ԿԵԱՆՔԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

​«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց:
Մահուամբ զմահ կոխեաց
եւ յարութեամբն Իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց.
Նմա փառք յաւիտեանս: Ամէն»

Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենէն կենսալից եւ իմաստալից տօնը Տէր Յիսուսի Յարութեան տօնն է:

«Դուք մի՛ վախնաք. գիտեմ որ խաչուած Յիսուսը կը փնտռէք: Հոս չէ, որովհետեւ յարութիւն առաւ, ինչպէս ըսած էր: Եկէք եւ տեսէ՛ք այն տեղը ուր դրուած  էր» (Մտ 28.5-6). այս բառերով աւետեց հրեշտակը գերեզման եկած կիներուն, թէ իրենց Տէրը այդտեղ չէր, այլ՝ յարութիւն առած էր, ինչպէս նախապէս խօսած էր իրենց:

Մարդկային միտքին համար այս դէպքը հասկնալն ու ըմբռնելը գրեթէ անկարելի է, եթէ հաւատքի ու վստահութեան գործօնը տեղ չգտնեն մարդու միտքին, հոգիին ու սիրտին մէջ: Մարդկային տափակ մօտեցումով անկարելի է հասկնալ Քրիստոսի յարութեան դէպքը գերեզմանէն: Աւելի՛ն, գիտութիւնը եւ  մարդկային միտքը լոկ՝ առանց հաւատքի, ի զօրու չեն հասկնալու եւ ըմբռնելու, թէ ինչպէ՞ս հնարաւոր է մեռած մարմին մը, ինքնուրոյն կերպով յարութիւն առնէ, վերակենդանանայ: Մարդիկ եթէ փորձեն այս դէպքը վերլուծել եւ հասկնալ մի միայն չոր ու ցամաք հիմքերով եւ գիտական մօտեցումներով, ապա միլիոնաւոր դարեր իսկ բաւարար պիտի չըլլան հասնելու համար տրամաբանական եզրակացութեան, սակայն, Տէր Յիսուս Քրիստոսի յարութիւն առնելու պարագան հաւատքի ակնոցով եւ մարդկային կեանքին մէջ մեր ունեցած փորձառութեամբ աւելի քան փաստ եւ իրականութիւն է:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդուն կեանքը ա՛լ աւելի վսեմ նպատակ ստացաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդուն կեանքը իմաստաւորուեցաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը մարդացաւ ու մարդանալով աստուածացաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը գեղեցկացաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը վերանորոգուեցաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը յաւիտենականութեան յաւիտենական ճամբորդ դարձաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը Աստուծոյ սեղանակից դառնալու գրաւականն ստացաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը Աստուծոյ ներկայութեամբ յաւիտեանս ապրելու հնարաւորութիւնն ունեցաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը յաւիտենապէս զԱստուած փառաբանելու պատիւն ունեցաւ:

Քրիստոսի յարութեամբ մարդը մահով մահուան յաղթելու եւ մահուամբ դէպի կեանք անցնելու երաշխիքը ունեցաւ:

«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց: Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն Իւրով մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փառք յաւիտեանս: Ամէն» (Ժամագիրք): Ի՜նչ քաղցր կը հնչեն այս բառերը մարդու ականջին, միաժամանակ ի՜նչքան խորն է ան: Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ կ՚ըսէ. Իր մահուամբ մահը կոխեց, իսկ յարութեամբ՝ կեանք պարգեւեց. յիշենք, երբ մեր Տէրը կ՚ըսէր. «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը: Ան որ Ինծի կը հաւատայ, թէպետեւ մեռնի՝ պիտի ապրի» (Յհ 11.25). արդարեւ, Իր մահուամբ եւ յարութեամբ այս խօսքին գրաւականը տուաւ Իրեն հաւատացողներուն՝ Անդրանիկը դառնալով յարութիւն առնողներուն:

Այսօր մեզմէ շատեր թերահաւատութեամբ եւ կամ քմծիծաղով կը մօտենանք Տէր Յիսուսի յարութիւն առնելու փաստին: Պահ մը, սակայն, եթէ ուշադրութեամբ եւ առանց նախապաշարումներու ուսումնասիրենք Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ անցնող աւելի քան երկու հազար տարիներու պատմութիւնը, ապա պարզ եւ յստակ կերպով վկաները պիտի դառնանք Յարութեան փաստին, աւելի՛ն, մենք եւս մեր կեանքի ընթացքով պիտի փորձենք այդ յարութիւնը ունենալ՝ որպէս հանդիպում մեր Արարիչին հետ առ յաւէտ Անոր ներկայութեամբ ապրելու:

«Ձեզի ծանօթ են Պօղոս Առաքեալի խօսքերը. “Եթէ բերանովդ կը յայտարարես բոլորին առջեւ, որ Յիսուս Տէր է եւ կը հաւատաս սրտովդ, որ Աստուած զԱյն մահէն կեանքի բերաւ, պիտի փրկուիս” (Հռ 10.9): Հաւատալ, որ Աստուած մահէն կեանքի բերաւ Յիսուսը, կը նշանակէ հաւատալ Յարութեան: Ահաւասիկ փրկութեան չափանիշ մը, որ հաւատքին կապուած է, ուրեմն եկեղեցիին, իբրեւ խորհրդական մարմինին Քրիստոսի, բայց ոչ՝ այս կամ այն քրիստոնէական դաւանութեան, որովհետեւ հաւատքը, թէ Քրիստոս Տէր է եւ թէ Աստուած Անոր յարութիւն տուած է, հասարակաց է բոլոր քրիստոնեաներուն:

Առանց յարութեան հաւատալու, եկեղեցի չէր ըլլար: Եկեղեցին այս հաւատքէն ծնած է, առաջին տունն է անոր: Հաւատքը իր կարգին պէտք ունի եկեղեցիին, որովհետեւ, ինչպէս բազմաթիւ անգամներ ըսած եմ, քրիստոնէութիւնը վերացական վարդապետութիւն մը չէ, այլ հաւատք մը, որ պէտք է մարմնանայ համայնքի մը մէջ, եկեղեցիին մէջ: Եւ ահա ճիշդ է, ուրեմն, ըսել. “Եկեղեցիէն դուրս փրկութիւն չկայ”» (Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց):

Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետը յարութեան փաստին հաւատալը որպէս փրկութեան չափանիշ կը մատնանշէ, այսինքն՝ մարդ երբ կը հաւատայ Յարութեան, աւելին՝ կը հաւատայ, որ Տէր Յիսուս մեռելներէն յարութիւն առաւ, ապա փրկութեան չափանիշ մը կ՚ունենայ, որ սակայն, իրականութիւն կը դառնայ երբ Տէր Յիսուսի կեանքի օրինակով մարդ իր կեանքը կ՚ապրի եւ կեանքի «բարի պատերազմը մղելով» (տե՛ս Բ. Տմ 4.7) արժանի կը դառնայ փրկութեան, Տիրոջ տեսութեան, յարութեան եւ յաւիտեան ապրելու Տիրոջ ներկայութեան մէջ:

Իսկ երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կը գրէ. «Հա՛ւատքն է փրկութեան բանալին, եւ հաւատքի աչքով ու տրամաբանութեամբ դիտող ու դատող մարդը Աստուծոյ ընծայուած փրկութիւնը կ՚ընդունի բացարձակ վստահութեամբ ու երկիւղածութեամբ, եւ մանաւանդ՝ սիրով ու պաշտումով:

Արդ, Քրիստոս մեզի՝ բոլորիս համար մեռաւ, որպէսզի հաւատքի ճամբով մեզ կենդանացնէ (տե՛ս Ա. Թս 5.10): Այսպիսի հաւատք մը՝ մասնակցութիւն կամ բաժնեկցութիւն է Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան: Մասնակցութիւն ու բաժնեկցութիւն՝ ո՛չ թէ տեսականօրէն ու վերացականօրէն, ո՛չ թէ պարզ խորհրդանշական առումով, այլ՝ իրակա՛ն հասկացողութեամբ, հոգեւոր մակարդակի վրայ: Պօղոս Առաքեալ հաւատքի այդ փորձառութիւնը կ՚արտայայտէ այսպէ՛ս. “Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռայ եւ այլեւս կենդանի եմ. ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կ՚ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմինով, կ'ապրիմ՝ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար” (Գղ 2.20):

…Քրիստոսի մահուան մասնակցութիւն՝ կը նշանակէ նաեւ Անոր յարութեան բաժնեկցութիւն: Եւ հաւատքի ճամբով Քրիստոսի հետ մեր միութիւնը այդ յարութի՛ւնն է, որ կը բերէ մեզի այսօր: Յարութիւն մը՝ հոգիո՛վ, մեր ներքի՛ն մարդով, որ իր մեռելութենէն դուրս կու գայ, կը կենդանանայ, կը վերանորոգուի եւ կը դառնայ նոր ստեղծուած մը: “Ոեւէ մէկը որ Քրիստոսի միացած է՝ նոր արարած է. այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ” (Բ. Կր 5.17):

…Քրիստոսի յարութիւնը մեր մէջ ոտքի կը կանգնեցնէ հարազատ մարդը, քրիստոնեա՛յ մարդը, որ Աստուծոյ նմանելու եւ մարդոց նուիրուելու եւ ծառայելու կոչուած մարդն է, որ կ՚ապրի Տիրոջ եւ Անոր մարմինը կազմող Եկեղեցիին համար, եւ Քրիստոսի ընդմէջէն՝ բոլո՛ր մարդոց համար:

Այդպիսին ըլլալու կը կոչէ մեզ այսօր Քրիստոս, իբրեւ Իր հրաշափառ Սուրբ Յարութեան լոյսէն վառած ճրագներ, որպէսզի Իր փառքը ճառագայթենք մեր վարմունքով, գործով ու խօսքով, որովհետեւ նորոգուած մարդուն, “նոր ստեղծուած” կամ “նոր արարած” դարձած մարդուն “պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը Անոր, որ մեզ խաւարէն Իր սքանչելի լոյսին կանչեց” (Ա. Պտ 2.9):

Եւ այն ատեն մեր ամբողջ կեանքը կը վերածուի՝ հաւատքի եւ կենդանութեան լուսաշող առաւօտի, նոր կեանքի եւ յարութեան անա՛նց առաւօտի»:

Այս տարի, մեզի՝ հայերուս համար Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը առաւել եւս խոր իմաստ եւ ընկալում պիտի ստանայ: Այսօր, մեր Հայրենիքը՝ Հայաստանը վիրաւոր է: Մահուան հոտ կու գայ մեր Հայրենիքի ամէն մէկ անկիւնէն, մահը իր տիրակալութիւնը հաստատած է մեր երկրին վրայ՝ ահ ու սարսափ, ողբ ու կոծ տարածելով ամէնուր: Կատարուածը աններելի էր եւ անմարդկային: Այս բոլորի կողքին սակայն, այսօր երբ կը նշենք Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը, մտաբերենք մեր զոհուած հերոսները եւ յարութեան այդ հաւատքով վստահ ըլլանք, թէ հակառակ կատարուած պարագաներուն եւ սեփական երկրի ղեկավարներու պատճառով անարդար կերպով մատաղ եղան մեր հերոսները, սակայն Քրիստոսի օրինակով անոնք մահուամբ մահը կոխեցին եւ յաւիտենականի ճամբորդ դարձան իրենց մահով անմահանալով:

Բնականաբար դժուար է ծնողի մը համար համակերպիլ իր զաւակի կորուստի գաղափարին հետ, բայց մտաբերենք Սուրբ Կոյս Աստուածածինը, թէ ինչպէս ան կանգնած իր Զաւակին խաչափայտին դիմաց, ականատես կը դառնար Անոր մահուան, բայց մի քանի օր ետք Անոր յարութեան աւետիսը ստացաւ: Այսօր, երբ նոյն այդ Յարութեան աւետիսը ստանալու համար է, որ բոլորս եկեղեցի կը յաճախենք, խնդրենք Ամենաբարին Աստուծմէ, որպէսզի մխիթարէ մեզ եւ մանաւանդ մեր հերոս նահատակներուն ծնողները, Սուրբ Հոգիով լեցնէ եւ Քրիստոսի յարութեան յոյսով պարուրելով ամոքէ անոնց դալկահար սրտերը:

Թող ներուի ինծի այստեղ յարութեան աւետիսով դիմել մեր հերոս նահատակներուն՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

29 մարտ 2021, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 3, 2021