ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն»
(Ղուկ. 2.14)

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ այս տարի եւս կը տօնենք Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։ Աշխարհ, կրկին վկան կը դառնայ տօնական մթնոլորտի առթած հրճուանքին եւ ուրախութեան։ Իսկ, Քրիստոնեայ հաւատացեալներ, կը միանան հրեշտակներու եւ երկնային զօրքերու միաբերան երգած «Փառք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ ու հաշտութի՜ւն մարդոց մէջ» (Ղուկ. 2.14) հիասքանչ օրհներգութեան։

Աւելի քան 2000 տարիներ առաջ, Բեթղեհէմի գիշերային խաւարը, փարատեցաւ աւետաբեր լոյսով, որ կը ճառագայթէր «Արդարութեան Արեգակ». (Մաղաքիա, 4.2)ի խոնարհ մսուրէն։ Այսօր, Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի միանալով, կ՚աղաչենք Աստուծոյ ըսելով. «Լոյսի առաւօտ, արդար արեգակ, լոյս ծագէ իմ մօտ»։ Ս. Ծննդեան տաղաւարը իր մէջ ունի շարք մը յիշեցումներ։ Ամենազօր Աստուած տկար մարդու կերպարանքով ծնաւ, որպէսզի տկար մարդը զօրանայ։ Անսահման հարստութեան Տէրը՝ աղքատացաւ, որպէսզի մարդը Աստուծմով հարստանայ։ Ծնաւ որպէս մարդ, որպէսզի մեղքով ինկած մարդը Աստուծմով վերստին ծնի։ «Սուրբ Աստուած, սուրբ եւ հզօր, սուրբ եւ անմահ, որ ծնաւ եւ յայտնեցաւ մեզի համար»։ Ուրեմն իրապէս կ՚արժէ հրեշտակներուն հետ «Երկնքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փա՜ռք» երգել։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Տասնեակ դարերէ ի վեր քրիստոնէական Ս. Եկեղեցին կը տօնէ Ս. Ծննդեան տաղաւարը։ Մարդիկ զիրար կը շնորհաւորեն ըսելով՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս». «Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»։ Տօնական արարողութիւններ կը կատարուին, սեղաններ կը սարքուին, այցելութիւններ կը տրուին, բարեմաղթութիւններ կ՚ըլլան։ Միայն թէ, այս տօնական հարստութեանց ընդմէջէն, որքանո՞վ կը հարստանայ մեր հոգեւոր կեանքն ու ապրումները։ Որքա՞ն կ՚արտօնենք, որ Բեթղեհէմի աստղը մեզ առաջնորդէ դէպի Նորածին Յիսուս Մանուկի ներկայութեան։ Ուրեմն լաւ է հարցնել հետեւեալ հարցումները. արդեօք կը ճանչնա՞նք Քրիստոսը, արդեօք ունի՞նք Իր լոյսը, Աստուծոյ նկատմամբ ունի՞նք յոյս ու վստահութիւն, Բեթղեհէմի աստղին կը նայի՞նք որպէսզի հեռանանք գիշերային խաւարէն։ Ս. Ծննդեան տաղաւարը լաւ առիթ է, որպէսզի ամփոփուինք ու մտածենք տօնի խորհուրդին մասին, որպէսզի ամբողջութեամբ զգանք Տիրոջ ներկայութիւնը։

Մեր Արարիչը միջամտեց պատմութեան։ Անժամանակ Աստուածը՝ որ նոյնինքն տէրն է ժամանակին, որոշ շրջանի մը համար մտաւ ժամանակի սահմաններուն մէջ։ Աստուծոյ նպատակը յստակ է. կատարեալ յարաբերութիւն մշակել մարդուն հետ։ Այս բարի կամեցողութեան լաւագոյն ապացոյցն է Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը։ «Մանուկ մը ծնաւ մեզի համար, որդի մը տրուեցաւ մեզի» (Ես. 9.6)։ Մանուկը, բոլոր նորածին մանկանց նմանութեամբ, սկսաւ լալ, խանձարուրով փաթթուեցաւ եւ մսուրի մէջ դրուեցաւ։ Մեզի համար տրուած մանուկին ծնունդով՝ ցոյց տրուեցաւ, թէ «մեր փրկութեան համար աշխարհ եկած էր» (Մատթ. 1.21-22)։ Մարդացեալ Փրկիչը, մարդու նման պիտի ապրէր, մարդու նման պիտի մեծնար, «ամէն ինչ պիտի կրէր բացի մեղքէն ու իր բերնին մէջ նենգութիւն պիտի չգտնուէր» (Ա. Պետրոս, 2.22)։

Ս. Ծնունդին կը հրաւիրուինք, հոգեւոր եւ ընկերային շքեղ հանդէսներու մէջէն Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալու, զԱյն ճանչնալու եւ Քրիստոսի ծնունդը իսկապէս ապրելու։ Ս. Գիրքը կը վկայէ, թէ բազում անձեր ինչպէս մերժեցին Աստուծոյ սէրը եւ աննման զոհողութիւնը. «Ինք աշխարհի մէջ էր եւ աշխարհ անով եղաւ, բայց աշխարհ զանիկա չճանչցաւ։ Իրեններուն եկաւ, սակայն իրենները զինք չընդունեցին» (Յովհ. 1.10-11)։ Ներկայ դարուն ալ չենք տեսնե՞ր նման օրինակներ։ Ինչպէ՞ս ցոյց պիտի տանք, թէ Քրիստոսի կը պատկանինք։ 

Աստուծոյ ծրագիրները խորունկ են. «Աստուծոյ գաղտնիքը կրնա՞նք հասկնալ» (Յոբ, 11.7)։ Բեթղեհէմի մսուրէն արձագանգող նորածինի լացին մէջ ներկայ էր նաեւ Իր մահն ու խաչելութիւնը։ Հրեշտակներու «Փառք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ ու հաշտութի՜ւն մարդոց մէջ» օրհներգութիւնը, յետագային պիտի հասնէր Հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսին։ Որովհետեւ Յիսուս Մանուկը կը ծնէր մահանալու համար, ո՛չ միայն մահանալու՝ այլ Իր մահով եւ Ս. Յարութեամբ կեանք շնորհելու համար։ Յիսուս Մանուկը ծնաւ մեզի համար, որպէսզի հասկնանք, թէ մենք ալ ծնած ենք Աստուծոյ համար։ Այս ուղղութեամբ Ս. Գիրքին պատգամը յստակ է. «Բայց անոնք որ ընդունեցին զայն, իշխանութիւն տուաւ անոնց Աստուծոյ որդիներ ըլլալու, անոնց՝ որոնք կը հաւատան իր անունին» (Յովհ. 1.12)։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին՝ կը հրաւիրուինք Աստուծոյ եւ մեր միջեւ եղած յարաբերութիւնը քննելու։ Որպէսզի կարենանք կատարեալ յարաբերութիւն մշակել, պէտք է ճանչնանք զԱստուած։ Որպէսզի կարենանք զԱստուած ճանչնալ, պէտք է մօտենանք Իրեն։ Քրիստոսը որպէս Փրկիչ ընդունելով պիտի հաստատենք, թէ Աստուծոյ որդիներ ենք։ Յիսուս Քրիստոս պիտի ապահովէ մեր հոգիներու խաղաղութիւնը։ Ուրեմն պատրա՞ստ ենք Քրիստոսով ապրելու։ Պատրա՞ստ ենք երգելու «Փառք Աստուծոյն՝ բարձունքներու մէջ, եւ խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ ու հաշտութի՜ւն մարդոց մէջ»։

Երբ կը մօտենանք Ս. Ծննդեան տաղաւարին, որպէս անդամները հայ համայնքին, շնորհակալութեան ու գոհութեան մասնաւոր պարտք մը ունինք նաեւ Աստուծոյ։ Յատկապէս պոլսահայ համայնքը մեծապէս ոգեւորուած է, քանի 2020-ին Ս. Ծննդեան տօնակատարութեանց կը թեւակոխէ ի գլուխ ունենալով իր ազգընտիր պատրիարքը։ Որքան յատկանշական է, թէ ժողովուրդի երկարատեւ աղերսանքը առ Աստուած, իր պաստասխանը գտաւ Ս. Ծննդեան օրհնալից շրջանին եւ պատրիարքական ընտրութեան յաջողութեանց պսակուիլը, ուղղակիօրէն խանդ ու եռանդ բեռցուց տաղաւարի ոգեւորութեանց։ Հետեւաբար, այս տարուայ Աստուածայայտնութեան շրջանը, Աստուծոյ անունը գովելու եւ փառք հիւսելու համար հիասքանչ առիթ մըն է։ Փառք Տիրոջ, որ Ս. Գրքի մէջ տեւաբար յիշատակուած «Մի վախնա՛ր, որովհետեւ քեզի հետ եմ» խօսքերով կը քաջալերէ բոլորս։ Փառք Տիրոջ, որ իր Աստուածային աջը երկարեց իր զաւակներուն, որոնք յուսալքութեան խաւարին մէջ կորստեան մատնուելու հետ դէմ յանդիման մնացեր էին։ Տէր Յիսուս Քրիստոս, իր Ս. Ծննդեամբ յայտնուի նաեւ մեր ժողովուրդին մէջ եւ խաղաղութեամբ օժտէ համայնքիս մէն մի անդամը։ Շարունակենք փառքը հիւսել Խաղաղութեան Իշխանին. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ» խօսքերով, քանզի խաղաղութիւն բառը ուղղակիօրէին մարմնաւորուեցաւ շատերուս անհատական կեանքէն ներս։

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, կ՚աղօթենք առ Աստուած, որպէսզի իր շնորհները առատացնէ բոլորիս վրայ։ Աստուած ընդունի մեր աղօթքները եւ խնդրանքները եւ իրականացնէ բոլորիս բարի փափաքները։ Տիրոջ փառաւոր ծնունդը՝ մեր անհատական, եկեղեցական, դպրոցական, ընկերային կեանքին համար ըլլայ վերստին ծնունդի առիթ, որպէսզի հետեւինք բարիին, գեղեցիկին ու ճշմարիտին։ Յիսուս Քրիստոս՝ «Արդարութեան Արեգակ»ը, Իր ճառագայթներով լուսաւորէ մեզ, բանայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն աչքերը, որպէսզի կարենանք տեսնել Աստուծոյ ներկայութիւնը. ամէն։

ՁԵԶ ԵՒ ՄԵԶ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲԵՂԱՅ ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Շաբաթ, Յունուար 4, 2020