ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Ի ՆՊԱՍՏ ԸՆԹՐԻՔ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան ի նպաստ ընթրիք մը։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած միութեան նորընտիր վարչութեան պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ կազմակերպուած հիմնական ձեռնարկն էր այս մէկը։ Գատըգիւղի ընտանիքէն բազմաթիւ դէմքեր եւ կղզեբնակ համակիրներ մասնակցեցան այս ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսավայրին մէջ։ Հաւաքոյթը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ, մինչ Սեւան Աթաօղլու եւ իր գործակից ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։

Յանուն սանուց միութեան վարչութեան ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ալին Շէնճան, որ ամփոփ բացատրութիւններ տուաւ միութեան գործունէութեան եւ նորընտիր վարչութեան ծրագրերուն շուրջ։ Յայտագրի տեւողութեան երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան մեներգիչներ Մարալ Աթաման, Էսրա Օնայլը եւ Եանի Քորտոմենիտիս։ Ընթրիքի մասնակիցները հաճելի ժամանց ունեցան հայերէն, յունարէն եւ թրքերէն երաժշտական կատարումներով։ Հաւաքոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ ատեն եւ բոլոր ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ DJ Կարոն ալ մթնոլորտը խանդավառեց իր նուագներով։

Երեկոյթի ներկաներու շարքին էին Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սերթշիմշէք եւ այլ պատասխանատուներ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019