ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Ի՞ՆՉ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ՚ըսէ.

«1.- Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։

«Աստուածաճանաչութեան աղբիւրն է Աստուածաշունչը։ Մենք Աստուծոյ մասին բան պիտի չգիտնայինք, եթէ Աստուած Ինք չյայտնէր մեզի։ Աստուած Ինքզինք կը յայտնէ իբրեւ կատարեալ լոյսը, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բանաձեւումով՝ «Առաջին Լոյսը». եւ ինչպէս որ մենք այս աշխարհի լոյսը՝ արեգակը կը ճանչնանք միայն իր լոյսով, այնպէս ալ Աստուծոյ պարագային, միայն Իր լոյսով կրնանք ճանչնալ զԻնք. «Լոյսո՛վդ է որ մենք լոյսը կը տեսնենք» (Սղ 36.9)։

«2.- Աստուածաշունչը Աստուած եւ մարդ յարաբերութեան պատմութիւնն է։

«Աստուածաշունչը կ՚արտացոլացնէ Արարիչին եւ արարածին կապը՝ իր դրախտային եւ երկրաւոր կրկնակ երեսներով։ Կապ մը, որ երկինքով կը սկսի, դրախտային պայմաններուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ, եւ հակառակ մարդուն անհնազանդութեան եւ մեղանչումով անկումին՝ կը շարունակուի անընդմիջաբար, աւարտելու համար դարձեալ երկինքով, ուր կը հրաւիրուի մարդը Աստուծոյ կողմէ, որպէսզի աստուածահաստատ նպատակը իր լրումին ու կատարումին հասնի։ Պատմութիւն մը, որուն առաջին եւ վերջին օղակներն են՝ մարդուն մեղանչումն ու մահուան դատապարտութիւնը, որ մարդը կը կապէ երկրին, եւ Քրիստոսի խաչը, որ մարդս մեղքի դատապարտութենէն ազատագրելով՝ կը կապէ երկնքին։

«3.- Աստուածաշունչը Աստուծոյ Ուխտին գիրքն է։

«Աստուած եւ մարդ յարաբերութիւնը վերեւ նշուածով չի սպառիր։ Կապը նշանակ է կապուածութեան, ինչպէս ծնողի մը եւ իր ծնունդին միջեւ։ Աստուած, իբրեւ մարդուն հոգեւոր ծնողը, Իր ծնունդին հետ Իր կապը կը կապէ ո՛չ միայն արարչական մնայուն նախախնամութեամբ, այլ նաեւ փրկագործական մնայուն ճիգով մը, որ նախապատրաստութիւնն է ամբողջական փրկութեան։ Այլ խօսքով, անիկա Աստուծոյ փրկութեան Ուխտին արտայայտութիւնն է, փրկութեան խոստումը եւ անոր հետապնդման պատմութիւնը։

«4.- Աստուածաշունչը Քրիստոսի մասին վկայութիւնը եւ Քրիստոսի ներկայութիւնն է։

«Աստուածաշունչը մէկ ծայրէն միւսը կը պատմէ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Երեւութապէս այնպէս կը թուի, թէ միայն Նոր Կտակարանն է Յիսուսի մասին խօսողը, բայց իրականութեան մէջ Հին Կտակարանը նոյնքան կը խօսի Քրիստոսի մասին։ Թէպէտ ո՛չ բացայայտ կերպով, բայց անիկա տարբեր կերպերով կը նախապատկերացնէ մեր Տէրը, կը ներկայացնէ զԱյն իր փրկագործական պաշտօններով եւ ապագայ առաքելութեամբը։

«Աստուածաշունչը ո՛չ միայն Քրիստոսի մասին կը պատմէ, այլ ինք Քրիստոսի կողմէ տրուած յայտնութիւնն է, եւ լեցուն է Քրիստոսի ներկայութեամբ։ Անիկա ամբողջութեամբ կը նոյնանայ Քրիստոսի հետ։ Եւ ինչպէս որ Քրիստոս Աստուծոյ մարմնացեալ Խօսքն է, այնպէս ալ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մարմնացեալ խօսքն է, թանձրացած եւ արձանագրուած, իր բնական՝ մարդկային եւ գերբնական՝ աստուածային տարրերով, ճիշդ Քրիստոսի աստուածամարդկային միացեալ բնութեան պէս»։

Քրիստոսի առաքեալներէն ոմանք, ականատես վկան դառնալով Քրիստոսի կեանքին, ուսուցումներուն, հրաշքներուն, չարչարանքներուն, խաչելութեան, թաղման, յարութեան եւ համբարձման՝ այդ բոլորը գրի առին։ Այդ բոլոր վկայութիւնները մենք այսօր կը գտնենք Նոր Կտակարանին մէջ եւ կեանքի ճշմարտութիւնը կը գտնենք թէ՛ Հին Կտակարանին եւ թէ՛ Նոր Կտակարանին մէջ։

Ներկայ աշխատասիրութեամբ եւ յաջորդող թիւերու մէջ պիտի խօսիլ աւետարանիչներու եւ անոնց Աւետարաններու մասին՝ վեր հանելով անոնց նշանակութիւնն ու իւրայատկութիւնը։

***

ՄԱՏԹԷՈՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՉ

Մատթէոս կը նշանակէ Աստուծոյ ընծայ: Մատթէոս Քրիստոսի 12 առաքեալներէն էր՝ Տիրոջ ձայնով կանչուածներէն: Անոր հրէական անունն էր Ղեւի. Ալփէոսի որդին էր, որուն համար ալ կոչուած է Ղեւի Ալփեան: Պաշտօնով եղած է մաքսաւոր՝ հռոմէական կայսրութեան պաշտօնեայ հարկահաւաք: Նշենք, որ հին աշխարհի մէջ չկար ոեւէ այլ պաշտօնեայ, որ այնքան մարդոց ատելի ըլլար, որքան հարկահաւաքը: Հարկահաւաքները կը դասուէին ոճրագործներու եւ աւազակներու կողքին: Նշանաւոր էին «յափշտակիչ» եւ «անարդար» որակումներով:

Քրիստոս Մատթէոսը կը կանչէ Իրեն հետեւելու, երբ ան մաքսատան մէջ իր գործը կը կատարէր։ Լսելով Տիրոջ ձայնը՝ Մատթէոս իր ունեցուածքը կը ծախէ. աղքատներուն կը բաժնէ եւ Քրիստոսի հետեւորդներէն մին կը դառնայ։ Մատթէոս իր տան մէջ խնջոյք կը կազմակերպէ իր ընկերներուն եւ հետեւորդ մաքսաւորներու մասնակցութեամբ: Այսպէսով առիթ կը ստեղծէ խնջոյքի մասնակիցներու եւ Յիսուսի հանդիպման համար։ Այստեղ է, որ Տէրը Իր նշանաւոր պատասխանը կու տայ, թէ՝ «առողջները բժիշկի պէտք չունին, այլ՝ հիւանդները» եւ թէ՝ «Ողորմութիւն կ՚ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» (Մտ 9,11-13):

Մատթէոս Տիրոջ խօսքը քարոզած է պաղեստինցի հրեաներուն, ապա մեկնած է Ափրիկէ եւ ըստ աւանդութեան մեծ չարչարանքներու ենթարկուելով` նահատակուած է Եթովպիոյ մէջ:

Աւետարաններու դասաւորումին մէջ Մատթէոսի Աւետարանը առաջինն է։ Գրուած է Պաղեստինի մէջ, ենթադրաբար՝ 70-100 թուականներու միջեւ։ Բաղկացած է 28 գլուխներէ։ Եղած է ամենատարածուած, Եկեղեցւոյ կողմէ ամենաշատ օգտագործուող Աւետարանը։ Մատթէոս աւետարանիչ իր Աւետարանին մէջ կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքը, որուն համար ալ եկեղեցական պատկերագրութեան մէջ կը ներկայացուի որպէս «մարդ-հրեշտակ»։

Մատթէոսի Աւետարանը իր ընթերցողներուն, յատկապէս իր ժամանակի հրեայ քրիստոնեաներուն կը յայտնէ, թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, որ Աստուած խոստացած էր Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն մէջ։ Յիսուս միայն երբայեցի ժողովուրդին Փրկիչը չէ, այլ՝ ամբողջ աշխարհի։

Մատթէոս իր Աւետարանը գրած է ժամանակագրական կարգաւորութեամբ։ Կը սկսի Յիսուսի ազգաբանութեամբ եւ ծնունդով, կը նկարագրէ մկրտութիւնն ու փորձութիւնը եւ ապա անոր քարոզութիւնը եւ բժշկութիւնները։ Վերջապէս, Մատթէոս կը նկարագրէ Յիսուսի վերջին անգամ Երուսաղէմ երթը, վերջին շաբթուան դէպքերը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը։

Մատթէոս աւետարանիչ Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս այն Մեծ Ուսուցիչը, որ իշխանութիւն ունի մեկնաբանելու Աստուծոյ Օրէնքը եւ քարոզելու Աստուծոյ արքայութեան մասին։ Անիկա Աստուծոյ Օրէնքին եւ Ուխտին հաւատարիմ ծառան է, որ կը կատարէ ու կ՚ամբողջացնէ Աստուծոյ ծրագիրը։ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի ուսուցումները կը տրուին յատուկ խմբաւորումներով եւ ընդհանուր դասաւորումով մը, որ կը ներկայանայ հետեւեալ կարգով.

- Լերան քարոզը, որով մեզի կը յայտնէ մեր պարտաւորութիւնները՝ արժանի ըլլալու համար Աստուծոյ արքայութեան (5-7 գլուխներ)։

- Իր աշակերտներու ցուցմունքներ՝ Աստուծոյ արքայութիւնը քարոզելու իրենց առաքելութեան մասին (10-րդ գլուխ)։

- Երկնքի արքայութեան խորհուրդը եւ յետագայ մեծ յաղթանակը պատկերացնող եօթը առակներ (13-րդ գլուխ)։

- Այս աշխարհի վրայ ինչպէ՞ս ապրիլ իբրեւ երկնքի արքայութեան զաւակներ (18-րդ գլուխ)։

- Ուսուցումներ՝ ներկայ ժամանակներու վախճանին եւ Աստուծոյ արքայութեան գալուստին մասին (25-25-րդ գլուխներ)։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2018