ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՄԷՋ

Օրերս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Փարիզի մէջ կայացած գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մահուան 850-րդ տարելիցը եւ Հայաստանի Ազգային շարժանկարային կեդրոնի հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ՝ 2022-2023 երկամեակին համար:

Միջնադարու հայ մեծ մտածող, բանաստեղծ, աստուածաբան, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166 թուականին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցին՝ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած յայտին աջակցած են Կիպրոսը, Իտալիան, Յունաստանը եւ Սուրիան, իսկ Հայաստանի Ազգային շարժանկարային կեդրոնի (որ «Հայֆիլմ» սթիւտիոյի իրաւայաջորդն է) հիմնադրման 100-ամեակի յայտին՝ Ֆրանսան, Ռուսաստանը եւ Վրաստանը աջակցած են:

Այսպէսով, գալիք տարի կը սկսի եւ մէկ տարի եւս Միացեալ Ազգերու Կրթութեան, գիտութեան եւ ոշակոյթի կազմակերպութեան՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի հովանիին ներքոյ կը նշուին այս երկու նշանակալից տարեթիւերը, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին հայերուս եւ համայն մարդկութեան հոգեւոր, մշակութային արժէքներուն տեսակէտէն:

ՇՆՈՐՀԱԼԻՆ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ

Ըստ պատմական փաստաթուղթերու, Ներսէս Շնորհալին վախճանած է 1173-ին եւ թաղուած Հռոմկլայ ամրոցին մէջ։ Հայ Եկեղեցին զայն դասած է սուրբերու շարքին եւ անոր յիշատակը կը նշէ ամէն տարի, Թարգմանչաց տօնին։ Շնորհալի պատուանունէն զատ հայ միջնադարեան այս ակնառու գործիչը ստացած է նաեւ ուրիշ բնորոշումներ, որոնցմէ է «Երգեցող» պատուանունը:

Հայ շարականագրութեան մէջ Ներսէս Շնորհալիէն զատ նաեւ Գրիգոր Է. Անաւարզեցին (դարձեալ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս) արժանացած է «Երգեցող» պատուանունին, որ կը տրուի երաժշտութեան մէջ ունեցած երեւելի դերին համար:

Հռոմկլայի մէջ ծնած ըլլալուն համար Շնորհալին կը յորջորջուի նաեւ Ներսէս Կլայեցի, իսկ միւս պատուանունները, որոնք տրուած են անոր, իրաւամբ կը վկայեն այն մեծ դերին եւ ներդրման մասին, որ միջնադարեան այս գործիչը ունեցած է հայոց եւ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Ան մեծարուած է իբրեւ «Երկրորդ Լուսաւորիչ հայոց», «Եռամեծ վարդապետ», «Երանաշնորհ սուրբ», «Տիեզերալոյս վարդապետ», «Համահրեշտակ» եւ այլ անուններով: Եւ այս բնորոշումները պատահական չեն: Նախ իր ապրած եւ գործած ժամանակաշրջանը եղած է հայոց պատմութեան խառն ու վերիվայրումներով ակնառու ժամանակաշրջան մը եւ Շնորհալիին ստեղծագործութեան առանցքը հայրենասիրական մղումներն ու գաղափարներն էին, իսկ հայրենիքի ազատումը՝ առաջնահերթ հարց էր հայոց հայրապետին համար:

Պատմութեան մէջ ան կը վկայուի իբրեւ առաքինազարդ վարքով, սրբակեացութեամբ հոգեւորական մը, որ միջեկեղեցական ճանաչում եւ համբաւ վայելած է իր բացառիկ գիտականութեան շնորհիւ: Շնորհալին նկատուած է աւետարանական ոգիով եկեղեցիներու միութեան եւ համագործակցութեան ջատագով եւ այդպէսով տեղ գրաւած՝ համաքրիստոնէական մտքի եւ մշակոյթի պատմութեան մէջ: Ուրիշ ազգերու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ յոյները, ասորիները եւ հռոմէացիները, Շնորհալին նմանցուցած են 3-5-րդ դարերու եկեղեցւոյ մեծ հայրերուն, անոր համբաւը տարածուած է բազմաթիւ ազգերու մէջ: Նոյն յունական եւ ասորական աղբիւրները զինք կոչած են «Նոր Գրիգոր Աստուածաբան»: Շնորհալին մեծարուած է տակաւին իր կենդանութեան օրօք, իսկ մահէն ետք իր շիրիմը դարձած է ուխտատեղի: Անոր մահը սգացած են բիւզանդական արքունիքը եւ ողջ քրիստոնեայ աշխարհը:

Իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ներսէս Դ. Կլայեցին յաջորդած է իր աւագ եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիին: Անոնք եղած են Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի ծոռները, իշխան Ապիրատ Պահլաւունիի որդիները եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէրի քրոջ թոռները: Ներսէս Շնորհալին մեծցած է Գրիգոր Բ. Վկայասէրի, այնուհետեւ Բարսեղ Ա. Անեցիի խնամքին տակ, հիմնաւոր կրթութիւն ստացած է Քեսունի մօտ գտնուող Շուղրի Կարմիր վանքի դպրոցէն ներս՝ աշակերտելով Ստեփանոս Մանուկ Եպիսկոպոսին: Տասնվեց տարեկանին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ եւ վերանուանուած՝ Ներսէս, բայց թէ ի՛նչ եղած է աւազանի անունը, տեղեկութիւններ չկան:

Մինչեւ կաթողիկոս դառնալը եղած է Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի օգնականն ու խորհրդատուն: 1116 թուականէն սկսեալ ապրած եւ ստեղծագործած է Կոմմակէնի Տլուք գաւառի Ծովք դղեակին մէջ, իսկ 1150 թուականէն սկսեալ՝ Հռոմկլայ: Այդ մէկը պայմանաւորուած է պատմական հանգամանքներով՝ կաթողիկոսական աթոռը Ծովք, այնուհետեւ Հռոմկլայ տեղափոխութիւններով:

Ներսէս Շնորհալին եւ Գրիգոր Գ. Պահլաւունին մտադիր էին Հայրապետական Աթոռը փոխադրել բուն Հայաստան՝ Անի, եւ վերականգնել հայական իշխանութիւնը Անիի մէջ: Սակայն Հայաստանի ծանր քաղաքական պայմանները չեն արտօնած իրագործել այդ ծրագիրը եւ երկու եղբայրները Հայրապետական Աթոռը Ծովքէն տեղափոխած են Հռոմկլայ եւ Հռոմկլայի հայոց կաթողիկոսարանին մէջ ալ ծաւալած է Ներսէս Շնորհալիի հովուական-եկեղեցական, մշակութային, մատենագրական եւ մանկավարժական հարուստ գործունէութիւնը:

Իր կաթողիկոսութեան տարիներուն Շնորհալի սերտ կապեր ունեցած է Հայաստանի բոլոր նշանաւոր վանքերուն եւ արեւելեան վարդապետներուն հետ, թղթակցած անոնց հետ եւ այդ նամակագրութեան ընթացքին քննարկուած են դաւանական, եկեղեցական, ազգային, գրական ու գիտական բազում խնդիրներ: Վկայութիւնները բազում են այն մասին, որ որպէս մեծ հեղինակութիւն վայելող անձնաւորութիւն զինք ղրկած են կարգ մը հաշտեցումներու, ինչպէս հաշտեցումը 1164 թուականին Կիլիկեան Հայաստանի երկու հայ իշխաններուն՝ Թորոս Բ. Ռուբինեանին եւ Լամբրոնի բերդի տէր Օշին Բ. Հեթումեանին:

1141 թուականին ան կաթողիկոս եղբօր հետ մասնակցած է Անտիոքի ժողովին, որ գումարուած էր Անտիոքի Ռուտոլֆ լատին պատրիարքի գործունէութիւնը քննելու համար, նաեւ հաստատումներ կան, որ այդ ժողովէն սկսած են հայ-կաթոլիկ եկեղեցական յարաբերութիւնները:

Համաքրիստոնէական չափանիշով մեծ մատենագիր նկատուող Շնորհալիի մատենագրական ժառանգութեան բազմիցս անդրադարձ կատարուած է, այդ մէկը նաեւ այն պատճառով, որ այդ ժառանգութիւնը գրեթէ անկորուստ հասած է մեզի: Բազում անդրադարձներ եղած են նաեւ Շնորհալիի շարականներուն, հոգեւոր եւ գրական միւս գործերուն, հանելուկներուն, որոնք սիրելի են թէ՛ մեծերու, թէ՛ պզտիկներու համար: Գրաքննադատներ անոր գրական գործերու գլուխ-գործոցը կը նկատեն «Ողբ Եդեսիա քաղաքի» ստեղծագործութիւնը:

ՈՂԲ…

«Ողբ Եդեսիոյ»ի գրութեան առիթ հանդիսացած է 1144 թուականին Եդեսիա քաղաքի գրաւումը Հալէպի Զանկի ամիրային կողմէն։ Ստեղծագործութիւնը Շնորհալին գրած է դիմառնութեան հնարքով՝ այրի կնոջ պատկերով ներկայացնելով Եդեսիա քաղաքը, որ կ՚ողբայ իր դժբախտութիւնը՝ ողբակցութեան հրաւիրելով ողջ քրիստոնեայ աշխարհը։

Դիմելով Մեծ Հայքին՝ Եդեսիան կը յիշէ անցեալի վեհութիւնը, հակադրելով զայն ներկայ թշուառութեան։ Ո՞ւր են հայոց երբեմնի թագն ու պսակը, զինակիրները, նախարարներն ու իշխանները.

Ո՞ւր քաղցրաձայն երաժշտի,
Կամ գեղգեղումն եղանակի...
Արդ ո՞ւր գահոյք թագաւորի,
Վաղարշապատ քոյ քաղաքի...։

Վաղարշապատն ու Անին Շնորհալիի երկին մէջ դարձած են հայոց անցեալի փառքի, ինչպէս նաեւ անմխիթար ներկայի խորհրդանիշներ։ Խորհրդանշական են Եդեսիոյ որդիներու՝ շրջակայ աւաններու, բնական գեղեցկութիւններու ու հարստութիւններու, առատ ու շէն կեանքի նկարագրութիւնները, որոնք անցեալին կը վերաբերին եւ աւելի ակնառու կը դարձնեն նկարագրուող ողբերգութիւնը:

Շնորհալին Եդեսիան օժտած է մարդկային հոգեբանական գիծերով։ Գրութեան մէջ բնական գունաւորում ստացած են նաեւ ռազմական իրադարձութիւնները։ Պաշարեալները, որոնք իրենց երկիրը կը պաշտպանեն անօրէն-անհաւատներէն, բարոյական բարձր կարգի մարդիկ են, կը կռուին հայրենիքի համար, զանոնք կ՚ոգեւորեն նախնիներուն սխրանքները։ Մարտի դաշտ ելած են նոյնիսկ քահանաները, եպիսկոպոսները, որոնք կը քաջալերեն կռուողները։ Մինչդեռ թշնամին ոգեշնչողը աւարի տենչն ու հարստանալու մոլուցքն է։

Հաւաքական կերպարներէն զատ «Ողբ»ին մէջ կայ նաեւ անհատ հերոս մը՝ Զանկին, որ բարբարոս, խաբեբայ ու դաժան արեւելեան բռնակալ մըն է: Երդում ընելով, որ քաղաք մտնելով ոչ մէկ վնաս պիտի պատճառէ անձնատուր եղած բնակիչներուն, կը դրժէ իր խօսքը, կը կոտորէ բոլորը:

Ողբացող Որբեւայրին (Եդեսիա քաղաքը) կ՚անիծէ թշնամին եւ կը մխիթարուի անով, որ իր որդիները կը պսակուին անճառ լոյսով։ Իսկ վերապրողները ան կը յուսադրէ խաչակրաց երկրորդ արշաւանքի հեռանկարով։

Բանաստեղծը կը հաւատայ, որ աշխարհի չորս կողմերէն կու գան, կը հաւաքուին հալածեալներն ու ցրուածները «ի տուն հայրենի»։ Անոր նպատակը եղած է այս առիթով ապագայի հանդէպ հաւատք ներշնչել եւ մխիթարել իր հայրենակիցները:

Շնորհալիի «Ողբ»ը խիստ ուշագրաւ է խաչակրութեան վերաբերող գեղարուեստական գործերուն մէջ։ Այս գործը կը յուշէ, որ կորովն ու կամքը շատ բան կրնան վճռել քրիստոնեաներու համատեղ պայքարին ընթացքին:

«Ողբ Եդեսիոյ» գրութեան մէջ Ներսէս Շնորհալի հեղինակը կը ներկայանայ որպէս քրիստոնեայ մեծ մտածող, մարդասէր եւ ջերմ ու անկեղծ հայրենասէր: Ան այդ գործին մէջ քրիստոնէական գաղափարախօսութիւնը եւ ազգասիրութիւնը կը զուգորդէ, կը շաղկապէ իրարու՝ երկը վերածելով քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ համերաշխութեան օրհներգի մը՝ ընդդէմ բռնութեան եւ չարիքի: Գործը կ՚աւարտի լաւատեսութեամբ, հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան յոյսով:

Եթէ փոխենք ժամանակաշրջանը եւ անունները, «Ողբ Եդեսիոյ»ն այսօրուան մեր իրական տրամադրութիւններն են, ահա թէ ինչու մեծերը եւ անոնց գործերը միշտ արդիական են եւ ուշադրութեան կ՚արժանանան:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021