ՉԼՔԵԼ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՄԱՆ ԽՐԱՄԱՏԸ
Երեւանի մէջ վերջերս լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակի պատրաստած մէկ գիրքը, որ ընտրանի մըն է նախագահ Սարգսեանի՝ արցախեան հակամարտութեան վերաբերող յօդուածներէն, ելոյթներէն, հարցազրոյցներէն, ասուլիսներէն:
Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ աւանդոյթ դարձած է երկրի ղեկավարներու եւ զանազան տարիներու կարեւոր պաշտօն զբաղեցուած գործիչներու գիրքերուն հրատարակութիւնը:
Այդպէս լոյս տեսած են Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին, երկրորդ նախագահներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նախկին խորհրդական, միաժամանակ՝ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Ժիրայր Լիպարիտեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան չորրորդ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ այլոց հեղինակած գիրքերը, որոնք այս պաշտօնեաններու պաշտօնավարման տարիներուն եւ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն վերաբերող բովանդակութիւններ ունին՝ յաճախ նաեւ լայն հանրութեան անծանօթ մանրամասնիւթիւններով, որոնք ժամանակին չեն լուսաբանուած (Արմէն Սարգսեանի գիրքը հրապարակ կ՚ելլէ յունիսին):
Այդ բոլոր գիրքերը տարբեր են իրենց բովանդակութեամբ, բայց կայ թեմայ մը, որ բոլոր գիրքերու մէջ ալ շօշափուած է եւ նշեալ պաշտօնեաները անպայման անդրադարձած են ատոր: Այդ նիւթը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնն է, որ, ծագելով վաղ 1990-ականներուն, այսօր տակաւին չէ աւարտած:
Սերժ Սարգսեանի գիրքը, ի տարբերութիւն վերոնշեալ միւս պաշտօնեաներու գիրքերուն, ամբողջութեա՛մբ այդ մասին է:
«Բանակցային առաջնագծում. Սերժ Սարգսեանը՝ Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին (2008-2022)» խորագիրը կրող գիրքը կ՚ամփոփէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնավարման տասը (2008-2018թթ.) եւ յետնախագահական շրջանի չորս տարիներուն (2018-2022թթ.) Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերաբերեալ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնները, ուղերձները, ելոյթները, յօդուածները, հարցազրոյցները՝ ըստ տարիներու համակարգուած եւ ամփոփ կերպով:
Հայաստանի երրորդ նախագահի գրասենեակը (մասնաւորապէս՝ գրասենեակի ղեկավար Մերի Յարութիւնեան) գիրքը կազմած եւ հրատարակութեան յանձնած է «Լոյս հիմնադրամի աջակցութեամբ: Այս նախագիծի պատասխանատու Մերի Յարութիւնեան Սերժ Սարգսեանի կառավարման տարիներուն եղած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետը, մինչ այդ՝ զանազան աշխատանքներ կատարած է պետական եւ լրագրական ասպարէզներու մէջ: Ան շատ կը կարեւորէ նման գիրքի մը հրատարակութիւնը՝ բանակցային գործընթացը ուսումնասիրողներու, լրագրողներու, ուսանողներու համար, եւ կարեւորութիւն կու տայ մանաւանդ արխիւային նիւթերը, փաստերը մէկտեղելու, համակարգելու եւ ներկայացնելու տեսանկիւնէն, որպէս ժամանակահատուածի մը պատմութիւն, ինչպէս նաեւ փաստերը խեղաթիւրումներէ, աղաւաղումներէ եւ կեղծումներէ զերծ պահելու համար: Գիրքը հրատարակած է «Նիւմէկ» հրատարակչութիւնը:
Երեւանի մէջ արդէն տեղի ունեցած է գիրքին շնորհանդէսը: Նկատելի է, որ գիրքին հանդէպ հետաքրքրութիւնը մեծ եղած է, քանի որ տպաքանակի հիմնական մասը արդէն սպառած է գրախանութներուն մէջ: Վաճառքէն ստացուած գումարն ալ նախատեսուած է ուղղել Զինուորական ծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամ:
Գիրքի յառաջաբանին մէջ կը նշուի, որ Սերժ Սարգսեան այսօր ալ, իր թիմակիցներուն եւ համախոհներուն հետ, կը շարունակէ պայքարը ազգային եւ ուժեղ պետութեան համար՝ յայտարարելով, որ պիտի չլքէ խրամատը, որ կը պաշտպանէ հայկական պետականութիւնը եւ որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Ցաւօք, Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը ընթացաւ բոլորովին այլ ուղղութեամբ եւ օրէ օր կը մտնէ վճռական ու ծանր փուլ:
Այսօր կրկին այժմէական է Արցախի կարգավիճակի հարցը, աւելին՝ Արցախի ապագան, ըստ էութեան անորոշ է այս պահուն…
Նոր լոյս տեսած գիրքէն կը ներկայացնենք Սերժ Սարգսեանի՝ զանազան տարիներու Արցախի մասին արտայայտած տեսակէտներն ու համոզումները:
*
«…Լեռնային Ղարաբաղը երբեք չէ եղած անկախ Ատրպէյճանի մաս: Տարածքը միայն 1923-ին Սթալինի ճնշմամբ, Համայնավարական կուսակցութեան կովկասեան պիւրոյի որոշմամբ կցուած է Ատրպէյճանին: Եւ որպէսզի Ղարաբաղը ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, պէտք է առնուազն վերականգնել Խորհրդային Միութիւնը: Չեմ կարծեր, թէ կայ մէկը, որ ատիկա լրջօրէն կը փափաքի»:
(2010, Գերմանական «SPIEGEL»ին տուած հարցազրոյցէն)
*
«…Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի մէջ նոր զարգացումներ չկան, հայկական կողմն ալ իր մօտեցումները չէ փոխած: Խնդրին կարգաւորումը պէտք է ընդգրկէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրումը, Հայաստանի հետ Արցախի ցամաքային կապի ամրապնդումը, ռազմական գործողութիւնները չվերսկսելու երաշխիքները: Լեռնային Ղարաբաղի խնդրով շատեր կ՚արտայայտեն իրենց կարծիքները, մօտեցումները եւ տարօրինակ կ՚ըլլար, եթէ միակարծութիւն ըլլար: Եթէ միակարծութիւն ըլլար, վաղուց արդէն բանակցային գործընթացը դադրած կ՚ըլլար, խնդիրն ալ՝ լուծուած։ Բոլոր ներգրաւուած կողմերը գիտեն, որ խնդրի կարգաւորման առանցքային հարցը Արցախի կարգավիճակի խնդիրն է։ Բոլորին համար ակնյայտ պէտք է ըլլայ, որ ցանկացած որոշում, որ չ՚ընդունուիր Արցախի բնակչութեան կողմէ, չի կրնար ըլլալ կենսունակ եւ իրագործելի։ Այսպիսի մօտեցումը կամաց-կամաց կ՚աւելցնէ իր կողմնակիցներուն թիւը, եւ մեր խնդիրը պէտք է ըլլայ այն, որ ի վերջոյ բոլորը գան այդպիսի եզրակացութեան, որ ցանկացած լուծում պէտք է ստանայ Արցախի բնակչութեան հաւանութիւնը»։
(2009, Կիպրոսի նախագահի հետ մամուլի ասուլիսէն)
*
«…Ատրպէյճանցիները տակաւին կը կարծեն, թէ Ղարաբաղը պէտք է ներառուի Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Իսկ վերադարձնել Արցախը Ատրպէյճանի կազմ, կը նշանակէ, որ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին հայերուն այնտեղ մնալը անհնարին պիտի ըլլայ, Արցախը կը հայաթափուի»:
(2010, Գերմանական «SPIEGEL»ին տուած հարցազրոյցէն)
*
«Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման առանցքը Արցախի կարգավիճակն է: Ղարաբաղեան շարժումը սկսած է կարգավիճակի խնդիրէն, եւ այդ խնդրի կարգաւորումը միայն կարող է բերել հակամարտութեան լուծման: Հայաստանը բազմիցս յայտարարած է, որ Արցախի ժողովուրդը պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ որոշելու, թէ ինչպիսի՛ն պէտք է ըլլայ այդ կարգավիճակը: Ատիկա այն կարմիր գիծն է, որմէ այն կողմ հայկական կողմերը չեն կրնար երթալ, որովհետեւ ենթակայ չէ սակարկութեան: Արցախի վարկածային ենթակայութիւնը Ատրպէյճանին հնարաւոր է միայն այն պարագային, եթէ Արցախի ժողովուրդը ինքը հանրաքուէով որոշէ այդ մէկը: Ինչպիսի՛ն է ատոր հաւանականութիւնը՝ ծանօթ է բոլորին, նոյնիսկ՝ ատրպէյճանցիներուն»:
(2009, «The Armenian Reporter»ին տուած հարցազրոյցէն)
*
«…Համաձայն եմ՝ մենք երբեք չենք ունեցած Թուրքիոյ հետ որպէս հաւասարը հաւասարի յարաբերուելու քաղաքական մշակոյթ եւ դիւանագիտական փորձ: Համաձայն եմ՝ Թուրքիան հզօր երկիր է՝ դիւանագիտական ուրոյն ձեռագրով: Բայց կտրականապէս համաձայն չեմ այն եզրակացութեան հետ, որ պէտք է հեռու մնալ Թուրքիայէն, որովհետեւ ան կարող է խաբել: Սխալ եզրակացութիւն է այս մէկը: Այո՛, մենք չունինք թուրքերուն հետ յարաբերուելու փորձ, բայց չէ՞ որ օր մը պէտք է, ի վերջոյ, սկսիլ: Եւ ես կը հաւատացնեմ ձեզ՝ մենք արագ սորվող ենք: Եւ մենք այսօր ամենեւին ալ նոյնը չենք, ինչ՝ մէկ տարի առաջ:
Նոյնը կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման եւ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն: Հայաստանը կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու միջոցով, սակայն Արցախի նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն մենք չենք արտօներ եւ որեւէ ոտնձգութեան պատրաստ ենք արձագանգել ամենակոշտ միջոցներով:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ հռչակուած սկզբունքները նոյնն են եւ ամրագրուած են Հանրապետական կուսակցութեան ու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ծրագրերուն մէջ: Այդ հիմնարար սկզբունքները եղած են եւ կը մնան մեր ուղենիշը: Այս սկզբունքներով մենք կը վարենք բանակցութիւնները»:
(2009, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան 12-րդ համագումարի ժամանակ ունեցած ելոյթէն)
*
«Որքան ալ դժուար ըլլայ, Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի լուծման ուղղուած բանակցութիւններու շարունակութեան համար մենք պէտք է ճանապարհներ փնտռենք: Եթէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն ջանքերը մինչեւ հիմա չեն պսակուած մեծ յաջողութիւններով, ատոր պատասխանատուն համանախագահները չեն եւ, առաւել եւս, ոչ ալ միջազգային այդ ձեւաչափը, ինչպէս յաճախ կը փորձեն ներկայացնել մեր դրացիները: Մեղաւորը անոնք են, որոնք պարբերաբար կը ռմբահարեն խաղաղ բանակցութիւններու ընթացքն ու տրամաբանութիւնը: Վերջին սադրանքը այն նողկալի իրադարձութիւններն էին, որոնք յանգեցուցին մարդասպանի արդարացման ու հերոսացման:
Կ՚ընդունիմ, որ շատ դժուար է այս պայմաններու ներքոյ մեր հասարակութիւնը տրամադրել հաշտեցման եւ նոյնիսկ պատրաստել խաղաղութեան, բայց նաեւ գիտեմ, որ այդ մէկը ճիշդ ճանապարհն է:
Խաղաղութեան պատրաստուիլը ամենեւին չի նշանակեր պատրաստ չըլլալ պատերազմի եւ ինքնապաշտպանութեան: Ըսուածը կը նշանակէ չպղտորել մարդոց միտքն ու հոգին հակամարդկային գաղափարներով ու այլամերժութեամբ չկուրացնել երիտասարդները, որոնք կեանք ունին ապրելու եւ երկիր ունին շէնացնելու: Հայաստանի մէջ մեծցող երեխաներու բարոյական ու հոգեւոր պատշաճ նկարագիրը ինծի համար չափազանց թանկ կ՚արժէ: Մենք իրաւունք չունինք դաւաճանելու ինքզինքնիս»:
(2012, Անկախութեան տօնի առթիւ ուղերձէն)
*
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲՆՈՅԹ ՉՈՒՆԻ
«Տեղեակ էք, որ մեր մեծ ցաւն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Այն լուծելու միակ իրատեսական ուղին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս իրականացուող խաղաղ բանակցութիւններուն գործընթացն է: Հայաստանը հետեւողականօրէն պիտի շարժուի այդ ճանապարհով, քանի որ ատոր այլընտրանքը ո՛չ մեր դրացի ժողովուրդին, ո՛չ ալ՝ մեզի որեւէ բարիք պիտի բերէ:
...Այս հակամարտութիւնը չի կրեր կրօնական բնոյթ, եւ ատոր կրօնական երանգաւորում հաղորդելու բոլոր փորձերը ապակառուցողական են: Կարելի չէ արտօնել, որ երկու մեծ կրօնները՝ քրիստոնէութիւնը եւ մահմետականութիւնը, որոնց կը դաւանեն մեր ժողովուրդները, փորձեն հակադրել իրարու: Առաւել եւս անթոյլատրելի կը նկատենք հակամարտութեան քօղին տակ պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան յուշարձանները ոչնչացնելու գործողութիւնները:
Այս կարեւորագոյն լսարանին առջեւ Հայաստանի անունով կը վերահաստատեմ բոլոր նման արժէքները պահպանելու եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, վերականգնելու մեր յանձնառութիւնը»:
(2011, ԱՊՀ-ի միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստին հնչած ելոյթէն)
*
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հայաստանի «Այբ» աւագ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտները հայոց պատմութիւն դասանիւթի մէջ կ՚ուսումնասիրեն Արցախի բանակցային գործընթացը: Հետազօտական աշխատանքի համար աշակերտները անձնական նախաձեռնութեամբ դիմած են Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր ղեկավարներուն՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանին, Ռոպերթ Քոչարեանին, Սերժ Սարգսեանին եւ Նիկոլ Փաշինեանին՝ արցախեան հիմնախնդրի բանակցային փուլերուն մասին իրենց հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանելու խնդրանքով:
Աշակերտներու նախաձեռնութեան արագ արձագանգած է Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան՝ պատասխանելով ուսանողներու հարցումներուն: Իսկ Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան հիւրընկալած է նախաձեռնող խումբի աշակերտներուն եւ իրենց ուսուցչին՝ եւ պարզաբանած է արցախեան բանակցութիւններու՝ 2008-2018 թուականներու փուլին վերաբերող հարցերը: Երրորդ նախագահը աշակերտներուն նուիրած է նաեւ նոր հրատարակուած «Բանակցային առաջնագծում» գիրքի առաջին օրինակները՝ յոյս յայտնելով, որ այն եւս կ՚օգնէ ճիշդ պատկերացում կազմելու հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի մասին:
«Այբ» դպրոցի իր աւագ ընկերներուն հետ նախագահի զրոյցին ներկայ եղած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի թոռնիկը՝ կրտսեր Սերժը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան
Ընկերամշակութային
- 10/07/2024
- 10/07/2024