ՄԱՐԵՄԵԱՆ ԱՄԻՍԸ՝ ՍԻՐՈՅ ԵՒ ԲԱՐԵՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԻՍ

Վաղը՝ 31 մայիսին Տիրամօր արձանին թափօրովը կը փակուի Աստուածածնայ ամիսը: Աշխարհի կարգ մը եկեղեցիներուն եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ յատուկ արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան նուիրուած Տիրամօրն ու իր Որդիին՝ Յիսուսին:

Մայիսեան աղօթքը, որ միջին դարերէն ի վեր տարածուած է շատ մը երկիրներու մէջ, վերջին տարիներուն աւանդոյթ դարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Ոչ միայն Կաթողիկէ եկեղեցիներէն ներս, այլ նաեւ Հայ Առաքելական թեմերու որոշ եկեղեցիներուն մէջ նոյնպէս, մանաւանդ կիներ, կը հաւաքուին եւ մայիսեան աղօթքի կը մասնակցին: Հայաստան հաստատուած կարգ մը սուրիահայ եւ լիբանանահայ կիներ Մարիամ Աստուածածնայ կապոյտ, երկար զգեստը կը հագուին՝ այդ աւանդոյթը իրենց հետ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն բերած ըլլալով: Ամբողջ ամիս մը Սուրբ Կոյս Մարիամի հագուստը առանձնակի համեստութիւն, պարզութիւն, մաքրութիւն կը հաղորդէ անոնց: Սովորաբար ուխտի մը, երազանքի, փափաքի մը իրականացման հաւատքով կիները կը կրեն այդ կապոյտ հագուստը՝ ճերմակ, պարանի նմանող գօտիով, որ հագուստին հետ կ՚օրհնուի եկեղեցականին կողմէն, եւ Աստուածածնայ ամսուան աւարտին, կրկին օրհնութիւն ստանալով, կը հանեն պարեգօտը:

Հոգեպարար, գեղեցիկ օրեր կ՚անցընեն մարեմասէր կիները ամբողջ մայիս ամիսը՝ Սուրբ Վարդարանի աղօթքով ու Աստուածամօր նուիրուած Լիթանիոյ երգեցողութիւններով մեծարելով Մարիամ Աստուածածինը:

Արեւմտեան եկեղեցիներուն մէջ մայիս ամիսը Ս. Կոյս Մարիամին նուիրելու աւանդոյթը սկսած է 14-րդ դարէն: Աստուածամայրը, որ միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ, այս ամսուան բոլոր օրերուն մանաւանդ, տօնական հանդերձ կը հագուի եւ անոր անդրադարձողները կը մտածեն Իր ապրած կեանքին մասին եւ այն օրինակին մասին, որով Ան Երանելի հռչակուեցաւ:

Հայ Եկեղեցին եւ հայ ժողովուրդը նոյնպէս մեծ հաւատքով եւ վստահութեամբ ընդունած են Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը: Մեր Եկեղեցւոյ Սուրբ Հայրապետները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը դարերու ընթացքին Աստուածածնայ մասին աղօթքներ, շարականներ, մեղեդիներ եւ երգեր յօրինած են: Նարեկացիէն մինչեւ նոր ժամանակներու վարդապետները, Երկնաւոր Մօր հանդէպ առանձնակի երկրպագութիւն դրսեւորած են եւ այդ աւանդոյթը կը շարունակուի:

Ս. Գրիգոր Նարեկացին իր տաղերուն մէջ Աստուածամայրը նմանցուցած է շուշանի եւ դաշտերու ծաղիկի:

Մայիսեան ջերմեռանդութեան կարեւորութիւն կու տան յատկապէս Վատիկանի մէջ, ամբողջ աշխարհի տարածքին հաւատացեալ ժողովուրդը կը հետեւի մայիս ամսուան օրերուն Վատիկանէն հրապարակուած ամսուան խորհուրդին առընչուող գրութիւններուն եւ ուղերձներուն:

Մայիսեան ջերմեռանդութեան մասին, դարերէ ի վեր, գիրքեր գրած են հայ հեղինակները: Նոր ժամանակներու հեղինակներէն ծանօթ են մանաւանդ Տքթ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեանի (գրչանունը՝ Մեսրոպ Հայունի) գիրքերը՝ ընդհանրապէս մարեմականութեան եւ մասնաւորապէս հայ իրականութեան մէջ մարեմականութեան սկզբնաւորման եւ տարածման մասին: Ան նոյնիսկ պարբերական հրատարակած է Մարիամի մասին: Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, հոգեւորականի հարուստ կենսագրութիւն ունենալով (Աւստրիա, Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան), այժմ կը պաշտօնավարէ Լիբանանի Այնճար հայաւանը:

Հետաքրքրական էր, մայիսեան այս օրերուն, Հայաստանէն կապ հաստատել Այնճար՝ Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեանի հետ եւ անոր պատրաստած մտածումներուն, նիւթերուն միջոցով անդրադառնալ մարեմականութեան խորհուրդին եւ Աստուածածնայ ամսուան մանրամասնութիւններուն:

Վաղուան՝ վերջին օրուան, «Մայիսի թափօր»ին եւ արձանի թագադրումին աւանդութեան մասին ան կ՚ըսէ, որ աւանդութիւնը սկսած է ԺԹ. դարուն ու ժողովրդականացած՝ Ի. դարուն սկիզբը:

«Մայիս 31-ի ջերմեռանդութեան փակումին, դուրսը, բակը կամ փողոցը, կը կատարուի աղօթքի եւ շարականի թափօրը Տիրամօր ծաղկեպսակուած արձանով կամ սրբանկարով, որուն առջեւ կամ շուրջը, երկսեռ փոքրիկներ, կը թափեն բազմագոյն ծաղկաթերթեր:

«Փողոցները շրջագայող Տիրամայրը կ՚օրհնէ մեր տուներն ու խանութները, ինչպէս նաեւ թափօրը մեզի պատեհ առիթը կու տայ հանրօրէն վկայելու մեր հաւատքն ու սէրը»,- «Մայիսի թափօր»ին մասին կը նկատէ Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, որ ուսումնասիրած է կարգ մը աւանդութիւններ, որոնք կ՚առընչուին մայիսեան ջերմեռանդութեան։ Նախ այն, թէ ինչո՛ւ մայիս ամիսը նուիրուած է Կուսամօր: Ասիկա մէկէ աւելի պատճառներ ունի, կ՚ըսէ.

«Առաջին՝ յունական եւ հռոմէական մշակոյթին մէջ մայիսը միշտ նկատուած էր «եղանակը նոր կեանքին»:

Երկրորդ՝ յոյները մայիսի ընթացքին կը տօնէին Արտեմիսին՝ պտղաբերութեան աստուածուհիին նուիրուած տօնը:

Երրորդ՝ հռոմէացիները կը կատարէին Ֆլորային՝ արգասաբեր փթթումի աստուածուհիին տօնը: Ունէին «Ludi florales» ծաղկախաղերը՝ ապրիլի վերջաւորութեան, երբ նաեւ կը հայցէին Ֆլորային բարեխօսութիւնը՝ ձմեռը աւարտել-վտարելու: Մայիս 1-ը նկատուած էր վերաճումի ու վերածաղկումի սկիզբը:

Չորրորդ՝ հեթանոսական որոշ տօներու եւ սովորութիւններու քրիստոնէականացումը չզուգադիպեցաւ միայն հայերուս քով, այլ նաեւ արեւմուտքի մէջ:

Հինգերորդ՝ մայիսը ամիսն է ծաղիկներուն ու գեղեցիկ վերածաղկած բնութեան: Մարիամ՝ անթառամ Ծաղիկը եւ Թագուհին է բոլոր գեղեցկութիւններուն:

Վեցերորդ՝ ընդհանրապէս մայիսին կը տօնուի Հոգեգալուստը՝ Պենտեկոստէն, որ հանդիսաւոր-պաշտօնական ծնունդը եւ հրապարակումն է Յիսուս Քրիստոսի հիմնադրած Եկեղեցւոյ, որուն Մայրն է Մարիամ:

Եօթներորդ՝ Նազարէթի անարատ յղացեալ Կոյսը, որուն «անունն էր Մարիամ» (Ղկ. 1,27), դարձաւ Աստուածածին եւ հանդիսացաւ «Մայրը նոր կեանքին»:

Այս պատմական, ազգագրական, կրօնապատմական, այլաբանական, փոխաբերական ու եկեղեցակրօնական պատճառներուն դիմաց կամ համընթաց կան նաեւ բարեպաշտական ուրիշ աւանդութիւններ, որոնք նախատիպերն են մայիսեան ջերմեռանդութեան՝ 31 օրերու տեւողութեամբ:

Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան կը նկատէ, որ ԺԶ. ու ԺԷ. դարերուն հրատարակուեցան գիրքեր, որոնք նպաստեցին մայիսեան ջերմեռանդութեան տարածումին: ԺԷ.-ԺԸ. դարաշրջանին, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, մեծագոյն մարեմասէր սուրբերը հանդիսացան Լուի Կրինիոն տէօ Մոնֆոր (1683-1716), ինքնակոչ «Մարիամի ստրուկ»ն ու Ալֆոնս Մ. Լիգուորի (1696-1787) մարեմաբանը, որոնք, ուրիշ սրբակեացներու եւ հոգեւոր մատենագիրներու հետ, ենթահողը պատրաստեցին մարեմեան բարեպաշտութեան ընկալումին: Ինչպէս կը նկատէ ան, սկիզբը միայն քանի մը օրեր կը տօնուէին, ապա, աւելի ուշ, մայիսի բոլոր օրերը նկատուեցան մարեմեան օրեր, ուստի, գոյացաւ «Մարեմեան ամիս»ը:

Թէեւ մասնագէտները զանազան կարծիքներ ու վարկածներ կ՚արտայայտեն, բայց եւ այնպէս ընդհանուր ու ընդունուած տեսութիւնը այն է, որ Ս. Կոյսին մայիսի նուիրագործումն ու մայիսեան ջերմեռանդութիւնը, անշուշտ, իրենց նախնական ձեւին մէջ, սկսած են Իտալիա, ԺԸ. դարու առաջին կէսին:

Մայիսեան ջերմեռանդութիւնը ընդհանրացաւ Հռոմէն նախ Յիսուսեան միաբանութեան վարժարաններուն մէջ, ապա, գրեթէ բոլոր լատինածէս կաթողիկէ տաճարներուն մէջ: Օրինակի համար՝ 1813 թուականին, միայն Ս. Քաղաքին մէջ կային քսան եկեղեցիներ, ուր երեկոյեան կը կատարուէին մայիսեան բարեպաշտութիւնները: Ան կը յիշէ երկու Յիսուսեան հայրերը՝ Francesco Lalomia եւ Alfonso Muzzarelli, որոնց թէ՛ կատարողական եւ թէ մատենագրական գործունէութիւնը շատ նպաստեց մայիսեան ջերմեռանդութեան ընդհանրացումին իրենց հայրենիքին մէջ եւ Իտալիայէն դուրս:

Խօսելով հայաշխարհի մէջ մայիսեան ջերմեռանդութեան մասին, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան կ՚ըսէ, որ տարեկան մեր կատարումով մենք կը դառնանք արժանի յաջորդները մեր մարեմական նախահայրերուն եւ մարեմասէր նախամայրերուն:

«Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններուս շնորհիւ երբ կը յայտնեմ, թէ արեւելքի մէջ առաջինները եղանք հայերս, որոնք աղօթեցին ու տարածեցին Ս. Վարդարանը՝ ԺԶ. դարուն վերջերը, այն ատեն կը հասկնաք այս նորայայտ իմ տեսութիւնը, թէ մենք արեւելքցի քրիստոնեայ ժողովուրդներուն մէջ առաջիններէն ենք, որ սկսանք կատարել մայիսեան ջերմեռանդութիւնը:

Ճիշդ է, որ վարդարանը եւ մայիսեան ջերմեռանդութիւնը մեզի հասան արեւմտեան աշխարհէն, բայց եւ այնպէս, ես լիովին համոզուած եմ, թէ զայն կիրարկելով՝ մենք հետեւած կ՚ըլլանք մեր սուրբերուն, սրբակեացներուն եւ նահատակներուն ջերմավառ մարեմասիրութեան, որուն դարաւոր նախերգանքն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին՝ հաւատքի մեր Հօր մարեմականութիւնը՝ կտակ ձգուած հայ Ազգին ու Եկեղեցւոյ»,- իր դիտարկումը այսպէս կը փոխանցէ Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան:

Ան կը նկատէ, թէ ինչպէս եւրոպական լատինածէս թեմերուն մեծամասնութեան պարագային, այնպէս ալ Օսմանեան կայսրութեան ու պատմական արեւմտեան Հայաստանի մեր հայածէս կաթողիկէ վիճակներուն եւ գիւղաքաղաքներուն, ինչպէս օրինակի համար՝ Պոլսոյ, Արդուինի, Խոտորջուրի, Ատանայի, Մարտինի ու Մարաշի մէջ մայիսեան ջերմեռանդութիւնը կը կատարուէր ԺԹ. դարու կէսէն անդին՝ Հռոմէն, Վենետիկէն, Վիեննայէն ու Զմմառէն հոն պաշտօնավարող վարդապետներուն եւ առաքեալներուն շնորհիւ:

Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան կարեւորութիւն կու տայ այն պատմական իրողութեան, որ Մխիթարեան հայրերը, որոնք իրենց վարակիչ մարեմականութիւնը ժառանգած են հայաշխարհի մեծագոյն մարեմասէր եւ մարեմաբան իրենց սրբաշնորհ Հիմնադիրէն՝ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօրմէն (1676-1749), մխիթարեաններէն, որոնք միայն հայագիտութեան մէջ չեղան յառաջապահները, այլ նաեւ մարեմասիրութեան, հոգեւոր գրականութեան ու ջերմեռանդածանօթացումին մէջ:

Տարիներ շարունակ ուսումնասիրած ըլլալով մարեմականութիւնը, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան կը յիշէ, որ հայ իրականութեան մէջ եղած են մայիսեան ջերմեռանդութեան անուանի քարոզիչներ, ինչպէս՝ վախճանեալ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Երանելին (1869-1915), Յովհաննէս Արք. Նազլեանը (1875-1957), Հ. Սահակ Եպսկ. Կոգեանը (1895-1963), Հ. Վարդան Եպսկ. Աշգարեանն (1937-2012) ու յատկապէս Հ. Գրիգորիս Աբբահայր Մանեանը (1907-1994), որ երեսունէ աւելի տարիներ անընդհատ քարոզած է Պոլիս:

Ան նաեւ կ՚ըսէ, որ մայիսեան ջերմեռանդութեան ատեն օգտագործուած աղօթամատեաններն ու երգարաններուն քանակը նոյնպէս շատ ու բազմազան են, ինչ որ յոյժ դրական եւ գովելի երեւոյթ մըն է: Այդ հրատարակութիւններէն կ՚առանձնացնէ չորսը, որոնք հարազատ դարձած են անձամբ իրեն:

Առաջին գիրքը՝ Հ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովնանեանի «Աղօթագիրք պաշտօնասիրաց Ս. Յովսէփայ Աստուածահօր»ն է (Վիեննա, 1883):

«Պաշտօն ամենասուրբ Կուսին» բաժինը թէեւ անմիջականօրէն զօդուած չէ մայիսեան ջերմեռանդութեան, բայց եւ այնպէս, ասոր համար կարելի է գործածել տրուած հարիւր էջերուն աղօթքները, սաղմոսները, իղձերը, մաղթանքներն ու ժամասացութիւնը:

Երկրորդը՝ Հ. Մատթէոս Վրդ. Հաճեանի «Տաղարան հոգեւոր»ն է (Վիեննա, 1910):

«Մայիս ամիս՝ ընծայուած ի պատիւ ամէնօրհնեալ Կուսին Մարիամու» գլուխին մէջ կու տայ երեսունմէկ օրերուն ծիսակարգը՝ իւրաքանչիւրին համար նոր աղօթք մը յօրինելով:

Երրորդը՝ Տ. Անդրէաս Վրդ. Մանկասարեանի «Մարիամի ամիս»ն է (Գահիրէ, 1936):

Մայիսին իւրաքանչիւր օրը ունի երկու խորհրդածութիւն, օրինակ-պատմուածք եւ աղօթք մը՝ մէկը միւսէն աւելի գեղեցիկ:

Չորրորդը՝ Տ. Միքայէլ Վրդ. Մոմճեանի «Մայիսեան ծաղիկներ-Մարեմեան ժպիտներ» է (Պէյրութ, 1955):

Իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ Տքթ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան բացատրած է նաեւ Մայիսեան ջերմեռանդութեան բաղկացուցիչ տարրերը, որոնք շատ են, բայց կ՚առանձնացնէ գլխաւորները, ըսելով. «Ճիշդ է, որ մայիսեան ջերմեռանդութիւնն ուղղակի մաս չի կազմեր ծէսին ու չի պատկանիր արարողակարգին, այսինքն՝ արտածիսական է, բայց չի նշանակեր, որ անկարեւոր եւ իմաստազուրկ է, այլ ընդհակառակն՝ նպաստաւոր ու պտղաբեր է պաշտօնական ծիսակարգին իմաստ ու խորք տուող մեր հաւատքին, յոյսին ու սիրոյն:

Ջերմեռանդութեան բաղկացուցիչ տարրերէն կը խօսի «Մայիսի խորան»ին մասին.

Մայիսեան ջերմեռանդութեան արտաքին զարդերէն մէկն է Շնորհամօր արձանով կամ մեծ պատկերով յատուկ շինուած խորանը՝ թէ՛ եկեղեցիներուն եւ թէ տուներուն մէջ: Առաջիններուն մէջ կը համախմբուին Քրիստոսի Խորհրդական Մարմինին մարեմասէր անդամ-անդամուհիները, որոնցմէ են իրենց յարկերուն տակ մէկտեղուած մարեմախանդ ընտանիքները: Թէ՛ հոս, թէ՛ հոն կը սիրուի եւ կը մեծարուի Մայրը, Որդին, որ սիրեց ու մեծարեց իր Մայրը՝ մեզի օրինակ հանդիսանալով:

Եկեղեցւոյ եւ տան մէջ «Մայիսի խորան»ին նուիրական աւանդութիւն դարձած այս սովորութիւնը արար աշխարհ տարածուեցաւ հարաւային եւրոպական երկիրներէն:

«Մայիսի արձանը»։

Աստուածամօր արձանը կը զարդարուի: Անոր առջեւ կամ շուրջը զետեղուած երփներանգ ու ճոխ բողբոջներն ու ծաղիկները կը խորհրդանշեն Մարիամի առաքինութիւնները, զորս պիտի ջանան կրկնօրինակել մարեմասէր հաւատացեալները:

Արձանին ծաղկեպսակումը, օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ շատ ժողովրդական էր Վատիկանի Բ. Տիեզերական ժողովէն առաջ: Այսօր, սակայն, դեռ կը շարունակուի լոկ կարգ մը ժողովրդապետութիւններու մէջ:

«Մայիսի թագադրումը»:

Կարգ մը երկիրներու մէջ, որպէս յաւելեալ սովորութիւն, Տիրամօր արձանին հանդիսաւոր պսակադրումը տեղի կ՚ունենայ:

«Մայիսի ծաղիկը»։

«Մայիսի Թագուհին» ու «Մայիսի թագադրում» բարեպաշտութիւններէն անբաժանելի են «Մայիսի ծաղիկներ»ը, որոնցմով կը զարդարուին եկեղեցիները, մատուռները, յատկապէս՝ «Մայիսի խորան»ներն ու «Մայիսի արձան»ները, ինչպէս նաեւ «Մարիամի պարտէզներ»ը, որոնցմէ կը քաղուէին այդ գունագեղ ծաղիկներու տեսակները:

Սուրբգրային տեղիքներու ու մանաւանդ «օրհնութիւն օրհնութեանց», այսինքն՝ «Երգ Երգոց» մատեանէն այս համարին մեկնաբանութիւնը պատճառաբանեց, որ մայիսը իբրեւ փթթումի ու ծաղկումի ամիս կը նուիրուի Աստուածամօր. «Ես եմ դաշտերու Ծաղիկն ու հովիտներու Շուշանը» (Ե.Ե., 2,1):

Աստուածաշունչէն ու բնութենէն քաղուած ծաղիկներ դարձան Գեղամօր ծէսին խորհրդանիշները, Ս. Հայրերու եւ «Եկեղեցւոյ Վարդապետ»ներու երկերուն, մատենագրութեան, աշուղական քնարերգութեան, ներբողագրութեան, գրականութեան ու բանաստեղծութեան մէջ՝ բացայայտելով եւ մատնանշելով Մարիամի առաքինութիւնները, խորհուրդները, տիտղոսներն ու մակդիրները, նոյնպէս միշտ գովելով գլխատառ «Ծաղիկն անթառամ», մանաւանդ թէ՝ «Դշխոն ծաղկանց», ինչպէս հայատրոփ հոգին ճիշդ կ՚որակէ «Հայոց խնկելի Աստուածածին»ը:

Կուսամայրը ծաղիկներով պատուելու սովորութիւնը ծագած է յատկապէս միջնադարեան Եւրոպայի մէջ, վանքերու եւ մենաստաններու շուրջ մշակուած բուրաստաններէն ու տնկուած պարտէզներէն: Երփներանգ ծաղիկներուն մէջ մարեմասէրները տեսան յուշարարները Լուսամօր բարեմասնութիւններն ու յատկութիւնները:

«Մայիսի ուխտագնացութիւնը»։

Մայիսեան բարեպաշտութեան մաս կը կազմեն նաեւ ուխտագնացութիւններ Կուսամօր սրբավայրերուն, այցելութիւններ մարեմեան եկեղեցիներուն: Այս մէկը տարածուած է նաեւ Հայաստանի մէջ եւ ամէն տարի մայիսին ուխտագնացութիւններ կը կատարուին դէպի Տիրամօր անունը կրող եկեղեցիներ:

«Մարիամի պարտէզը»:

Մարիամի՝ Ծաղկադշխոյին ի պատիւ պարտէզներու եւ բուրաստաններու պատմական առկայութեան առաջին վկայութեան կը հանդիպինք Ս. Ֆիաքրի վարքագրութեան մէջ: Փարիզ, 670-ին վախճանած իրլանտացի այս առաքեալն ու մենակեացը տնկեց պարտէզ մը Տիրամօր աղօթարանին շուրջ, զոր կառուցած էր աղքատներու եւ անկարներու համար, այսօր ծանօթ իր համբաւաւոր Hotel Saint-Fiacre հիւանդանոցին քով, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ: Ս. Ֆիաքր պաշտպանն է պարտիզպաններուն, կառապաններուն եւ «թաքսի»ի վարորդներուն»:

Տքթ. Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան իր մէկ քարոզին մէջ կ՚ըսէ. «Մայիսեան ջերմեռանդութիւնը պատմութիւնն է գեղեցիկ սիրոյն, փոխադարձ այն սիրոյն, որ մարդիկ ունին Կուսամօր հանդէպ, ինչպէս նաեւ որ ունի Մարիամ մարդոց նկատմամբ»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2019