Ի՞ՆՉ Է ՍԷՐԸ

Սէրը դրախտէն մնացած միակ զգացումն է։

Սիրոյ մասին կան անթիւ, անհամար երգեր, բանաստեղծութիւններ՝ երգուած ու գրուած։ Ան կը նմանի հովին՝ անկարելի է տեսնել զայն, սակայն հնարաւոր է զգալ, ինչպէս՝ Աստուած, Յիսուս Քրիստոս։

Դարեր առաջ սիրոյ մեծ երգիչ Նահապետ Քուչակ իր հայրեններէն մէկուն մէջ ըսած էր.

Երբ սէրն ի յաշխարհս եկաւ, եկաւ իմ սիրտս բնակեցաւ.
Հապա իմ սրտէս ի դուրս՝ յերկրէ յերկիր թափեցաւ.
Եկաւ ի գլուխս ելաւ, ի ըղեղս ելաւ թառեցաւ:
Աչիցս արտասուք ուզեց, նա արիւ ի վար վաթեցաւ:

Գոյութիւն ունի սիրոյ քանի մը տեսակներ՝ ծնողաց, ընտանիքի, հայրենիքի, բնութեան եւ ամենակարեւորը միակի մը հանդէպ։ Ես այսօր կ՚ուզեմ խօսիլ անբասիր ու անապակ զգացումի մասին, որ աւա՜ղ ամէն մարդ չի զգար, չ՚ապրիր։

24 ժամ ինքզինքդ կը զգաս երջանիկ, առաջին իսկ վայրկեանէն ժպիտը չէ լքեր լուսապայծառ դէմքդ։ Սա աստուածային զգացումի շնորհիւ միաժամանակ կրնաս գտնուիլ երկու տեղ՝ երկրի ու երկինքի վրայ՝ յաճախ կը ճախրես ամպերուն մէջ։ Սիրտդ եւ ուղեղդ ի սպառ կը լքեն նախանձը, չարութիւնն ու յոռետեսութիւնը։ Կեանքը կը գունաւորուի։

Սիրեցեալիդ մասին մտքերը նոյնիսկ քնած ժամանակ չեն լքեր քեզ։ Կը քնանաս ու կ՚արթննաս անոր մասին խորհելով։

Սիրահարած մարդդ ամենաբարի, ամենաազնիւ ու երջանիկ էակն է աշխարհի երեսին։ Սէրն է, որ կը ծնի բարութիւն, երջանկութիւն, ուրախութիւն, ինչպէս նաեւ կը ծլարձակէ սերունդներու տեսքով։

Սէրը կեանքի համն ու բոյրն է, երանգը։ Սիրով հիւսուած ամէն բան գեղեցիկ է ու անկրկնելի։ Սիրտդ կը թրթռայ։ Աչքերդ ամենաաստղաշատ գիշերէն անգամ վաղ կը փայլին։ Քոյր-եղբայր երջանկութիւնն ու ուրախութիւնը կը հատեն բոլոր սահմանները։ Հոգւոյդ մէջ կուտակած բոլոր բառերը կը պապանձին բերանիդ մէջ, երբ զայն տեսնես։ Այդ վայրկեանին միայն ժպիտը կ՚իշխէ դէմքիդ, ան իր կախարդական փայտիկով կը խլացնէ, կը քարացնէ բոլոր բառերն ու մտքերը՝ միայն ես եւ ան, ու չկայ այլեւս ոչինչ մեզի համար…

Ներքուստ աղաղակող բառերն ու նախադասութիւնները ճառագող ժպիտի ու փայլատակող զոյգ մը աչքերու միջոցաւ հաղորդ կը դարձնեն քեզ սիրեցեալիդ հետ։ Անձայնութեան մէջ կը հնչէ սրտի խօսքը, որ լսելի է միմիայն մէկուն։

Սիրեցեալիդ հետ երկար սպասած հանդիպումդ կը բաւէ շաբաթ մը, նոյնիսկ ամիս մը։ Թէկուզ իրարմէ հեռու՝ դուն կը զգաս զայն։ Կը բաւէ աչքերդ գոցես եւ ան քովդ է։ Սա երանելի վայրկեաններուն երկրագունդը կը դադարի դառնալէ, ի չիք կ՚ըլլան չարիքն ու կեղծիքը, ջերմութիւն ու լոյս կը զգաս, սրտիդ զարկերը նորէն կը հատեն արագութեան չափորոշիչը, ինչպէս միշտ։

Երջանիկ ու բախտաւոր սիրոյ առաջին կայանը մեզ կը հասցնէ եկեղեցի։ Ճերմակաթոյր զգեստով թագուհին ու սեւ տարազով թագաւորն Աստուծոյ տանը կը ստանան Բարձրեալի օրհնութիւնը։ Գոյներու թագուհին ու թագաւորը Սուրբ Պսակով կ՚ամրապնդեն իրենց միութիւնը։ Բնաւ կարեւոր չէ՝ սիրով ամուսնացողները ունեւոր են, թէ համեստ պայմաններով ապրող մարդիկ, հաշմանդամ են, թէ առողջ։ Իրական սէրը ուժ ու կորով կու տայ։ Երջանկութեան ստուերի տակ խրճիթն անգամ կը վերածուի ոսկեզօծ պատերով ամրոցի մը։ Նմանատիպ ճառագող սէրերը տեսանելի կ՚ըլլան նոյնիսկ կոյրերուն։ Առհասարակ, սիրոյ զգացումը ունակ է հալեցնելու աշխարհի ամենամեծ սառցէ բեկորը, խօսքը մարդկային սրտերու մասին է։

Ահաւասիկ, հասանք սիրոյ կարեւոր հանգրուանին՝ ծնունդին, մանկան ծնունդին։ Սիրով շաղախուած ու հասունցած պտուղը անկարելի է որ ըլլայ ցամաք կամ փտած։ Այս սերունդները իրենց հոգւոյն մէջ միշտ վառ կը պահեն ազնուագոյն զգացումի հուրը…

Աւա՜ղ միշտ չէ, որ Սուրբ Խորանի առջեւ կը կենան սիրող սիրտերը։ Երբեմն սէրը շփոթելով անցողիկ կիրքով, զմայլութեան կամ տարուածութեան հետ, զոյգերը կը խորտակեն անյատակ ծովին մէջ։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2020