ՊՆԱԿ ԿՈՏՐՈՂ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՀԱՐՍԸ

Ահաւասիկ եկաւ այն օրը, երբ Վարսիկի ու Կարոյի սիրող սրտերը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի շղթայուին։ Զոյգը գեղեցիկ հայկական հարսանիք ունեցաւ։ Հրաւիրուած էին բոլոր ազգականները, ընկերներն ու բարեկամները։

Հաւատարիմ մնալով հայկական աւանդական պսակադրութիւններու արարողակարգերուն, օրուայ վերջին՝ յոգնած ու դադրած, Վարսիկը շտապեց դէպի իր նոր տուն՝  ամուսնոյն բնակարանը։ Հոն կեսուր մայրիկը՝ ըստ ընկալեալ սովորութեան, դրան շեմին դիմաւորեց հարսիկ Վարսիկը։ Ան նորապսակներուն դգալ մը մեղրով շաղախուած ընկոյզ հրամցուց եւ եըսաւ.

-Զաւակներս, թող որ ձեր համատեղ կեանքը անցնի մեղրի պէս անուշ։ Աղջիկս, բարի եկար մեր ընտանիքին մէջ։

-Շնորհակալ եմ, մայրիկ։- Ամօթխած պատասխանեց Վարսիկը, քանզի «մայրիկ» բառը առաջին անգամ կը հնչէր իր շուրթերէն։

Կեսուրը երկուքի ուսերուն փռեց լաւաշ հաց ու ճերմակաթոյր քօղի մէջ շքեղօրէն ծրարուած երկու պնակ՝ տան շեմին դրաւ։ Նորապսակները պնակները կոտրելով յառաջացան։ Հարսիկ Վարսիկը իր բարձրակրունկ կօշիկով իր բաժին պնակը տասնեակ մասերու բաժնեց։ Ներկաները ծափահարութիւններով ու գորովագին ողջունեցին հարսը։

-Կեցցէ՛ մեր հարսը, զարկով մը փշրեց չար աչքը։

Ակամայ կը թուի, թէ ամէն ինչ ընթացած է ըստ աւանդոյթի։ Սակայն, ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ սպասք ջարդելը տան նոր՝ կրտսեր տիրուհիի մօտ պիտի դառնայ սովորութիւն։

Արդարեւ, հարսիկ Վարսիկը կատարեալ էր, շատեր կը փափաքէին ունենալ անոր պէս հարս կամ աղջիկ։ Ան ունէր միայն մէկ ակնբախ թերութիւն։ Վարսիկը շնորհիւ իր ազնուութեան ու անմիջականութեան, արժանացած էր կեսուրի ու կեսրայրի սքանչանքին։ Ընտանիքի մեծերը իրենց հարսը այնքան շատ կը սիրէին, որ ամէնուն կը յայտարարէին, թէ մենք հարս չունինք, քսանհինգ տարի անց, ունեցանք աղջիկ մը։

Բաց աստի, Վարսիկը շատ խելացի, կոկիկ ու աշխատասէր էր։ Առտու կանուխ, երբ ընտանիքը տակաւին կը քնանար մուշ-մուշ, ան կ՚արթննար աքաղականչի հետ։ Կ՚ընէր բոլոր տնային գործերը՝ փոշիները կ՚առնէր, գետինը կ՚աւլէր ու կը սրբէր, այնուհետեւ կը շտկէր նախաճաշի սեղանը՝ ոչ հասարակ, այլ՝ ակնահաճոյ։ Թէյնիկն ալ կը ձգէր օճախին, թոյլ կրակի վրայ, որպէսզի երբ սիրելի ընտանիքի պարագաները արթննան, անոնց կրնայ հրամցնել գաւաթ մը տաք թէյ։ Իսկ մինչ ամէն մարդ կը մէկտեղուէր նախաճաշի սեղանի շուրջ, հարսիկ Վարսիկը կը զբաղէր ընթերցանութեամբ։ Ան այնքան ջանասիրաբար կ՚աշխատէր, որ չնայած իր գրասենեակային աշխատանքին, բնաւ թոյլ չէր տար, որ իր կեսուր մայրիկը կատարէ որեւէ տնային գործ։ Ամէն անգամ, երբ կեսուրը կը փորձէր ընել ինչ որ բան, Վարսիկը կը միջամտէր փաղաքշանքով.

-Սիրելի մայրիկ, բաւ է ինչքան աշխատեցար, թոյլ տուր ես ընեմ։ Դուն այլեւս պիտի հանգչիս ու վայելես կեանքը։

-Աղջիկս, այսպէս չի կրնար շարունակուիլ, թոյլ տուր օգնեմ քեզի։

-Շնորհակալ եմ, սակայն ես օգնութեան կարիք չունիմ։ Գիտես, տնային գործերը ես կ՚ընեմ մեծագոյն սիրով։

-Շատ լաւ, իմ սիրուն Վարսիկ, միայն խոստացիր, երբ յոգնիս կամ ունենաս օգնութեան կարիք, պիտի դիմես ինծի։

-Կը խոստանամ։

Եւ այսպէս ամէն անգամ… գրեթէ նոյն խօսակցութիւնը իւրաքանչիւր Աստուծոյ օր կը հնչէր Բաբաջանեան 26, բնակարան 7՝ հասցէին մէջ։

Հարսիկ Վարսիկը այնքան մեծ սիրով ու հաճոյքով կ՚աշխատէր, որ այլեւս կեսուրը ուշադրութիւն չէր դարձներ, թէ ժամանակ առ ժամանակ, գրեթէ շաբաթը մէկ-երկու անգամ, իրեն համար հարազատ աղջիկ դարձած հարսը կարգով կը կոտրէր պնակները։ Արդարեւ, սկզբնական շրջանին ինչպէս Վարսիկը, այնպէս ալ կեսուրը շատ անհանգիստ կ՚ըլլային, կը նեղուէին։ Սակայն ժամանակի ընթացքին կեսուր մայրիկը սկսաւ աչք գոցել հարսի միակ թերութեան վրայ։ Ու ամէն անգամ, երբ հարսիկ Վարսիկը կը կոտրէր ինչ որ բան, ան կ՚ըսէր. «Հոգ չէ, չար աչքը խափանեցաւ»։

Ամառնային օր մըն ալ արտասահմանէն թանկագին հիւրեր ունեցան։ Անոնց ականջին նոյնպէս հասած էր հարսիկ Վարսիկի ձեռք բերած հմտութեան լուրը։ Երեկոյեան, հիւրերուն համար պարտէզի մէջ ընթրիքի սեղանը շտկելու համար կեսուրը հանեց իր օժիտէն մնացեալ թանկարժէք իտալական սպասքը։ Ընթրիքէն վերջ, Վարսիկը լաւագոյնս ծանօթ ըլլալով իր վատ սովորութեան, այս անգամ ինքնակամ հրաժարեցաւ ձեռք տալ պնակներուն։ Փոխարէնը՝ հիւրերը իրենց օգնութիւնը առաջարկեցին տան երէց տիրուհիին՝ միասնաբար ժողվելու համար սեղանը։

Քիչ ետք, յանկարծ, ճչոց ու շըրըխ՜ք ձայն մը լսուեցաւ։ Բոլորը լեղապատառ վազեցին դէպի խոհանոց եւ ինչ տեսնեն՝ ափսէի վրայ գտնուող բոլոր պնակները եղած են ջարդուփշուր։ Իսկ օգնական հիւրը գունաթափ ու շշմած կը դիտէր կոտրած պնակները։ Լաւագոյն սպասքի 12 օրինակը փշրուեցաւ միանգամայն։ Հիւրը տամուկ աչքերով բազմիցս ներողութիւն խնդրեց։

-Խոհանոցի դուռը բաց էր, երբ ներս մտայ, յանկարծ ծղրիթ մը ցատկեց իմ ուսին։ Քանզի ես առհասարակ շատ կը վախնամ միջատներէ, այդ պահուն պաշտպանուելու նպատակաւ՝ չնշմարեցի, թէ ինչպէս ձեռքէս նետեցի պնակներով լի ափսէն։

Այդ ընթացքին Վարսիկը իր հագուստը փոխելու համար անցած էր սենեակ։ Երբ բանէ մը անտեղեակ վերադարձաւ խոհանոց, տեսաւ լեցուն մարդիկ եւ կոտրած սպասքի կոյտ մը։ Պահ մը ապշահար եղաւ, այնուհետեւ սկսաւ խնդալ։

-Նոյնիսկ ես այսքան սպասք չէի կոտրած։ Ո՞վ որոշեց «պնակ կոտրող»ի կեղծանունը խլել ինձմէ…

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2019