ԶԱՒԷՆԻԿԻ ՏՕՆՆ ԷՐ

-Զաւէնիկ, անունդ ի՞նչ է։

-Մէմի։

-Ըսէ Զաւէն։

-Մէմի։

-Զաւէն ըսէ՛,- կը շարունակեմ պնդել ես։

-Մէմի, մէմի…

Օրեր առաջ սորվեցանք, որ Զաւէնիկը ոչ միայն իր ընկերները, այլ նաեւ ինքզինքը կը կոչէ՝ մէմի։ Շուտով կը բոլորէ երեքամեակը, սակայն տակաւին չի շտապեր խօսելու. ես ալ բնաւ անհանգիստ չեմ ըլլար։ Բայց զիս շրջապատող մարդիկ երբեմն նոյնիսկ կը մատնուին խուճապի. «Անոր հասակակիցները այլեւս կը խօսին, վայրկեան մը անգամ չեն լռեր։ Գուցէ՞ երեխան բժիշկի մը տանէինք…»։

Ո՛չ հոգիս, բնաւ կարիք չկայ։ Իմ մանուկը ոչ մէկ խնդիր ունի։ Անոր ուղեղին մէջ քանի՞ լեզու խառնուած է՝ երկու հայերէններուն գումարած արցախեան բարբառը, թրքերէն, անգլերէն, վերջերս ալ ռուսերէն։ Բացի վերջին երկուքէն, բոլորն ալ կը հասկնայ, սակայն չ՚աճապարեր խօսելու։ Այն ալ իր որոշումն է, ես ինչու բռնանամ մատ մը զաւկիս կամքին…

Բաց աստի, մանկավարժներն ու համապատասխան մասնագէտներ կը պնդեն, թէ քանի մը լեզուով խօսող ընտանիքներուն մէջ տղաքը ուշ կը խօսին։ Վարկեան մը, ո՞վ ըսաւ, թէ Զաւէնիկը չի խօսիր։ Կը խօսի, պարզապէս նախադասութիւն չի կազմեր։

Իմ որդին, ինչպէս բոլոր մանուկները, յօրինած է նոր լեզու մը, որ կը կոչուի զաւէնիկերէն։

Գիտէ բոլոր գոյները. պի-կարմիր, պու-կապոյտ, ծըզ-դեղին… Զաւէնիկի տեսած բոլոր մեղուները դեղին էին, ուստի ան թէ՛ մեղուները եւ թէ դեղին գոյն տեսած ատեն կը բացագանչէ՝ ծըզ։ Շագանակագոյն ըսելու փոխարէն՝ կապիկի ձայն կը հանէ. անոր մանկական գիրքերուն մէջ կապիկները շագանակագոյն են։ Արջին ու ճերմակ գոյնին ալ՝ վօ՜ կ՚ըսէ։ Չէ որ բեւեռային արջերը կ՚ըլլան ճերմակ։ Տրամաբանութիւնը ողջունելի է։ Պէտք է խոստովանիմ, որ ես ալ անկէ շատ բաներ կը սորվիմ։

Ճիշդ է, կենդանիներու անունները չ՚ըսեր, սակայն կ՚արտահանէ անոնց ձայները։ Կը ճանչնայ բոլոր կենդանիները՝ ընտանի, վայրի թէ ջրային։ Թռչունները նոյնպէս բացառութիւն չեն։

Մեր տան մէջ Զաւէնիկին յատկացուած անկիւնը վերածուած է գազանանոցի։ Ամէն անգամ, երբ խաղալիքներու խանութ մը կը մտնենք, ան կը վազէ դէպի կենդանիները։ Տակաւին վերջերս, ան առանց այդ կենդանիներու ո՛չ զբօսանքի կ՚երթար, ոչ կը ճաշէր, նոյնիսկ ջուր չէր խմեր…

Անունս չի կրնար արտասանել, պարզապէս «մամա» կ՚ըսէ։ Իսկ հայրիկն ու մեծ մայրիկը մեծագոյն սիրով՝ Այի պապա-Արի պապա, Անեօ տատա-Անօ տատի կը կոչէ։

Երբ տակաւին նոր փոխադրուած էինք Հայաստան, տան զանգը հնչելուն պէս, Զաւէնիկը ուրախ ու զուարթ կը վազէր դէպի դուռ ու կ՚ըսէր՝ եաեա, տետի։ Վայրկեաններ անց յուսախաբ, գլուխը կախ կը վերադառնար իր խաղալիքներու մօտ։ Այսպէսով կը հասկնայինք, որ շատ կը կարօտնայ Պոլիս ձգած իր մեծ հայրն ու մեծ մայրը։

Մինչեւ այսօր ալ կը յիշէ զանոնք։ Ամէն օր տեսակապով կը փնտռեն, սակայն Զաւէնիկը անոնց դէմքին անգամ չի նայիր։ Կարծեմ իր մտքին մէջ կ՚ըսէ. «Ես արհեստական բաներ չեմ սիրեր։ Շուտով ինձ մօտ եկէք, որպէսզի խաղանք»։ Մեծ մայրն ու հայրը բացառութիւն չեն։ Զաւէնիկը ոչ մէկու հետ տեսակապով կը խօսի։ Իսկ երբ կ՚երթանք առեւտուրի, անծայրածիր խանութի մէջ ան կը գտնէ դդումի սերմերն ու մատիկը տնկելով անոնց վրայ կ՚ըսէ՝ «տետի, տետի»։ Կը յիշէ, որ Պոլիս մնացած իր մեծ հայրիկի ոչ մէկ երեկոն անցած է առանց այս դդումի սերմերու ընկերակցութեան։

Փառք Աստուծոյ, Զաւէնիկի ախորժակը տեղն է։ Ան շատ կը սիրէ պտուղ եւ բանջարեղէն։ Մասնաւորապէս, շեշտուած թուլութիւն ունի պանանի նկատմամբ։ Օրը քանի հատ տաս հաճոյքով կ՚ուտէ։ Գիշեր-ցերեկ, առանց մուճակներու տունը կը պտտի եւ փոքր ինչ անօթութիւն զգացած ատեն կը պոռայ՝ ամնեա, ամնեա-պանան, պանան։ Իսկ Զաւէնիկի երկրորդ թուլութիւնը քաղցրաւենիքներն ու պէս-պէս տուրմերն են, զորս կրնայ ըմբոշխնել միմիայն տօնական օրերուն։ Յատուկ հոտառութիւն ունի. երբ գնեմ տուրմ, այդ օրը զաւէնիկերէնով կ՚ըսէ՝ ալիկու-տուրմ։

Հիմա պիտի ըսէք, ինչո՞ւ համար այսօր յիշեցի իմ մանկան թոթովանքը։ Պատճառը յստակ է.

Մի քանի օր առաջ՝ յունիսի մէկին Հայաստանի մէջ նշուեց Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրը։ 1949 թուականին Կանանց ժողովրդավարական միջազգային դաշինքը ընդունեց Երեխաներու պաշտպանութեան օր նշելու մասին որոշում մը։ Առաջին անգամ յունիսի 1-ը, որպէս Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օր նշուեց 1950 թուականին։

Քիչ մը ուշացումով՝ շնորհաւոր մանուկներու օր։

Անամպ, խաղաղ ու անհոգ մանկութիւն աշխարհի բոլոր երեխաներուն։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ 

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020