տօնավաճառին…

Աշունը Արցախի մէջ իւրօրինակ է իր գոյներով, բնութեամբ եւ առհասարակ՝ գալուստով։ 

Արցախի մէջ աշնան բնութիւնը իւր զարմանահրաշ գոյները կը տարածէ ամէնուր։ Տերեւները ծառերուն վրայ կախարդական գոյներ կը ստանան, կը ջանան դիմակայել ուժգին հովերուն, քամիներուն։ Կարծես թէ տերեւները կը մսին, կը դողան ծառի ճիւղերուն վրայ, երբեմն ալ կը պոկուին ու հեզաճկուն պարով մը  եւ կամ խամրած յոյսերու պէս վշտաբեկ կ՚իջնեն, կը թափին գետին։ Աննկարագրելի հաճելի են գետին ինկած տերեւներուն խշշիւնը.... Կարծես՝ անոնց վրայէն քայլած ատեն զանազան մեղեդիներ կը շշնջան ականջիդ՝ մե՛րթ թախծոտ ու յուզումնալից, մերթ դիւթիչ ու ոգեւորիչ, որոնք կարծես թէ իրենց յատուկ լեզուով կը պատմեն աշնան հէքեաթին մասին։  

Ահաւասիկ, հէքեաթային աշնան լուսապայծառ, արեւոտ կիրակիներէն մին էր, մեծ հայրը թոռնուհին առնելով՝ վաղ առաւօտեան փութաց մայրաքաղաքի կեդրոնը, մասնակից դառնալու գիւղատնտեսական մթերքներու տօնավաճառին, որ կը կազմակերպուէր ամէն տարի։

Ոսկեզօծ աշնան հոկտեմբեր ամիսն էր։ Աշնան ամիսներէն հաւանաբար ամենագեղեցիկը։ 

Այդ օր, Հանրապետութեան բոլոր շրջաններէն ու գիւղերէն հաւաքուած գիւղացիներ երկրի իշխանութիւններու կողմէ արտօնութիւն ստանալով՝ հնարաւորութիւն կ՚ունենային առանց  պետական տուրք վճարելու՝ իրենց արդար քրտինքով վաստկած պահուստը շուկայականէն մատչելի գինով վաճառքի հանելու։ 

Գիւղացի առեւտրականները տակաւին արշալոյսին   մայրաքաղաքի կեդրոնը կը ժամանէին՝ հեռաւոր ու մօտ գիւղերէ։ Բարձր տրամադրութեամբ ու յոյսով լեցուն կը դասաւորէին իրենց տաղաւարները. չէ՞ որ անոնք այս օրուան կը սպասէին ու կը պատրաստուէին ամբողջ տարի մը։ Վերջնական տեսքի բերուած տաղաւարները յաճախորդներուն կը ներկայացուէին համեղ, բուրումնաւէտ, գոյնզգոյն, գեղեցիկ ու ճաշակաւոր  հայկական ոճով շտկուած։ 

Վայրկեան առ վայրկեան այցելուներու թիւը կ՚աւելնար, գրեթէ ժամ մը ետք կեդրոնը լեցուած էր բազմութեամբ։

Ալեհեր ծերունին եւ թոռնուհին՝ միախառնուած ամբոխին տաղաւար առ տաղաւար կը պտըտէին։ Մեծ հօր հայեացքին ու աչքերուն մէջ կը նշմարուէին թախիծով համեմուած ուրախութեան նշոյլներ... Չէ՞  որ գրպանները գրեթէ պարապ էին։  Հանգստաթոշակի անբաւարարութեան պատճառով, պատկառելի տարիքը շրջանցած 70-ամեայ ծերունին՝ փոխարէն կեանքի մայրամուտը վայելելու, կը շարունակէր աշխատիլ, ամէն օր՝ ամառ թէ՛ ձմեռ կռիւ տալով   ծանր երկաթներու հետ, որպէսզի կարողանար  գոնէ՝ մասամբ թեթեւցնել ընտանիքին հոգը։ 

Թոռնուհին ուրախութենէն կայծկլտացող աչուկներով մի առ մի կ՚ուսումնասիրէր տաղաւարներու պարունակութիւնը։ Ինչեր, ինչե՜ր կային՝ թարմ պտուղներ, բանջարեղէն, զանազան պտուղներէ պատրասուծ անուշներ, պահածոներ, թթուներ,  զանազան ծաղիկներէ ստացած մեղրի տեսակներ, մսամթերք, կաթնամթերք, յուշանուէրներ,  հայկական փառահեղ գորգեր, գինիի, օղիի ու քոնիաքի առատ տեսականի, որոշ մարդիկ նոյնիսկ իրենց հաւաբոյներն բերած էին՝ հաւ ու ճուտ կը վաճառէին։ 

Տօնավաճառէն անմասն չէր մնացած նաեւ  Արցախեան խոհանոցին այցեքարտը հանդիսացող «ժենկեալով հացը» եւ անշուշտ հայկական խորովածը, որոնք իրենց գրգռիչ բոյրով կուշտն  անգամ անօթի կը դարձնէին։ Տօնական տրամադրութիւնն ալ կ՚ապահովուէր հայկական երգ ու պարի եղանակին տակ։ 

Հասնելով խորովածի տաղաւարին մօտ՝  թոռնուհին ըսաւ. 

-Մեծ հայր, խորոված կ՚ուզեմ, եկուր միասին ուտենք։

-Կ՚ըլլայ, առանց որեւէ  երկմտանքի պատասխանեց մեծ հայրը ու ձեռքը տանելով դէպի գրպանը՝ հանեց վերջին մանրադրամները։ 

Խորովածը ընբոշխնելէ ետք, շարունակելով պտոյտը, աղջնակի ուշադրութիւնը գրաւած էին հայկական ձեռագործ յուշանուէրները՝ բոլորն ալ իրարմէ աղուոր, իւրօրինակ ու ինքնատիպ։ Թէեւ թոռնուհին գիտէր, որ պէտք է խնայողաբար ծախսեն, սակայն գայթակղութիւնը այնքա՜ն մեծ էր, որ չկրցաւ ինքզինքը զսպել.

-Նայէ՛, մեծ հայր, որքան աղուոր յուշանուէրներ կան, կը հաճիս  մէկը առնել։

-Հոգիս դրամս լմնցաւ,- սրտի խոր կսկիծով պատասխանեց մեծ հայրը,- երանի թէ բաւականաչափ դրամ ունենայի, որպէսզի կարենայի սրտիդ ուզածդ գնել, ախր, եղածը բան մը չէ, ինչու պիտի չկարենամ գնել,- յուզումնախառն շարունակեց պապը.

-Հոգ չէ, մի՛ տխրիր, իմ ամենաբարի մեծ հայրիկ, ուրիշ անգամ կը գնենք։

-Երբ իմ ամսականը ստանամ, նորէն միասին պիտի ելլենք, այն ատեն ուզածդ պիտի առնեմ,- թոռնուհիի խօսքերէն քիչ մը սփոփուած ձեւանալով պատասխանեց մեծ հայրը ու անոնք շարունակեցին իրենց ճամբան։ Լուռ էին երկուքն ալ։ 

Թէեւ թոռնուհին մեծ հօր տխրութինը փորձեց սփոփել, սակայն ինք անձնապէս շատ ազդուեցաւ իրավիճակէն, բայց փորձեց թաքցնել։

Չէ՞ որ սա առաջին անգամը չէր, երբ խանութներու ցուցափեղկերու կամ տաղաւարներու մէջ բան մը հաւնած ատեն լոկ կը դիտէր ու կը շարունակէր ճամբան։ Ժամանակ առ ժամանակ նմանօրինակ իրավիճակները կուտակուելով խոր վէրք բացած էին թոռնուհիի մանկական հոգեվիճակին վրայ։ 

Բաց աստի, աշնանային բերքի տօնավաճառը իր ուրոյն տեղը զբաղեցուց փոքրիկ աղջնակի յիշողութեան մէջ, նոյնիսկ կրնանք ըսել, թէ  այդ օրուան յուզումնախառն, երփներանգ ապրումները, զգացումներն ու յոյզերը ստիպեցին, որպէսզի այդ օրը անոր յիշողութեան մէջ դրոշմուելով՝ վերածուի անցեալի քաղցր ու անմոռանալի յուշի մը։

Աշունը անցաւ...

Շա՜տ աշուններ եկան ու անցան. ամէն աշնան բերքահաւաքի տօնին թոռնուհին գոհունակութեամբ կը վերապրէր քաղցր յիշատակի վերածուած այդ օրը։

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2018