ԱՆՑԱՒ ՏԱՐԻ ՄԸ

Ինչպէս գառն է մատաղի համար, այնպէս ալ տղամարդը՝ պատերազմի:

Չգիտակցած մահը՝ մահ է, գիտակցած մահը՝ անմահութիւն:

Յանուն հայրենիքի կեանքը զոհելը անմահութիւն է:

Աստուած իմ մանկութեան մեծագոյն փափաքն ալ ի կատար ածեց: Իմ ընտանիքի մէջ կայ հերոս, կայ ռազմիկ, կայ քաջ մը եւ ան իմ հարազատ եղբայրն է, որ մասնակցեցաւ Արցախի երկու պատերազմներուն: Առաջինին որպէս զինուորական, երկրորդին՝ կամաւորական:

Տարի մը առաջ, սեպտեմբերի 27-ին, առաւօտեան ժամը ութին ան ըմպեց վերջին բաժակ սուրճը եւ առանց երկմտելու շտապեց կամաւորագրուելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Այդ պահուն ան ինքզինքին մասին բնաւ չէր խորհեր. մտքին՝ պաշտպանել հայրենիքն ու իր ընտանիքը, թոյլ չտալ, որպէսզի թշնամին հատէ հայոց սահմանները: Միակ բանը որմէ կը վախնար՝ գերութիւնն էր: Սակայն այդ հարցին ալ առաջին իսկ վայրկեանին լուծում տուաւ. մինչեւ մարտադաշտ մեկնիլը խնդրեց իրեն տրամադրել նռնակ մը եւ ատրճանակ՝ ապահովութեան համար: Աստուած մի արասցէ, գերութեան պարագային ինքզինքը պիտի պայթեցնէր կամ կրակէր: Այդպէս 44 օր շարունակ ան նռնակն ու ատրճանակը ձեռքէն վայր չդրաւ, նոյնիսկ քնացած ժամանակ:

Անարժանիս ալ աւելի վերջ Տէրը շռայլօրէն պարգեւատրեց: Իմ եղբայրը ողջ եւ առողջ տուն վերադարձաւ: Կոտրուած սրտով, հոգեպէս ջախջախուած, սակայն վերադարձաւ: Պատերազմի ընթացքին Աստուած երեք անգամ անոր կեանքը փրկեց: Փառք քեզ Տէր Աստուած, Յիսուս Քրիստոս:

Անցաւ տարի մը...

Պատերազմի տարելիցէն կը սարսափէի, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը սարսափէի մարդկային արհաւիրքէն վերջ Արցախ կատարելիք իմ առաջին այցէն: Սակայն երկուքի պարագային ալ բաւական հանգիստ էի ու եմ: Ես չեմ անիծեր պատերազմը: Պարզապէս կը վշտանամ, որ մարդկային կեանքի գնով, իմ ազգակիցներու, հասակակիցներու, իրենց կեանքի գարունները տակաւին չվայելած՝ քանի մը մատղաշ սերունդներու կեանքի գնով տեղի ունեցած պատուհասէն դաս չքաղեցինք մինչեւ այսօր:

Անցաւ տարի մը, սակայն ոչինչ փոխուեցաւ մեր կեանքի մէջ: Պատերազմը կը շարունակէ: Արկեր, ռումբեր ու հրանօթներ չեն պայթիր այսօր: Սակայն յաճախ կ՚ունենանք զոհեր եւ ամենացաւալին՝ մեր Աստուածատուր հայրենիքը օր ըստ օրէ ա՛լ աւելի կը պզտիկնայ՝ առանց կրակոցի: Ռազմի դաշտը տեղափոխուած է մեր ներաշխարհ, ուր ամէն օր կը մահանանք ու յարութիւն կ՚առնենք: Հոգիի ցաւը, տառապանքը, հայրենիքի կորուստին, պետականութեան քայքայման ականատես ըլլալը՝ անտանելի ցաւ մըն է:

Իրական Փրկիչին՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, Աստուծոյ ձգած, հոգիով ու մտքով տկար, մեղսագործ մարդոց մէջ կը փնտռենք մեր ազգի փրկութիւնը: Տեղի ունեցածի մէջ կը մեղադրենք բոլորը, բացի մենք՝ մեզ:

Այսօր ես չեմ տխրիր, արցունք չեմ թափեր հայրենիքիս կորուստի համար, քանզի իմ սուրբ հայրենիքը՝ Արցախս, Սիւնիքս, Հայաստանս իրենց տեղն են, բացակաները մենք ենք: Այսօր ես կը տխրիմ գալիք հաւանական կորուստներու պատճառաւ՝ Ստեփանակերտ, Երեւան, Սիւնիք, Գեղարքունիք, Սեւան, Տիգրանաշէն, ինչո՞ւ չէ նաեւ Լոռի, Տաւուշ... Մէկ խօսքով՝ կը սարսափիմ անհայրենիք մնալէ: Իմ տունը, տեղը, ընտանիքը, իմ սիրելիներու կեանքը կորսնցնելէ: Քանզի չապաշխարեցանք, դարձի չեկանք: Ընդհակառակը՝ դարձանք աւելի վատը, աւելի շատ մեղսագործ: Իսկ Աստուած մեզ պիտի շարունակէ պատժել այնքան ժամանակ, մինչեւ չսթափինք, մեր խելքը գլուխնիս չժողվենք: Աւա՜ղ, այդ երանելի օրը բնաւ չ՚երեւիր:

Այսօր աւելի շատ մեղաւոր են հայրենասէր, արցախասէր, գիտակից ու սրտացաւ քանի մը հարիւր հազարները, քան մոլորեալները՝ նիկոլականները: Մենք առանց խորապէս գիտակցելու մեր մեղքերը, առանց դարձի գալու, առանց ապաշխարելու, առանց Տէրը ճանաչելու, սիրելու, փառաբանելու, երկիւղելու, կը շարունակենք մեղադրել, անիծել, հայհոյել մոլորեալներուն ու հայոց նեռին իւր խմբակիցներով հանդերձ:

Ամէն օր կ՚ապրինք նոր եւ առաւել սաստիկ ցաւ մը, կը ստանանք առաւել հուժկու ապտակ մը եւ կը շարունակենք նոյն կերպ: Տակաւին անդունդի յատակը չենք: Տակաւին ունինք հնարաւորութիւն մեր հայրենիքի սահմաններէն ներս պաշտպանելու, Աստուծոյ ողորմութեամբ ու օրհնութեամբ փրկելու մեր երկիրը:

Ինչպէս որ տարի մը առաջ արցախցիներս փախան իրենց երկրէն, առանց հագուստի, ոտնաբոպիկ, առանց անձնագիր, լուսանկարներու, թանկարժէք իրերու... այսպէս շարունակելու պարագային մենք ալ վաղը՝ մեր սեփական կեանքը փրկելու համար պիտի փախչինք Հայաստանէն: Դուրսէն պայքարը առաւել դժուար պիտի ըլլայ, քան ներսէն: Տակաւին ունինք հնարաւորութիւն:

Մեր միակ փրկութիւնը ճշմարիտ հաւատքի, Աստուծոյ մէջ է:

Հա՛յ ազգ, վերցուր քու խաչդ, եւ հետեւէ Տէր Յիսուս Քրիստոսին: Տէ՛ր կեցիր քեզի վստահուած սուրբ հաւատքին, հայրենիքին, եկեղեցիին, սրբութիւններուն:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021