ՆՈՍԴՐԱՏԱՄՈՒՍԻ ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐԸ

Մարդկութեան հասարակաց թշնամին դարձած քորոնաժահրը կը շարունակէ զբաղեցնել ամբողջ աշխարհի օրակարգը։ Մինչ բովանդակ աշխարհ կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, ընկերային ցանցերու վրայ տարածուած է այն վարկածը, թէ 16-րդ դարու բժիշկ, աստղագէտ, գիտնական եւ գուշակ Նոսդրատամուս իր հեղինակած «Մարգարէութիւններ» (Les Prophéties) գիրքին մէջ «կանխատեսած» է քորոնաժահրի ծագումն ու տարածումը։ 

Նոսդրատամուս ծնած է 1503 թուականին Ֆրանսայի մէջ։ Իր ծնողները բաւական ուսեալ ու հարուստ էին։ Վաղ տարիքին մեծ մայրը անոր սորվեցուցած էր թուաբանութիւն, աստղաբաշխութիւն, նաեւ յունարէն, լատիներէն եւ եբրայերէն լեզուները։ 

Բացի բժշկութենէ, երիտասարդ տարիքին իր հետաքրքրութիւնը հակած էր դէպի աստղագիտութիւն ու աստղաբաշխութիւն։ Իր գուշակութիւնները շարադրեց քառեակներու ձեւով, որոնք կարճ, յաճախ անհասկնալի նախադասութիւններէն կազմուած են։ Իր գուշակութիւնները ներկայացուած են իր ամենայայտնի աշխատանքը համարուող «Մարգարէութիւններ» գիրքին մէջ՝ քառատող բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյի տեսքով։ 

Նոսդրատամուս խորհրդապաշտ մըն էր, այս պատճառով գաղտնագրուած՝ խորհրդանշական բացատրութիւններով գրի առած էր իր գուշակութիւնները։ Իր գրածները արդէն անըմբռնելի էին իր ժամանակակիցներու համար, իսկ հիմա առաւել քան դժուար է վերլուծել անոր գրածները։

Վերջերս ընկերային ցանցերու վրայ լայն տարածում գտաւ այն վարկածը, թէ Նոսդրատամուս կանխատեսած էր նաեւ քորոնաժահրի համաճարակի ծագումն ու տարածումը։ Ըստ կարգ մը մեկնաբաններու՝ գիրքին մէջ նշուած «երկուորեակներու տարի»ն 2020 թուականն է։  Բազմաթիւ լեզուներու թարգմանուած եւ համացանցի մէջ լայն արձագանգ ստեղծած տողերը առընչուեցան իր անունին հետ։ Նշեալ տողերը ներկայացուած են ըստ հետեւեալի.

Երկուորեակներու տարիին (2020)
Արեւելքէն (Չինաստան)
Պիտի բարձրանայ թագուհի մը (թագաժահր)
Գիշերային արարածներէն (չղջիկ)
Ժանտախտը 
Պիտի տարածէ 
Եօթ բլուրով երկրի հողերու տարածքին (Իտալիա)
Մութնալուսի մարդիկը (տարեցներ)
Պիտի վերածէ փոշիի (մահ)
Ինչպէս գիտէք, այս մէկը աշխարհի տնտեսութեան վերջը պիտի ըլլայ։

Ըստ «Snope» կայքէջի մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը, քորոնաժահրի համաճարակին զուգահեռ մեկնաբանուած այս տողերը, նոյնիսկ 2020 թուականի մասին որեւէ վարկած գոյութիւն չունի Նոսդրատամուսի վերոյիշեալ գիրքին մէջ։ 

Դարեր շարունակ Նոսդրատամուսի գուշակութիւնները առարկայ դարձած են մարդոց ուշադրութեան ու դեռ եւս  իր գործերն ու անձը կը հետաքրքրեն բոլոր անոնք, որոնք կը հետաքրքրուին գաղտնիքներով, առեղծուածներով ու մանաւանդ պատմութեամբ։ Զգալի եղած է նաեւ Նոսդրատամուսի ներկայութիւնը գրական հրապարակին վրայ՝ իր ընթերցողին մատուցելով աչքի զարնող անզուգական ու արտասովոր բանաստեղծութիւններ։ Իր «իմաստներու երկրորդ աշխարհ»ին մէջ կերտած է այնպիսի բարդ գիծեր, որոնք ընթերցողի ուղեղը կը գրաւեն անմիջապէս։ Ոմանք կասկածելով կը մօտենան անոր գուշակութիւններուն, իսկ ոմանք տեղի ունեցած համաշխարհային իրադարձութիւնները կը համեմատեն մանաւանդ անոր գուշակութիւններու հետ։ Թէեւ անոր ըսածներէն ոմանք իսկական իրադարձութիւններ դարձած են, սակայն, անանտեսելի է այն իրողութիւնը, թէ որպէս փորձառու բժիշկ ու աստղագէտ՝ իր գուշակութիւնները ապագայի մասին իր «կարծիք»ները, «կանխատեսում»ները եղած են։ 

Պատմութեան մէջ պատահածներուն հետ զարմանալի զուգադիպութիւններ եղած են իր գուշակութիւններուն մէջ, սակայն անոնց վստահելիութիւնը վիճելի է, քանի որ անոնց հերթականութիւնը չի համապատասխաներ ժամանակագրութեան։ Թէեւ գիրքին մէջ ոչ մէկ ամսաթիւ նշուած է, սակայն զանազան լեզուներէ քաղուած թարգմանութիւններու տողատակի «քօղարկուած» իմաստները հնարաւորութիւն ընձեռած են զանոնք համեմատել պատմութեան էջերուն արձանագրուած իրադարձութիւններու հետ։ 

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2020