ԳԻՇԵՐԸ

Մանուկը քունին յանձնուած էր, երբ ոգի մը բարձրացաւ, մութ տեղէ մը, գետնին ընդերքէն եւ մեղմ ձայնով շշնջաց.

-Քեզի ծով պիտի տանիմ:

Մանուկ լճակը ըսաւ.

-Ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչ է ծովը:

Ոգին ըսաւ.

-Ծովը ջրասէր մանուկ մըն է եւ ունի կապոյտ աչքեր:

Խօսքին զուգահեռ մանուկը լսեց ջուրի կատաղի շառաչ մը եւ փսփսալով պնդեց.

-Ջուրը չե՛մ սիրեր:

-Հապա ի՞նչ կը սիրես:

-Պարտէզը կը սիրեմ:

Ոգին քմծիծաղով մը հարցուց.

-Ինչո՞ւ պարտէզը կը սիրես:

-Պարտէզը կանաչ է:

Ոգին շեշտակի ըսաւ.

-Քեզի ծո՛վ պիտի տանիմ:

Ծովը յառաջացաւ. ան մանուկ մը չէր, այլ բարձրահասակ, լայնաթիկունք տղամարդ մը, որուն կուրծքին վրայ կանաչ խոտեր աճած էին: Մանուկը սոսկումէն դողաց եւ չհամարձակեցաւ լալ: Ծովը ոգիին մօտեցաւ եւ երբ զայն ոսկեգոյն բազուկներով գրկեց, (բազուկները) իսկոյն անհետացան՝ ջուրին վրայ ցանուած աղի պէս:

Մանուկը քունէն դողահար արթնցաւ եւ բարձրաձայն լացաւ: Քնացած մայրը չլսեց հեկեկանքը եւ ան պահ մը առանձին լացաւ իր փոքր անկողինին վրայ, կռնակին  երկնցած, ապա կամաց-կամաց դարձեալ յանձնուեցաւ քունին:

Պարտէզը խնդաց, ծառերը կանաչցան եւ անոնց ճիւղերուն վրայ փոքր թռչունները թառեցան եւ սկսան գեղգեղել, գետը երգեց թաց երգ մը, մանուկը ուրախացաւ, բայց ուրախութիւնը երկար չտեւեց, ոգին վերադարձաւ եւ շեշտակի շշնջաց.

-Քեզի ծո՛վ պիտի տանիմ:

Ոգին, այդ պահուն, արիւնարբու կին մըն էր, ատելութեամբ լի էին անոր մեծ աչքերը: Մանուկը սոսկալի, բարձր ճիչ մը արձակեց, որ մայրը քունէն արթնցուց եւ իսկոյն, վախցած քովը մօտեցուց: Ան բազուկները երկարեց, գուրգուրանքով մանուկը գրկեց եւ զայն հանդարտեցուց մինչեւ որ ապահովութիւն զգաց եւ դադրեցաւ լալէն: Մայրը շարունակեց շշունջով հանդարտեցնել զայն եւ խոստացաւ, որ եթէ քնանայ, զոյգ մը ճերմակ տատրակ պիտի բերէ իրեն:

Այդ պահուն պարտէզը, հրճուալից խնդուքով, կռնակին վրայ երկնցած կին մըն էր:

Կապոյտ երկնքին մէջ զոյգ մը տատրակ թռաւ, ապա անոնց հետեւեցաւ երրորդ փոքր տատրակ մը, որ ջուրը չէր սիրեր:

Զաքարիա Թամէրի մասին.

Սուրիացի գրագէտ, լրագրող, կարճ հեքիաթներու հեղինակ: Կը համարուի ժամանակակից հռչակաւոր արաբ հեքիաթագիրներէն: Ծնած է Դամասկոս 1931-ին, ստիպուած է կրթութիւնը անաւարտ թողուլ 1944-ին եւ գործարանի մը մէջ երկաթագործութեամբ զբաղիլ: Աշխատանքին զուգահեռ կարճ պատումներ եւ խոհեր գրել սկսած է 1958-ին, իսկ մանկական հեքիաթներու յօրինման սկիզբը կը համարուի 1968 թուականը: 1981-էն ի վեր կը բնակի Անգլիոյ մէջ՝ Օքսֆորտ, մինչ այդ Սուրիոյ մէջ ունէր մեծ հեղինակութիւն, խմբագիրն էր «Արաբական կեցուածք», «Ուսամա» եւ «Գիտելիք» Սուրիոյ մէջ լոյս տեսնող թերթերուն, հիմնադիրն էր 1969-ի վերջաւորութեան հիմնուած «Արաբ գրողներու միութեան» Սուրիոյ մէջ: Օքսֆորտէն կ՚աշխատակցի աշխարհացրիւ այլազան արաբական թերթերու: Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու, որոնք թարգմանուած են անգլերէնի, ֆրանսերէնի, սպաներէնի, իտալերէնի, պուլկարերէնի, ռուսերէնի, գերմաներէնի եւ չինարէնի:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021