ԿԱՂԱՆԴԻ ԳԻՐԸ ԻԲՐԵՒ ԱՒԱՆԴՈՅԹ ԵՒ ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ

Դարեր ի վեր հայոց մէջ գոյութիւն ունեցած է Կաղանդի գիրը: Ասիկա հինէն եկած աւանդոյթ մըն է, որ որդեգրած են մեր թերթերն ու ամսագրերը, բայց առաւելաբար՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Արեւելահայերէն մամուլն ալ անդրադարձած է Կաղանդի նիւթին, բայց նոյն աշխուժութիւնը, աւանդոյթը, գիր պատրաստելու եւ Կաղանդի խոհերը ի մի բերելու ճոխութիւնը չէ եղած արեւելահայերէն թերթերուն մէջ, ինչ որ եղած է արեւմտահայերէն թերթերուն մէջ: Թերթենք մամուլը եւ աչքէ անցընենք նախորդ դարասկիզբի, նոյնիսկ 1800-ականներու վերջերուն մամուլի էջերը՝ դեկտեմբերի վերջին եւ յունուարի առաջին օրերուն: Հիմնականօրէն տօնական նիւթերով լեցուն են անոնք, առօրէականէն տարբեր շունչ մը կայ այդ նիւթերուն մէջ, որոնք առանձնակի սիրով պատրաստուած են:

Հոս է, որ կը տեսնենք նաեւ Կաղանդի առթիւ լոյս տեսած թերթօն վէպերը, որոնց նիւթերը զանազան են, բայց հեղինակները ի մասնաւորի Կաղանդի առթիւ կը սկսէին անոնց եւ տարուան ընթացքին կը շարունակէին՝ հաճելի սպասումի մը մէջ պահելով ընթերցողը: Պատահական չէ, որ արեւմտահայ նորավէպերու հիմնական մասը սովորաբար նախ թերթերու մէջ տպուած է՝ Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ, իսկ յետագային՝ տեղ գտած է հեղինակներու գիրքերուն մէջ:

Ճիշդ է, որ տօնական օրերուն կը տպուէին թերթօն վէպերը, բայց տօնի խորհուրդէն զատ նաեւ ազգային կեանքի անցուդարձը կը քննէին. հասարակական, ընկերային կեանքի երեւոյթները լոյսին կը բերէին: Այդ վէպերուն մէջ կային սիրային պատմութիւններ. բաժանումի, միացումի, ընտանիքի, ճամբորդութեան, պանդխտութեան, ազգային ու հանրային գործիչներուն առընչուող տխուր, ուրախ, երգիծական եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր գեղարուեստականօրէն տեղ կը գտնէին թերթօններուն մէջ: Հեղինակները եւ անոնց տեղ տուող խմբագիրները «Կաղանդի նուէր» կ՚անուանէին այդ թերթօն-վէպերը, պատկերացնելով, որ ընթերցողին համար տօնական հաճելի օրերուն ընթերցանութիւնը անփոխարինելի նուէր մըն է: Իրապէս, այդպէս եղած է հինէն ի վեր: Ընթերցողը թերթերուն տարեվերջեան թիւերուն առանձնայատուկ ջերմութեամբ կը սպասէր, քանի գիտէր, որ միշտ զինք ուրախացնող, բարի խորհուրդ բերող գիր մը կայ հոն:

Ուսումնասիրելով 1800-ականներու արեւմտահայ մամուլը, այդ գեղեցիկ աւանդոյթը կը նկատենք՝ թերթերու հիմնական մասը տարիին թերթօններով կը սկսէր, իբրեւ կաղանդչէք: Բանաստեղծները Կաղանդի առթիւ եւ Սուրբ Ծննդեան նիւթով կը գրէին քերթուածներ, որոնք լոյս կը տեսնէին տօնական օրերուն: Կարգ մը բանաստեղծներ իրենց Կաղանդի մասին քերթուածները առաջին անգամ օրաթերթերու մէջ տպագրած են:

Գործի անցած էին նաեւ ծաղրանկարիչները, գծանկարիչները, որոնք զուարճալի շարժեր կու տային թերթերուն՝ գծելով ընտանեկան կամ հասարակական կեանքի շուրջ ծաղրապատկերներ, որոնք սովորաբար երկխօսութիւն-մակագրութիւն կ՚ունենային, քիչ մը գունաւորելով տօնը, քիչ մը անոր ծախսալից ըլլալը քննադատելով, քիչ մըն ալ մտածելու մղելով:

Հրապարակախօսները կ՚ամփոփէին տարին եւ ազգային կեանքէն ներս տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները լոյսի տակ առնելով՝ լաւ ու խոստմնալից տարի կը գուշակէին ազգային եւ բոլոր իմաստներով, միշտ մատնանշելով անցնող տարուան սխալները, բացթողումները եւ յոյս յայտնելով, որ ատոնք ի չիք կը դառնան նոր տարուան ընթացքին: Նաեւ ժողովրդական, բանահիւսական գուշակութիւններ կային այդ թիւերուն մէջ եւ անպայման՝ խոհագիրներ, որոնք տօնական սեղանները զարդարելու եւ հիւրեր ճամբելու անփոխարինելի ուղեցոյց էին ընթերցասէր տանտիկիններուն համար: Այս բոլորին հետ, կարմիր թելի պէս, կը քալէր յոյսը՝ աւելի լաւ կեանքի, աւելի խաղաղ եւ ապահով օրերու…

Հայրենի վաղամեռիկ գրականագէտ Գրիգոր Յակոբեան, ուսումնասիրելով արեւմտահայերէն նորավէպերը, որոնց մեծ մասը լոյս տեսած էր ժամանակի մամուլի էջերուն մէջ, իր մէկ աշխատութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը.

«Կաղանդը այն ելակէտն է, որ կը ստիպէ դարձի գալ եւ պատահական չէ, որ Լեւոն Բաշալեանի «Կաղանդ» նորավէպին մէջ այդ մտայնութիւնը շեշտուած է. «Մեծ դադարն է ասիկա, անհետացնելով յոգնութիւններն ու զրկանքները, գալիք օրերուն համար նոր ուժեր պատրաստելով, ամրապնդելով արի հաւատքը որ դարերէ ի վեր այդ հողին կը կապէ զիրենք՝ վհատիլ չգիտցող վստահութեամբ մը, տկարանալ չգիտցող կորովով մը: Ու մարդիկը, որ կը տեսնեմ դիմացս, կը խնդան, ու կիները կը ժպտին, ու պզտիկները, թեւերնին վեր, կը պարեն»։

Գրիգոր Յակոբեան իր աշխատութեան մէջ ջանացած է մէկտեղել գրեթէ բոլոր այն արեւմտահայ հեղինակներուն անունները, որոնք Կաղանդի նորավէպեր գրած են՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Անայիս (Եւփիմէ Աւետիսեան), Լեւոն Բաշալեան, Հրանդ Երուխան, Յովհաննէս Ասպետ, Երուանդ Օտեան, Տիգրան Չէօկիւրեան, Սուրէն Պարթեւեան, Գեղամ Բարսեղեան, Սիմէոն Երեմեան, Մարի Սվաճեան, Թէոդիկ, Սիպիլ, Վահրամ Բրուտեան (Շահնուր ծածկանունով), Վահան Մանուէլեան (Կարապետ Տողրամաճեան), Լեւոն Շաթրեան, Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ եւ այլք:

Անայիս «Ծննդեան պատմութիւն», Թէոդիկ «Տանջուածներու բանակէն», Լեւոն Բաշալեան «Կաղանդչէքը», Երուանդ Օտեան «Կաղանդի վիպակ», Գիմմէն «Կաղանդչէքը», Ատրուշան «Կաղանդի երեկոյ», Վահան Մանուէլեան «Կաղանդչէք», Երուխան «Կաղանդչէքը», Օննիկ Չիֆթէ-Սարաֆ «Կուզիկը» խորագրերով գրութիւնները բացառապէս Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան նիւթերու կը վերաբերէին: Անոնք ունէին յուզիչ բովանդակութիւններ:

Յատկանշական է Լեւոն Բաշալեանի «Կաղանդչէք» նորավէպը։ Ան կը պատմէ հայ մարդու մը՝ Գէորգի կեանքին մասին. ան տասնհինգ օր հիւանդ պառկած էր, իսկ Կաղանդին տան մէջ ոչինչ կար։ Երիտասարդ Յակոբը զանազան նուէրներ կը բերէ Գէորգի ընտանիքին։ Յակոբին այս քայլը անպատասխան չի մնար։ Գէորգին աղջիկը իր վարսերէն փունջ մը կը նուիրէ երիտասարդին՝ իբրեւ Կաղանդի նուէր (կաղանդչէք): Այս սրտաշարժ տեսարանին շուրջ կ՚ընթանայ նորավէպին բովանդակութիւնը եւ ինչպէս նորավէպին կառուցուածքը կը պահանջէ՝ անսպասելի աւարտ մը կ՚ունենայ:

Կաղանդի եւ Սուրբ Ծննդեան նիւթով նորավէպերու շարք մը ունի Թէոդիկը: Անոր գրութիւնները, ճիշդ է, որ տօնական օրերուն լոյս կը տեսնէին, բայց զրկանքի, թշուառութեան, ճակատագրի հարուածներուն արժանացած մարդոց պատմութիւնները կը պատմէին: Անոր «Կաղանդ» ժողովածոյին մէջ ընդգրկուած են «Չամիչները», «Նեղ օրիդ համար» ստեղծագործութիւնները, որոնք Կաղանդի տօնական սեղաններէն զուրկ մարդոց կեանքը կը նկարագրեն:

Հաշտեցման եւ ներդաշնակութեան գեղեցիկ օրինակ է Տիգրան Չէօկիւրեանի «Ի մարդիկ հաճութիւն» նորավէպը։ Յաւերժական դրկիցներ Օհանջանը եւ Գոգորը նեղացած են իրարմէ, սակայն Սուրբ Ծնունդի տօնը մտածումներ կը յառաջացնէ՝ կ՚արժէ՞ նեղութեամբ դիմաւորել Տիրոջ ծնունդը: Տնեցիները Օհանջանին եւ Գոգորին կը յորդորեն վերջ տալ լարուած յարաբերութիւններուն, եւ ահա Չէօկիւրեան այդ պահը այսպէս կը նկարագրէ. «Անզգալի շարժումով երկու հարսներ հրեցին իրենց մարդիկը։ Օհանջան եւ Գոգոր գահավիժեցան իրարու։ Լայնօրէն բացուած հուժկու բազուկները զիրար գրկեցին։ Հեշտանքի, գոհութեան երջանիկ շունչ մը թռաւ զսպուած կուրծքներէ»:

Հեղինակները, այսպիսի տեսարաններ նկարագրելով, նաեւ ողջ հասարակութիւն մը կը մղէին մաքրագործուելու, հին ոխերէն եւ ախտերէն մաքրուելու եւ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը վերածնած հոգիով դիմաւորելու:

Այս պրպտումները կը բացայայտեն նաեւ, որ Արշակ Չօպանեան իր գրական նախաքայլերուն սկսած է նաեւ Կաղանդի նիւթերով նորավէպեր գրելու փորձերով: Ան 1888 թուականի վերջերուն «Կաղանդ» խորագրով նորավէպ մը գրած եւ ղրկած է «Արեւելք» թերթին՝ տպագրութեան համար: Չօպանեանի այս ստեղծագործութիւնը ընթերցած է Լեւոն Բաշալեան եւ 1889 թուականի յունուարի 10-ին երիտասարդ Արշակ Չօպանեանին հասցէագրուած նամակին մէջ նշած, թէ խմբագրութիւնը կը մերժէ նորավէպին տպագրութիւնը, պատճառաբանելով. «Մենք իրաւունք ունինք պահանջելու, որ այնքան նպաստաւոր պայմանաց մէջ սնած միտք մը առաջին անգամէն ուշադրութիւն հրաւիրէ իր վրայ, իր գրութեանցն անակնկալ գեղեցկութեամբ»: Անժխտելի է, որ այս հանգամանքը դրական ազդեցութիւն ունեցած է Արշակ Չօպանեանի վրայ եւ յետագայ տարիներուն արդէն ան, իբրեւ նոր ու հետաքրքրական նորավէպերու հեղինակ, սկսած է տպուիլ թերթերուն մէջ:

Անշուշտ, Կաղանդի առթիւ թերթերուն մէջ լոյս տեսնող թերթօնները նաեւ համաշխարհային ծագում ունին եւ միեւնոյն ժամանակ, երբ արեւմտահայ կեանքին մէջ սկզիբ դրուեցաւ այդ աւանդոյթին, ճիշդ նոյն ուղղութիւնը նաեւ կ՚ընթանար եւրոպական մամուլին մէջ: Ուստի, թերթօն-վէպերը ո՛չ միայն հեղինակային էին, այլեւ թարգմանուած: Ժամանակի օտար գրողներուն յայտնի գործերը հայ թարգմանիչները կը փութային հասցնել հայկական թերթերու ընթերցողին: Մանաւանդ ժամանցային, արկածային նորավէպերուն ընթերցողը անհամբերութեամբ կը սպասէր: Առհասարակ, ժամանցային բնոյթ ունեցող այդպիսի նորավէպերը հայ իրականութիւն եկած են համաշխարհային գրական ուղղութիւններէն: Խմբագիրները Կաղանդէն եւ Սուրբ Ծնունդէն շատ առաջ նիւթերը արդէն պատուիրած կ՚ըլլային թերթերու հեղինակներուն եւ հեղինակներն ալ մեծ պատասխանատուութեամբ կը պատրաստէին Կաղանդի գիրը՝ սովորաբար վարձատրութիւն մը չակնկալելով տօնական այդ գիրին համար, քանի որ ատիկա կ՚ըլլար իրենց նուէրը հաւատարիմ թերթին: Պայման չէ, որ հեղինակներուն գրութիւնները Կաղանդի առթիւ անպայման գրական գործեր կամ մեծածաւալ խոհեր ըլլային: Յաճախ անոնք կ՚ըլլային պարզապէս տօնական մաղթանքներ, սրտաբուխ սիրայօժար խօսքեր, ջերմ շնորհաւորանքներ…

Տօնական թիւերուն մէջ լոյս տեսած են նաեւ հայ մեծերուն իրարու յղուած նամակները Կաղանդի առթիւ: Այդպիսի նամակներ գտանք անցեալի մեր մամուլի էջերուն մէջ. ինչպէս՝ Լեւոն Բաշալեանի նամակը Արշակ Չօպանեանին, Արշակ Չօպանեանի նամակը Երուանդ Օտեանին, Ռուբէն Զարդարեանի նամակը Սիամանթոյին, Դանիէլ Վարուժանի նամակը Գարեգին Լեւոնեանին: Այդ նամակներուն մէջ զիրար եւ ընթերցողը շնորհաւորելէ զատ, կան նաեւ հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ խոհեր, զորս մեր գրականութեան մեծերը արտայայտած են Կաղանդի առթիւ եւ պահ տուած օրուան մամուլին մէջ:

Մեր մեծերուն աշխարհը իրենց գիրքերու էջերէն զատ կը յայտնաբերենք նաեւ Կաղանդի իրենց գրութիւններուն մէջ: Տօնական օրերուն մամուլը ոսկեայ առիթ էր նաեւ սկսնակներուն համար, որոնք երջանիկ էին իրենց գրութիւնները առաջին անգամ տօնական մամուլի մէջ տեսնելով:

Յատկանշական է, որ Վահան Թէքէեանի առաջին տպագիր գործը, որ ընդամէնը մէկուկէս էջ էր, լոյս տեսած է Պոլսոյ՝ Արփիար Արփիարեանի խմբագրած «Հայրենիք» օրաթերթին մէջ, 1894 թուականի Կաղանդի թիւին մէջ, «Կաղանդը Կեսարիոյ մէջ» խորագրով եւ ստորագրուած է Բ. Կ. Մ.:

Խմբագրութիւնները միշտ հեղեղուած են Կաղանդի գրութիւններով, ըլլան անոնք յայտնի մարդոց կամ ալ գիրի, լրագրութեան աշխարհը նոր ոտք դնողներուն ստորագրութեամբ, կարեւոր չէր, կարեւորը տօնին զգացողութիւնն էր, որ հայ իրականութեան մէջ նաեւ գիրով ամբողջացած է…

Օրաթերթերու Կաղանդի թիւերուն մէջ հետաքրքրական ու արժէքաւոր նիւթեր, պատմուածքներ, նորավէպեր, նորութիւններ, մանաւանդ՝ մանուկներն ու պատանիները հետաքրքրող պատմութիւններ զետեղելու սովորութիւնը հաստատելու ուղղութեամբ, անշուշտ, մեծ է դերը այդ թերթերու խմբագիրներուն, որոնք դարերէ ի վեր ջանացած են տօնական բազմաբնոյթ թիւեր թողարկել:

Յաճախ Կաղանդի առթիւ լոյս տեսած են ներդիրներ, «Բացառիկ» կոչուող թիւեր, որոնց էջերուն քանակը աւելցած է, իբրեւ բացառիկ թողարկում: Այսօր, արեւմտահայերէն մամուլի կեանքէն ներս, Կաղանդի եւ ուրիշ կարեւոր օրերուն լոյս տեսնող բացառիկ թիւերը այդ աւանդոյթին շարունակութիւնն են: Փառք ու պատիւ մեր օրերու խմբագիրներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին ահագին դժուարութիւններ յաղթահարելով լոյս կ՚ընծայեն թերթը եւ տակաւին տարեվերջին ալ մեծ ուժ գործադրելով կը ջանան ուշագրաւ դարձնել Կաղանդին թիւը:

Ընթերցողին մտերմութիւնը Կաղանդի թիւին հետ, կ՚ուզեմ յուսալ, որ տակաւին կը պահպանուի եւ նոյն թրթիռով. վստահ եմ, որ այսօր ալ, ընթերցողը տօնական հրատարակումներուն կը սպասէ: Սէրը, կարեկցանքը, գթասրտութիւնը, կեանքի փոփոխութիւններուն փափաքը, կարիքաւորներուն հանգանակութիւններու անհրաժեշտութիւնը, քրիստոնէական ճամբայէն չշեղելու հրամայականները, եկեղեցիին, դպրոցին առաւել մօտ ըլլալու խորհուրդը, ծերին, մանուկին ձեռք մեկնելու կոչը եւ ասոնց նման այլ նիւթեր էին Կաղանդի գրութիւններուն առանցքը, որ անշուշտ, պիտի գրաւէին ընթերցողը՝ քիչ մը խորհելու տեղի տալով տարեմուտին…

***

Հայ իրականութեան մէջ թերթերուն տօնական թիւերէն զատ ուրիշ աւանդոյթ մըն էր հրատարակումը Կաղանդի առթիւ լոյս տեսնող գիրքերու, որոնք հիմնականօրէն բոլորովին ուրիշ նիւթեր կը պարունակէին: Սակայն, լոյս տեսնելով Կաղանդէն առաջ, ինքնաբերաբար Կաղանդի մտաւորական նուէր մը կը դառնային շատ-շատերուն համար, եւ այդ գիրքերուն ընծայականներուն մէջ անպայմանօրէն կը նշուէր՝ «Կաղանդի նուէր», կամ՝ «Գիրքը լոյս կը տեսնէ Կաղանդի առթիւ»: Հայկական խոշոր գրադարաններուն մէջ կը պահպանուին հնատիպ նմանատիպ հազարաւոր գիրքեր, որոնք վէպեր են, ուսումնասիրութիւններ, ազգային կեանքի անցքերուն նուիրուած աշխատութիւններ եւ որոնք, առաջին էջին վրայ իբրեւ ընծայագիր ունին «Կաղանդի նուէր» յուշումը: Նման շքեղ ընծայագիր մը կայ Վարդան Բրուտեանի «Շարժապատկեր» ժողովածոյին մէջ՝ «Կաղանդչէքս եգիպտահայ գաղութին»։ Կային նաեւ՝ «Տղոց Կաղանդի նուէրը», «Հայ մանուկի Կաղանդի նուէրը», «Հայ ընտանիքի Կաղանդի եւ Սուրբ Ծնունդի նուէրը» եւ նման ընծայագրեր: Այո՛, հայ ընտանիքէն ներս գիրք նուիրելը աւանդոյթ եղած է: Նմանապէս՝ թերթի բաժանորդագրուիլը, հայկական տպարաններէն դուրս եկող հայատառ ամէն ինչին ձեռք երկարելը սիրելի մշակոյթ մըն էր:

***

Պոլսահայ աւանդութեան մէջ անուշապուրը, իբրեւ Կաղանդի սեղանի զարդերէն մին, նոյնքան դարաւոր պատմութիւն մը ունի, որքան՝ Կաղանդին գրութիւնը, հայ մամուլը, թերեւս աւելի ալ: Թղթատելով անցեալի մամուլը, բազմազան անուններով թերթերու կողքին կը տեսնենք նաեւ «Անուշապուր» թերթը, որ անունէն եւ բովանդակութենէն դատելով՝ երգիծաթերթ մը եղած է եւ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է 1926-1927 թուականներուն. «Ֆանթազի մեծ շաբաթաթերթ, Արտօնատէր եւ պատասխանատու տնօրէն՝ Երուանդ Պարոնեան, խմբագիր՝ Բագարատ Թեւեան» գրութիւնով այս հրատարակութիւնը հետաքրքրական թերթ մը եղած է պոլսահայ մամուլի պատմութեան մէջ, որ յետոյ փոխուած է նոյնաբովանադակ «Պատկեր» անունի, իսկ անոր խմբագիր Բագարատ Թեւեանը՝ գիրի եւ գրականութեան նուիրեալ մշակ մըն է, որ ուրիշ թերթեր ալ խմբագրած է, ուրիշ թերթերու ալ աջակցած է իր գրութիւններով, վէպեր հրատարակած է, սակայն Կաղանդի վերաբերեալ անոր գլուխ գործոցը եղած է «Երջանիկին տարեցոյցը»ը, որ «Անուշապուր-Պատկեր»ի հրատարակութիւնն էր եւ բազմազան ու բազմապիսի նիւթերով լեցուած էր:

«Երջանիկին տարեցոյցը»ի խմբագիրին ընծայագիրէն կը տեղեկանանք, որ ընթերցողը մէկ տարի իր ձեռքին տակ ունենալով տարեցոյցը, ամբողջ տարի մը ընթերցանութեան իր հաճոյքը պիտի առնէ: Յետագային «Երջանիկին տարեցոյցը» անուանափոխուած է «Երջանիկին տարեգիրքը»ի, եւ խմբագիրը մինչեւ գրեթէ իր մահը տպագրած է զայն, շուրջ քառասուն տարի Կաղանդէն առաջ երջանիկ սպասումի մէջ պահելով պոլսահայ ընթերցողը: Բանաստեղծութիւններով «Երջանիկին Տարեցոյցը»ին նաեւ իր դուստրը՝ Սեդա Թեւեանը, աշխատակցած է:

Տեսակ-տեսակ թերթերու կողքին նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի Կաղանդի թիւերը պատմական արժէք ունենալով, կը մնան հայ մամուլի պատմութեան մէջ բացառիկ հրատարակութիւններ: Հիմնադրման օրէն ի վեր, թերթը բացառիկի նախորդ թիւին մէջ սովորաբար ծանուցած է բացառիկի բովանդակութիւնը, այդ կերպով ընթերցողին նախօրօք տօնական տրամադրութենէն շող մը փոխանցելով:

Ահաւասիկ, բջիջային հեռաձայներու, խելախօս սարքերու, արագ արձագանգումի այս դարուն, երբ շնորհաւորանքը, մաղթանքը, ջերմ խօսքը սարքերու միջոցաւ երկվայրկեանի ընթացքին տեղ կը հասնին, թերթիս բացառիկները, դանդաղօրէն պատրաստուող, հանգամանալից զտուող, բովանդակալից լեցուող, մեծ արժէք կը ստանան, իբրեւ նահանջող տպագրութեան այս օրերուս գիրի եւ տպագրութեան բացառիկ օրինակներ, իբրեւ Կաղանդի անփոխարինելի նուէրներ, որոնք արժանաւոր կերպով կը դասուին հայ մամուլի գրապահոցներուն մէջ, ի պահ սերունդներուն, ի պահ պատմութեան… 

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018