ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՏԷՐ ԸԼԼԱԼՈՒ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Սփիւռքահայ մտաւորական, գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեան իր մտահոգութիւնները, ըսելիքները սովորաբար յօդուածներու տեսքով կ՚արտայայտէ եւ այդ գրութիւնները կը տպագրուին սփիւռքի մամուլին մէջ:

Պալեան երկար տարիներ բնակած է Պէյրութ, ապա՝ Փարիզ, իսկ քանի մը տարի է, իր տիկնոջ հետ, տարուան կէսը կ՚անցընէ Հայաստան, ուր իր երեւանեան բնակարանին մէջ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին: Հարցազրոյցը հիմնականօրէն ընթացաւ հայաստանեան իրականութեան այսօրուան մտահոգութիւններուն շուրջ, եւ քանի որ մեր զրոյցին պահուն փողոցին մէջ կը տօնուէր Քաղաքացիի օրը, զրոյցին սկսանք այդ մասին խօսելով.

-Այսօր Հայաստանի մէջ կը տօնեն Քաղաքացիի օրը. ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք իմաստը այս նոր տօնին, որ քիչ մը շատ հակասական ընդունելութիւն գտաւ՝ լաւ եւ վատ:

-Մեզի համար պերճանք են այս աւելորդ տօները: Քաղաքացիի օր… ի՞նչ ընելու համար: Քաղաքացիի գոհունակութեան օր ըլլայ՝ կը հասկնամ: Բայց եթէ տօն աւելցնելու համար է՝ անիմաստ է: Ֆրանսայի մէջ, օրինակ, որ Հայաստանին բաղդատած՝ հարուստ երկիր մըն է, արձակուրդի օրերէն կ՚ուզեն պակսեցնել, որպէսզի երկիրը արտադրէ: Երկիրը պէտք է արտադրէ: Եւ այս բոլոր երկիրները, ներառեալ Ֆրանսան, արտաքին պարտքեր ունին, այդ պարտքերը ժողովուրդը պիտի վճարէ, ուրիշ մէկը պիտի չվճարէ, իսկ այդ աշխատանքը մանանայ չէ, որ երկինքէն իջնէ, մարդիկ պէտք է աշխատին եւ պէտք է վճարեն: Արձակուրդը այսօր դարձած է ժամանակակից ընկերութեան ձեւով մը ախտը, որովհետեւ ամէն մարդ կը մտածէ ճամբորդութեան մասին. Հայաստան ալ շատ տարածուած երեւոյթ է՝ «հանգստանալու ենք գնում», կ՚ըսեն անդադար: Պէտք է նախ աշխատիլ: Իսկ այս երկիրը, որ մեր երկիրն է, մեր քրտինքով պիտի ծաղկի, եւ ոչ թէ միայն Երեւանը դառնայ զբօսաշրջային կեդրոն, ինչպէս որ է այսօր, նաեւ պէտք է ծաղկին Կիւմրին, Սիսիանը, Գորիսը, որպէսզի երկիրը երկիր ըլլայ:

-Քաղաքացիի տօնը նախապատմութիւն ունի. անցեալ տարի այս օրերուն տեղի ունեցածն է, որ կը տօնուի, իսկ այդ տեղի ունեցած մէկ տարի առաջուան դէպքերը ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

-Որեւէ յեղափոխութիւն վերջ կը գտնէ: Յաճախ նաեւ կը ծնի հակայեղափոխութիւն: Յեղափոխութիւնը պատմութեան մէջ նոր երեւոյթ մը չէ, փարաւոններու օրով ալ յեղափոխութիւն կար, Հռոմի մէջ ալ յեղափոխութիւն եղաւ, յեղափոխութիւնը դժգոհութեան մը արդիւնքն է, նորի մը փնտռտուքն է, բայց անկէ վերջ աշխատանքը կը սկսի: Յեղափոխութիւնը իր դրական կողմերուն հետ ունի նաեւ իր վտանգները: Ֆրանսական յեղափոխութիւնը աշխարհին լոյս բերաւ՝ ամէն մարդ ասիկա կ՚ընդունի, բայց ի՜նչ ոճիրներ գործուեցան: Այդ յեղափոխութիւնը նաեւ գլխատեց մեծ բանաստեղծ Անտրէ Շենիէն: Շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ յեղափոխութեան պարագային, ես մնայուն յեղափոխութիւն բառին չեմ հաւատար, ինչպէս հիմա յեղափոխութիւն բառին սկսած են ընկերացնել Նոր Հայաստան եզրոյթը: Եթէ ամէն եկող նոր Հայաստան պիտի ընէ՝ մենք քանի՞ Հայաստան պիտի ունենանք: Ասիկա աւելորդ զարդարանք է, որմէ լաւ կ՚ըլլայ հրաժարիլ եւ լծուիլ գործի:

Մէկ տարի առաջ եղածը գնահատելով ըսեմ, որ պէտք է փոփոխութիւն ըլլար, այդ օրերուն ես հոս էի, բայց ականատես եղայ այլ երեւոյթի մը՝ որեւէ յեղափոխութիւն շարունակութիւն է, մինչ մենք կը կարծենք, թէ սկիզբ է: Բոլոր յեղափոխութիւնները նախկինին վրայ կը կառուցուին: Նախկինին անպայման որ սխալներ եղած են, բայց ըսել չէ, որ ամէն բան սխալ էր, ինչպէս նաեւ ես քաջութիւնը ունեցած եմ միշտ ըսելու, որ սովետի ժամանակ ալ հոս, բացասական երեւոյթներու կողքին դրական բաներ եղած են: Պէտք չէ ուրանալ, պէտք չէ ամէն բան առնել եւ աղբը նետել եւ ըսել, որ պատմութիւնը մեզմով կը սկսի: Պատմութիւնը ո՛չ ինձմով, ո՛չ քեզմով, ո՛չ ալ միւսով կը սկսի…

Շատ զգոյշ պէտք է ըլլալ նաեւ սխալներու պարագային՝ սխալը սխալով պէտք չէ դարմանել: Դժբախտաբար այսօր այս է, որ հոս կը պատահի: Յեղափոխութիւնը պէտք է ընել նաեւ հոգեկանութեան վերադարձով: Երբ հեռատեսիլը մտիկ կ՚ընեմ, կը տեսնեմ, որ տեւաբար հաշուեյարդար կայ, տեղ մը կու գայ, որ ներել պիտի գիտնաս, դէպի ապագան պիտի նայիս, թէ ոչ՝ մենք կը գամուինք անցեալի մէջ, հոն կը հաստատենք մեր կայքը: Շատ բան կարելի է փոխել ապագային նայելու մօտեցումով: Իմ թշնամին անպայման սխալ ըսողը չէ, թշնամիս ալ կրնայ ճիշդ բան ըսել, ժողովրդավարութեան հիմնական բարոյական սկզբունքն այն է, որ կարենաս ըսել՝ դո՛ւն ալ իրաւունք ունիս, եւ ոչ թէ անդադար հաշիւ մաքրես: Ասիկա շատ վտանգաւոր հանգրուան է:

-Իշխանութիւնը եւ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնան այդ լայնախոհութեան հասնիլ:

-Այդ մասին ալ գրեցի. Հայաստանի մտաւորականութիւնը լուռ է, անտեսուած է: Ես կը կարծեմ, որ մտաւորականութիւնը պէտք է խօսի՝ ծուռ կամ շիտակ բաներ ըսէ, վիճարկում հաստատուի, պէտք է լսել մտաւորականութեան: Նոյնիսկ, եթէ այսօր մտաւորականութիւնը աղքատ է, անտեսուած է, գեղեցիկ ինքնաշարժներով ման չի գար՝ պէտք է լսել անոր, քանի մտաւորականութիւնը այս ժողովուրդին հոգեկերտուածքը պահողն է. այս երկրին մէջ կան պատմութիւն ունեցող մարդիկ եւ տեսիլք ունեցող մարդիկ, որ կրնան ճամբայ ցոյց տալ:

Մեծ դեր ունի նաեւ հեռատեսիլը: Պէտք է վերականգնել հեռատեսիլը՝ սկիզբէն մինչեւ վերջ. պէտք է վերականգնել որպէս լեզու, որպէս հետաքրքրութիւն, փոխանակ երթալու դէպի ժողովուրդը, ամբոխին ակնկալութիւնները, պէտք է երթալ դէպի ազգին ակնկալութիւնները: Գաղտնիք չէ, որ հեռատեսիլը հրաշալի հաղորդակցական միջոց է, դպրոց է, դիմացի նստած մարդուն ականջը, գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար, կը լեցուի՝ սխալը, ճիշդը… հոս է, որ համազգային քաղաքականութիւնը պէտք է որդեգրել առանց խտրականութեան: Հոգեկան վերականգնումի աշխատանքի մէջ շատ բան կրնայ ընել հեռատեսիլը:

-Պարոն Պալեան, Դուք հիմա տարուան կէսը Հայաստան կ՚անցընէք, այդ ալ հայրենադարձութեան ձեւ մըն է. ինչպէ՞ս կը վերաբերիք հայրենադարձութեան:

-Սփիւռքը վերջ չունի. սփիւռքի վերջը օտարում է: Փախուստ չկայ: Հոս է, որ կեանքը պիտի շարունակուի իր բոլոր անպատեհութիւններով:

Հաշուած եմ՝ հոս տասէն-տասներկու միլիոն բնակիչի տեղ կայ, Արցախն ալ հետը, թող գան եւ զարգացնեն, բայց դժբախտաբար, հայաստանցին ինքն ալ այս գիտակցութիւնը չունի: Ամէն մարդու աչքը Երեւանին վրայ է, Երեւանէն մէկ քիլօմեթր անդին կ՚երթաս, միջնադար է, ներելի չէ ասիկա ո՛չ պետութեան, ո՛չ ալ քաղաքացիին, ասիկա սեփական երկրին նկատմամբ քաղաքացիական վերաբերում չէ: Եթէ փոխադրամիջոցները քիչ մը լաւացնեն, այստեղէն ըսենք Եղեգնաձոր մարդիկ կու գան, կ՚երթան, կ՚աշխատին:

Քաղաքականութիւն պէտք է բոլոր այս հարցերը կազմակերպելու համար եւ նաեւ հոս եկող սփիւռքահայը գրաւելու համար:

Նոր իշխանութիւնները ոչ միայն նախկիններէն պիտի պահեն շնորհքով, խելացի աշխատողները, այլ նաեւ պէտք է լաւագոյնները առնել սփիւռքէն եւ սփիւռքին պէտք չէ միայն որպէս գանձանակ նային: Սփիւռքի մէջ մարդիկ կան, որ բազմաթիւ մարզերու մէջ կրնան օգտակար ըլլալ:

Հայրենադարձութիւնն ալ կարելի է կազմակերպել՝ եկողին դիւրութիւն ընծայելով, ոչ թէ վարչարարական դժուարութիւններ ստեղծելով: Անունի գրութենէն սկսած, մինչեւ իրենց իրերը Հայաստան տեղափոխելու հարցը պէտք է կազմակերպել:

Եւ հոս ալ պիտի հասկնան, որ դուրսէն եկող ամէն մարդ միլիոնատէր չէ, հարուստ չէ: Կան նաեւ համեստ թոշակով ապրողներ, որոնք կ՚ուզեն Հայաստան գալ:

-Դուք Ձեր առօրեան ինչպէ՞ս կը կազմակերպէք Հայաստանի մէջ:

-Ես հոս ալ իմ ձեւովս կ՚ապրիմ՝ կը կարդամ, կը գրեմ, կը պտտիմ, եւ եթէ ընելիք չունիմ, պարզապէս փողոց կ՚իջնեմ, նպարավաճառին հետ կը խօսիմ, գրողներու միութիւն կ՚երթամ, գիւղ կ՚երթամ եւ կը լսեմ ժողովուրդին, անծանօթներու հետ կը խօսիմ, կ՚ուզեմ ծանօթանալ մարդոց, անոնց կեանքին, մտածումներուն…

-Ինչպէ՞ս կը վերաբերին, ինչպէս կ՚ընդունի՞ն:

-Շատ լաւ, կը սպասեն. նպարավաճառը, որուն հետ կը խօսիմ, կը սպասէ, կ՚ուզէ իրենց գիւղը տանիլ զիս: Անշուշտ, կը նեղացնէ, որ մարդիկ հինէն եկած վատ սովորութիւնները կը շարունակեն, հանրային տարածք գործածել չեն գիտեր, հանրային տարածքի վրայ իրենց իրերը կը դնեն, խանութները կը շինեն, ինքանաշարժները կը կեցնեն: Պիտի գիտնաս՝ ի՛նչը քուկդ է, ի՛նչը քուկդ չէ, այս ալ կը շտկուի, եթէ բացատրուի: Ասոնք ալ հինէն եկած փտածութեան օրինակներ են: Միշտ կը բողոքենք մայթերը գրաւելու դէմ, հանրային շատ հարցերու դէմ, բայց ուրիշներն ալ պիտի բողոքեն, իրենց իրաւունքները պիտի պաշտպանեն…

Եւ ամենանեղացնողը հոս լեզուն է, լեզուին կը մեղքանամ… Լեզուն շատ բարբառի վերածուած է, գրականութեան մէջ ալ մտած, իբրեւ թէ ժողովուրդին մօտ ըլլալու համար անանկ կը խօսուի՝ հեռատեսիլէն, պետական մակարդակով, բայց լեզուն նահանջ կ՚ապրի: Հայերէնը կը նահանջէ, տեղը կը զիջի թէ՛ բարբառին, թէ՛ օտար բառերուն: Ֆրանսայի նախագահը՝ Տը Կոլը, գիրք գրած է եւ իր լեզուն օրինակելի լեզու է այսօր: Մեր լեզուն ամբոխային լեզուի վերածուած է եւ դուրսի, ներսի, մերձեցումին կը վնասէ:

-Հետաքրքրական է՝ այս մտահոգութիւնները ունենալով, ի՞նչը ձեզ կը կապէ Հայաստանին:

-Հայրենիքին տէր ըլլալու զգացողութիւնը, կարելի չէ դուրսը ըլլալ եւ տէր ըլլալ հայրենիքին: Հողը, պատմութիւնը հայրենիքը, մշակոյթը անփոխարինելի զգացողութիւններ են: Արմատներու հարց է: Բնութիւնը ունի իր օրէնքները եւ կարելի չէ չենթարկուիլ այդ օրէնքներուն…

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Ծնած է 1935 թուականին, Ալեքսանտրէթ: 1939 թուականին փոխադրուած է Հալէպ, ապա Պէյրութ, հուսկ՝ Փարիզ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպ եւ Լիբանան, երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Աւարտած է Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի Գրականութեան եւ իմաստասիրութեան բաժինը: Պաշտօնավարած է Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս, Մարիստներու քոլէճը, Ս. Նշան վարժարանը, Նշան Փալանճեան ճեմարանը: 1974 թուականին հաստատուած է Փարիզ, ուր գործուն դեր ունեցած է Մարսէյլի ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ: Խմբագրած է Փարիզի «Կամք» օրաթերթը, եւ վարած՝ Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը: Եղած է վարիչ-խմբագիրը՝ «Բագին» գրական հանդէսին: Լոյս ընծայած է շուրջ տասնվեց հատորներ, գրական եւ հրապարակագրական բովանդակութեամբ: Ունի հրատարակութեան պատրաստ քանի մը հատորներ: Կ՚աշխատակցի սփիւռքի մամուլին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ պարգեւատրուած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով, նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին, Սփիւռքի նախարարին մետայլներով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով:

ԵԹԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԲԱԶՄԱԾԱԼ ՍՓԻՒՌՔ(ՆԵՐ)Ը ԼՍԷԻՆ ԵՒ… ՀԱՍԿՆԱՅԻՆ

Եթէ…ն կախարդական բառ մըն է, եսի եւ եսերու զոհ չըլլալու եւ չչարանալու առաջին քայլը:

Երբ ականջ կու տանք հայ մարդոց խօսքին, կը հետեւինք անոնց գործին եւ զիրար խծբծող եւ կճող պայքարներուն, կը հաշուենք պատնէշներու ետին կանգնածներու նետարձակումները, յաճախ նաեւ ցեխարձակումները, կը հասկնանք, -կը հասկնա՞նք,- մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած եւ ծառացող դժուարութիւնները, որոնց պատճառները նախ պէտք է փնտռենք մենք մեր մէջ: Ի՞նչ կը մտածենք երբ կը տեսնենք հայրենիք լքողներու ամբոխը եւ օտար աշխարհները հայրենիք համարող պարտուածները: Կը մտածե՞նք, կ՚անհանգստանա՞նք, կ՚անհանգստացնե՞նք:

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ մեր թերթերը երբեմն իրենց խմբագրականներու էջին վրայ եւ անոնց փոխարէն Ռիւտեարտ Քիփլինկի «Եթէ» բանաստեղծութիւնը հրատարակէին, Մուշեղ Իշխանի կողմէ այնքա՜ն ջերմութեամբ եւ հարազատութեամբ հայացուած: Ոչ միայն թերթերը հրատարակէին «Եթէ…»ն, այլ մեր ժողովներուն, պետութեան Ազգային ժողովէն մինչեւ կրօնական, կուսակցական, միութենական, մարզական, հայրենակցական ժողովներու բացման նիստին կարդային «Եթէ…»ն: Մեծերու մեծադիր նկարներու կողքին կախէինք այս «Եթէ…»ն հայերէնով: Եթէ անհրաժեշտ համարուի, կարելի է կարդալ անգլերէն բնագիրը եւ շատ գեղեցիկ ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:

Եթէ միշտ ի մտի ունենայինք, որ թէեւ մրրիկով զատուած, մէկ ենք…

Եթէ բաւական ողջմտութիւն եւ հայրենասիրութիւն ունենայինք, հայրենալքումի խուճապին անձնատուր չէինք ըլլար…

Եթէ գիտնայինք, թէ ի՛նչ է ի վերջոյ սփիւռք կոչուած անհեթեթութեան վախճանը, հայրենատէր կ՚ըլլայինք, «հայրենասէր թուրիստ» չէինք ըլլար, հեռուէն դիտելով եւ հեռուն նստած խելքաբաշխութիւն չէինք ըներ…

Եթէ գիտնայինք, որ ամէն տեսակի խոստումները յանձնառու չեն դարձներ խոստացողները, այլ՝ հաւատացողները, աւելի իրապաշտ կ՚ըլլայինք, ճիշդ ուղղութիւն կ՚որդեգրէինք, ճիշդ ընտրութիւն կ՚ընէինք…

Եթէ գիտնայինք, որ առանց հայրերու լեզուին մեզ կը սպասէ այլասերումը, օտար լեզուներով բարբառիլը սնապարծութիւն չէինք դարձներ, այդ ալ չէինք ցուցադրեր նոր կօշիկի կամ նոր գլխարկի պէս…

Եթէ լսած ըլլայինք Խրիմեանի Պապիկին տուած խրատը, որ ան անհող չմնայ, հասկցած կ՚ըլլայինք, որ առանց հողի փարիա ենք, գնչու, նոյնիսկ եթէ մեր գրպանի կապարճին մէջ ունինք անձնագրեր, կալուածագրեր…

Եթէ լսած եւ հասկցած ըլլայինք հայատրոփ բանաստեղծին պատգամը, որ մեր ազգի փրկութիւնը մեր հաւաքական ուժին մէջ է, Պեվըրլի Հիլզէն կամ Նոր Զելանտայէն հնչող հայերէն երգի արձագանգով չէինք գինովնար եւ հայրենատէր կ՚ըլլայինք հայրենի հողին վրայ…

Եթէ իրաւ հայրենասէր ըլլայինք չէինք հպարտանար հայրենիքի սահման պահող եւ երբեմն ալ հոն զոհուող զինուորով, մենք ալ հոն կ՚ըլլայինք հաւաքական հպարտութեան համար…

Եթէ չեզրակացնէինք, որ մեր իրաւազրկումները անվերադարձ են, հայրենիքի ամբողջացումը՝ անկարելի, եւ չհետեւէինք Ձէնով Օհանի պարտուողականութեան եւ չանցնէինք Մսրայ Մելիքի եւ այլ Մելիքներու սուրին տակէն…

Եթէ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ չորդեգրէինք օտար լեզուները ի հեճուկս հայերէնի, մեր ինքնութիւնը անխաթար կը մնար, չէինք ըլլար, առաւել կամ նուազ չափերով՝ ծագումով հայեր…

Եթէ լաւ ապրելու նպատակին չզոհէինք ազգի բազմացումը, չէինք դատապարտուեր փոքրամասնութիւն ըլլալու անզօրութեան…

Եթէ հասկնայինք, որ սփիւռքը ազգի տեսանկիւնէն աքսոր է, եւ արտագաղթը՝ կամաւոր աքսոր, այսօրուան հայրենի տարածքներու, Հայաստանի եւ Արցախի, իւրաքանչիւր թիզ հողը բնակուած կ՚ըլլար, եւ մենք չէինք ըլլար ուրիշներու հայրենիքին հանդուրժուած հիւրերը…

Եթէ համազգային արթնութեամբ եւ քաջութեամբ, մեր կարողութիւնները իմացական-գիտական-ճարտարագիտական եւ նիւթական հարստութիւնները ծառայեցնէինք ազգին եւ հայրենիքին՝ ֆետայիի անձնազոհութեամբ, մենք կը նուաճէինք հզօրութիւն եւ հպարտութիւն, լումաներու համար մեր պնակը չէինք բռներ օտարին առջեւ…

Եթէ հասնէինք եւ մեր ժողովուրդը հասցնէինք այն իմաստութեան, որ ապրելու համար մեռնիլ պէտք է գիտնալ, որ բնութեան կարգն է…

Գալիք սերունդներուն կը կտակէինք բարօրութիւն, հզօրութիւն, ապահովութիւն եւ ազգէն ու հայրենիքէն չփախչելու հպարտութիւն…

Քիփլինկ խօսած է, Մուշեղ Իշխան թարգմանած է: Չյուզուինք եւ չծափահարենք միայն, այլ մենք մեզի համար կրկնենք եւ բազմացնենք «եթէ»ները, որպէսզի կարենանք ճակատաբաց կրկնել Քիփլինկի միտքը.

Քո՛ւկդ է Երկիրն ու իր գանձերն անհամար

Եւ աւելին՝ այն ատեն Մա՛րդ ես, տղաս:

Այն ատեն հայոց նահապետները, արքաները, հերոսները, մեծերը, մեր Քիփլինկները, ժամանակին վրայ սաւառնելով մեզի կ՚ըսեն. Հայ էք, Մարդ էք, Հայկի սերունդ էք, ձերն է բանաստեղծներուն երգած մայր հայրենիքը, Երկիր Նայիրին.

Կ՚ըլլանք հարազատ երկրի հարազատ տէրերը.

Այս ազգային արմատներու հաւատարմութեան վրայ հիմնուած գաղափարախօսութիւն է, ոչ յուշագրութիւն, ոչ շաբաթավերջի կամ ամպագոռգոռ ժողովներու ճառ, ոչ միջին ճամբաներու բան չնշանակող բազմագոյն բաճկոններու գործնապաշտութիւն:

Որպէսզի մենք ըլլանք մենք եւ մնանք մենք:

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

2019, Երեւան

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 30, 2019