մէջ։ Ապշահար սկսաւ շուրջը դիտելու։

Ահաւասիկ տեսաւ խումբ մը աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք ժամը մէկին դպրոցէն տուն կը վերադառնային։ Վարդանիկը մօտեցաւ անոնցմէ մէկուն, որ շատ կը նմանէր իր մայրիկին եւ հարցուց.

-Ինչո՞ւ դուք այսօր դպրոցէն կանուխ արձակուեցաք։

-Մենք դպրոցէն կանուխ չարձակուեցանք, սովորաբար մեր դասերը այս ժամուն կը վերջանան։ Իսկ դուն ո՞վ ես, ես քեզ չեմ ճանչնար։

-Ե՞ս, ես Վարդանիկն եմ։

-Իսկ ես Վարդուհին։ Վարդանիկ, եթէ կը փափաքիս կրնաս ինծի միանալ։

-Սիրով, լաւ միտք է։ Իսկ ո՞ւր են քու ծնողները։

Իմ ծնողքը տունն է։ Մայրիկս համեղ ճաշ պատրաստած է։ Տուն երթանք միասին ճաշենք, ես վաղուան դասերս պատրաստեմ, այնուհետեւ փողոց կ՚ելլենք խաղալու։ Այսօր օդը արեւոտ է, ընկերներուս հետ ժամադրուած ենք, պիտի հանդիպինք ու զանազան խաղեր պիտի խաղանք։

-Գիտե՞ս, իմ մայրիկի անունն ալ Վարդուհի է։ Իմ մայրիկս զիս առանձին դպրոց չի ղրկեր, ես նոյնիսկ մեր փողոցի երեխաները չեմ ճանչնար։ Բաց աստի, երբեւէ մինակս փողոց չեմ ելած։

-Վարդանիկ, կարծեմ դուն բանտարկեալի կեանք կ՚ապրիս։ Ես այսօր քեզ կը ծանօթացնեմ ազատութեան հետ։

Եւ այսպէս, Վարդանիկը մի ամբողջ օր միասին անցուց Վարդուհիին հետ։ Հազիւ իր ուսուցչուհիի յանձնարարած տնային պարտականութիւնները վերջացան, արդէն լսուեցան ձայները Վարդուհիի ընկերուհիներուն, որոնք Վարդուհին կը կանչէին փողոցը խաղալու համար։ Վարդուհին առանց իր մայրիկը տեղեակ պահելու միացաւ ընկերուհիներուն։ Անոնք միասին զանազան խաղեր խաղացին՝ տուն-տունիկ, պահուըտուք, բռնոցի եւ այլն։ Այլեւս մթնշաղին յարկաբաժիններու պատուհանները բացուեցան։ Մայրիկներն ու մեծ մայրիկները սկսան երեխաները տուն կանչել։ Սակայն վերջիններս այնքան շատ տարուած էին խաղով, որ չկրցան անմիջապէս խաղը ձգել ու տուն շտապել։ Գրեթէ ժամ մը ետք փողոցի աղաղակները, տղոց խանդավառ ճչոցները դադրեցան։

Վարդանիկ այսպիսի հաճոյք երբեւէ չէր ապրած։ Անոր ուրախութիւնը անսահման էր։ Գերյոգնածութենէն տուն մտնելուն պէս անմիջապէս բազմոցին վրայ քնացաւ։ Նոյնիսկ մինչեւ անկողին չկրցաւ հասնիլ։ Առաւօտեան արթնցաւ եւ ինքզինքը իր անկողինին մէջ գտաւ։

Կախարդանքը վերջացած էր։ Քիչ մը տխրեցաւ ու տամուկ աչքերով ըսաւ.

-Մայրիկիս մանկութիւնը վերադառնալ կ՚ուզեմ։ Այնտեղ ամէն ինչ բնական էր, մարդիկ երջանիկ էին, զիրար անկեղծ սիրով կը սիրէին։ Վախ ու լարուածութիւն չկար, երեխաները հանգիստ մինչեւ ուշ գիշեր փողոցները կը խաղային…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2019