ԸՆՏՐՈՂԸ ՄԵՆՔ ԵՆՔ

Աստուած մարդը ստեղծեց Իր կերպարանքով եւ շնորհեց ընտրութեան իրաւունք: Եւ այդ իրաւունքը երբեք մեր ձեռքէն չէ առած: Առհասարակ մարդկութեան պատմութեան ընթացքին, մարդ արարածը միշտ ունեցած է այդ իրաւունք, երբեմն որոշ սահմանափակումներով, սակայն ունեցած է, նոյնիսկ ստրկատիրական ժամանակներուն:

Սատանան նոյնպէս, լաւագոյնս տեղեակ ըլլալով այս մասին, ձեռքերը ծալած չէ նստած. Ամէն կերպ փորձած է մարդը շեղել ճշմարիտ ճանապարհէն եւ գրեթէ միշտ յաջողած է: Չէ՞ որ սատանայի մատուցած թոյնը, որոգայթները միշտ կ՚ունենան գեղեցիկ ու դիւթիչ տեսք ու համ, եւ ակամայ կը թուին դիւրին ու մատչելի: Տէրը մեզի ոչ մէկ բան պարտադրած է: Պարզապէս սահմանած է իր օրէնքներն ու պատուիրանները եւ զգուշացուցած, թէ ճշմարիտ ճանապարհէն շեղելու պարագային ինչպիսի պատիժներ, փորձանքներ ու փորձութիւններ տեղի պիտի ունենան մեզի հետ:

Մինչեւ այսօր մենք կ՚որոշենք, թէ ո՛րը ընտրենք, եւ որը ըլլանք.

Սուրբ հոգիի տաճա՞ր մը, թէ՞ մոլախոտ բանջար մը...

Իմաստուն հանճա՞ր մը, թէ՞ անիմաստ անճար մը...

Հոգեպէս մեծնա՞լ, թէ՞ մեծամտանալ...

Ըլլալ նախանձախնդի՞ր, թէ՞ քինախնդիր...

Ճշմարտախօ՞ս մը, թէ՞ ճոռոմախօս մը...

Խաղաղարա՞ր մը, թէ՞ խռովարար մը...

Տաղանդաւո՞ր մը, թէ՞աղանդաւոր մը...

Մահապա՞րտ մը, թէ՞ մեղապարտ մը...

Ունենալ խի՞ղճ, թէ՞ ըլլալ խեղճ մը...

Դիւանագէ՞տ մը, թէ՞ անգէտ դիւապետ մը...

Բարի ծառա՞յ մը, թէ՞ ծռած գերի մը...

Նախանձո՞տ մը, թէ՞ մաղձոտ մը...

Ներողամի՞տ մը, թէ՞ նենգամիտ մը...

Ջերմեռա՞նդ մը, թէ՞ մոլեռանդ մը...

Շնորհակա՞լ մը, թէ՞ անշնորհ մը...

Սրբազա՞ն մը, թէ՞ կռուազան մը...

Մեծահոգի՞ մը, թէ՞ փոքրոգի մը...

Ողորմա՞ծ մը, թէ՞ ողորմելի մը...

Մանանա՞յ մը, թէ՞ մամոնայ մը...

Մա՞րդ, թէ՞ մարդուկ մը...

Արծի՞ւ մը, թէ՞ ագռաւ մը...

Մա՞րդ մը, թէ՞ սարդ մը…

Սիրե՞լ, թէ՞ ստել...

Հե՞զ, թէ՞ եզ...

Բարեբանե՞լ, թէ՞ բամբասել...

Ներո՞ղ մը, թէ՞ նեղող մը...

Մարդասէ՞ր մը, թէ՞ դրամասէր մը...

Աստուածասէ՞ր մը, թէ՞ արատասէ՞ր մը...

Սրբութի՞ւն մը, թէ՞ ստորնութիւն մը...

Լռութի՞ւն, թէ՞ լրբութիւն...

Յիրաւի, մենք միշտ ունեցած ենք, ունինք եւ պիտի շարունակենք ունենալ ընտրութեան հնարաւորութիւն: Սակայն վաղուց գայթակղուած ըլլալով սատանայի կողմէ, կորսնցուցած ենք մեր հոգիի տեսողութիւնն ու ընկալունակութիւնը: Այդ իսկ պատճառաւ, յաճախ՝ գիտակցակցաբար, թէ անգիտակցաբար, կը կայացնենք սխալ որոշումներ:

Հետզհետէ այնքան շատ կը մեղանչենք, որ անընդունելին կ՚ընդունինք ընդունելիի փոխարէն: Եւ այն ինչ, որ ի սկզբանէ մեզի պիտի թուէր տարօրինակ, կ՚ընդունինք հալած իւղի տեղ: Եւ այսօր բնաւ տարօրինակ չէ, երբ դրամը մեզի այնքան շատ կը թուի՝ երբ զայն կը թողնենք եկեղեցիին, եւ այնքան քիչ՝ երբ զայն կը ձգենք շուկաներու մէջ:

Տարօրինակ չէ՞, երբ աղօթքով անցուցած վայրկեանը՝ Տէրը յիշելու եւ Անոր հետ մտերմանալու համար՝ մեզի կը թուի այնքան երկար, իսկ ժամերը՝ անցուցած հեռատեսիլներու, համակարգիչներու, հեռաձայններու դիմաց՝ այնքան կարճ:

Տարօրինակ չէ՞, որ աղօթելու ատեն հազիւ թէ յաջողինք մտքով կեդրոնանալ, այն պարագային՝ երբ ընկերներու հետ զրուցելու ժամանակ կ՚ունենանք ոչ մէկ դժուարութիւն:

Տարօրինակ չէ՞, որ մենք այնքան շատ կ՚ուրախանանք, երբ ոտնագնդակի խաղին կու տան յաւելեալ ժամանակ, եւ կը գանգատինք՝ երբ եկեղեցիի մէջ քարոզը սովորականէն աւելի երկար կը տեւէ:

Տարօրինակ չէ՞, որ մեզի համար այնքան դժուար է մենք մեզ ստիպել կարդալու գոնէ մէկ գլուխ Սուրբ Գիրք, եւ այնքան դիւրին՝ կարդալ հարիւր էջնոց սիրավէպ մը:

Տարօրինակ չէ՞, որ համերգասրահներու մէջ դահլիճները կ՚ըլլան լեփլեցուն, իսկ եկեղեցիները՝ դատարկ:

Տարօրինակ չէ՞, որ ճաշարաններու մէջ մարզային համազգեստով ներս չթողնելը ընդունելի է, իսկ կիսամերկ մտնել եկեղեցի դարձած է սովորական, արգիլելը՝ անընդունելի է մարդոց կողմէ:

Տարօրինակ չէ՞, որ ժամանցի վայրերու մէջ ժամանակը կը թռի: Տակաւին աչքդ չթարթած՝ կ՚անցնի ակնթարթի մը պէս, իսկ եկեղեցիներու մէջ անդադար կը նայինք ժամուն, թէ արարողութիւնը երբ պիտի վերջանայ:

Տարօրինակ չէ՞, որ մենք այնքան դժուարութեամբ անգիր կը սորվինք թէկուզ մէկ տուն աղօթք մը, սակայն այնքան դիւրին կը յիշենք ու  կրկին կը պատմենք մեր լսած բամբասանքներն ու ասէկօսէները:

Տարօրինակ չէ՞, որ մենք այսքան դիւրին կը հաւատանք թերթերու մէջ գրածներուն եւ սուտ լուրերուն, եւ մեզի համար այնքան դժուար է՝ ամբողջութեամբ վստահիլ ու հաւատալ Աստուածաշունչի մէջ գրուած խօսքերուն:

Աւա՜ղ, տարօրինակ չէ՞...

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021