ՍՐՏԱԲՈՒԽ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊՈՒԿԻՆ

Աստուած պապա, Կաղանդ պապա,
Տէր պապա,
Մերթ բացակայ, մերթ ներկայ,
Մեր քովն էք դուք եւ ամպերուն մէջ
անհետ.
Ես դեռ յաճախ կը շփոթեմ իրար հետ
Ձեր կերպարանքը հսկայ.
Բայց մէջերնին դուն լաւագոյնն ես
կարծեմ,
Առատաձեռն ու բարին,
Ահա ինչու իմ այս նամակս առաջին
Սիրով քեզի կը ղրկեմ…

Բարեւ, սիրելի Կաղանդ պապուկ…

Ամանորի նախաշեմին իմ այս սրտաբաց նամակին պարզապէս անկարող էի սկսելու, առանց յիշատակելու Մուշեղ Իշխանի տողերը։ Գիտեմ, գիտեմ քիչ մը յապաղեցայ քեզի նամակ գրելու հարցին մէջ, քանզի աշխարհի բոլոր մանուկները իրենց նամակները այլեւս գրած են ձմեռնամուտին՝ 4 դեկտեմբերին։ Սակայն, վստահ եմ, թէ իմ նամակը, որ աւելի շատ կը նմանի շնորհակալագրի, թէկուզ ուշացումով, անտարակոյս կը հասնի քեզի։ Եւ դուն, քու բազմազբաղ ժամանակէն մաս մը կը յատկացնես անոր ընթերցանութեան։

Այսօրուայ պէս յստակ կը յիշեմ, թէ երբ նախակրթարանի վերջին դասարանն էի, իմ առաջին ուսուցչուհին՝ ընկեր Յարութիւնեանը Ամանորի նախաշեմին փորձեց անկեղծանալ մեզի հետ։ «Սիրելի երեխաներ, դուք այլեւս մեծ էք։ Քանի մը ամիս վերջ հրաժեշտ պիտի տաք նախակրթարանին ու թեւակոխէք ձեր փոքրիկ կեանքի կարեւոր նոր փուլը։ Պիտի ըլլաք միջնակարգի աշակերտներ։ Ըսել է, թէ մէկընդմիշտ հրաժեշտ պիտի տաք մանկութեան ու համր քայլերով պիտի ընթանաք ու բախէք պատանեկութեան դուռը։ Այդ իսկ պատճառաւ, կը փափաքէի անկեղծանալ ձեզի հետ ու դէպի պատանեկութիւն ձեզ ճամբել առաւել հասունցած։

«Վստահաբար ձեզմէ շատեր կը հաւատան Կաղանդ պապուկի գոյութեան։ Իրականութեան մէջ ան պատրանք մըն է, յօրինուած մեծերու կողմէ։ Մենք այդ հեքիաթային հերոսը յօրինած ենք, ձեր մանկութեանը նոր գոյներ հաղորդելու համար», ըսաւ ան։

Թէպէտ ես մինչ այդ ալ գիտէի այս մասին, բայց եւ այնպէս, չէի համարձակեր բարձրաձայնելու։ Կարծես, ամէն կերպով կը փորձէի քօղարկել, մօռացութեան մատնել այս դառն ճշմարտութիւնը։ Քանզի, անգամ մը ակամայ՝ ծածուկ, դուռի ետեւէն ունկնդիր դարձայ ինծի համար անհաճոյ խօսակցութեան մը։ Իմ մայրիկը մեծ մայրիկիս կ՚ըսէր, թէ երեկոյեան երբ ես ու եղբայրս քնանանք, ան գաղտնագողի մեր նուէրները պիտի դնէ տօնածառին տակ, իսկ առաւօտեան մեզ կը համոզէ, թէ նուէրները բերած է Կաղանդ պապուկը։

Յիրաւի, ես ու իմ եղբայրը իւրաքանչիւր Ամանորի անհամբերութեամբ կը սպասէինք Ձմեռ պապուկին։ Սակայն ամէն տարի ան կը յապաղէր մեր դուռը բախելու։ Թերեւս անթիւ-անհամար մանուկներու նուէրները յանձնելէ վերջ մեր տան շեմին կը յայտնուէր տասներկուքն անց։ Այսինքն՝ այն ժամուն, երբ մենք խորունկ կը քնանայինք։ Առաւօտեան ալ մայրս մեզի կը պատմէր իր յօրինած գեղեցիկ հեքիաթը. «Արեւիկ, Արա, երբ դուք քնացաք, Ձմեռ պապիկը եկաւ։ Փորձեցինք ձեզ արթնցնել, սակայն ապարդիւն։ Ան գրեթէ ժամ մը սպասեցաւ, այնուհետեւ, յուսախաբ ձեր նուէրները թողուց տոօնածառի տակ ու հեռացաւ։ Մինչեւ մեկնիլը խնդրեց, որ այս նոր տարիին ըլլաք ուշիմ ու բարի, եւ գալ տարի Կաղանդի գիշերը չքնանաք՝ սպասէք իր գալուստին»։

Ինչեւէ… այդ օրը ընկեր Յարութիւնեանի սթափեցուցիչ բառերը դաշոյնի մը պէս խոցեցին իմ փխրուն սիրտը։ Աչքերուս դիմացը կարծես սեւցաւ. այդպիսի զօրաւոր հարուածի մը բնաւ չէի սպասեր… Հարուած մը, որ վայրկենապէս ի չիք դարձուց իմ բոլոր պատրանքները։ Կրնամ ըսել, թէ այդ օրը ապրեցայ իմ փոքրիկ կեանքի ամենամեծ հիասթափութիւնը։

Յաջորդ առաւօտեան արթնցայ ու որոշեցի մէկու մը չբացայայտել, բոլորին յայտնի գաղտնիքը, ու շարունակել հաւատալ Ամանորի սպասուած հիւրին…

Մինչեւ այսօր ալ, հրաժարելով հանել իմ վարդագոյն ակնոցները, ես կը հաւատամ Կաղանդի գիշեր տեղի ունենալիք հրաշքներուն։ Ինչպէս նաեւ ճերմակամօրուք, կարմիր գլխարկով, սեւ մոյկերով, իր կարմիր վերարկուն հագած, ոսկեփայլ գաւազանը ձեռքին, նուէրներու պարկը ուսին՝ դեկտեմբերի 31-ի գիշերը աշխարհի բոլոր մանուկներուն այցի գացող՝ Կաղանդ պապուկին։ Աննկարագրելի բաւարարութիւն կը ստանամ դեկտեմբեր եւ յունուար ամիսներու հոլովոյթին իմ դիտած ամանորեայ հեքիաթային շարժանկարներէն։ Կը հաւատամ Եւրոպայի հիւսիսին մէջ գտնուող Ֆինլանտայի Հանրապետութեան մարզերէն մէկուն՝ Լափլանտայի մէջ բնակող Կաղանդ պապուկի գոյութեան։

Այո՛, այո, այնտեղ՝ հեռաւոր Լափլանտայի մէջ, ձմեռնային զարմանահրաշ տեսարաններով ու անաղարտ բնութեամբ շրջապատուած, իր կախարդական տունիկին մէջ կը բնակի մանուկներու ամենասիրելին՝ Կաղանդ պապը։ Ի դէպ, սա հեքիաթային աշխարհի բնակիչներէն իւրաքանչիւրը, ինծի պէս աներկբայ կը հրաժարի հանելու իր վարդագոյն ակնոցը ու կը հաւատայ Նոր տարուայ հրաշագործին։ Լափլանտայի մէջ մարդիկ կ՚առնեն տարիք, սակայն անոնց հոգին կը մնայ մանուկ՝ ինչպէս իմը։ Ձմեռ պապուկի հայրենիքին մէջ ապրող ուրախ ու անհոգ մարդիկ՝ մեծէն պզտիկ ամիս մը շարունակ կ՚երգեն խանդավառ.

Կաղանդ պապա, Կաղանդ պապա,
Սարերուն վրայէն կու գայ,
Լայն բացէք ձեր դռները,
Կաղանդ պապան թող ներս գայ:
Ճերմակ մօրուք, ճերմակ մազեր,
Կարմիր հագուստ է հագեր,
Տոպրակ մը կռնակին վրայ,
Ձեռքն ալ գաւազան մը կայ:
Նուէր կու տայ բարիներուն
Աղուոր ծեծ մը չարերուն,
Ուստի տղաք ջանացէք
Ըլլալ բարի, խելօքիկ…

Ինչեւէ, պահ մը ինկայ երանութեան գիրկը… Իմ շատ սիրելի Ձմեռ պապ, կ՚ուզեմ քեզի անկեղծ շնորհակալութիւն յայտնել բարեյաջող անցեալ 2019 թուականին համար, որ ժամեր անց պիտի իյնայ անցեալի գիրկը, իր տեղը զիջելով նորաթուխ 2020-ին։

2019 թուականին տեղի ունեցած եւ այլեւս շարունակուելիք միակ անպատեհութիւնը՝ իմ տարիներուն վրայ հսկայ քարի մը աւելացումն է։ Ան սկսած է զիս անհանգստացնել, աւելի ճիշդ՝ սարսափ պատճառել։ Այսուհետեւ չեմ փափաքիր յիշել կամ խօսիլ իմ տարիքի մասին։ Քանզի հետզհետէ իմ հոգին ու տարիքը կը սրդողին իրարու. հոգիս կը մանկանայ, իսկ տարիքս կ՚աւելնայ։ Այդ իսկ պատճառաւ կ՚ուզեմ խելակորոյս պոռալ.

ԿԱ՛ՆԳ ԱՌ ԺԱՄԱՆԱԿ, ԹՈ՛Ղ ՈՐ ՉՄԵԾՆԱՄ…

Անցեալ նոր տարին, այսինքն՝ 2019 թուականը, հանդերձ ընտանեօք նախապէս որոշած ու դիմաւորած էինք Աստուծոյ տանը՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամը տասներկուքին քառորդ մնացած հասանք եկեղեցի։ Հանդիսաւոր հոգեւոր արարողութեամբ, Տէրունական աղօթքը մեր շուրթերուն թեւակոխեցինք նոր տարեշրջան մը։ Թէպէտ եկեղեցին մարդաշատ չէր, սակայն ընդհանուր մթնոլորտը խանդավառ էր ու առինքնող։ Անբացատրելի անդորր մը կը տիրէր աղօթատան մէջ։ Ներկաները խաղաղ ու երջանիկ էին, լի յոյսով ու հաւատքով։

Երբ ժամացոյցի սլաքները մօտեցան ժամը տասներկուքին, այդ վայրկեանին իմ մեծագոյն փափաքն էր, որի 2019 թուականին Աստուած զօրավիգ ըլլայ մեզի՝ կայացնելու խելամիտ որոշումներ։ Բաց աստի, նորաթուխ տարին ըլլայ բարեյաջող ու անակնկալներով լի։

Ամանորի հրաշքը տեղւոյն սկսաւ իրականանալու։ Շուտով մենք յայտնուեցանք ճիշդ ուղիի մը վրայ։ Կտրականապէս հրաժարելով գաղթականի կեանքէն կամ Գերմանիոյ մէջ օտարական ըլլալէ, որոշեցինք հաստատուիլ Հայաստան։ Մեր դրախտավայր հայրենիքին մէջ կառուցել մեր ապագան ու բարեկեցիկ կեանքը։

Ինչպէս կ՚ըսեն՝ որոշումը գործի կէսն է. որոշեցինք եւ ըրինք։ Առանց յապաղելու, ջախջախելով բոլոր կարծրատիպերը, թէ Հայաստանի մէջ դժուար է գտնել աշխատանք, յառաջանալ, կառուցել բարեկեցիկ ապագայ՝ այլեւս աշնան սկիզբին փոխադրուեցանք։ Քանզի ամանորեայ հրաշքը կը շարունակէր, մեր բոլոր գործերը, ինչպէս կը սիրէ ըսել ժողովուրդը՝ «հալած իւղի պէս գնաց»…

Ամէն առտու, երբ կ՚արթննանք մեր դրախտավայր հայրենիքին մէջ, կը շնչենք մեր մաքուր օդը, ամէն քայլափոխի գտնուող ցայտաղբիւրներէն կը խմենք մեր սառնորակ զուլալ ջուրը՝ ինքզինքնիս կը զգանք առաւել երջանիկ ու բախտաւոր։ Փառք կու տանք Աստուծոյ՝ մեզի ընծայած բախտի ու հնարաւորութիւններու համար։

Բաց աստի, միայն Հայաստանի մէջ չէ, որ մենք ունեցանք բազում յաջողութիւններ։ Մայրամուտին մօտեցող տարւոյն զգալի յառաջընթացներ գրանցեցի նաեւ իմ մասնագիտական կեանքին մէջ։ Ինչպէս նաեւ՝ 2019 թուականին է, որ իրականացաւ իմ մանկութեան վաղեմի երազը. երթալ Ռուսաստան, պտտիլ մայրաքաղաք Մոսկուայի փողոցները, հասնիլ մինչեւ Սեն Փեթերսպուրկ ու Ռուսաստանի զանազան ցրտաշունչ քաղաքներ ու գիւղեր…

Մեր փոքրիկ ընտանիքի յաջողութիւններու ու անակնկալներու շարքը այսքանով չի վերջանար, պարզապէս կ՚ուզեմ այստեղ դնել ստորակէտ։ Անյատակ երախտապարտ եմ ձեզի՝ Աստուած պապուկ, Ձմեռ պապուկ, Տէր պապուկ։ Իսկ որպէս Նոր տարիի նուէր քեզմէ՝ Կաղանդ պապա կը խնդրեմ խաղաղութիւն աշխարհին։ Կ՚աղաչեմ, որ այս տարի լաւ աչքով նայիս Հայաստան ու Արցախ աշխարհներուն։ Թող որ այս տարի, ոչ մէկ զինուորի մայր կարօտ մնայ իր որդւոյն վերադարձին։ Երկուստեք սահմանին տիրէ խաղաղութիւն։ Թոյլ տուր հայուն վերադառնալ, խաղաղ երկինքի ու նպաստաւոր պայմաններու տակ զարգանալ ու բարգաւաճիլ սեփական յարկի՝ հայերու երկիր Հայաստանի մէջ։ Իսկ ինքզինքիս համար կը խնդրեմ անցեալ՝ 2019 թուականին գրանցած յաջողութիւններու ու զարգացումներու շարունակութիւնը…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄԱՆՈՐ ԵՒ Ս. ԾՆՈՒՆԴ

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2019