ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Քառասնորդաց Պահեցողութեան շրջանը հասած է իր աւարտին արդէն եւ Եկեղեցին՝ հաւատացեալներս, մուտք կը գործենք Մեծ պահքի վերջին շաբաթը, որ եկեղեցական բառապաշարով կը կոչուի՝ «Աւագ շաբաթ», որ կը սկսի Ծաղկազարդով:

Ծաղկազարդը, մեր Տիրոջ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան տօն է: Արդարեւ, Նոր կտակարանէն կ՚իմանանք, թէ մեր Տէրը Իր երկրային առաելութեան վերջին շաբաթը եկաւ Երուսաղէմ՝ կամաւորաբար եւ գիտնալով թէ ի՜նչ բաներու պիտի հանդիպէր Ան: Ըստ Աւետարանական պատումներուն, գիտենք, որ Երուսաղէմի ժողովուրդը տօնական մթնոլորտով դիմաւորեց Յիսուսը. «Ժողովուրդէն շատեր իրենց վերարկուները կը փռէին ճամբուն վրայ, ուրիշներ ծառերէն ոստեր կը կտրէին եւ կը տարածէին ճամբուն վրայ: Եւ ամբողջ բազմութիւնը, որ թափօրին մէջ Յիսուսի առջեւէն կ՚երթար կամ կը հետեւէր Իրեն, կ՚աղաղակէր.

“Օրհնութի՜ւն Դաւիթի Որդիին,
Օրհնեալ է Ան՝ որ կու գայ Տիրոջ անունով:
Օրհնութի՜ւն Բարձրեալին”»
(Մտ 21.8-9):

Մեր Սուրբ Եկեղեցին գեղեցիկ սովորութեամբ մը այս յիշատակութեան տօնը առընչած է մանուկներուն, եւ տարբեր երկիրներու մէջ մեր ժողովուրդին զաւակները տարբեր աւանդութիւններով ու սովութիւններով կը նշեն Ծաղկազարդի տօնը:

Այժմ, ընթերցողներուն գրաբարէ թարգմանաբար պիտի ներկայացնեմ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ Ծաղկազարդին նուիրուած գրութիւններէն հատուածներ: Այսպէս.

Թէոփիլոս կը գրէ.

- Անկարօտը խոնարհաբար կու գայ տնանկիդ համար, որպէսզի տնանկդ զօրացնէ՝ Իր կամքով տկարանալով:

Քերովբէական Աթոռին վրայ նստողը կու գայ իշու աւանակին վրայ նստած, որպէսզի գլորուածդ երկնային կառքին վրայ հանէ:

Հեզութեամբ Բարձրեալը կու գայ, որպէսզի ամբարտաւանութեան պատճառով կործանածդ հեզի վայելումով փառաւորէ:

- ...Իսկ տարալեզու մանուկները յարութեան յաղթութիւնը կը գուշակէին, իսկ դպիրները զԻնք գերեզման իջեցնել կը դաւաճանէին: Ան որ քերովբէական աթոռներուն վրայ կը փառաւորուէր սերովբէներէն, այսօր աւանակի մը վրայ նստած է եւ տղաները զԻնք աստուածավայելապէս կ՚օրհնէին, իսկ հրեաները անօրինապէս կը հայհոյէին: Աւանակը անհաւատութենէն հաւատքի եկած հեթանոսները կ՚օրինակէր: Աստուած խոնարհեցաւ, աւանակին վրայ նստաւ, մարգարէութիւնը կատարուեցաւ, Երուսաղէմի դուստրին քարոզեց, Սիոնի դուստրը լսեց եւ շատ ուրախացաւ: Ադամն ու Եւան յոյժ բերկրեցան եւ նահապետները՝ Ադամէն: Մարգարէները իրարու հետ խօսեցան, իսկ մենք մեր ականջներով Աստուծոյ գործերը տեսանք: Մարմնաւորը խօսեցաւ եւ անմարմինը լսեց: Գոյեացեալներս տեսանք եւ մեզի ճանապարհ բացուեցաւ: Ադամը սկիզբը եղաւ մեր այստեղ իջնելուն, իսկ Ղազարոս սկիզբը՝ այստեղէն ելլելուն...:

Քերովբէ Վարդապետը կը գրէ.

- ...Մարդիկը կռապաշտութեան խաւարին մէջ ըլլալով կարօտ էին լոյսի: Այդ պատճառով, արդարութեան Արեգակը՝ Քրիստոս, Կոյսէն ծագելով աստուածային լոյսով լուսաւորեց իմանալի աչքերը մեր միտքերուն եւ հոգիներուն, իսկ ձիթենիի օրինակով աստուածային ողորմութիւնը մեզի կը յայտնէ, ինչպէս աղաւնին այնտեղ՝ Տապանին մէջ իր տերեւով Նոյին կը ծանուցէր աշխարհին ցամաքութիւնը՝ Աստուծոյ ողորմութեամբ եղած: Արդ, լերան բարձրութեան մօտեցնելով ցոյց կու տայ բոլոր վայրաքարշ եւ սնոտի վարքի վերանալն ու սպիտակափայլ լոյսով զարդարուիլը, որպէսզի մեր նուաստութիւնը հաղորդ դարձնէ Իր մեծութեան հետ:

- «Փողոցին մէջ» (Մր 11.4), կ՚ըսէ, որ անցաւոր կեանքի ծփական վարքը կը նշանակէ, որովհետեւ ինչպէս որ փողոցը շատերու ոտքի կոխան է, այդպէս ալ մարդոց միտքը ոտքի կոխան եղած էր սատանային եւ անոր կամքին ճանապարհ, ու կապուած եւ կաշկանդուած էին կռապաշտութեամբ, որ Քրիստոս կը հրամայէ առաքելական քարոզութեամբ մեղքերու կապարանէն քակել:

Ըսելը՝ «քակեցէ՛ք զայն ու բերէք» (Ղկ 19.30), հրեաներու օրինաց ժողովարանը՝ Աւետարանի. Սիոնէն՝ եկեղեցիի եւ վերին Երուսաղէմի, թլփատութենէ՝ մկրտութեան աւազանի, գիրէն՝ որ կը սպաննէր՝ հոգիի ազատութիւնը, եւ հեթանոսները կուռքերէն ու դեւերէն՝ Խաչի երկրպագութեան:

«Քակեցէ՛ք զայն, -կ՚ըսէ-, ու բերէք». որովհետեւ, ով որ կապեց՝ սատանան էր, որ գողաբար մատնելով օձատեսիլ ցանկութեամբ սողեցաւ Եւայի ականջին մէջ ու անով խաբեց Ադամը՝ համաձայնելու համար իրեն հետ, որ դրախտէն դուրս հանելով մեղքերու կապանքներուն կապեց եւ ախտերու՝ տիղմին մէջ [նետեց], որ «փողոց» կ՚անուանէ: Եւ որովհետեւ հիմա Տէրը առաքեալներուն հրամայեց անբան կենդանին կապարանէն քակել ատոր օրինակով. քանի որ Ինք մօտեցած էր Իր Խաչով քակելու բանաւոր Ադամը մեղքերու կապանքներէն ու անէծքներու դատապարտութենէն:

Եւ թէ ըսաւ. «Եթէ մէկը առարկէ» (Մտ 21.3), բանսարկուին լրբութիւնը գիտէր, որովհետեւ ինչպէս որ աւանակի տէրերը ըսին, թէ «ինչո՞ւ կը քակէք», այդպէս ալ սատանան կ՚ըսէր. «Յիսուս Նազովրեցի, ձգէ՛, ի՞նչ կ՚ուզես մեզմէ» (Մր 1.24: Ղկ 4.34): Եւ երբ ըսին, թէ՝ «Իր Տիրոջ պէտք է», թոյլ տուին. նմանապէս ալ բանսարկուն ըրաւ, երբ առաջին Տէրը խնդրեց, չկրցաւ բռնանալ, որովհետեւ չէր կրնար: Քաջ Հովիւը եկաւ Իր ոչխարները փնտռելու, եւ Տէրը եկաւ Իր պատկերը [եղող մարդը] փնտռելու, որ ախտերու աղբին մէջ թաղուած էր:

- Արդ, Արմաւենեաց Սուրբ օր, որ օրհնեալ օր անուանեցին Եկեղեցւոյ իմաստունները, օրինակ կ՚իմանանք Քրիստոսի գալուստը, երբ մարդկութեան ցեղը ամբողջութեամբ յառաջ պիտի ընթանան վերջին նորոգումին եւ գերեզմաններէն յարութեան, ինչպէս յարդարեցին ժամանակին ընդառաջ ելլել քաղաքին Ղազարու յարութեան համար: Քանի որ Ձիթենեաց լեռնէն կ՚ըսուի Երուսաղէմ իջնելը, որ Քրիստոսի աշխարհ գալուստը կ՚ակնարկէ եւ տիզերքի ննջեցեալներուն դրդելը: Եւ որովհետեւ կիրակի կը տօնենք, որ է տէրունի օր, նոյնպէս ընդհանուրին յարութիւնը կիրակի օրով պիտի ըլլայ, որ աներեկ կ՚ըսուի:

Իսկ ծերերուն եւ մանուկներուն օրհնաբանութիւնը կը հասկցուի Ադամին մահուամբ ծերացած մարմինին վերստին նորոգումը՝ իբրեւ մօր որովայնէ համօրէն ծնունդով յարութեամբ մատաղացած եւ մանկացած, առհասարակ կը բարձրացնեն օրհնութիւն ի փառս Քրիստոսի:

Սահակ Գ. Ձորափորեցի Կաթողիկոսը կը գրէ.

- ...Թագաւորներուն մեծը եւ երաժիշտներուն գերազանցը՝ Դաւիթ, գրաւոր աւանդութիւններուն հաւատարիմ Մարգարէն եւ բարբարոս ազգը տանջողը, պատերազմներուն միշտ յաղթողը եւ հսկաները ոչնչացնողը. խաւարած Իսրայէլի ճրագը եւ Արարիչ Հօր կամակիցը, մարմնացեալ Բանին նախահայրը եւ Ս. Աստուածածինի տոհմին ցեղապետը, եւ նահապետական տուներու օրէնքով նախահայրը, քահանաներուն պարագլուխը եւ Աստուծոյ մասին խօսողը, սերովբէներուն բարեբանակիցը եւ մարգարէական հոգիով այսօրուան օրը նախագուշակողը, փառահեղօրէն խօսեցաւ մեզի ըսելով. «Ու լեռները մէկտեղ թո՛ղ ցնծան, Տիրոջ առջեւ, վասնզի կու գայ» (Սղ. 98.8-9)։ Ճշմարիտ է այն խօսքը. որովհետեւ ամէն ինչի պարագլուխները նախ պէտք է ուրախանան աւետաբեր լուրով. զօրքին մէջ՝ զօրավարները, հօտին մէջ՝ հօտապետները, նաւուն մէջ՝ նաւապետները։ Այսպէս ալ, Արարիչը հողեղէն բնութիւնը առնելով, բարձր ալիքները եւ հողեղէն բլուրները հողեղէնին ազգակցութեամբ կ՚ուրախանան. եւ վեցօրեայքի փառաբանութենէն աւելի կը բերկրին. որովհետեւ իւրաքանչիւր հողեղէն իր բնութեան բերումով ունի ազգակցութիւն մարդոց եւ լեռներու:

Զաքարիա Ա. Ձագեցի Կաթողիկոսը կը գրէ.

- ...Այսօր, արեգակը ոսկեճաճանչ ճառագայթներով լուսազարդելով, միջօրէն կը պայծառացնէ, հեռու ձգելով ձմեռնային սառնապատ եղանակները, նոյն հունին մէջ նետելով, ժամագիւտին նոյն նպատակը կ՚անդրանցնի եւ ընթանալով հասարակածին կը հասնի եւ ջահաւորելով աշխարհը կը լուսաւորէ։

Այսօր, լուսինը մաքուր փայլելով, լիալուսին վիճակով, Արեւելքէն ծագելով լեռներուն եւ բարձրաբերձ գագաթներուն վրայ, արտափայլելով (մթութիւնը կը ջահաւորէ)։

Այսօր, աստղերուն բարեյարմար խումբերը հրճուալի ձեւով կը փայլին սառնամանային օդի բռնութենէն եւ հիւսիսային խստութենէն ազատելով ու միանալով հարաւային բարեխառն օդին, գեղեցկայարմար ձեւով հիւսիսէն հարաւ կը շրջին։

Այսօր, ջինջ աղբիւրները առողջութիւն կը բխին, զայն բոլոր կենսաւորներուն պարգեւելով, որոնք ծարաւ մօտենալով կը զովանան մշտահոս բխումէն։

Այսօր, բոլոր դաշտերը զարդափայլելով կը պայծառանան տեսակ-տեսակ ծաղիկներով, պաճուճուած՝ հրաշալի եւ վայելուչ տեսքով։

Այսօր, ծովը խաղաղելով, եզերքի ալիքները միաւորուելով, նաւորդներուն բարեձեւ եւ հեզ մկանները կը պատրաստեն եւ խաղաղ նաւահանգիստը կը ղրկեն։

Այսօր, գետերը կը հանդարտին (ալիքներու) խրոխտ եւ փքացեալ յարձակումէն եւ ճանապարհ կը պատրաստեն մարդկային ցեղին։

Այսօր, իբրեւ հոգեւոր եւ մարմնաւոր գարուններ ձերբազատուինք ձմեռնային տխրութենէն եւ Քրիստոս-Նաւահանգիստին ապաւինինք ու Քրիստոսի դիմաց ելլենք, եւ փոխանակ վերարկուներու, մեր մարմինները մաքրենք եւ արմաւենիի ոստերուն փոխարէն, մեր ինչքերը աղքատներուն սերմանենք, որպէսզի հանդերձեալ բարիքներուն արժանի ըլլանք, եւ բոլորս ալ կարենանք հասնիլ անոնց, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի շնորհքովն ու մարդասիրութեամբը, որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2020