ՄՈՄ ՄԸ ՎԱ­ՌԵՆՔ ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՄՈ­ՄԵ­ՐՈՎ…

Եկեղեցւոյ մէջ սրբապատկերի դիմաց մոմ վառելը քրիստոնէական Եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հին կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատուիրեց, որ ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն՝ վկայութեան խորանի կանթեղին մէջ դնելու ու խորանը լուսաւորելու համար (Հմմտ. Ել 17. 20-21): Յետագային, երբ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ, կանթեղը կամ մոմը պահպանեց իր կիրառական ու ծիսական նշանակութիւնը նաեւ նորահաստատ քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Այլ խօսքով, Եկեղեցին լուսաւորելու եւ կատարուող արարողութեանց շքեղութիւն ու տօնականութիւն հաղորդելու համար՝ մոմավառութիւնը մնաց որպէս ծէսի կարեւոր բաղադրիչ մէկ մասը: Սակայն պատճառը միայն լոյս տալու պարագան չէր: Մոմավառութեան սովորութիւնը թէ՛ Հին եւ թէ Նոր կտակարաններուն մէջ, բացի կիրառական նշանակութենէն՝ ունէր եւ ունի խորհրդաբանական ներքին իմաստ: Վառուող մոմը կամ կանթեղին մէջ վառուող պատրոյգը առաջին հերթին կը խորհրդանշէ զՔրիստոս եւ ապա՝ քրիստոնեաներս։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (Յհ 8.12)։

Արդարեւ, այսօր «Նոր Հայաստան»ը կը դիմագրաւէ տեսակ-տեսակ դժուարութիւններ, նամանաւանդ տնտեսական եւ կենցաղային խնդիրներ։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, իր առաջնորդին՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ եւ պատկան մարմիններով կը փորձէ տարբեր օժանդակութիւններով իր աջակցութիւնը ցուցաբերել Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մեր հայրերուն եւ մայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն։ Այս նիւթաբարոյական աջակցութիւններէն մին է՝ «Արցախի մոմեր» ծրագիրը։ Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ Արցախի մէջ հիմնուեցաւ մեղրամոմի տեղական գործարան, որ մեծ քանակութեան մոմեր սկսաւ պատրաստել եւ զանոնք ղրկել Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերուն։ Երբ նախնական ակնկալիքները գերազանցեցին, թեմը սկսաւ գործածել աւելի քան 2 միլիոն մոմ։ Այս ծրագիրը խորհրդանշական է. սփիւռքէն ղրկուող նիւթական օժանդակութիւնը հայրենիքին մէջ կը վերածուի երեւելի, թանձրական, իմացական լոյսի եւ այդպէս ալ կը վերադառնայ սփիւռք։

Ղարաբաղի ժողովուրդը օժանդակութիւններ ակնկալող եւ անոնցմով ապրող ժողովուրդ մը չէ երբեք։ Ընդհակառակը, ան փարած է իր պապերու սրբազան հողին, տէր կանգնած է իր հայրենիքին, արիւն թափած է եւ այսօր կ՚ուզէ այդ դժուարին պայմաններուն մէջ իր իսկ հողին վրայ արարել, ստեղծագործել եւ իր ճակտի քրտինքով իր օրապահիկը վաստկիլ։ Ահա այս գիտակցութեամբ է, որ Արեւմտեան թեմը կը մօտենայ՝ փորձելով նոր աշխատանքային տեղեր բանալ եւ հնարաւորութիւններ ստեղծել մեր հայորդիներուն համար։ 

Միացեալ Նահանգներու հայկական եկեղեցիներուն մէջ վառուող մոմերուն ղարաբաղցիներուն աղօթքն է ընդելուզուած։ Սփիւռքահայերը իրենց աղօթքները ղարաբաղցիներու աղօթքներուն միացնելով՝ միահամուռ կ՚աղօթեն իրենց ընտանիքին, հայրենիքին պաշտպանութեան եւ Եկեղեցւոյ բարօրութեան համար։ Աղօթք, որ մարդ արարածս իր Արարիչին հետ ուղղակի եւ յարատեւ յարաբերութեան մէջ կը դնէ, երկրայինը երկնայինին հաղորդակից կը դարձնէ, մարմնեղէնը հոգեղէնին կը բարձրացնէ եւ հունաւորը Անհունին կը մօտեցնէ։

Եկեղեցւոյ մէջ մոմ վառելու միջոցին՝ բոլորս միաբերան այս բառերով դիմենք մեր երկնաւոր Հօր՝ ըսելով. «Քերովբէներու վրայ բազմող ու մեր սրտերուն մէջ բնակող բարձրեալ Աստուած։ Դուն, որ երկինքն ու երկիրը արարեցիր, կ՚աղաչենք, հայրական սիրովդ պահէ մեր զաւակները, ընտանիքը, մեր հայոց բանակը, մեր ազգակիցները եւ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին ու նուիրագործէ զաւակներդ։ Ամենազօր Աջովդ առաջնորդ եղիր մեզի ու սրբութեամբ սրբէ ու օծէ մեր մարմնաւոր տաճարները։ Մեզ մեր Տիրոջ ու Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի հաւատքի ժայռին վրայ հաստատէ ու սրբութեանդ սանձով ուղղէ դէպի խաղաղութեան նաւահանգիստը։ Լուսաւորէ ու պայծառացուր մեր միտքն ու հոգին, որպէսզի կարողանանք լսել եւ ըմբռնել Քու Սուրբ խօսքդ։ Պիտի օրհնենք ու գովաբանենք Սուրբ անունդ, ո՜վ Մարդասէր, եւ ձայնակցելով հրեշտակներու անհամար խումբին, պիտի երգենք ըսելով. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ Տէր հզօր զօրութեանց»»։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 4, 2018