Վախ­թանգ Ա­նա­նեան. Որ­սոր­դա­կան Ար­կա­ծախնդ­րու­թեանց Բա­րե­պաշտ Պատ­մի­չը

«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»։

Ինքնակենսագրական այս խոստովանութեան հեղինակն է հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն աշխարհը ստեղծած, գիրքն ու բնութիւնը ուսուցիչ ընտրած եւ պարզ ու բարի մարդոց կեանքն ու մարդկային հոգիի ազնուագոյն գեղեցկութիւնները լոյսին յանձնած Վախթանգ Անանեանը (1905-1980), որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք յուլիսի 26-ին։

Որսորդական արկածախնդրութեանց, մանկական պատմուածքներու եւ Հայաստան Աշխարհի բնութեան նուիրուած հետազօտական ուսումնասիրութիւններու ժրաջան հեղինակն ու բարեպաշտ պատմիչն է Վախթանգ Անանեան, որ ծնաւ յուլիս 26-ին, 113 տարի առաջ, հայոց հողի գեղեցկագոյն շրջաններէն Դիլիջանի Պօղոսքիլիսա (յետագային՝ Շամախեան) գիւղը։

Որսորդական արկածախնդրութեանց կախարդանքը, կենդանական աշխարհի վայրի, այլեւ անսպառ կենսունակութիւնը եւ հայրենի կանաչ բնութեան ամբողջ գեղեցկութիւնը, իրենց ամենայն պարզութեամբ ու մարդասիրական խոր ընկալումով, տաք ու համով հացի պէս ձեռքէ ձեռք խլուող գրական սնունդի վերածուեցան Վախթանգ Անանեանի գրիչին տակ։

Հայոց սերունդներու պատանեկան տարիքի ընթերցանութեան անբաժան ընկերակիցը դարձան իր «Յովազաձորի գերիները», «Սեւանի ափին» եւ «Որսորդական պատուածքներ» շարքի բազմահատոր գործերը, ուր Վախտանգ Անանեան ի մի բերաւ պարզ ու վճիտ հայերէնով, կերպարներու եւ պահերու դիպուկ շնչաւորումով, գեղարուեստական պատումի տաղանդով եւ մարդկային ու բնական աշխարհի պաշտամունքով յագեցած գրական հարստութիւն մը։

Մեծն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կ՚արտայայտէր մեր ժողովուրդին անխառն գնահատանքը, օրին հաստատելով, որ՝

«Վ. Անանեանի «Սեւանի ափին» վիպակը մի նոր նուաճում է ինչպէս հեղինակի, այնպէս էլ մեր գրականութեան համար։ …Նա գրում է հիւթեղ, պարզ ու հասկանալի, ժողովրդական բառ ու բանով հարուստ, հետաքրքիր լեզուով։ Նրա լեզուամտածողութիւնը գերազանցապէս հայերէն է, զերծ օտարութիւններից»։

Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ գրական-ստեղծագործական ժառանգութիւնը Վախթանգ Անանեանի, որու կեանքն ու գործը առաջնորդուեցան այն փիլիսոփայութեամբ, թէ «այն՝ ինչ մարդը կրնայ սովրիլ ու հասկնալ դժբախտութեան մէկ օրին, չի կրնար հասկանալ բարեկեցիկ կեանքի մի քանի տարուան ընթացքին»…։

Վախթանգ Անանեան իր մանկութիւնը անցուց հայրենի գիւղին ու բնութեան գիրկը։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն գիւղական դպրոցին մէջ։ 1915-ին ընդունուեցաւ Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց ուսման վարձը չկարենալով վճարել՝ երկու տարի յետոյ դուրս մնաց դպրոցէն։ Ինչպէս Հայկական Հանրագիտարանը կը վկայէ, յետագային գրողը ցաւով պիտի յիշէր՝

«Աւարտելէ ետք իմ ուսման ժամանակաշրջանը։ Ատկէ յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսած։ Իմ դպրոցը եղած է մայր բնութիւնը, որու գիրկին մէջ ես մեծցած եմ»։

1926-ին ան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր աշխատեցաւ «Մաճկալ» (1930-1931), «Սոցիալիստական Գիւղատնտեսութիւն» (1931-1935) թերթերու խմբագրութեանց մէջ։ Եղաւ «Կոլխոզնիկ» թերթի պատասխանատու խմբագիր (1935)։ 1941-ին, հարիւրհազարաւորներու շարքին, Վախթանգ Անանեան զօրակոչուեցաւ բանակ եւ, մինչեւ Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտը, մասնակցեցաւ Խորհրդային Միութեան մղած այսպէս կոչուած Մեծ Հայրենականին։ Նախախնամութիւնը զինք ողջ պահեց եւ 1945-ին, վերադառնալով պատերազմէն, ան նոր թափով վերսկսաւ ստեղծագործական իր աշխատանքը։

Այդպէ՛ս, տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ աշխատանքով ու բեղմնաւոր գրիչով, Վախթանգ Անանեան արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան մէջ արկածախնդրութեանց պատումի գրական սեռին հիմնադիրը՝ ստեղծելով հայ արձակի մնայուն արժէքներ։ Ընթերցող լայն հասարակութեան առջեւ բացաւ կախարդանքներու նոր աշխարհ մը եւ հրաշքներու ամբողջ գանձարան մը, որոնք գերեցին մանուկ թէ տարեց ընթերցողը։ Իր ստեղծագործութիւնները մեծ ճանաչումի եւ լայն ժողովրդականութեան արժանացուցին Վախթանգ Անանեանին։

Իր առաջին ստեղծագործութիւնը՝ «Չոլախ Թաքոն» հրատարակուեցաւ «Պիոներ» ամսագրի էջերուն, 1927-ին։ Իսկ առաջին վիպակը՝ «Կրակէ օղակի մէջ»ը, լոյս տեսաւ 1930-ին։ 1934-ին հրատարակեց «Որս» անունով պատմուածքներու ժողովածոն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր բնութեան եւ շուտով ընթերցողը փարեցաւ անոր գրչին՝ իբրեւ հայրենի բնաշխարհը հետաքրքիր ու գեղեցիկ պատկերներով նկարագրող հեղինակի։

Իր մեծարժէք գործերէն համարուող «Սեւանի ափին» վիպակը լոյս տեսաւ 1951-ին։ Այդ գործով հեղինակը հաստատագրեց իր մարդասիրական եւ հայրենասիրական շունչը, հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը կեանքով շնչաւորուելու տաղանդը, համոզիչ կերպարներ ստեղծելու արուեստը եւ գրելաձեւի ինքնատպութիւնը։

1947-էն 1966-ը լոյս տեսան Վախթանգ Անանեանի որսորդական պատմուածքներու վեց պրակները։ Այս շարքը նոյնպէս նուիրուած է հայրենի բնաշխարհին՝ սակայն արդէն բնութիւն-մարդ կապի գեղարուեստական իմաստաւորումով։ Անանեան յատուկ շեշտ դրաւ մայրական սիրոյ զգացումին վրայ։ Մանկութենէն մայրը կորսնցուցած ըլլալով՝ Անանեան բնութեան մէջ փնտռեց ու գտաւ մայրական սէրն ու ջերմութիւնը եւ յաճախ փիլիսոփայօրէն խորհրդածեց, որ «մօր սիրտը մէկ է. կ՚ուզէ մարդ լինի, կ՚ուզէ կենդանի»։

Հայկական պատմավէպի մեծանուն վարպետը՝ Սերօ Խանզատեան իրաւացիօրէն նշեց ատենին, թէ՝

«Անանեանը գիտէ ի՛նչ ըսել ամէն մէկի սրտին։ Ինք շատ բաներ տեսած է, շատ բաներ գիտէ։ Հաւատարիմ ըլլալով հայ դասական գրականութեան աւանդոյթին՝ ինք կը գրէր ժողովուրդի լեզուով, ժողովուրդի մասին եւ ժողովուրդի համար»։

Իր կեանքի վերջալոյսին Վախթանգ Անանեան լոյս ընծայեց իր «Հին վրանի փոքրիկ բնակիչը» եւ «Ո՞ւր են տանում կածանները» վէպերը, որոնք ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ պատումներ են՝ նուիրուած հեղինակի մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն պատահած դէպքերու եւ դրուագներու։

Այս բոլորով՝ Վախթանգ Անանեան կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ամենէն ժողովրդական դէմքերէն մէկը։ Իսկ գրական վիճակագրական տուեալներով՝ հայ գրողներու շարքին, իր երկերու թարգմանութեամբ, Անանեան կը գրաւէ առաջին դիրքերը։ Իր երկերը հրատարակուած են ռուսերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, չինարէնով, ճաբոներէնով, չեխերէնով, պուլկարերէնով, պենկալերէնով, հնդկերէնով եւ այլ լեզուներով։ Անանեան փաստօրէն կրցաւ գրաւել նաեւ այլ ազգերու ընթերցողները՝ անոնց հոգիին մէջ եւս հետաքրքրութիւն առաջացնելով բնութեան ու կենդանական աշխարհի նկատմամբ։

Այդ մասին կը վկայէ չեխ գրող Ե. Ետլիչկայի հետեւեալ խօսուն գնահատականը.

«Վ. Անանեանի ստեղծածը գրականութիւն մըն է, որ հաւասարապէս կարող է հմայել թէ՛ մեծերը, թէ՛ փոքրերը։ Չեխ ընթերցողը երախտապարտ է հայ ականաւոր գրողին՝ պատճառած բերկրանքի, հայոց լեռնաշխարհին մէջ այդքան հմայիչ հեռակայ ճանապարհորդութեան տանելու համար»։

Հայ գրականութեան բարեսիրտ ու ազնուական գրողի ծննդեան 113-րդ տարե-դարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը եզրափակենք գրականագէտ Հրանդ Թամ-րազեանի վկայութեամբ.-

«Վախթանգ Անանեանի երկերէն կը փչեն մեր երկրի եւ հողի բոյրերը: Ան չափած է անդունդներու խորքը եւ զգացած է լեռներու սլացքը, թեքուած է բոլոր ծաղիկներու եւ բոյսերու վրայ: Մշտապէս պահպանած է մօր ջերմութեան եւ անսահման սրտի զգացողութիւնը, հիւսած անոր սիրոյ երգը: Ան կը հասկնար բնութեան լեզուն եւ մարդու հոգին, անաղարտ հայեացքով կը նայէր մարդոց ու աշխարհին, ժողովրդական մեծ կեանքի ընթացքին»։

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 30, 2018