ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

OH, PRETTY WOMAN («ՍԻՐՈՒՆԻԿ ԿԻՆԸ») - ՌՈՅ ՕՐՊԻՍԸՆ

Շարժանկարի մերօրեայ սիրահարները ծանօթ են այս երգին Ճուլիա Ռապըրթսի եւ Ռիչըրտ Կիրի մասնակցութեամբ «Սիրունիկը» ֆիլմէն եւ վստահ են, որ ան նոյնինքն ֆիլմի համար գրուած է։ Բայց երգը իր գլխապտոյտ յաջողութիւնը ունեցաւ ֆիլմի ծնունդէն քառորդ դար առաջ՝ 1964 թուականին, երբ ան երեք շաբաթ շարունակ Պիլպորտ Հաթ 100-եակի առաջին հորիզոնականին վրայ էր։ Ֆիլմի ստեղծումէն ետք ան դարձեալ անգամ յիշեցուց հանրութեան Օրպիսընի հանճարեղ հիթին մասին։

Ան գրեց հիթը Պիլ Տիզի հետ համատեղ։ Օր մը, երբ անոնք Ռոյի տունը կ՚աշխատէին նոր նիւթի վրայ, ներս կը մտնէ Ռոյի կինը՝ Քլոտէթը եւ կ՚ըսէ, որ կը պատրաստուի գնումի երթալու։ Ռոյը կը հարցնէ իրեն, թէ արդեօք գումար պէ՞տք է իրեն։ Խօսակցութեան հիւմորով կը միջամտէ Պիլին՝ ըսելով. «Գեղեցիկ կանայք երբեք գումարի կարիք չունին»։ Ռոյը անմիջապէս կը սկսի երգել ապագայ երգի առաջին տողը, իսկ Պիլին կը հարուածէ սեղանին՝ նմանակելով կանացի բարձրակրունկ կօշիկներու ձայնը։ Քանի մը ժամէն, երբ Քլոտէթ տուն կը վերադառնայ, երգը արդէն պատրաստ էր։

Երգի իմաստը Օրպիսընը կը բացատրէր հետեւեալ ձեւով. «Երգի միջին մասը պալլատ է, ուր կը նկարագրուի տղամարդու զգացումները, երբ առաջին անգամ գեղեցիկ կին մը կը տեսնէ։ Սկիզբը ան համոզուած է, որ կը շահի անոր սիրտը, յետոյ կը կորսնցնէ վստահութիւնը։ Աւելի ուշ ան յուսահատութեան մէջ կ՚իյնայ, կ՚որոշէ մոռնալ զայն եւ ահա ան կը վերադառնայ»։

Քլոտէթ Օրպիսընը նոյն այն «սիրունիկ կինն» է, որուն շնորհիւ ծնաւ երգի մտա-յըղացումը։ Ան Ռոյի կեանքի ընկերն էր տասնվեց տարեկանէն։ Ռոյը իր մասին գրած է «Քլոտէթ» երգը։ Անոնք ամուսնացած էին 1957 թուականին։ 1964 թուականին՝ երգի թողարկումի տարին, անոնք Քլոտէթի դաւաճանութեան պատճառով կ՚ամուսնալուծուին։ Մէկ տարի անց, երբ Ռոյ համերգի կը շտապէր իր հեծանիւով, վթարի կ՚ենթարկուի։ Քլոտէթ իրեն տեսութեան կու գայ։ Շուտով անոնք նորէն կ՚ամուսնանան։ Սակայն մէկ տարի անց, հեծանիւներու հանդէպ իրենց ընդհանուր սէրը կ՚աւարտի Քլոտէթի վախճանով։ Ճամբուն վրայ իրենք վթարի կ՚ենթարկուին, եւ Քլոտէթ կը մահանայ ամուսինին ձեռքերուն մէջ։

Երգը Ռոյը եւ գործընկերը կը գրեն շատ արագ։ «Ես զայն գրած եմ ճիշդ այնքան ժամանակի մէջ, որքան որ ան կը հնչէ»,- հարցազրոյցներու ժամանակ կը կատակէր Ռոյ։ Մէկ շաբաթ անց երգը կը ձայնագրեն, իսկ մէկ շաբաթ ետք ալ երգը կը թողարկեն։ Այսքան արագ իրենք դեռ չէին աշխատած։

Երգը Օրպիսընի վերջին խոշոր հիթն էր։ Անկէ ետք ան երկար ժամանակով անցաւ ստուերի տակ։ Իր երգերը երթալով աւելի եւ աւելի վատ կը վաճառուէին՝ նոր երաժշտաձեւերու յառաջ գալուն պատճառով։ Երգը երկրորդ շունչ ստացաւ 1990 թուականին «Սիրունիկ կինը» հանրայայտ ֆիլմէն ետք։ Ֆիլմն ալ, ի դէպ, իր անունը ստացաւ նոյն երգի պատուոյն։

1991 թուականին երգը, իսկ աւելի ճիշդը՝ Ռոյ Օրպիսընը յետմահու ստացաւ «Կրեմի» մրցանակ «Տղամարդու լաւագոյն երգեցողութիւն» անուանակարգին մէջ եւ մտաւ ռաքընռոլը կերտող 500 երգերու շարքին։

Ի միջի այլոց, երգի հետ կապուած մի քանի հետաքրքրական փաստ կայ։ Հեղինակները կը խոստովանին, որ երգին մէջ հնչող «Yeah, yeah, yeah» արտայայտութիւնը վերցուցած են «Պիտըլզ» խումբէն, իսկ «Mercy» (գթա՛) արտայայտութիւնը երգին մէջ մտցուցած է Պիլ Տիզ։ Ան սովորաբար այդ արտայայտութիւնը կ՚ընէր, երբ ոեւէ շքեղ կին տեսնէր։

Երգը լսելու ատեն անմիջապէս երեւակայութեան մէջ կը յայտնուի շքեղ կին մը՝ կարմիր զգեստով, բարձրակրունկ կօշիկներով, հերարձակ ու անուշաբոյր: Հեղինակները յաջողած են երգը կերպարանաւորել ու կեանք հաղորդել անոր, որուն շնորհիւ ալ մենք՝ ունկնդիրներս, բացի լսելէ, կարծես նաեւ կը տեսնենք զայն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019