«ԷՆՆ՝ ԿԱՆԱՉ ԿՏՈՒՐՆԵՐԷՆ»

Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած այս օրերուն աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը ենթարկուած է մեկուսացման ու զուգահեռաբար փակուած՝ իրենց բնակարաններուն մէջ։ Ոմանք սկսած են հեռակայ դրութեամբ իրենց աշխատանքը շարունակել, իսկ ոմանք գտած են տարբեր ձեւեր՝ իրենց ժամանակը արժեւորելու նպատակով։ Մեր կեանքի անբաժան մասը դարձած առցանց հարթակները ներկայիս ամենաազդեցիկ միջոցները դարձած են մեկուսացման հոգեբանութիւնը մեղմելու համար։ 

Մեկուսացման ապահոված ազատ ժամանակը առիթ ընծայած է մարդոց, իրենց կիսատ թողած գործերը լրացնելու, նոյնիսկ ամենաշատ փափաքած շարժանկարները, հեռուստաշարերը դիտելու…

Մեր տունէն ներս ալ վերջերս «աւանդոյթ» դարձած է, մանաւանդ շաբաթավերջերուն, առցանց հարթակներու վրայէն դիտել շարժանկարներ կամ հեռուստաշարեր։

Անցեալ շաբաթ համացանցի վրայ տեսայ հեռուստաշար մը, որ նկարահանուած էր «Էննը՝ կանաչ կտուրներէն» հատորի հիման վրայ։ Ամիսներ առաջ զարմիկս յանձնարարած էր զայն դիտել, բայց ժամանակ չէի ունեցած։ Առիթէն օգտուելով, աչքերս պաստառին սեւեռած, ուշադրութիւնս կեդրոնացուցած՝ սկսայ դիտել զայն։

Հեռուստաշարը կը պատմէ որբ աղջկայ մը մասին, որ իր հոգւոյ ջերմութեամբ կը տաքցնէ «սառած» գիւղ մը։ Մարիլլա եւ Մեթիու Քաթպըրտները միայնակ, միջին տարիքի քոյր ու եղբայր են, որոնք կ՚ապրին Էվոնլի գիւղի Արքայազն Էտուըրտ կղզիի «Կանաչ կտուրներ» ագարակին մէջ։ Քաթպըրտները կ՚որոշեն որբանոցէն որդեգրել տղայ մը, որպէսզի անոնց օգնէ, սակայն թիւրիմացութեան պատճառով անոնց կ՚ուղարկեն ոչ թէ տղայ, այլ՝ 11 տարեկան երազկոտ աղջնակ մը՝ Էնն Շէօրլին։ Քաթպըրտներ նախ կ՚ուզեն որբանոցին վերադարձնել Էննը, սակայն աւելի վերջ կ՚որոշեն պահել զայն։

Աղջիկը խելացի եւ առոյգ է ու կը փափաքի իր շուրջինները ուրախացնել։ Իր անսահման երեւակայութիւնը կ՚ոգեշնչէ գիւղին բնակիչները, որոնց օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ։ Ան շատ մարդամօտ է,  բարի ու ազնիւ։ Ունի սորվելու անյագ եռանդ։ Շատ կը սիրէ գիրքերը։ Յաճախ թուղթին կը «թափէ» իր երեւակայական աշխահը։ Կը մտածէ մարդկութեան համար մտահոգիչ խնդիրներու մասին։ Կը ջանայ լուծումներ գտնել մասնաւորապէս արտայայտուելու ազատութեան եւ կանանց իրաւունքներու մասին հարցերու։

Մարիլլան լրջօրէն կը զբաղի աղջկան դաստիարակութեամբ, իսկ Մեթիուն ճնշում կը բանեցնէ անոր վրայ։ Էնն կը մեծնայ, բայց կը պահէ իր մանկական հոգին։ Էննի եւ Քաթպըրտներու շնորհիւ կը վկայենք, թէ ընտանիք մը ունենալու համար պայման չէ արենական կապը։ 

Սիրոյ մասին յօրինուած են բազմաթիւ երգեր, հեղինակուած են գիրքեր, նկարահանուած են անհամար շարժանկարներ կամ հեռուստաշարեր… Ըստ իս, «Էնն՝ կանաչ կտուրներէն»ը տարբեր տպաւորութիւն մը կը թողու դիտողներուն վրայ՝ կարծէք ազնուացնելով անոնց հոգիները։ Սիրով հիսուած իւրաքանչիւր դրուագ կը վերացնէ չարութեան ու յոռետեսութեան զգացումները եւ առաջին իսկ վայրկեանէն մինչեւ վերջին պահը ժպիտը չի պակսիր դիտողներու դէմքէն։ 

ԳԻՐՔԻ ՄԱՍԻՆ

«Էննը կանաչ կտուրներէն» (Anne of Green Gables) կամ «Էնն՝ Կանաչ կտուրներ ագարակէն» գանատացի գրող Լիւսի Մոտ Մոնթկոմըրիի 1908 թուականին հեղինակած վէպն է, որ գրուած է բոլոր տարիքի ընթերցողներու համար։ Աւելի քան 50 միլիոն օրինակ վաճառուած է գիրքէն, որ թարգմանուած է առնուազն երեսունվեց լեզուներու։ Գիրքը կը դասաւանդուի բազում երկիրներու զանազան կրթական հաստատութիւններէն ներս։

Սոյն հատորը 20-րդ դարու կէսերէն սկսալ համարուած է մանկական վէպ։ Հեղինակը ոգեշնչուած է փոքրիկ աղջնակի մը նօթագրութիւններէն։ Գիրքը կը պատմէ տասնմէկ տարեկան որբուհի՝ Էնն Շէօրլիի կեանքին մասին։ Վէպի իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան 19-րդ դարու վերջաւորութեան։

Հետաքրքրական է, որ Մոնթկոմըրին օգտագործած է Էվըլին Նեսպիթի լուսանկարը, զոր կտրած էր «Նիւ Եորք Սիթի» ամսագրէն եւ փակցուցած՝ իր ննջասենեակի պատին, որպէս Էնն Շէօրլիի դէմքի օրինակ։

ՊԻԱՆ­ՔԱ ՍԱ­ՐԸԱՍ­ԼԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020