«ՍՈՔՈՒՇԻՆՊՈՒԹՍՈՒ»՝ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ «ԻՆՔՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»

Մահը եւ մահէն յետոյ կեանքի շարունակութեան մասին գոյութիւն ունին տարատեսակ վարկածներ կամ տեսութիւններ։ Նման գաղափարներու հիմքին, հոգւոյ անմահութեան մասին հաւատքը  յատուկ է բազմաթիւ կրօնական եւ կրօնափիլիսոփայական վարդապետութիւններու։ Ըստ հանդերձեալ կեանքի մասին պատկերացումներու՝ մահէն յետոյ կը շարունակէ ապրիլ անհատի հոգին։ Քանի մը տեսութիւններու համաձայն, անհատը կրնայ վերածնիլ եւ իր նախկին կեանքի մասին մոռնալով սկսիլ կեանքի նոր շրջանի մը։

Մահէն յետոյ կեանքի շարունակութեան մասին պատկերացումները կը տարբերին կրօններու մէջ։ Հնդկական կրօններու՝ վերածնունդի մասին վարդապետութիւններու մէջ մահէն յետոյ կեանքի բնոյթը ուղղակիօրէն կ՚որոշուի կեանքի ողջ տեւողութեան կատարուած արարքներով։ Քրիստոնէութեան մէջ կ՚արտայայտուի յարութիւն առնելու հաւատքով, որու համաձայն մահացած մարդիկ կը յառնեն Աստուծոյ շնորհիւ։ Պուտտայականութեան մէջ մահը կը մեկնաբանուի որպէս աւելի լաւ աշխարհի մէջ վերածնելու եւ «Նիրվանա»ի քայլ մը մօտենալու հնարաւորութեամբ։ 

Մահէն յետոյ դիակը պահելը բազմաթիւ ժողովուրդներու մէջ կապուած է հանդերձեալ կեանքի եւ հոգւոյ անմահութեան վերաբերեալ պատկերացումներու հետ։ Մանաւանդ Հին Եգիպտոսի մէջ արհեստականօրէն կը պահպանուէր մարդոց եւ կենդանիներու դիակները, ինչ որ կը կոչուի զմռսում։

Պուտտայականութեան մէջ ալ գոյութիւն ունի «ինքնազմռսման» գաղափարը՝ Սոքուշինպութսու, որ մինչ օրս յաջողած է իրականացնել միայն 24 հոգի։ Բաւական երկար ժամանակ պահանջող եւ մասամբ պուտտայական վանականներու կողմէ իրականացուող Սոքուշինպութսուն կը սկսի կենդանութեան օրօք։

Առաջին փուլին՝ հազար օրուայ տեւողութեան վանականները կ՚ուտեն միայն կեղեւաւոր ուտելիքներ եւ մարզանք ընելով՝ կը ջանան նուազեցնել մամնի ճարպի քանակութիւնը։ Երկրորդ փուլին՝ նոյնպէս հազար օրուայ տեւողութեան մարմնի հեղուկի նուազեցման նպատակով կ՚ուտեն որոշ ծառերու կեղեւն ու արմատները եւ կը խմեն «ուրուշի» ծառի թունաւոր հիւթէն պատրաստուած թէյը, որպէսզի մահանալէն յետոյ մարմինը այնքան թունաւոր ըլլայ, որ նոյնիսկ որդերը չկարենան նեխել զայն։ Երրորդ փուլին՝ վանականը «լոթուս»ի դիրքով կը տեղաւորուի իր մարմնի չափերէն քիչ մը մեծ դագաղի մը մէջ։ Ողջ ըլլալը հաստատելու համար վանականը դագաղին մէջ նախապէս տեղաւորուած զանգակը օրը անգամ մը կը հնչեցնէ։ Եթէ զանգակը չհնչէ, ապա այդ կը նշանակէ, որ վանականը մահացած է եւ դագաղը կը փակուի։ Հազար օրուայ սպասումէ ետք եթէ յաջողած է սմռսումը, վանականի դիակը դագաղէն դուրս կը բերուի եւ կը տեղաւորուի վանքին մէջ։

Թայլանտի Քօ Սամուիի կղզիին վրայ կառուցուած են քառասունէ աւելի տաճարներ, որոնցմէ ամենաառանձնայատուկն է Վաթ Քուրնարամ տաճարը։ Այս վայրը լայն ճանաչում ստացաւ մօտաւորապէս յիսուն տարի առաջ՝ Լուանկ Փօ Տայէնկի արձանագրած արտասովոր «յաջողութեամբ»։

Լոանկ Փօ Տայէնկ իր կեանքը նուիրած էր պուտտայականութեան ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան։ Կարգ մը աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Լուանկ այնքան կլանուած էր պուտտայականութեան մէջ, որ խորհրդածութեան ընթացքին կրնար երկար ժամանակներ նստիլ նոյն դիրքով։ Կ՚ըսուի նաեւ, որ ան առանց սնունդի եւ ջուրի կրնար «լոթուս»ի դիրքով նստիլ շուրջ երկու շաբաթ։

Տայէնկ երկար տարիներ իր աշակերտներուն փոխանցեց հոգեւոր խորհրդածութեան գաղտնիքները։ Մահանալէ քանի մը տարի առաջ ան փոխեց իր սննդակարգը, որպէսզի մեռնելէ յետոյ մարմինը չնեխի։ Այսպէսով, Լուանկ Փօ Տայէնկ իր անունը արձանագրեց «Սոքուշինպութսուն իրականացնողներ»ու ցանկին։

Վանականներ զինք տեղադրեցին նախապէս պատրաստուած ապակեայ խորանարդի մէջ, որպէսզի տաճարի այցելողները տեսնեն։ Թէեւ Լուանկի մահէն անցած է մօտաւորապէս յիսուն տարի, սակայն, հակառակ Թայլանտի կլիմայական պայմաններուն, իր մարմինը մնացած է նոյն վիճակի մէջ։ 

Թայլանտի մէջ կան նաեւ այլ սմռսուած վանականներ, բայց Վաթ Քուրնարամ առաւել ուշադրութեան կ՚արժանանայ Լուանկ Փօ Տայէնկի յաջողութեան շնորհիւ։ Ամէն տարի հազարաւոր մարդիկ կ՚այցելեն տաճարը։ Ոմանց համար Տայէնկ պարզապէս հետաքրքրական երեւոյթ է, իսկ ոմանց համար ալ ուղեցոյց՝ ձեւաւորելու համար երկնային կեանքի ընթացքին կատարուած արարքները։ 

*

20-րդ դարու սկիզբին պուտտայականութեան հետեւորդները աշխարհի վրայ հաւատացեալներու շարքին կը համարուէր մեծագոյն խումբը, իսկ ներկայիս քրիստոնէութենէ, մահմետականութենէ եւ հինտուիզմէ յետոյ աշխարհի ամենաբազմանդամ չորրորդ կրօնն է։ 1951 թուականին պուտտայականութիւնը ունեցած է մօտաւորապէս 520 միլիոն հետեւորդ։ Այդ ժամանակ 500 միլիոն հետեւորդով քրիստոնէութիւնը քանակութեան իմաստով երկրորդն էր։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020