ՎԱՐՊԵՏ ԷՏԻՆ… ՈՒՃԱՆԻ ՄԷՋ

Կ՚ուղեւորուինք Ուճան, Արագածոտնի մարզ: «Ծիրանի ծառ» շարժանկարներու եօթներորդ փառատօնն է, որ Ուճանի մէջ տեղի կ՚ունենայ, կը համախմբէ ֆիլմասէրներ, ամառուայ շրջանին Հայաստան գտնուող որոշ խաւի զբօսաշրջիկներ: Այս վերջինները մանաւանդ անոնք են, որոնք գիւղական մտերմիկ ձեռնարկներ կը փնտռեն մայրաքաղաքին շուրջը գտնուող շրջաններուն մէջ եւ նոյն օրուան ընթացքին կրնան մայրաքաղաք վերադառնալ: Անոնք կը ծանօթանան նաեւ գիւղական ապրելակերպին, ճանապարհամերձ այգիներէն կը ճաշակեն եղանակի պտուղներ:

Ուճանի այս տարուան փառատօնին խումբ մը այդպիսի օտարներ կային, բայց անոնց շարքին էին նաեւ օտար բեմադրիչներու շարժանկարները դիտել փափաքող օտարերկրացիներ:

Մենք Ուճան գացինք փառատօնին նախավերջին օրը՝ դիտելու Լիբանան ծնած ամերիկաբնակ բեմադրիչ, լուսանկարիչ եւ վաւերագրող Արա Մածունեանի «Վարպետ Էտի» (Master Eddy) վաւերագրական շարժանկարը:

Նախապէս փառատօնի կազմակերպիչները տարածած էին Վարպետ Էտիի մասին այս շարժանկարին կարճ հոլովակը: Այդ համառօտ նիւթէն Պուրճ Համուտէն Միացեալ Նահանգներ գացած վարպետ Էտին գրաւած էր իր կերպարով, պարզ ու անմիջական խօսքով եւ Ուճանի աստղազարդ երկինքին տակ զայն դիտելը տարաշխարհիկ զգացողութիւն մը պիտի ըլլար:

Նստարանները, որոնց վրայ տեղաւորուած են փառատօնի հիւրերը, բաւական անյարմար են, երկաթին հեծած իշոտնուկ կոչուող չոր ու նեղ փայտի նստարանները ո՛չ կռթնելու տեղ ունին, ո՛չ բռնելու եւ անհարթ հողին վրայ դրուած ըլլալով ալ անընդհատ կը խաղան, բայց կը փորձենք կատակով ու խնդալով անցընել ժամերը, այնպէս ինչպէս հեգնօրէն եւ երգիծանքով իր մասին ամբողջ շարժանկարին մէջ կը խօսի նոյնինքն՝ Վարպետ Էտին՝ գլխաւոր ու գտնուած հերոսը Արա Մածունեանի այս գործին:

Ահաւասիկ, բեմադրիչն ու շարժանկարը ամփոփ ձեւով ներկայացնելէ ետք, պաստառին կը յայտնուի Վարպետ Էտին՝ պուրճհամուտցի կօշկակարը, որ 1970-ականներուն իր արհեստը շալկած, Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ գացած է: Պզտիկ տարիքին հայրը կորսնցուցած ըլլալով, լծուած է արհեստի: Դժուար է հաւատալ, որ ինն տարեկան մանուկ մը ձեռքը առած է կօշկակարի մուրճը՝ ակռաներուն արանքը պահելով ներբանին վրայ գամուելիք հերթական գամը, բայց ա՛յս է դառն իրականութիւնը պզտիկ տարիքին հայրական աշխատող ձեռքէ զրկուած բազմանդամ ընտանիքի մը, որուն մէկ անդամն էր Էտի Եագուպեան:

Կը պատմէ, որ մինչեւ Ծաղիկ դասարան հազիւ հասած է. այդ եղած է անոր միակ վկայականը, իսկ անվկայական կրթութիւն Լիբանանի մէջ՝ ինչքա՜ն ըսես: Պուրճ Համուտի բնակելի շէնքերուն գետնայարկերը տեղակայուած բազմազան արհեստանոցները, վաճառատուները, նեղ, իրարու հանգուցուած փողոցներու մէջ եռացող հայկական ու արաբական կեանքը, քրիստոնէական եւ իսլամական ծէսերը, հայկական ակումբները, թաղերու մէջ երեկոյեան ժամերուն հաւաքուած մարդիկ՝ իրենց խօսք ու զրոյցով եւ վերջապէս՝ զանազան ազգերու ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հայերու ակամայ հաղորդակցութիւնները տեսակ մը կը կոփէին հայը:

Հրաբերանի նմանող Պուրճ Համուտէն դուրս եկած են այնպիսի կերպարներ, որոնցմէ ամէն մէկը առանձին շարժանկարի հերոս կրնար դառնալ: Պուրճ Համուտի մէջ իր պատանեկան սէրը հետապնդած եւ հակառակ երկու ընտանիքներու անհամաձայնութիւններուն, անոր հետ ամուսնացած Էտին նաեւ ընտանիքը տարած է Միացեալ Նահանգներ, ուր զաւակները հասակ առած են, ամէն մէկը մէկ ուղղութեամբ գացած, իսկ սիրելի կինը աւելի ուշ մահացած է՝ ձգելով Էտին՝ տխրութեան եւ վշտի մէջ:

Ամբողջ շարժանկարին մէջ կ՚երեւի Էտիին վիշտը, որ ան փորձած է սքօղել պզտիկ արուեստանոցէն ներս՝ սոսինձի սուր հոտին մէջ, մուրճի հարուածներուն տակ, ա՛լ աւելի տաղտկալի տեսնելով իր արհեստը, որ ինչպէս ինք կ՚ըսէ՝ չի հարստացներ, բայց նաեւ առօրեայ յարմարաւէտութեան մէջ կը պահէ մարդը:

Տունէն արհեստանոց, արհեստանոցէն տուն, երբեմն ապրանք բերելու համար նոյն վայրերը այցելող Էտին դժգոհ է իր արհեստէն, բայց ուրիշ բան չի գիտեր ընել, միտքէն նոյնիսկ չէ անցած գործն ու կեանքը փոխել, չէ ունեցած այդ աշխարհայեացքը, մէկը չէ ներարկած իր մէջ, ինքն ալ զուրկ էր երազ ունենալու ձգտումէն: Միակ երազը Միացեալ Նահանգները եղած է, եւ Պուրճ Համուտի մէջ ան, շատերու պէս, Ամերիկա ըսելով, դրախտ փնտռած է եւ ամէն ջանք գործադրած է ամերիկեան երազը իրականացնելու համար:

Պուրճ Համուտի կեանքը ճախճախուտի կը նմանի, ձեւով մը ճահճուտի մէջ խրուած են այնտեղ ապրող եւ աշխատող բազմաթիւ մարդիկ. եթէ դուրս պիտի ելլեն, ապա նախ ճահիճն է, որ պիտի ձգեն հոն եւ դուրս ելլեն: Էտին իրեն հետ Միացեալ Նահանգներ տարած է ճահիճը…

Ահա այս է ամբողջ կարմիր թելը, որ կ՚երեւի Էտիի ճակատագրին մէջ, որ զայն դժգոհ կը ձգէ մէկ կողմէն, միւս կողմէն սակայն, քանի դեռ ճահիճին երեսին է մարդ, ապա ճահիճը կրնայ փափուկ թուիլ: Էտին չի գիտեր, թէ ինքը բախտաւո՞ր է, թէ չէ։ «Եթէ բախտաւոր եմ, ապա սիրած կինս ինչո՞ւ մահացաւ, իսկ եթէ անբախտ եմ, ապա այս միւս կինս ինչպէ՞ս գտայ: Եկուր ալ մէջէն ելիր», կ՚ըսէ Էտին, որ կնոջ մահէն ետք ամուսնացած է երկրորդ անգամ, օտար կնոջ մը հետ, որ բանալի կրկնօրինակելու համար Էտիին խանութը գացած է եւ այդպէս ծանօթացած են:

Էտին գոհ է իր երկրորդ կնոջմէն ալ, բայց առաջի՛նը միշտ կը յիշէ, միասին անցուցած օրերը անմոռանալի են ընտանիքին համար ամէն զոհողութիւն կատարած Էտիին համար:

Բեմադրիչը Էտին նկարած է հիմնականօրէն արհեստանոցին մէջ, ուր պարբերաբար կ՚այցելեն Պուրճ Համուտէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած բարեկամներ, կը նստին կէս ժամ մը, Էտին սուրճ եւ զովացուցիչ կը հրամցնէ անոնց, ինքն ալ կէս ժամ մը դադար կ՚առնէ եւ այս անցուդարձը, սուրճը, գաւաթները դարակին մէջ պահած ձեւը, խօսակցութեան նիւթերը, անոնց բոլորին մտահոգութիւնները, ուտելիք ապսպրած, կերած ձեւը եւ այլ մանրամասնութիւններ նոյնպէս Պուրճ Համուտի արհեստաւորներուն կեանքէն անբաժան մասնիկներ են, որ ճահիճին հետ ճամբորդած են ովկիանոսէն անդին:

Միեւնոյն ատեն խանութ-արհեստանոց կը մտնեն ամերիկացի յաճախորդներ, որոնք այնպիսի պատռտուած, գունաթափ կօշիկներ կը տանին նորոգութեան, որ չես հաւատար, թէ անոնք Ամերիկա կը բնակին:

Պահ մը կը կտրուիմ շարժանկարէն, աչքս կ՚իյնայ շարժանկարը դիտելու եկած խումբ մը ուճանցի տղամարդոց կօշիկներուն, նոյն գունաթափ եւ երախը բացուած կօշիկներէն կան անոնց ոտքերուն… Արդեօք Ուճանի մէջ կօշկակար չկա՞յ, կը մտածեմ, բայց շատ արագ կը կտրուիմ իրականութենէն եւ կը խորասուզուիմ պաստառին մէջ: Հայաստանի գիւղերուն մէջ բացուած երախով կօշիկ հագնիլը այլ պատմութիւն է՝ այլ դառն իրականութիւն մը, որ այս պահուն չեմ ուզեր վերլուծել…

Էտին երկրորդ կեանք կու տայ ամերիկացիներու հինցած կօշիկներուն, կողքերէն, տակէն լաւ մը կը քերթէ, կօշիկին փորը կը բանայ եւ ուղղակի նոր կօշիկ կը կազմէ. «Տոքթոր չըլլասնէ, ասիկա չես կրնար ընել», քրքրուած մոյկ մը ձեռքը առնելով կ՚ըսէ Վարպետ Էտին, հաստատելով, որ այդ գործին վարպետն է ինքը: Ցոյց կու տայ ուրիշ ձմեռնային կօշիկ մը, որ տեղ մը տարած են, չէ նորոգուած, իր քովը բերած են:

Շարժանկարի ծանուցումին մէջ այդպէս ալ նշուած է. «Եթէ Էտին չկարենայ նորոգել, ուրեմն ոչ ոք կրնայ»:

Արա Մածունեան շարժանկարը նկարահանած է «Սինեմա վերիթէ» («Շարժանկարը կը հաւատայ») ոճին մէջ. ժանր մը, որ սկիզբ առած է ֆրանսական շարժանկարի արուեստին մէջ՝ 1950-1960-ականներուն: Ժանրին էութիւնը անոր մէջ է, որ մանրամասն հարցազրոյցներու եւ իրական կամ հրահրուած իրավիճակներու միջոցով բեմադրիչը վեր կը հանէ հերոսին ամբողջական կերպարը: Շատ բեմադրիչներ ստեղծագործած են այս ժանրին մէջ՝ յայտնի կամ բոլորովին անյայտ մարդու մը միջոցով ցոյց տալով ժամանակաշրջանի մը, հասարակութեան մը կամ կենսակերպի, երեւոյթի մը, համայնքի մը առաձնայատկութիւնները: Այս մէկը յաջողած է նաեւ Արա Մածունեան:

Ժապաւէնը ի ցոյց կը դնէ գաղթականի հոգեբանութեամբ մեծցած հայ մարդու մը ողջ կենսափիլիսոփայութիւնը, այն է՝ անդուլ աշխատանքի միջոցով սեփական հացը վաստակելու, ուրիշներէն կախեալ չըլլալու ջանքը, որ Էտին գործադրած է իբրեւ աւետարանական սրբութիւն: Եւ այդ ամէն ինչին ընթացքին, նաեւ կրօնքին, հայութեան կառչած մնալը Էտիին լուռ ջանասիրութիւնն է, որ մնացած է իբրեւ իր զարդը՝ անծայրածիր Լոս Անճելըսի մէջ, ուր ամէն ինչ կայ եւ ուր կրնաս գլուխդ կորսնցնել:

Ան գրեթէ կը վռնտէ իր խանութը մտնող Եհովայի վկայ հայ մը, որ քարոզչական թերթիկ կը բաժնէ։ «Եկեր ինծի քարոզ կու տայ: Մարդ ինչ կրօնքով ծնած է, մինչեւ վերջ ատի պիտի պահէ: Եթէ մաքուր հայ ես, կրօնքդ ինչո՞ւ փոխած ես, կրօնքէդ դժգոհութիւն մը ունիս, գնա՛, կրօնքիդ հետ խօսէ», կ՚ընդվզի Էտին:

Բայց միեւնոյն ժամանակ ան շատ տխուր է, որ չէ կրցած Միացեալ Նահանգներու պէս տեղ մը պահել հոգեհարազատ ընտանեկան աւանդոյթները: Երբ եղբօրը պիտի այցելէ, նախ պէտք է հեռաձայնէ, ապա այցելէ, զաւակ մը ունի, որ եթէ ինքը չհեռաձայնէ, ան չի հարցներ հօրը, եթէ բանի մը պէտք չունենայ: Այս մտատանջութիւնները շատ կը տառապեցնեն Վարպետ Էտին, եւ ան կրկին սփոփանք կը փնտռէ աշխատանքին մէջ:

Էտին կ՚ըսէ, թէ հանգստեան չ՚ուզեր երթալ, քանի որ տունը նստելով հիւանդ պիտի զգայ ինքզինք։ «Դրամ ալ չունիմ մասնաւոր, որ տունը նստելով երթամ վայելեմ հոս-հոն», կ՚ըսէ ան, կրկին դառնալով իր այն հաւատամքին, թէ՝ կօշկակարութեամբ հարուստ չես ըլլար:

Այդ պզտիկ արհեստանոցին մէջ ան կողմնակի քանի մը գործ ալ կ՚ընէ, ինչ որ կարելի է դարը անցուցած հաստոցներուն վրայ՝ բանալի կը կրկնօրինակէ, բաճկոնի շղթայ կը նորոգէ…

Շարժանկարը կ՚աւարտի գրութեամբ մը, որ Վարպետ Էտին, այնուամենայնիւ, 2015 թուականին վաճառած է իր արհեստանոցը եւ հանգստեան կոչուած… Այստեղ հանդիսատեսը կը հեռանայ՝ անհանգիստ անհամբերութիւն մը դրսեւորելով, թէ հիմա արդեօք ո՞ւր է երկու ժամուան ընթացքին հոգեհարազատ դարձած փոքրամարմին ու աշխատասէր այս մարդը՝ Էտին:

Մնացեալը կը տեղեկանանք Միացեալ Նահանգներ բնակող բեմադրիչ Արա Մածունեանէն՝ հեռաձայնային կարճ հաղորդագրութիւններու միջոցով անոր հաղորդելով նաեւ շարժանկարին ձգած տպաւորութիւնը:

Բեմադրիչը շարժանկարը նկարահանած է 1998 թուականի հոկտեմբեր-դեկտեմբեր ամսիներուն ընթացքին՝ անընդհատ այցելելով Էտիի արհեստանոցը եւ զայն գտնելով զանազան իրավիճակներու մէջ: Ինչպէս շարժանկարէն կ՚երեւի, Էտին ամէն անգամ սիրով կը պատմէ իր կեանքը՝ Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ եւ կը ներկայացնէ մանրամասնութիւններ, երբեք չնայելով տեսախցիկին, ազատ ու անկաշկանդ կը զգայ ինքզինքը:

Բեմադրիչը վերջին անգամ Էտի Եագուպեանին այցելած է այս տարուան սկիզբը եւ հատուածներ ցոյց տուած է տակաւին չցուցադրուած ժապաւէնէն: Սակայն ծերունական սակաւամտութենէ տառապող Էտի Եագուպեան յիշած է ոչինչ եւ զարմացած է, թէ ե՞րբ նկարուած է այդ ամէնը: Ալցհայմըրի նեարդաքայքայիչ հիւանդութիւնը իրականութենէն կտրած էր երբեմնի շարժուն եւ սթափ Վարպետը:

Էտի Եագուպեան մահացած է այս տարուան մայիս 4-ին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, 88 տարեկանին: Մահէն երեք ամիս ետք Հայաստանի մէջ կայացած է անոր նուիրուած ժապաւէնի առաջնախաղը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2021