ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

Հարցում. Ո՞վ է Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը եւ ո՞վ է Սուրբ Յովսէփը։

Պատասխան. Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը մեր Տիրոջ ու Փրկիչին մայրն է, որ իր առաքինի վարքին համար, արժանի եղաւ իր մէջ կրելու Աստուծոյ Բանը, եւ պատիւ ունեցաւ ծնելու, սնուցելու եւ խնամելու զԻնք, որով բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ եղաւ եւ ամբողջ աշխարհին մայրը դարձաւ։

Իսկ Սուրբ Յովսէփը, Սուրբ Աստուածածինին նշանածն էր, որ Սուրբ Հոգիէն պատգամ ստանալէ ետք, պահպանեց Սուրբ Մարիամն ու Սուրբ Մանուկը։ Ան արհեստով ատաղձագործ էր, եւ իր առաքինի վարքին համար, արժանի նկատուած է Աստուածահայր կոչումին, իբրեւ երկրի վրայ խնամատար հայրը Յիսուսի:

Հ. Ի՞նչ է Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ կարեւորութիւնը քրիստոնեայի կեանքին մէջ։

Պ. Հաւատք, Յոյս եւ Սէր, երեք առաքինութիւններ կամ եզրեր, որոնք կը կազմեն քրիստոնեայ անհատին նկարագիրը։ Արդարեւ, այս երեքը զիրար կ՚ամբողջացնեն եւ առանց մէկուն, միւսը թերի կը մնայ։ Պօղոս Առաքեալ շատ գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ այս երեքին կարեւորութիւնը, Կորնթացիներուն ուղղած իր Առաջին նամակին մէջ, տասներորդ գլխուն մէջ կը խօսի սիրոյ մասին, եւ գլուխի վերջաւորութեան կ՚ըսէ. «Ներկայիս, ուրեմն, միակ կարեւոր բաներն են՝ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը. իսկ այս երեքէն մեծագոյնը՝ սէրն է» (Ա. Կր 13.13)։ Որորվհետեւ, սէրը յաւիտենական է։ Կը հաւատանք, որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս երկու հազար տարիներ առաջ աշխարհ եկաւ եւ մեր փրկութեան համար Իր անձը որպէս զոհ մատուցեց Հօր Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ կը հաւատանք, թէ խաչուեցաւ, թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ, երկինք համբարձաւ եւ թէ երկրորդ անգամ պիտի գայ դատելու ողջերն ու մեռելները։ Կը յուսանք, թէ երեկրորդ գալուստին երբ մեր Տէրը աշխարհ գայ, արժանանք այն բոլոր բարիքներուն, որ Ան խոստացած է Իր կամքը կատորողներուն։ Ուստի, հաւատքն ու յոյսը մինչեւ որոշ շրջան մըն են, որմէ ետք պիտի անհետանան, որովհետեւ մեր հաւատացածն ու յուսացածը պիտի տեսնենք ու ստանանք։ Սակայն, կը սիրենք Էակ մը, որ մեր բոլորին գոյութեան անպատճառ պատճառն է, եւ որ Ի՛նք ամբողջութեամբ ՍԷՐ է եւ կ՚ուզէ, որ մենք ալ զԻնք սիրենք մեր նմանները սիրելուն ընդմէջէն։

Հ. Եկեղեցւոյ Հայրերը հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին գրա՞ծ են: Կրնա՞ք քանի մը օրինակներ ներկայացնել:

Պ. Այ՛ո, Եկեղեցւոյ Հայրերը իրենց գրութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած են հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին եւ նոյնիսկ ամբղոջական ճառեր նուիրած են: Ահաւասիկ փունջ մը այդ մտածումներէն.

Հաւատքի մասին.

Սուրբ Եղիշէ Վարդապետը կը գրէ.

«Եթէ մէկը համարձակի եւ ուզէ առանց հաւատքի Սուրբ Հոգիի զօրութեան մօտենալ, եթէ քահանայ է՝ Կայափայի նման կը պատռուի ու կը ճեղքուի, իսկ եթէ աշխարհիկ է, Անանիայի ու Սափիրայի նման կ՚ըլլայ (տե՛ս Գրծ 5.1-10)։ Իսկ արդ, ո՞վ կրնայ առանց մեծ օգնականի արարող Սուրբ Հոգին ընդունիլ, եթէ ինք՝ Տէրը, չփչէ ըսելով. “Սուրբ Հոգին ձեր վրայ առէ՛ք”»:

Վրթանէս Քերթող կը գրէ.

«Հաւատքով կը սորվինք Աստուծոյ հաճոյ ըլլալ»:

Մաղաքիա Արք. Օրմանեան կը գրէ.

«Սուրբ հաւատքը, զոր մեր առաջին Լուսաւորիչք մեզ պարգեւեցին, զոր մեր Սուրբ Լուսաւորիչն տարածեց, զոր Հայրապետք եւ Վարդապետք ծաղկեցուցին, անով է որ մեր հոգիներն փրկուեցան եւ մեր սիրտերը մխիթարուեցան, անով մեր աղօթքները կը բարձրանան առ Աստուած եւ երկնային օրհնութիւնք կ՚իջնեն մեր վրայ։ Հաւատքնիս է, որ երկրի մէջ երկնաւոր կ՚ընէ զմեզ, եւ մեր մարմնաւոր կեանքը հոգեւոր կը դարձնէ, եւ անցաւոր վշտաց մէջ անանց մխիթարութեան նշոյլը կը ծագեցնէ։ Սուրբ հաւատքնիդ հաստատ պահեցէ՛ք»:

Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.

«Մեր հաւատքը մեր աչքը կը բանայ աշխարհի գեղեցկութիւնը, մեծութիւնը եւ ճշմարտութիւնը տեսնելու համար, այլեւ կը լուսաւորէ կեանքի փոքր եւ սովորական երեւոյթները»:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Կաթողիկոս կը գրէ.

«Առանց հաւատքի չկայ բժշկութիւն, բարոյական բժշկութիւն, ո՛չ հիւանդ անհատի, ո՛չ հիւանդ մարդկութեան համար»:

Հայր Մաթթա Ալ Մըսքինը կը գրէ.

«Չկայ քրիստոնէական հաւատք, որ գործեր չունենայ: Սակայն, գործերը առանձին չեն արդարացներ մարդ արարածը Աստուծոյ առջեւ եւ ոչ ալ զինք Անոր կը մօտեցնեն»:

Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ.

«Հաւա՛տքն է փրկութեան բանալին, եւ հաւատքի աչքով ու տրամաբանութեամբ դիտող ու դատող մարդը Աստուծոյ ընծայած փրկութիւնը կ՚ընդունի բացարձակ վստահութեամբ ու երկիւղածութեամբ, եւ մանաւանդ սիրով ու պաշտումով»:

Յոյսի մասին.

Ներսէս Եպիսկոպոս Դանիէլեան կը գրէ.

«Տրտմութիւնն ու լալկանութիւնը կը ջլատեն մեր բարոյական ու ֆիզիքական բոլոր ոյժերը։ Ճշմարիտ ու իրական յոյսը՝ չի խաբեր մեզ, կը քաջալերէ ու կը խնդացնէ, չի վհատեցներ, այլ կ՚արիացնէ, դէպի յառաջ կը մղէ՝ չ՚ընկրկեցներ մեզ»:

Գէորգ Չէօրեքճեան Կաթողիկոս կը գրէ.

«Յո՛յս, կեանքի ի՛նչ մեծ ազդակ ես, սակայն անոնց համար չես՝ որոնք միշտ աշխարհի ճոխ սեղանին առջեւ նստած են եւ պարերու, երգերու ու նուագարաններու քաղցր օրօրներով յափշտակուած՝ վայելքին մրուրը կը քամեն։

Յոյսը նիւթական կեանքի ճոխութեամբ յափրացածներուն համար չէ, այլ անոնց՝ որոնք փոքրիկ ու խոնաւ խրճիթներու մէջ միշտ չոր հացի ընկեր, դռներուն եւ պատուհաններուն ճեղքերէն սուլող ցուրտ քամիէն դողդողալով ու զրնգզրնգալով կանթեղի աղօտ լոյսին առաջ չոքած՝ աղօթքով եւ արտասուքով Արարիչին կ՚աղերսեն, որ թեթեւութիւն շնորհէ իրենց չարատանջ կեանքին։

Յոյսը այն ազգերուն համար չէ, որոնք հարստութեան եւ ոյժին ապաւինած՝ ագահ աչքերը յառած են օտարի ազատութեան եւ երկիրներուն, այլ այն ազգերուն՝ որոնց երկիրը սուրի եւ կրակի ճարակ դարձած է, երիտասարդ սերունդը թաւալգլոր ինկած»:

Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս կը գրէ.

- «Յուսալը ապրիլ է։ Յուսահատիլը մեռնիլ»։

- «Յոյսը շունչն է կեանքին։ Հաւատքը՝ կայմն է նաւուն»։

Սիրոյ մասին.

Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կը գրէ.

«Ձեր հաւատքը ձեր առաջնորդն է, սակայն ձեր սէրը՝ այն ճանապարհն է, որ ձեզ Աստուծոյ կ՚առաջնորդէ»:

Սուրբ Եփրեմ Ասորին կը գրէ.

«Դժբախտ ու խղճալի է ան, որ հեռու է սէրէն։ Ան իր օրերը նիրհած զառանցանքով կ՚անցնէ։ Եւ ո՞վ չի՛ լար այն մարդուն համար, որ Աստուծմէ հեռու է, զուրկ է լոյսէն եւ խաւարին մէջ կ՚ապրի։ Ուստի, կ՚ըսեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, անոր մէջ որ Քրիստոսի սէրը չկայ, այդպիսին՝ Քրիստոսի թշնամին է»:

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ կը գրէ.

«Երբ սէր ըլլայ, այլեւս կարիք չկայ ո՛չ օրէնքներու, ո՛չ ալ դատարաններու, որովհետեւ եթէ բոլորը զիրար սիրեցին եւ սիրուած եղան, բոլոր չարիքները կ՚անհետանան»:

Օգոստինոս Երանելին կը գրէ.

«Չկայ մէկը որ չի սիրեր: Սակայն հարցումը այն է, ի՞նչ կը սիրենք»։

Սուրբ Յովհան Մանդակունի կը գրէ.

«Սէրը Երկինքի Արքայութեան բանալին է եւ յաւիտենական կեանքին ճանապարհը»:

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կը գրէ.

- «Երբ կ՚ոտնակոխենք մարմինին ցանկութիւնները եւ աշխարհէն կը հեռանանք, այդ ատեն կրնանք սուրբ սիրտով զԱստուած սիրել»։

- «Ընկերոջ հանդէպ սէրը ճամբա՛յ կ՚ըլլայ եւ Աստուծոյ սիրոյն կը տանի մեզ։ Երբ մեր ընկերը կը սիրենք՝ կը սորվինք նաեւ զԱստուած սիրել»:

Շնուտա Գ. Հայրապետ կը գրէ.

«Սէրը, թանկագին մարդ արարած, ծառայութեան անհրաժեշտ հիմքն է։ Մինչեւ չսիրես անոնց՝ որոնց կը ծառայես, չես կրնար լիարժէք ծառայել, եւ մինչեւ անոնք քեզ չսիրեն, չեն կրնար քեզմէ օգուտ քաղել»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Օգոստոս 29, 2020