ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ ԱՆՁՆԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷ ԵՒ ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵՆԷ ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԵԼՈՒ ԱՌԻԹ

Տարի մը եւս անցաւ, երթալ տեղաւորուելու համար պատմութեան էջերուն մէջ եւ իր տեղը ձգելով նոր տարուան մը:

Շուրջ մէկ տասնամեակ առաջ աշխարհով մէկ տարբեր էին տրամադրութիւնները, տարբեր էին սպասումները նոր տարուան շեմին, այսօր՝ ամբողջութեամբ տարբեր են: Եթէ մօտիկ անցեալին նոր տարուան փաստը շատերու համար հետաքրքրական էր, այսօր պատկերը նոյնը չէ, որովհետեւ շատերու համար նոր տարին այլեւս ո՛չ մէկ իմաստ կը ներկայացնէ, բացի օրացոյցի վրայ թուականի փոփոխութենէն:

Մարդուն կեանքը շատ արագ կերպով փոխուեցաւ: Արուեստագիտութիւնը իր դրական ազդեցութեան կողքին, շատ մը ժխտական ազդեցութիւններ ունեցաւ մարդու կեանքին, առօրեային վրայ: Աւելցնենք, վերջին տարիներուն մարդկութեան հարուածած համաճարակին՝ թագաժահրին պատճառով ստեղծուած տնտեսական եւ ընկերային դեռ եւս անհասկնալի եւ անորոշ հետեւանքները, որոնք մարդու առօրեայ կեանքին, հետաքրքրութիւններուն եւ նախասիրութիւններուն վրայ շատ բան փոխեցին:

Այսօրուան մարդը վերածուած է եսակեդրոն, անձնապաշտ էակի մը, որ իրմէ բացի եւ իրմէ անդին ո՛չ ոք կը նկատէ, ոչինչ կը տեսնէ: Ամէն բան կեդրոնացուցած է իր անձին շուրջ եւ աշխարհին այդ դիտանկիւնէն կը նայի: Բնականաբար նման մօտեցում մը, կամ նման վարուելակերպ մը չի՛ կրնար բարի ազդեցութիւն ունենալ նոյն այդ մարդուն վրայ, նկատի ունենալով թէ մարդը ընկերային էակ մըն է, ստեղծուած է ո՛չ միայն ինքն իրեն համար ապրելու, այլ նաեւ իր նմաններուն:

Եսակեդրոնութիւնն ու անձնապաշտութիւնը մարդս դատարկած են իր արժէքներէն, սկզբունքներէն, իր մարդկայնութենէն: Այսօր աշխարհը կ՚ապրի ծայրայեղութիւններու դարաշրջան մը: Տեղ մը ուրախութիւն, տեղ մը տխրութիւն, տեղ մը խնդուք, տեղ մը լաց, տեղ մը առատութիւն, տեղ մը սովամահութիւն, տեղ մը խաղաղութիւն, տեղ մը պատերազմ: Այս բոլորը մարդուս կեանքը կազմող երեւոյթներն են եւ բնական է անոնց առկայութիւնը մարդու կեանքին, առօրեային մէջ: Մեր ըսածը այս բնական երեւոյթներուն չի՛ վերաբերիր, այլ՝ մարդուն կողմէ մեքենայականօրէն ստեղծուած վերոնշեալ երեւոյթներուն: Մարդուն եսակեդրոնութիւնն ու անձնապաշտութիւնը զինք մղած են անտարբեր ու անսիրտ դառնալու ո՛չ միայն զինք շրջապատող մարդոց նկատմամբ, այլեւ՝ ինքն իր, բնութեան, նոյնիսկ զինք արարող Աստուծոյ: Նման վարքագիծը մարդս ա՛լ աւելի պիտի դատարկէ իր մարդկութենէն եւ ծայրայեղութիւնը՝ ինչի մասին վերը անդրադարձանք, ո՛չ թէ տարուէ տարի, այլ ամիսէ ամիս, նոյնիսկ օրէ օր ա՛լ աւելի պիտի աճի ու տարածուի:

Այսօրուան մարդը կարիքն ունի վերաքննութեան, ինքզինք վերարժեւորելու, իր կոչումին գիտկացութիւնը ունենալու եւ ըմբռնելու զայն:

Եսակեդրոնութիւնն ու անձնապաշտութիւնը այսօրուան մարդուն համար ձեւով մը վարդապետութեան, ուսմունքի վերածուած է: Էական ալ չէ այդ վարդապետութիւնը սխա՞լ է կամ ոչ: Իսկ իւրաքանչիւր «սխալ վարդապետութեան, սխալ տեսակէտներու, սխալ գաղափարներու անխուսափելիօրէն պիտի հետեւի սխալ կենցաղը: “Ազատ չե՞մ ընելու ինչ որ կամենամ” կ՚ըսէ ժամանակակից մարդը, “խմելու, ծխելու ‘խումար’ խաղալու, թմրեցուցիչ գործածելու, միասեռական ըլլալու”, այլովք հանդերձ: Այո, ազատ է, բայց ազատութեան հետեւանքն է կարեւորը, նախ իրեն՝ անհատապէս, եւ ապա ընկերութեան՝ հաւաքաբար: Բացայայտօրէն նման գաղափարներով տարուած մարդը ինքզինք պիտի փճացնէ. ու այդ ալ անշուշտ իր գիտնալիքն է. եթէ չարիքը միայն իրմով վերջանար պիտի ցաւէինք լոկ իրեն համար: Բայց անխուսափելիօրէն ընկերութիւնն է, որ պիտի տուժէ իր “ազատութեամբը”: Նախ եթէ ամուսնացած է, իր մոլութիւնները ընդհանրապէս պիտի փոխանցէ իր սերունդին. ֆիզիքապէս տխեղծ ու վատառողջ զաւակներ պիտի ունենայ. ընկերութեան հարստութիւնը պիտի վատնէ իր բարոյական ու ֆիզիքական փճացումին համար: Ի վերջոյ, բեռ ըլլալու համար ընկերութեան վրայ: Բայց իր վնասին ծանրագոյնը ուրիշներուն գայթակղութեան պատճառ դառնալն է ուղղակի կամ անուղղակիօրէն. բոլոր մարդիկ կ՚ուզեն իրենց մոլութեանց բաժնեկից գտնել: Հետեւաբար, գործնականապէս ուրիշները կ՚առաջնորդեն իրենց մոլութեան ճանապարհին: Իսկ ոմանք ալ ինքնաբերաբար կը հետեւին մոլիներուն. “մեծերը, գիտակիցները կ՚ընեն, մենք ալ ընենք” ոչխարային մտայնութեամբ», կը գրէ երջանկայիշատակ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեանը:

*

Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը գրէ. «Եկէք ջինջ հայեացքով, անկեղծ ինքնատեսութեամբ նայինք մեր ներաշխարհին մէջ: Սրբենք փոշին, մաքրենք կեղտը, որոնք կը կպին մեզի յատուկ անուններով՝ անտարբերութիւն, եսակեդրոնութիւն, աշխարհայնապաշտութիւն, ունայնասիրութիւն, հաճոյագնացութիւն եւ յարակից այլ բառերով հանդերձուած»: Նոր տարին ամենէն յարմար ժամանակն է ինքնաքննութեան, ինքնատեսութեան եւ մեր ներաշխարհէն ներս սուզուելու համար: Այսօր մեզմէ շատերուս աչքերուն -մարմնական թէ հոգեւոր- վրայ փոշի կայ, որ արդէն իսկ կեղտի վերածուած է եւ դժուարութիւն կը պատճառէ մեզի մեր չորս կողմը տեսնելուն, իրականութիւնները հասկնալուն: Մեր աչքերուն վրայ եղած փոշին մեզ զրկած է անկեղծ ինքնաքննութենէ, մթագնած է մեր տեսողութիւնը: Պէտք է աշխատինք մաքրելու այդ փոշին, սրբելու այդ կեղտը, որպէսզի նորոգուինք, թարմանանք եւ գիտակցինք մեր կոչումին, մեր գոյութեան պատճառին:

Երջանկայիշատակ Հայրապետը այդ փոշին ու կեղտը կը ներկայացնէ որպէս՝ անտարբերութիւն, եսակեդրոնութիւն, աշխարհայնապաշտութիւն, ունայնասիրութիւն, հաճոյագնացութիւն…:

Եսակեդրոնութիւնը, աշխարհայնապաշտութիւնը, ունայնասիրութիւնը, հաճոյագնացութիւնը եւ այլ նման արատները մարդուն մէջ կը յառաջանան գլխաւորաբար անտարբերութեան պատճառով: Անտարբերութիւնը մարդս կը վերածէ դատարկ դաշտի մը, ուր կարելի է ամէն տեսակի փորձառկումներ կատարել: Վերը ըսինք, թէ այսօրուան մարդը անտարբեր դարձած է թէ՛ ինքն իր նկատմամբ եւ թէ՛ ալ իր շրջապատին: Այսօրուան մարդը չի՛ յուզուիր իր չորս կողմը կատարուած անարդարութեամբ, ողբերգութիւններով, արկածներով եւ դժբախտութիւններով: Թեթեւակի աչքերով կը նայի ու կ՚անցնի, կարծէք ոչինչ պատահած ըլլայ: Աւելին, այսօրուան մարդը իր միտքէն իսկ չ՚անցներ, թէ բոլոր այդ երեւոյթները օրին մէկը կրնան նաեւ իր դուռը ծեծել…:

Անտարբերութիւնը, մարդս ձեւով մը վերածած է անբան անասունի, որ աննպատակ կերպով իր գոյութիւնը կը պահպանէ: Աննպատակ՝ մարդկային հասկացողութեամբ, բայց անբաններու բնութեան համար նպատակային, որովհետեւ այդ բանին համար ստեղծուած է՝ ինչ բանի մէջ որ է: Մարդ պէտք է ջանք թափէ վանելու անտարբերութիւնը, հակառակ պարագային անտարբերութիւնը նուաճելով զինք կորուստի կ՚առաջնորդէ:

Երջանկայիշատակ Հայրապետը անտարբերութեան մասին կը գրէ. «Այսօրուան մեր կեանքին մէջ ես ամենէն մեծ մեղքը, տեսակ մը ութերորդ “Մահացու մեղք” կը համարեմ անտարբերութիւնը, որու միւս անուններն են անհոգութիւնը, անշարժութիւնը եւ... դատարկախօսութիւնը: Վերջ տանք այդ մեղքին եւ դառնանք “ի լոյս աստուածգիտութեան”, որ նաեւ կը նշանակէ ի լոյս ինքնաճանաչման, ինքնայարգումի, ինքնարժանապատուութեան, որոնք մեզի բնական մղումով կ՚առաջնորդեն ի գործ եւ կ՚ուղղեն յառաջ»։

Մեր մէկ գրութեան մէջ, որ «Անտարբերութեամբ եւ մասամբք սորին» խորագիրը կը կրէ, օրին այսպէս գրած էինք.

Այսօրուան մեր ընկերութիւնը կ՚ապրի ահաւոր անտարբերութեան եւ անհոգութեան շրջան մը: Այսպէս՝

Անտարբերութիւն՝ Աստուծոյ նկատմամբ:

Անտաբերութիւն՝ հաւատքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ փրկութեան նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ հոգեւոր կեանքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ բարոյական կեանքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ընտանիքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ շրջանակի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ընկերութեան նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգի ու Հայրենիքի նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգային արժէքներու նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ ազգային բարքերու ու սովորութիւններու նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ մեր անձերուն իսկ նկատմամբ:

Անտարբերութիւն՝ աշխարհի նկատմամբ:

Իսկ եթէ փորձենք այս «անտարբերութեամբ եւ մասամք սորին»ի դրդապատճառները իմանալ, հետեւեալ պատասխանները կ՚ունենանք.-

Աստուծմէ զատ ուրիշ աստուածներ փնտռելու մեր սին փափաքը:

Աստուածաշունչ չկարդալը:

[Եկեղեցի չերթալը]:

Այն համոզումը, որ յաւիտենականութիւն չկայ:

Միշտ դատելու պատրաստ մեր բնաւորութիւնը:

Նիւթն ու նիւթականը աւելի նախընտրելը:

Աշխարհիկ հաճոյքը գերադասելը:

Եսասիրութիւնը:

Մենասիրութիւնը:

Անձնապաշտութիւնը:

Շահ չունենալը:

Ոսկիի ու մամոնային սէրը:

Համացանցը, դիմատետրը, սէլֆին, [ինս-թակրամը, թիք-թօքը] եւ այլն, եւ այլն:

Մեր անձին աստուածացումը:

Ինծի չի՛ վերաբերիր՝ ինչ ուզէ ըլլայ:

Ահաւասիկ ամփոփ նկարագրական մը անտարբերութեան առարկաներուն եւ անոնց դրդապատճառներուն:

Միւս կողմէ որպէսզի մարդ անտարբերութեան մէջ չիյնայ, պէտք է միշտ աշխատի, միշտ կարդայ, միշտ բարիք գործէ, որովհետեւ աշխատանքը կ՚ազնուացնէ, կարդալը՝ կ՚իմաստացնէ, իսկ բարեգործութիւնը՝ հոգին կը գեղեցկացնէ ու կը բիւրեղացնէ:

*

Նոր տարուն այս ժամանակաշրջանը լաւագոյն առիթն է մեզմէ իւրաքանչիւրին համար ձերբազատուելու անտարբերութենէն:

Ձերբազատուելու համար առաջին հերթին կարիքն ունինք մեր յարաբերութիւնը ճիշդ ուղղութեան վրայ բերելու Աստուծոյ հետ: Այդ յարաբերութիւնը ուղղելու համար, առաջին հերթին պէտք է ճանչնանք զԱստուած: Մեզմէ շատերս կը կարծենք, թէ կը ճանչնանք զԱստուած, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ: Ինչպէս երբ գիրք մը կը վերցնենք կարդալու համար, կարդալէ ետք երբ մեզի հարցնեն այդ գիրքի մասին, համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ կը պատասխանենք, կը նկարագրենք, կը ներկայացնենք գիրքը: Երբեմն ալ կը պատահի, որ գիրքը չենք կարդար, բայց կը փորձենք անպայմանօրէն խօսիլ այդ գիրքի մասին՝ տպաւորուած ըլլալով գիրքի կողքէն: Նոյնն է մեզմէ շատերուն յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ. լսած ենք Աստուծոյ, Անոր մեծութեան ու փառաւորութեան մասին, տպաւորուած ենք այդ բոլորով, սակայն իրականութեան մէջ մենք այդ բոլորը մեր անձնական կեանքով չե՛նք ապրած ու զգացած, որով մեր գիտութիւնը թերի է ու անկատար, աւելին՝ վնաս է մեզի համար, քան օգուտ: ԶԱստուած ճանչնալու համար պէտք է դիմենք Անոր, պէտք է կարդանք Աստուածաշունչը, որ Իր ներշնչումով գրուած է եւ մեզի համար որպէս դաստիարակիչ գիրք տրուած է՝ ճանչնալու զԻնք, հասկնալու Իր կամքը եւ առաջնորդուելու Իր տուած, կամ առաջարկած ուղղութեամբ:

Երկրորդ, նոյնքան կարիքն ունինք մեր յարաբերութիւնները ուղղելու մեր նմաններուն նկատմամբ: Ըսուած է՝ «մարդը մարդով է մարդ», այսինքն՝ մարդ արարածը առանց մարդու չի՛ կրնար ապրիլ, մարդը առանց մարդու ոչինչ կրնայ ընել: Այսօրուան արուեստագիտական աշխարհի ժխտական ազդեցութիւններէն մէկը այն է, որ մարդս առանձնացուցած է, կտրած է զինք իր նմաններուն հետ յարաբերելէ, շփուելէ: Հեռախօսները, համակարգիչները, եւ այլն, այսօր դարձած են մարդուն ամենէն մտերիմ «ընկեր»ները…: Իրողութիւն մը, որ մարդս ա՛լ աւելի դատարկած է իր մարդկայնութենէն: Հեռախօսները, համակարգիչները, եւ այլն, ստեղծուած են մարդու օգուտին համար, այսինքն՝ ատոնք կան որպէսզի մարդուն ծառայեն, մարդու կողմէ կառավարուին: Այսօրուան իրավիճակը ճիշդ հակառակն է, այսինքն՝ մարդս սկսած է կառավարուիլ այդ գործիքներուն կողմէ, դարձած է անոնց գերին: Այս հանգամանքը, բնականաբար մարդուն տարած է ինքնամեկուսացումի՝ կտրելով զինք իր շրջապատէն եւ շատ յաճախ նոյնիսկ իր անմիջական ընտանիքէն: Նայեցէ՛ք ձեր չորս կողմը, ինչքա՜ն շատցած է թիւը այն երիտասարդներուն, որոնք ամէն ինչ կ՚ընեն առանձին ապրելու, «անկախանալու», «առանձնանալու» համար, մտածելով որ այդպիսով աւելի հանգիստ կ՚ապրին: Այդ «անկախացումն» ու «առանձնացումը» մարդս ա՛լ աւելի ինքնամփոփ կը դարձնէ, որով օր օրի ա՛լ աւելի կը կտրուի զինք շրջապատող մարդոցմէ: Նոր տարին այս առումով բացառիկ առիթ է մարդուն համար վերատեսութեան ենթարկելու իր ներաշխարհը, բացուելու մարդոց, իր շրջապատին:

Մարդ-մարդ փոխյարաբերութեան այս ապակայուն եւ անառողջ վիճակը մարդուն առաջնորդած է այն բանին, որ այսօր մարդկային ընկերութեան մէջ մեծութիւններ չկան, տիպար օրինակներ չկան, որոնց կարելի է հետեւիլ, որոնց խօսքերով, խորհուրդներով, թելադրութիւններով եւ կատարած գործերով կարելի է գօտեպնդուիլ: Պատճա՞ռը. մարդուն նիւթականացումն է: Կոստան Զարեան կը գրէ. «Ճշմարտութիւնն այն է, որ արդի մարդկութիւնը ամբողջովին տարուած նիւթական պայքարներով եւ քաղաքական մտահոգութիւններով՝ զուրկ է հզօր մտքի եւ հզօր հոգեկանութիւնով տոգորուած ներկայացնողական մարդկանցից: Մեծ դէպքեր՝ փոքրիկ մարդիկ: Ո՞ւր են Տանթէները, Կէօթէները, ո՞ւր են սուրբերը, առաքեալները…»: Այսօր աշխարհի վրայ խօսքի ուժը վերածուած է դրամի, դիրքի, պաշտօնի, ունեցուածքի ուժի: Կարեւոր չէ թէ մարդիկ ի՜նչ գիտեն, կարեւորը այն է, թէ մարդիկ ի՜նչ ունին եւ ինչքա՜ն ունին: Նոր տարին, դարձեալ կրկնենք, որ այս անառողջ մթնոլորտը բարելաւելու եւ կամաց-կամաց սպիացնելու լաւագոյն առիթն է:

Արդարեւ, Նոր տարին մարդուն համար պէտք է ըլլայ ո՛չ թէ կերուխումի, զուարճանքի, հանգստութեան՝ աշխարհիկ հասկացողութեամբ, հաճոյքները իրագործելու առիթ, այլ առիթ՝

- Ինքնաքննութեան:

- Ինքնասրբագրութեան:

- Կեանքի մէջ սկզբունքայնութեան վերատեսութեան:

- Մարդ կոչումին հաւատարիմ մնալու պատրաստակամութեան:

- Մարդ-մարդ յարաբերութեան բնականոնացման:

- Մարդ-Աստուած յարաբերութեան առողջացման եւ ամրապնդման:

*

Մինչեւ այստեղ մեր գրութիւնը կը վերաբերէր բոլոր մարդոց: Աւարտին, կ՚ուզեմ առանձին կերպով անդրադառնալ մեր ժողովուրդին՝ Հայ ժողովուրդին:

Վերջին մէկ-երկու տասնամեակներուն մեր ժողովուրդը թերեւս անտարբերութեան գետնի վրայ իր մրցակիցը չէ ունեցած եւ չունի այսօր եւս աշխարհի միւս ժողովուրդներուն մէջ: Անտարբերութիւն, որ մեր ժողովուրդին մէկ մասը հայրենազուրկ, հողազուրկ դարձուց, մեզմէ խլեց մատղաշ հոգիներ, որբերու եւ այրիներու թիւը աւելցուց, ատելութիւն ու թշնամանք տարածեց, անհոգութիւն եւ անպատասխանատուութիւն սերմացնեց մեր մէջ: Անտարբերութիւն, որ մեզ կանգնեցուցած է անդունդի եզրին: Ցաւալին մեր անգիտակից վիճակն է այս իրականութեան. այնպէս կ՚ապրինք, այնպէս կը վարուինք կարծէք ոչինչ պատահած է մեզի հետ: Այս բոլորը մեր անտարբերութեան ու անհոգութեան հետեւանքն են, մեր ունեցածին արժէքը չգիտնալը եւ զայն պահելու ու պահպանելու պատրաստակամութիւնը չունենալը:

*

Այստեղ կը մէջբերեմ Լեւոն Քիրիշճեան (Լարէնց - 1882-1915: Խմբագիր, թարգմանիչ) «Ամանոր» գրութենէն հատուած մը, որ ա՛յնքան խօսուն նկարագրութիւնն է մեր այսօրուան վիճակին: Կարծէք պատմութիւնը ինքզինք է որ կրկնած է ու կը շարունակէ կրկնել տակաւին: Քիրիշճեան կը գրէ.

«…Տասներկու տարեկան զաւա՜կը… տասներկու տարի… ի՛նչ զուգադիպութիւն, մեր մեծ Աղէտին տարեդարձն է ան [խօսքը Համիտեան ջարդերու մասին է]. հայ արիւնի լիճերուն վրայէն տասներկու տարիներ անցան գացին, բայց ամէն նոր տարի փոխանակ ցամքեցնելու այդ լիճը, աւելի եւ աւելի խորունկցուց զայն, նո՞ր տարի… չէ՜, արիւնի՛ տարի…վրէժի տարի։

Ու երբ որդեկորոյս հայրը վերջապէս աւարտեց իր ողբը ու լռեց, այն ատեն, Քերթողը՝ ձայնի շեշտով մը որուն մէջ խտացած էր հայ մարտիրոսներու բոլոր բովանդակ կսկիծը, ըսաւ իր խօսակցին.

-Հա՛յր, դուն որ այսօր զաւակդ յանձնեցիր մայր հողին ու հիմա կու լաս անոր համար, խորհէ որ հայրենիք մը ունինք մենք՝ որ ամէ՛ն օր բռնադատուած է ապրիլ մահուան դրացնութեան մէջ։ Զաւակդ մեռաւ ու սգակիր բարեկամներու թափօր մը շրջապատեց զքեզ, մխիթարական խօսքերով ողողեց, ու դուն, աշխարհի ունայնութեան վրայ փիլիսոփայելով, վաղը նորէն պիտի դառնաս կեանքիդ սովորական ճամբային. բայց մենք ո՛չ մէկ յուղարկաւոր տեսանք մեր յօշոտուած ու փեռեկտուած նահատակներուն ետեւէն գացող, ու ոչ ոք մխիթարանքի բառ մը ըսել համարձակեցաւ կախաղանի զոհերու ծնողին. մե՛նք եղանք դագաղակիր, մե՛նք եղանք գերեզմանափորն ու վերջին աղօթքը կարդացողը։ Հոգիս լայնածաւալ գերեզմանատուն մըն է, ուր կարգով պառկած են հայ հերոսներն ու նահատակները, ոմանք՝ ծաղկահաս եւ մանկունակ, ուրիշներ՝ ալեհեր կամ պարթեւական. ու միտքս անոնց յիշատակին նուիրուած աղօթքներ կը յօրինէ ամէն ժամ։ Գանկս քարայր մըն է անյատակ, որուն մէջ կը լեցուին շարունակ Չարչարանքին զոհերուն ոսկորները, եւ անոնց պաղած արիւնը երակներուս մէջէն անցնելով մարմինս կը սառեցնէ։ Ու ահաւասիկ դեռ կը ջարդեն մեզ, կը հարստահարեն ու կ՚անպատուեն, եւ ցեղին զաւակներուն մէջէն ո՛չ ոք, Տէ՜ր Աստուած, ոչ մէկը կ՚ուզէ վրէժին փառքը պանծացնել։ Տարիները քանի՛ կը նորնան, այնքան աւելի կը բարձրանայ մեր զոհերուն ոսկորներէն կերտուած բուրգը, ու քանի կը լսեմ եկեղեցիներու կոչնակին ընդհատ հնչիւինին մահերգը, կը մտածեմ՝ թէ քու զաւկէդ ալ, հին տարիէն ալ զատ, որոնք այսօր մեռան, կա՜յ տակաւին բան մը, հայ ցեղը՝ որ կը ճուայ ու յամրօրէն կը մահանայ, մինչ իր հարազատ զաւակները՝ շլմորած ու ստրուկ, դեռ կը տատամսին խիզախ ու առնավայել ժէսթով մը յաւերժանալու…» («Ձայն հայրենեաց», 1909, Նոր շրջան, 16-29 յունուար, թիւ 13, էջ 122-123)։

*

Նոր տարուան այս հանգրուանը երանի՜ թէ ծառայեցնենք ազգովին արթննալու համար, գիտկացելու մեր դիմագրաւած վտանգաւոր շրջանը, լուծումներ որոնելու, գործնական քայլերու դիմելու՝ կարենալ պահպանելու համար մեր պետականութիւնն ու մեր հայրենիքը, եւ այս բոլորէն առաջ ու վեր՝ ՀԱՅ ՄԱՐԴԸ, որ կորիզն է մեր պետականութեան ու Հայրենիքին:

Շնորհաւոր բոլորիս նոր տարին, մաղթելով բոլորիս վերանորոգութիւն, մեր կոչումին ու գոյութեան գիտակցութիւն, ու ամենէն կարեւորը՝ վերանորոգուելու պատրաստակամութիւն:

Աւարտին, Նոր տարուան առիթով մեր սիրելի եւ յարգելի ընթերցողներուն կը ձօնեմ Միսաք Մեծարենցի 1902 թուականի դեկտեմբերին գրած՝ «Նոր տարին» բանաստեղծութիւնը.

Այս գիշեր հագուած, սգուած նոր տարին
Առտուան լոյսին կը սպասէ տենդոտ.
Ոգիներ անդարձ կորզեցին տարի՜ն
Մեր գրկէն հինին ձայները ծանօթ:

Նոր տարւոյ ընծայ պայծառ լուսինկան
Սազեր է գիւղին լեռները բոլոր.
Երգերը ծերին, ճիչերը մանկան
Կ՚արձագանգեն թունդ խազերով մոլոր:

Իղձերու շարք մը պլլուած սրտին,
Վառ յոյզերու մէջ կ՚օրրէ զայն ուժգին.
Բորբոքած հուրքովն յոյզերու անշէջ
Կը ծփան սիրտերն ըղձանքներու մէջ:

Գիշերուայ վերջին պահերուն լռին
Ձայներն ու լոյսեր յանկարծ կը մարին.
Եւ բեհեզներովն կապոյտ կամարին
Պճնուած աշխարհ կու գայ նոր տարին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 30, 2023