«ՓԵՐՍԵՓՈԼԻՍ»ԷՆ ՆԱԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒՆ - Ա.

2007 թուականին նկարահանուած «Փերսեփոլիս» շարժանկարը կը պատմէ իսլամական յեղափոխութեան ժամանակ Իրանի մէջ ապրող երիտասարդ աղջկան մը մասին։ Խելամիտ եւ խիզախ Մարժան Սաթրափիի աչքերով շարժանկարի դիտողները կը տեսնեն, թէ ինչպէս կը խորտակուին մարդոց յոյսերը, արմատական իսլամական խմբաւորումը կ՚անցնի իշխանութեան գլուխ՝ ստիպելով կիները ծածկել եւ բանտարկելով հազարաւոր մարդիկ։ «Փերսեփոլիս» հիանալի կերպով նկարագրած է յետյեղափոխական շրջանին Իրանի ընկերային «փոխակերպումը»։

Մեր վերջին գրեթէ 20 տարին անցած է՝ դիտելով, թէ ինչպէս կ՚ընեն այն, ինչ որ մենք կ՚ըսենք «ոչ, այդքան ալ չեն ըներ»։ Բազմաթիւ հեղինակներ, թերթեր եւ այլն տարիներ շարունակ ահազանգեցին «վտանգներու» մասին, սակայն մարդիկ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Մի՛ վախնաք, Իրանի վիճակին հասնելու չենք»։ Պատմութիւնը լի է նախազգուշացումներով։ Եթէ ըսէք, որ պատմութեան գիրքերը ձանձրացուցիչ են, ահա կրնաք դիտել «Փերսեփոլիս» շարժապատկերը։

«Փերսեփոլիս»ը սկիզբին կարծէք կը նկարագրէ Իրանի շահի տապալումէն յետոյ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Սա կարելի է ընկալել որպէս յատուկ խնդիր, եթէ խոշորացոյցի տակ դնենք Տարօն Աճէմօղլուի «Ինչո՞ւ ազգերը կը ձախողին» գիրքը, Իրանի իրադարձութիւնները ի զօրու են Հարաւային Ամերիկայէն մինչեւ Ափրիկէ եւ նոյնիսկ Իրանին յարակից որոշ երկիրներու պարագային։ Հիմա տեսնենք, թէ ինչ նախազգուշացումներ կան աշխարհի մարդոց «Փերսեփոլիս»ի մէջ։

ա.- Շարունակականութիւնը նոյնքան կարեւոր է, որքան յեղափոխութիւնը

Մարդոց ամենատարածուն թիւրիմացութիւններէն մին է, որ անոնք կը կարծեն, թէ յեղափոխութեան նպատակին հասած են անոր կատարման պահուն։ Էապէս սա հասկնալի է պահ մը, քանի որ 20 կամ 30 տարի ճնշման տակ ապրելէ յետոյ «ընթացքը» փոխող համարձակներ պահ մը կ՚ենթարկուին «յաղթանակի գինովութեան»։ Այդ պահուն, կրնան թուիլ բարեկամութեան կամ եղբայրութեան նման զգացումներ, որոնք պիտի շարունակուին տասնամեակներով, բայց դժուար թէ աշխարհի վրայ չարիքը այդքան արագ պարտուի։ Այն մարդիկ, որոնք արդէն սնուած են քաոսով, միշտ առիթը պիտի փնտռեն։ Այս երեւոյթը կը տեսնենք նաեւ նշեալ շարժանկարին մէջ։ Ինչո՞ւ Իրանի ժողովուրդը հեռացուց շահը։ Ազատութեան համար։ Ուրեմն որո՞ւ հետ փոխարինեցին։ Անոնց մոլլաները, որոնք «ազատութեան» պարագային աւելի վատ են շահէն։ Թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ այս մէկը։ Որովհետեւ յեղափոխութեան ժամանակ անոնք չկարողացան արտադրել խմբակցութիւն մը, որ պիտի իրականացնէր իրենց իտէալները։ Թէեւ յեղափոխութիւնը սկսած էր Խումէյնիի պատճառով, սակայն իրականութեան մէջ պայքարողներու շարքին կային բազմաթիւ աշխարհականներ եւ ձախակողմեաններ ու այս հաւաքականութիւնը չկրցաւ կազմել խմբակցութիւններ, որոնք ապահովէին իրենց ուզած ազատութիւնը։ Փոխարէնը անոնք ազատութիւն կ՚ակնկալէին մոլլաներէն։ Արդիւնքը արդէն յայտնի է։ Սա ի զօրու է ամբողջ աշխարհի վրայ։ Թէեւ Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ «յաղթող» խումբը ժողովուրդն էր, սակայն իշխանութիւնը զաւթեց քաղքենիութիւնը։

Ամենակարեւոր հանգամանքներէն մին, որ պէտք է ընեն համաժողովրդական շարժումները, արագ դաստիարակութիւնն է սերունդներու, որոնք կ՚ապահովեն ձեռքբերումներ։ Հակառակ պարագային այդ փոփոխութիւններու արժէքը յայտնի չի դառնար, կամ այն մարդիկ, որոնք կը փորձեն պաշտպանել արժէքները, կը դառնան փոքրամասնութիւն եւ անոնք ստիպուած կ՚ըլլան խօսք հասկցնել այն մարդոց, որոնք չեն կրնար հասկնալ, թէ ինչ նշանակութիւն ունի «բարեփոխումը»։

բ.- Բարոյականութիւնը երբեք բարոյականութեան մասին չէ

Ես կը փափաքէի բացատրել, թէ ինչ է բարոյականութիւնը, սակայն եթէ ուղղակիօրէն այդպէս հարցնեմ, շատ երկար կը տեւէ պատասխանել։ Փոխարէնը աւելի խելամիտ է հարցնել, թէ ի՞նչ չէ բարոյականութիւնը։ «Փերսեփոլիս»ի պատասխանները հետեւեալ ձեւով են. օրինակ՝ բարոյական չէ միջամտել մարդոց հագուելակերպին, ունկնդրած երաժշտութեան եւ ընդհանրապէս զգացումներուն։ Ուրեմն ինչո՞ւ կը յառաջանան այս վարքագիծերը։ Որովհետեւ, եթէ դուք ձեր ետին առնէք հասարակութեան այլասերած նորմերը եւ ըսէք, որ «եթէ չես վարուիր այսպէս, ինչպէս մենք կ՚ուզենք, ապա դուրս կը մնաս հասարակութենէն», սա կը հեշտացնէ մարդիկը կառավարելը։ Մինչդեռ երբ դուք կը մտածէք, թէ «ոգելից ըմպելիները մեղք են» կամ «ընկերոջս կամ ընկերուհիիս ձեռքը փողոցը չբռնեմ», ապա դուք ձեր կեանքէն կը զիջէք եւ կը յայտնուիք վարչակազմի վերահսկողութեան տակ։ Նոյնիսկ ուզէք կամ ոչ, դուք կը պարտաւորուիք յարմարիլ այն ինչին, որ կը թելադրուի ձեզի եւ այլեւս ոչ ոք կը հետաքրքրուի իրավիճակի մասին ձեր զգացումներով կամ մտածումներով։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021