ՊԱՄ, ԵՐԵՒԱՆ, ՊԱՄ (28)

-Զանա՞

Ու դարձեր էր ետեւ։

Ծառին բունին կռթնած, դեղին փէշին տակէն երկարող գեղեցիկ սրունքները ծալապատիկ ըրած, նստած էր Նորան տետրակ մը գրկին։ Համարձակ ժպիտով իրեն կը նայէր։

Զանան, ամչկոտ, իրար անցաւ նախորդ անգամուայ նման, ու կէս-կեղծ ժպիտ մը գծելով դէմքին, բարեւեց։ Ձեռքը երկարեց, քիչ մը նոյնիսկ խոնարհեցաւ յարգանքի ակնյայտ դրսեւորումով։

-Շա՜տ ես լուրջ... ուսուցիչ-աշակերտ չենք, գործընկերներ ենք,- կատակեց Նորան։

«Գործընկեր...», մտածեց Զանան, եւ փորձեց իրեն համար նստելու տեղ գտնել։ «Արի՛», ընդամէնը երկու թիզ ձախ ընելով, աջ ձեռքով ցոյց տուաւ քովը բացուած փոքր տարածքը Նորան, ու հրաւիրեց Զանան այնտեղ։

Այդ նստիլն էր։

Վախուորած, իր տանիքի աղաւնիներուն նման գերզգոյշ ու փխրուն, կքեցաւ Զանան, միաժամանակ դառնալով ինքն իր շուրջ, եւ ինկաւ հողին, մէջքը գրեթէ զարկաւ բունին, ու հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով՝ պզտիկ մը թեքեցաւ դէպի Նորան. բայց բաւարար եղաւ «պզտիկ մը»ն այդ, որ ամբողջովին հպի անոր, յենի անոր մարմնի աջ կողմին, ուսէն մինչեւ կոնք ու սրունք։ Այդ նստիլն էր, աւելի ճիշդ՝ իյնալը, որ պիտի արձանագրուէր իբրեւ նոր քայլ, սահմանահատում, զանցում թերեւս, Զանայի կենսագրութեան ու հոգեբանութեան մէջ։

Հաւանաբար այնքան տաք էին ուսն ու թեւը Նորային, որ կարծես այրելով Զանան, զինք նետեցին միւս կողմ։ Նորան ծիծաղը չկրցաւ զսպել։ Զանան, այլեւս արդէն խայտառակուած, շտկեց ինքզինք, թափահարեց թեւը, մաքրեց փոշին, եւ իր ու Նորայի միջեւ պէտք եղած մէկ թիզ հեռաւորութիւնը պահած՝ կռթնեցաւ ծառի բունին։ Պատահածն ու տարօրինակ վիճակը ցրելու համար գլուխը ծռեց ետեւ ու նայեցաւ վեր՝ ծառի փէշերէն ներս, բռնազբօսիկ կերպով հիացական բացաբանչութիւն մ՚արտաբերելով։

Նորայի հասունութիւնը լիուլի բաւարար էր անշուշտ հասկնալու համար վիճակը Զանայի, իսկ գթասրտութիւնը՝ օգնելու համար անոր, որպէսզի դուրս գար կացութենէն։ Ուստի մտաւ Զանայի խաղին մէջ ու արձագանգեց.

-Գեղեցիկ է, չէ՞։

Եւ յաջորդող զրոյցը վերջապէս հալեցուց սառոյցը պահի։

-Ծա՞ռ, հարցուց Նորան

-Տերախդ, պարսկերէնը տուաւ Զանան։

-Վա՛յ, դրախտ...

աշակերտի հրճուանքով արձագանգեց Նորան, ու տետրակն երկարելով Զանային՝ խնդրեց, որ գրէ։

Եւ ահա դատարկ տետրը մեր զոյգին՝ բառեր, ձայներ, ու կեանք առնել սկսաւ։

ԵՐԱՄ

•շարունակելի

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2020